Հայ ազատագրական շարժման առաջնո՛րդ կուսակցութեան` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակը կը տօնակատարենք անզուգական, երազային Հալէպի մէջ:
Զարեհ Վեհափառներուն Հալէպը
Հրաչ Փափազեաններուն Հալէպը
Սահակ Նալպանտեաններուն Հալէպը
Առաքել Թերզեաններուն Հալէպը:
Ու տակաւին շատ շատերու, որոնք այս կեանքէն հեռացան, բայց մեզի ձգեցին աւանդութիւնը,
մեզի փոխանցեցին կարգապահութիւնը,
կուսակցական բարոյականութիւնը,
լուռ գործելու դաշնակցականի նկարագիրը: Որոնք պահեցին այս անփոխարինելի գաղութը, հակառակ ամէն տեսակի դժուարութիւններու, որոնք կազմաւորեցին հալէպահայը, հաւաքական նկարագիր տուին անոր, կերպարներ կերտեցին:
Որոնք հասան սփիւռքին, մարդուժ արտադրեցին անդադար ու անընդհատ եւ իրենց փոխանցուած արժէքները տարածեցին աշխարհին մէջ, հոն, ուր մեր կազմակերպութիւնը կեանք ունեցաւ եւ հոն, ուր հայկական շունչ պէտք է հասնէր:
Եզակի այս միջավայրն է, որ վտանգուած է այսօր, եւ երբ վտանգուած է Հալէպը, վտանգուած ենք մենք բոլորս` իբրեւ սփիւռքահայութիւն:
Ռազմագիտական հասկացողութեամբ, երբ վտանգուած է միջնաբերդը, կը սկսի մահ ու կենաց կռիւը, միջնաբերդը փրկելու կռիւը: Այս պարագային, սփիւռքի հայկական ոգին փրկելու կռիւը, սփիւռքի հայեցիութիւնը պահելու կռիւը, եւ թող չափազանցութիւն չհամարուի` սփիւռքահայու տեսակը պաշտպանելու գոյամարտը:
Իսկ այս գոյամարտը միայն Հալէպի կռիւը չէ, այլ բոլորի՛ս կը պատկանի, որովհետեւ Հալէպը մեզ բոլորս իբրեւ հայ, իբրեւ հայեցի դիմագիծ, կերտած է եւ օգնած է, որ կերտուինք. այո՜, անզուգական Հալէպը:
Այսօր ա՛յս միջնաբերդին եւ ա՛յս պայմաններուն մէջ տօնակատարուող Դաշնակցութեան հիմնադրութեան օրը մեզ կը մղէ վերարժեւորելու կուսակցութենէն անդին, պատմական ակունքներուն հասնող դաշնակցականութեա՛ն արմատաւորման տարբեր հանգրուանները` սկսած ազատատենչ Հայկ Նահապետի սլացող նետի կամքէն, անցնելով իմացեալ մահը գերադասող Վարդանանց խորհուրդի ոգիին, եւ ապա Խրիմեան Հայրիկի Երկաթէ շերեփով ու Րաֆֆիի զարթօնքով մարմնաւորուած միտքերէն. գաղափարական այս առանցքներն էին, որոնք իբրեւ կամք, միտք ու խիղճ առարկայացան Դաշնակցութեան հիմնադիրներուն մօտ եւ ծնունդ տուին հայ ժողովուրդի մեծագոյն խորհուրդներէն Հայ յեղափոխականների դաշնակցութեան:
Ու այսպէս 125 տարի առաջ հայ ժողովուրդի տառապանքէն ծնաւ կուսակցութիւնը, այն քաղաքական մտահորիզոնը, զոր ունեցան հիմնադիրները, երբ կարողացան համախմբել յեղափոխականութեամբ տոգորուած գործիչները:
Հազիւ հիմնադրուած, դէպի Երկիր փութացող, զէնք հասցնող եւ հայութեան ազատագրութեան դատին համար նահատակութեան պատրաստ անզուգական ֆետայական փաղանգները, ու տակաւին Պանք Օթոմանը գրաւողները, Խանասորի մէջ մազրիկ ցեղը պատժողները, սուլթան Համիտի մահափորձը կազմակերպողները, հերոսամարտեր իրագործողները, եւ բոլոր անոնք, որոնք իրենց արիւնը խառնեցին հայրենի հողին, որոնք վեց հարիւր տարուան անտէր ու անհայրենիք իրավիճակէն ետք կերտեցին անկախութիւն եւ պետականութիւն, որոնք Սարդարապատի մէջ դէմ դրին թրքական բանակներուն եւ հրաշք գործեցին, որոնք ստեղծեցին ԵՐԿՐԻ բնակչութեան միատարրութիւնը: Կառուցեցին երկիր եւ բանակ, պաշտպանեցին սահմանները եւ հսկեցին ժողովուրդի անդորրութեան: Անոնք անդուլ փորձեցին կամրջել հայ ժողովուրդի պարտադրուած հատուածները, որոշեցին պատժել Հայոց ցեղասպանութեան պատասխանատուները եւ օր ցերեկով եւրոպական մայրաքաղաքներուն մէջ զգետնեցին թալէաթները, դատարաններուն մէջ պաշտպանեցին Հայ դատը:
Շարունակենք հարիւրքսանհինգամեայ ուղիի կարեւոր կանգառներու ներկայացումը եւ յիշենք`
սփիւռքի կազմակերպումն ու քաղաքականացումը եւ Հայ դատի յանձնախումբերու կազմութիւնը:
Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքներն ու ձեռք ձգուած արդիւնքը:
Յեղափոխական աւանդներու վերադարձի կոչը եւ այդ կոչին Վիեննայի, Փարիզի եւ շատ մը մայրաքաղաքներու մէջ ընդառաջ գացող երիտասարդները: Ցոյցեր, բանտարկութիւններ, քաղաքական բանտարկեալներ եւ նաեւ հրապարակային դատավարութիւններ, ուր ճեղքուեցան ցեղասպանութեան ճանաչումի պահանջին դիմաց քաշուած լռութեան պատերը:
Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումին առընթեր Դաշնակցութեան հայրենիք վերադարձը: Կազմակերպական կառոյցի հաստատումը եւ անմիջապէս արցախեան ազատամարտի սկզբնաւորութեան իսկ առաջին զէնքերը Արցախ հասցնողները, կռուողները, եւ դարձեալ նահատակուողները` ըլլան անոնք հայրենաբնակ թէ սփիւռքաբնակ:
Վարձքը կատա՛ր հայոց պատմութեան վերջին դարաշրջանը կերտողներուն, նաեւ` անշիրիմ նահատակներուն, ծանօթ եւ անծանօթ անկեղծ զինուորներուն, յիշատակուող եւ չյիշատակուող գործիչներուն, բոլորի՛ն ու բոլորի՛ն անխտիր: Դաշնակցական շարքայիններու եւ ոչ-շարքային դաշնակցականներու պատուի Ողջոյնը ԻՐԵՆՑ:
125-ամեայ երկարատեւ գործունէութեան ընթացքին ձեռք բերուեցան հսկայական նուաճումներ:
Անկարելի է անոնց բոլորին թուումը. բայց կարելի չէ չարժեւորել անոնցմէ յատկապէս.-
Ա.- Հայ ժողովուրդի ստրկութենէ յեղափոխական նկարագիրի կերտման մէջ Դաշնակցութեան ունեցած անգնահատելի դերակատարութիւնը:
Դարերու վրայ երկարող ստրկացած հոգիներու րայա հայուն մարտնչումի ոգիի փոխանցումը, հպատակող ազգէն իրաւունք պահանջող ազգի յառաջացումը: Դարաւոր այս վիճակը քանի մը տարիէն հիմնովին փոխելու եւ պատմական ակունքներու վերադարձ կատարող նոր հայ կերտելու կարողականութիւնը: Նոր հայու ոգիին ժայռացումն ու մինչեւ Սարդարապատ ու Արցախ հասնող շարունակականութեան ապահովումը: Ու տակաւին դէպի Մուշ ու Սասուն հասնելու խոստումը:
Բ.- Դաշնակցութեան ու հայ ժողովուրդի պատմութեան ամէնէն պայծառ էջերէն համարուող Հայաստանի առաջին հանրապետութեան կերտումը:
Արամ Մանուկեաններուն կը պարտինք Հայաստանի փրկութիւնը, Ռուբէններուն` Հայաստանի հայացումը, Աղբալեաններուն` հայրենիքի լուսաւորումը, հայրենիքը նոր կորուստի չմատնելու Վրացեաններու ողջմտութիւնը ու տակաւին շատ շատերու սխրագործութիւնները:
Մայիս 28-ի իրագործումը պէտք է ընկալել նաեւ որպէս հայրենի ժողովուրդին ու սփիւռքահայութեան անկախ հայրենիքով ապրելու, անկախ հայրենիք ունենալու տենչով վարակուելու անփոխարինելի խորհուրդ: 28 մայիսը, քայլերգը, զինանշանն ու Եռագոյն դրօշը դարձան մեր համազգային տենչերու, խոյանքներու, երազներու եւ իրագործումներու խորհրդանիշները: Հայաստանի խորհրդայնացումէն ետք սփիւռքը բացայայտ, իսկ հայրենիքը թաքուն, պահպանեցին այս խորհուրդ-արժէքները, վերանկախացումէն ետք զանոնք վերստին տեղադրելու համար իրենց պատուանդաններուն վրայ:
Առանց մայիս 28-ի ո՛չ միայն գոյութիւն չէր ունենար այսօրուան Հայաստանը, այլ ընդհանրապէս անորոշ կը մնար հայ ժողովուրդի ճակատագիրը:
Գ.- Ցեղասպանութեան յաջորդող ժամանակաշրջանին սփիւռքը կազմակերպելու պարտականութիւնը իր վրայ վերցուցած կուսակցութիւնը:
Ան, որ կրցաւ կազմակերպ կեանք յառաջացնել հազիւ վերապրածներու սերունդին մօտ, որ քաղաքականացուց մեր պահանջատիրութիւնը` բանաձեւելով մեր պահանջները թշնամի Թուրքիայէն եւ համայն աշխարհէն:
Մեծ էր եւ անուրանալի զանգուածները առաջնորդող մեր կուսակցութեան ստանձնած դերակատարութիւնը` սփիւռքը քաղաքական միաւորի վերածելու, պահելու, պահպանելու եւ հզօրացնելու դաշնակցական խորհուրդով շնչող հայ հաւաքականութիւնները:
Դ.- Համահայկական միասնականութիւն յառաջացնելու հրամայականը իր հիմնադրութեան իսկ հիմնական նպատակը յայտարարած կուսակցութիւնը:
Թէ՛ հայրենիք-սփիւռք, եւ թէ ներազգային հատուածական կեղծ պատերն ու անհիմն պարիսպները քանդելու գործընթացին մէջ Դաշնակցութիւնը դրաւ իր ամբողջ կարողականութիւնը: Այս վարքագիծը արդիւնաւորուեցաւ Ցեղասպանութեան 50-ամեակով սկիզբ առած միասնականութեան գոյառումով եւ շարունակուեցաւ Հայաստանի անկախացումէն ետք երկու հատուածներու միացումով հասնելու համար մինչեւ Արցախեան գոյամարտ եւ մինչեւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակ:
Ե.- Հայ ժողովուրդի արդար Դատին նոր զսպանակում տուող Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Հռչակագիրին համահեղինակը:
Հռչակագիրը արդիւնքն էր Դաշնակցութեան հետեւողական աշխատանքներուն ու պայքարին: Հռչակագիրի որդեգրումով քաղաքական առումով անհեթեթ դարձան հաշտեցման պիտակով ներկայացուած դաւադիր փորձերը եւ անիմաստ` թրքական նախապայմանները ներառած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն ստորագրութիւնները կրող տխրահռչակ փրոթոքոլները:
Ու տակաւին կը սպասենք, որ անվաւեր յայտարարուին այդ փրոթոքոլները, եւ Երեւանը իր ստորագրութիւնը չեղեալ համարէ այդ փաստաթուղթերէն:
Զ.- Դաշնակցութեան կողմէ Հայաստանի եւ հայութեան անվտանգութեան գերադասումը:
Այս գերադասումը Դաշնակցութեան համար միշտ մնաց անզիջելի եւ բացարձակ սկզբունք: Այդպէս էր, երբ Հայաստանի առաջին հանրապետութիւնը կերտող կուսակցութիւնը կամովին յանձնեց իշխանութիւնը խորհրդային կարգերուն եւ երկիրը փրկեց նոր արիւնահեղութիւններէ ու հեռացաւ ԵՐԿԻՐ-էն:
Այդպէս էր նաեւ վերանկախացումէն անմիջապէս ետք, երբ դարձեալ Դաշնակցութիւնը ցուցաբերեց բացառիկ զսպուածութիւն իր դէմ շղթայազերծուած հալածանքներուն դիմաց:
Այսպէս կը շարունակէ գործել Դաշնակցութիւնը նաեւ այսօր եւ պիտի շարունակէ գործել ամէն անգամ, որ հայրենիքը գտնուի անկայունութեան վտանգին առջեւ եւ պահպանէ երկրին անդորրութիւնը:
Է.- Ժողովրդավար կարգերու հաստատումը Հայաստանի մէջ:
Ժողովրդավարութիւնը, խորհրդարանական համակարգը, հարիւր առ հարիւր համամասնական ընտրակարգը, ընդդիմութեան երկրի կառավարման գործընթացի մասնակցութեան ապահովումը եւ իշխանութիւններու երեք թեւերու անջատ եւ անկախ կարգավիճակը հիմքն են մեր քաղաքական հայեցակարգին:
Այդպէս եղած են Դաշնակցութեան համոզումն ու մօտեցումը թէ՛ Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան օրերուն, եւ թէ նորանկախ հայրենիքի մէջ Դաշնակցութեան վերընձիւղումէն ետք:
Այսօր, Սահմանադրական բարեփոխումներու որդեգրումով, այս սկզբունքներու մէկ կարեւոր բաժինը կ’իրականանայ:
Հանրաքուէով կայացած Սահմանադրական բարեփոխումները հիմնականին մէջ արդիւնքն են Դաշնակցութեան շուրջ 25-ամեայ հետեւողական պահանջներուն, ճիգերուն եւ աշխատանքներուն:
Եւ բնական է, որ երկարատեւ գործունէութեան եւ իր պատմութեան ընթացքին Դաշնակցութիւնը ունենար նաեւ որոշ բացթողումներ, որոնց մասին ան չէ վարանած գրել, արծարծել եւ խոստովանիլ ի պահանջեալ հարկին:
Այսպէս.
Ա.- Խորհրդային կարգերու տակ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդին պարտադրուած զրկանքներուն դէմ մղուող հակասովետ պայքարի բուռն ժամանակաշրջանին մեր կուսակցութեան օրուան ղեկավարութիւնը այնքան տարուեցաւ խորհրդային կարգերուն դէմ գաղափարական պայքարով, որ Հայ դատի պահանջատիրական ընթացքը նոյնիսկ որոշ ժամանակի համար շեղում արձանագրեց: Ճիշդ է. պայմանները այնքան պարտաւորեցնող էին, որ կը ստիպէին կեդրոնանալ Դաշնակցութեան գաղափարախօսութեան դէմ յայտարարուած դաժան պայքարին վրայ: Այդ յորձանուտին մէջ մենք արձանագրեցինք թիրախի առաջնահերթութեան շեղումներ:
Բ.- Կուսակցութեան բնական կամաւոր գործունէութեան սկզբունքը ներդրած ենք նաեւ սփիւռքի գործելաոճի մէջ, եւ անիկա հիմք ծառայած է նաեւ մեր բոլոր քոյր միութիւններու աշխատաոճի: 20-րդ դարու վերջին երկու տասնամեակներէն սկսեալ քաղաքական բեւեռացման համակարգէն տնտեսական համակարգի անցումին մէջ, ուր նիւթը կը գերակշռէր ամէն մարզ, մոռացութեան տրուած կամ լուսանցքային նկատուած տնտեսական հզօր օղակներու գոյութեան անհրաժեշտութեան բացը որոշ չափով խոչընդոտեց մեր տարած ազգային դատի, սփիւռքի առաւել կազմակերպումի գործը եւ տնտեսական հզօր գործօն դառնալու, ընկերային-տնտեսական իրավիճակի բարելաւման առաջադրանքի կատարման նպատակով ձեռնարկուած աշխատանքներուն արդիւնաւէտութիւնը: Բայց մանաւանդ հայրենիքի զարգացման ուղիին մեր զօրակցութիւնը առաւել եւս ապահովելու գործը:
Գ.- Վերջին տասնամեակներու մասնագիտական մակարդակի ժամանակակից գործելաձեւի բացակայութիւնը եւ մա՛նաւանդ մասնագէտ մարդուժի անբաւարարութիւնը կը սահմանափակեն հայութեան կարելիութիւնը ազդելու քաղաքական գործընթացներուն վրայ: Հակառակ այս պահանջին, մեր կառոյցները գործած են ու տակաւին կը գործեն աւանդական-դասական գործելաձեւով: Այսօրուան արագ դրութիւններուն հետ քայլ պահելու դժուարութիւնն է, որ կը ստեղծուի այս ձեւով, ինչ որ դանդաղեցուցած է մեր արդիւնաւէտ ըլլալու կարողութիւնը եւ անջրպետ յառաջացուցած ժամանակի կանոններուն եւ մեր ընդհանուր աշխատանքային համակարգին միջեւ:
Ինչպէս իր հիմնադրութեան օրերէն ի վեր եւ պատմութեան ընթացքին, հակառակ հալածանքներու, ցեխարձակումներու եւ անարդար քննադատութիւններու, Դաշնակցութիւնը` որպէս հայ ժողովուրդէն ծնած եւ հայ ժողովուրդին համար գործող կուսակցութիւն, դէմ յանդիման կը գտնուի տարբեր մարտահրաւէրներու, որոնք կը յուշեն, որ 125-ամեայ փորձառութենէն մեկնած հսկայական աշխատանքներ ունինք կատարելիք:
Այսպէս.
Ա.- Վերջին տարիներուն մեր հայրենիքը կը պարպուի իր բնակչութենէն: Հայրենիքէն գաղթած են շուրջ երկու միլիոն մարդ եւ կը շարունակեն գաղթել դէպի ընդհանրապէս Խորհրդային Միութեան նախկին հանրապետութիւններ, յատկապէս Ռուսիա, ուր մէկ կողմէ արագ ձուլումը արգելակող կամ դանդաղեցնող յենարաններու բացակայութիւնը` հայ դպրոց, հայկական ակումբ եւ հայ եկեղեցի, միւս կողմէ գաղթողներու ռուսերէն լեզուի տիրապետութիւնը անկարելի կը դարձնեն ուծացումի ընթացքի կասեցումը:
Առանց ժողովուրդի հայրենիքը ռազմավարականօրէն վտանգուած է:
Եթէ հարիւր տարի առաջ թրքական եաթաղանն էր Եղեռնագործը, այսօր սպիտակ ջարդը նոյն հետեւանքներով կը սպառնայ այդ զանգուածներուն: Այս հիմնահարցի միակ լուծումը արտագաղթողներու տունդարձն է, որ կրնայ իրականանալ միայն պետականաշինութեամբ, որ կ’ենթադրէ համահայկական ճիգ:
Բ.- Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր վերանկախացումէն 25 տարի ետք տակաւին տնտեսական բարգաւաճման ու զարգացման, միջազգային յարաբերութիւններու եւ ընդհանուր համակագրի կայացման իր կողմնացոյցը չէ ճշդած. կը զգացուի ծրագրումի բաց: Այդ կողմնացոյցի գոյութիւնը կ’ապահովէ, որ ամէն հայ` իր եւ իր ազգի ապագան, հետագայ վախճանական հանգրուանն ու վերջնական կայքը նկատէ միայն Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Քաղաքականապէս անվտանգ եւ համբաւ վայելող, տնտեսապէս կայուն եւ ընկերային արդարութեան վրայ կառուցուած համակարգ ունենալու համար մեր երկրին անհրաժեշտ է համընդհանուր ռազմավարական ծրագիր` իր բոլոր ճիւղաւորումներով:
Գ.- Աշխատանքային կարեւոր առաջադրանք է նաեւ սփիւռքի վերակազմակերպումը` թէ՛ որպէս հասկացողութիւն, թէ՛ որպէս աշխատանքային դաշտ: Սփիւռքը պէտք ունի նոր զսպանակումի մը, կարենալ յաղթահարելու համար իր դէմ ցցուած նորագոյն մարտահրաւէրները: Ծրագրուած, մասնագիտացած հիմունքներով աշխատելաոճի հրամայականը աւելի քան անհրաժեշտ է 21-րդ դարու պահանջած մակարդակով, որակով եւ ծրագիրներով:
Դ.- Որոշ բացթողումներով եւ ելեւէջներով, այսուհանդերձ Հայ դատը հասած է այսօր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով նկատառելի հանգրուանի, բայց ոչ իր լրումին: Հռչակագիրով թեւակոխեցինք հատուցման հանգրուան, որ անհրաժեշտ է ունենայ մէ՛կ ընդհանուր ծրագիր, միացեա՛լ ռազմավարութիւն ու հայեցակարգ եւ նոր ստեղծուելիք արհեստավա՛րժ կառոյցներ:
Ամփոփ` մասնագիտացած մօտեցում: Որպէսզի «Ճանաչում»-ի գործընթացի մեր կտրած երկար ճանապարհին առընթեր արձանագրած բացթողումները չկրկնուին, մանաւանդ երբ այսօր մեր դարաւոր թշնամին աւելի հզօր է, քան երէկ, աւելի անզիջող եւ «մեծ երազներու» տենդով համակուած:
Ե.- Հայրենիք-սփիւռք համագործակցութեան ուղղութեան վրայ, հակառակ արձանագրուած իրագործումներուն, առկայ մերձեցումներուն, տրամադրութիւններուն եւ մշակուած ծրագիրներուն, մէկ ազգի հասկացողութիւնը իր լրումի մակարդակին չէ հասած տակաւին: Հայրենի իշխանութեան ամբողջական յանձնառութիւնը ու մանաւանդ նախաձեռնութիւնը եւ բոլորին կողմէ կամքն ու տրամադրութիւնը «Մէկ ազգ, մէկ հայրենիք»-ի գաղափարը իրականացնելու եւ միաձուլելու` աւելի քան անհրաժեշտ է այսօր:
Զ.- Եւ որպէսզի հասնինք ամբողջական միաձուլման գաղափարին, լեզուի, պատմութեան, մշակոյթի միացումի անհրաժեշտութիւնը անյետաձգելի է. անյետաձգելի է` եթէ կ’ուզենք հասնիլ մէկութեան գաղափարի իրագործումին: Բաւ է նաեւ` ճիգերու վատնում, միջոցներու սպառում եւ մսխում:
Է.- Արցախի հանրապետութեան իրաւական ճանաչումը առաջնահերթ նպատակ է բոլորիս համար: Անոր անկախութեան ամրապնդումն ու կայացումը, ինչպէս նաեւ Արցախեան տարածքին բնակեցումը կը հզօրացնեն Արցախի դերը իբրեւ երաշխաւոր Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան: Այս բոլորին իրականացման ճանապարհին անհրաժեշտ է Ստեփանակերտի մասնակցութիւնը Արցախի բանակցութիւններուն, կարգավիճակի ճշդումին մէջ ապահովելու համար արցախահայութեան կամքով կայանալիք որեւէ համաձայնութիւն:
Արցախը անբաժանելի մասն է ամբողջական Հայաստանին: Եթէ բանակցային ընթացքը կը պարտաւորեցնէ քաղաքական խուսանաւումներ կատարել, յստակ պարզ ու մեկին է ամէն հայու համար, որ ամբողջական Հայաստանը է ու կը մնայ հայութեան վերջնական ու յաւերժական հայրենիքը իր Հայաստանի ներկայ հա՛նրապետութեամբ, Ա՛րցախով, Ա՛րեւմտահայաստանով, Նա՛խիջեւանով ու Ջա՛ւախքով: Այս բոլոր իրագործումներու յենարանը եւ մարտահրաւէրներու իրականացման ներուժը որքան ալ տեսնենք համասփիւռքեան մեր ուժին մէջ, մտովին ունինք միջին արեւելեան եռանկիւնը` Սուրիա, Լիբանան եւ Իրան: Այս երեք կարեւոր յենարանները այսօր վտանգուած են, որովհետեւ բռնկած է ամբողջ շրջանը. իրադարձութիւնները վայրագ են ոչ անպայման հայկական չափանիշերով, այլ նաեւ միջազգային տարողութեամբ: Հարցերուն թափը, քաղաքական եւ ապահովական իրավիճակը դուրս եկած են վերահսկողութենէ: Վտանգաւոր կացութիւնը սպառնալիք է այսօր աշխարհին, որուն դիմաց գերտէրութիւններ որոշած են արմատախիլ ընել ահաբեկչական այս անմարդկային համակարգը:
Այս պատերազմին մէջ վնասուեցան հայկական հաւաքականութիւնները, ի մասնաւորի Սուրիոյ մեր գաղութը: Մեզի համար հայութեան կրած ֆիզիքական, մարդկային եւ նիւթական կորուստները ցաւալի էին: Այս շարքին մէջ արձանագրուեցան նաեւ հայկական ուղղակի թիրախներ: Ինչպէ՞ս կը բացատրուի Քեսապի ներխուժումն ու թալանումը, Հայոց ցեղասպանութեան ամէնէն մեծ վկայարանին պայթեցումը: Նոյնիսկ Ցեղասպանութեան զոհերու աճիւնները բնաջնջելու թրքական ներշնչանքը: Հայկական եկեղեցիներու հրկիզումը եւ այս բոլորին իբրեւ հետեւանք` մարդկային արտահոսքը: Կը գիտակցինք, որ Թուրքիոյ ցուցադրած իբր թէ մարդասիրական մօտեցումները գաղթականներուն տիրութիւն ընելու, խաբուսիկ է եւ կը ծառայէ միայն թրքական անմարդկայնութիւնը դիմակաւորելուն եւ դաւադիր մեղսակցութիւնը քողարկելուն:
Թուրքին դէմ հայութեան մղած կռիւին յաղթանակներու շարքը սկսած է Սարդարապատով:
Բացառուած է, որ անգամ մը եւս թուրքը մեր լեզուն խզէ. որ մեր եկեղեցին բռնագրաւէ եւ մեր կեանքերը խլէ: Միջնաբերդը այդ գոյամարտի կռիւը մղելու ընթացքին մէջ է:
Պէ՛տք է մղէր:
Ու պէ՛տք է յաղթանակէ:
Սուրիական պատերազմին հայութեան չներքաշուիլը եւ Դաշնակցութեան մարմիններուն կողմէ առնչուած տարբեր ուժերուն հետ քաղաքական յարաբերական կապեր մշակելը միշտ նպատակ ունեցան գաղութի ֆիզիքական անվտանգութիւնը պահպանել: Մինչ, պատերազմի արհաւիրքին պատճառով ստեղծուած կորուստներուն դիմաց բաւարար չէր հայկական աշխարհին մէջ օժանդակութիւններու նպատակով տարուած աշխատանքներուն արդիւնքը: Թէ՛ հայրենիքով, եւ թէ՛ սփիւռքով: Արդարացի է սուրիահայութեան յուսախաբութիւնը այս իրականութեան դիմաց:
Արեւմուտքի կողմէ շրջանը քրիստոնեաներէ պարպելու քաղաքականութիւնը տեղահան կ՛ընէ ժողովուրդներ եւ արմատախիլ` մշակոյթներ եւ քաղաքակրթութիւններ: Սուրիահայութիւնը կը շարունակէ մնալ Միջին Արեւելքի մեր հայահոծ կարեւորագոյն կռուաններէն մէկը մեր համազգային ծրագիրներուն եւ անժամանցելի Դատին վերջնական լուծման համար:
Մերօրեայ «Աւարայր»-ի ճակատամարտը մղող սիրելի՛ հալէպահայեր, այս խռովքին եւ սլացքին հաւատացող քառասուներկու նորագիրներ Աւարայրի շրջանին մէջ միացան 125-ամեայ Դաշնակցութեան մշակ, բանուոր, րենչպեր ախպէրներու, դարէ մը աւելի ընկալուած աւանդութեամբ «Մահ կամ ազատութիւն» գրած ու արեամբ ներկուած դրօշին, ծրագիրին, կանոնագրին եւ տասնոցին վրայ երդուելով` նոյնիսկ իրենց կեանքի գնով ծառայելու Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի ազատագրութեան դատին:
Միացան կազմակերպութեան, որ չունի իր ընկերներուն տրուող շքանշան, պատուոյ գիր ու գնահատագիր, բացի «Վէրքերով լի ջան ֆետայի» հաստատագիրէն, տրուած կուսակցակից ընկերներու կողմէ եւ միայն յետ մահու, վերջին հրաժեշտի պահուն:
Միացան կազմակերպութեան, որուն պողպատեայ լոզունքը` «Նպատակս տկարութիւն չի ճանչնար» ամրագրած է գրչի ասպետ ընկեր Սիամանթոն եւ մարգարէութեամբ Հայկի Ցեղին «Արշալոյսներու ոտնաձայները» աւետած ընկեր Դանիէլ Վարուժանը:
Ու երիտասարդներ բազում խումբերով պիտի շարունակեն միանալ մեր շարքերուն այդ ասպետական խոյանքով նուաճելու մեր բոլոր Արշալոյսները:
Կեցցէ՛ Հայութիւնը,
Կեցցէ՛ Հայաստանը,
Եւ կեցցէ՛ այս երկու գերագոյն արժէքներուն ինքզինք ամբողջովին տրամադրած ՀՅ դաշնակցութիւնը: