Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թերթավաճառի Կրպակին Առջեւ` Կարդալով Վերտառութիւնները

Դեկտեմբեր 23, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Փուչիկ Դարձող Արժէքներու Համակարգ

Կանգ առի թերթավաճառի կրպակին առջեւ: Բազմաթիւ հրատարակութիւններ` հաստ վերտառութիւններով կամ բացառիկ համարներով, կ’անդրադառնային համաշխարհային տագնապալի կացութեան, համեմուած թուղթ ծախելու նպաստող ցնցող լուրերով եւ անթաքոյց կը խօսէին կրօնական պատերազմի մասին: Սոկրատէն մինչեւ Պուտտա եւ մինչեւ այսօր, գիր, գիրք, իմաստութիւն եւ փառաբանուած արժէքներու համակարգ դարձած են փուչիկ եւ իրենց տեղը տուած են անհանդուրժողութեան, աւազակութեան, մարդու, միտքի եւ խօսքի ազատութեան համատարած բռնաբարման:

Դեռ այս հարցերու մասին անզօր խօսողներ կան:

«Դրամի միջազգային կայսերապաշտութիւն»-ը, որուն մասին կը խօսի Պիոս ԺԱ. սրբազան քահանայապետի շրջաբերական թուղթը, Rerum novarum, անմիջական շահերու եւ չարաշահումներու հետամուտ, ինքզինք դատապարտած էր մարդու եւ զայն բնորոշող արժէքներու անտեսման եւ ոտնակոխման, եւ այդպէս ալ կը շարունակէ այսօր: Մարդը, գլխագրուած, բացակայ է ժամանակակից քաղաքակրթութենէն, նիւթապաշտութիւն, անհատապաշտութիւն, մակերեսայնութիւն ընկերութեան մղիչ ուժերն են, անոնք իրենք զիրենք կը պարտադրեն հատուածապաշտութեամբ եւ դիրքապաշտութեամբ: Այդ բացասականութիւններուն մէջ տեղ չկայ Մարդուն համար. Homo humani lupus (Հոպզ): Չեմ թարգմաներ:

Արժէքներու համակարգը իր տեղը տուած է իմաստէ պարպուած քանի մը հարիւր բառերով սահմանուող աղմուկի, թութակաբար եւ ամէն տեղ կրկնուող ճառեր` տնտեսութեան, ժողովրդավարութեան, ազատութեան, իրաւունքի եւ այդ կարգի բաներու մասին: Այդ բառերուն ո՛չ աղմկողները կը հաւատան, ո՛չ ալ լսողները: Ամբոխավարութիւնը, դատարկաբանութիւնը կը լսեն շահախնդրուածները: Այդ անհաւատութեան մթնոլորտին մէջ բնականօրէն կը շարունակուին չարաշահումները եւ շահագործումները` պարարտացնելու համար ընտրուած կամ ինքնապարտադրուածները, որոնք դադրած են մտածելէ, թէ կոչուած են ծառայութեան:

Բառերը ընդունելի կը համարուին կամ կը թուին կշիռ ունենալ, երբ աղմկողները տէր են ուժի, որ քաղաքակիրթ պիտակի տակ թաքնուած ըլլալով հանդերձ, բիրտ եւ վայրագ է, նախնական, անտառի օրէնքով, միշտ «Միւս»-ը սպաննելու տրամադիր: Շատ մը բաներու համար թիւեր կը տրուին, բայց անոնք, որոնք իրենք զիրենք կոչած են մարդկութիւնը առաջնորդելու, գիտնալով հանդերձ այդ թիւերը եւ անոնց ետին գտնուող ահագնացած մարդկութեան կեղ դարձած ճշմարտութիւնները, իրենց եսապաշտութեան հպատակելով կ’ամլանան եւ կը թշուառացնեն մարդկութիւնը:

Մակեդոնացիէն Ստալին` Ընչքաղցութիւն Եւ Աւեր

Առաջնորդութիւնները վերեւ ըսուած հաստատումներէն պէտք է մեկնին, մեկնած ըլլային, բայց… Աղեքսանդր Մակեդոնացի, Լենկ Թիմուր, Նափոլէոն, Հիթլեր, Ստալին, մեծեր եւ թզուկներ, կը շարունակեն բազմապատկուիլ, թերեւս անոնք կան մեզմէ իւրաքանչիւրին մէջ եւ կը սպասեն յարմար պահու եւ արեւի ջերմութեան` ծաղկելու համար, որպէսզի նուաճեն փառք, գործեն չարաշահում եւ շահագործում, «միւսը» ստրկացնեն իրենց «Ես»-ին: Այդ «Ես»-ը ըլլայ մեծ թէ փոքր:

Եթէ միայն պճեղ մը պարկեշտութիւն ունենայինք հայելիին մէջի մեր պատկերը հարցաքննելու…

Ի՞նչ կը բանին ամէն օր հեռատեսիլի փոքրիկ պատուհանէն խօսող եւ հանրային կարծիքը շողոքորթող- չարաշահող «Մեծեր»-ը, պաշտօններու եւ տիտղոսներու որսորդները, մէկ օդանաւէ միւսը ցատքողները, «ժաքուզի»-ով հիւրանոցի սենեակ պահանջողները, երբ մոլորակի բնակիչներէն 795 միլիոնը կը տառապի անօթութենէ, այսինքն աշխարհի 9 բնակիչներէն 1-ը անօթի է, տասներորդէն աւելի: Թիւերը տրուած են սննդառութեան անապահովութեան 2015-ի ուսումնասիրութեամբ: Աւելի վատ. աշխարհի բնակչութեան 40 տոկոսը ջուրի պակասէ կը տառապի, այսինքն` 1,1 միլիառ մարդ, մարդկութեան մէկ վեցերորդը, վեց հոգիէն մէկը: Այս թիւը կրնայ աճիլ մինչեւ 2050 եւ հասնիլ 2 միլիառի:

Ո՞ր արդարութեան եւ խիղճի անսալով կը կառուցուին պալատներ, անոնց հանդիպակաց ծովախորշին մէջ կը ծփան զբօսանաւեր, երբ բանակ են աներդիքները, անօթիները, ջուր չունեցողները:

Ինչո՞ւ վստահութեան քուէ տալ այս կամ այն «ղեկավար»-ին, մանաւանդ երբ անհաւասարութիւնները բազմապատիկ համեմատութիւններով կ’աճին: Եւ քուէ ստացողները կ’աճեցնեն անհաւասարութիւնները` հանրութեան ծառայելու ծխածակոյթին մէջ թաքնուելով եւ թաքցնելով իրենց ընչաքաղցութիւնը: Ինչպէ՞ս կ’ուզէք, որ աւերող յեղափոխութիւններ չպատահին:

Յանցաւորներէն առաջ պէտք է խօսիլ իրաւ պատասխանատուներու մասին:

Ներկայիս սուր բնոյթ ստացած է մարդկութեան արտադրած աղբի հարցը, որ կ’ապականէ մոլորակը, եւ եթէ ան շարունակէ աճիլ նոյն թափով, մոլորակը կրնայ օր մը անբնակելի ըլլալ, մեր արտադրած աղբը անկարելի կը դարձնէ կեանքը` առանց երկինքէն ինկած հիւլէական ռումբի, որուն սարսափը ունինք, բայց չենք սարսափիր ամէն օր աճող աղբէն: Թիւերը գլխապտոյտ կը պատճառեն: Իւրաքանչիւր տարի, որ կ’անցնի, 3400-4000 միլիառ թոն աղբ կ’արտադրուի: Եթէ զերոները գրենք, տողը չի բաւեր: Այս քանակը մինչեւ 2020 կրնայ 40 տոկոսով աւելնալ: Աւելցուցէք կերպընկալ նիւթէ շիշերը եւ տոպրակները… Ամէն տարի` 89 միլիառ շիշ, որոնց մեծ մասը չի հաւաքուիր վերամշակուելով կրկին գործածուելու համար:

Աշխարհի մէջ սպառող միայն սիկարեթներու կճատները գիտէ՞ք, թէ որքան աղբ կ’արտադրեն… Ամէն տարի 4300 միլիառ սիկարեթի կճատներ (mégots) կը նետուին փողոցները, իւրաքանչիւր երկվայրկեան որ կ’անցնի` 137.000 կճատ: 12 տարի պէտք է, որպէսզի անոնք վերջնականապէս անվնաս դառնան եւ փճանան: Ուրեմն, մէկ տարին միւսին վրայ գումարուելով` մոլորակը օր մը պիտի պատուի կճատներով, քանի որ անկարելի պիտի ըլլայ այդ աղբը անհետացնել: Եւ կը խօսինք բնապահպանութեան մասին:

Այս սպառնալիքները կ’աճին, բայց չ’աճիր մեր մոլորակի տարածութիւնը:

Դասակարգային Պայքարէն` Կեանքի Պայքար

Ժողովուրդները, նոյնիսկ երբ տեղեակ չեն այս թիւերուն, կը զգան, կը տեսնեն, քաղաքներու շուրջ ստեղծուած աղբակոյտ տարածքները, բնազդով գիտեն զանգուածներուն սպառնացող վտանգը, եւ դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան վահանին ետին գտնուող մենաշնորհեալները, սպառումը մատակարարողները կը շարունակեն իրենց դրամի միջազգային կայսերապաշտութիւնը: Անցնող երկու դարերու դասակարգային պայքարը հնհնուք է, այսօր  ապրելու իրաւունքի պայքարը կը վերաբերի կեանքին. մարդուն, անասունին, բուսականութեան, կապոյտ մոլորակի ջրային գանձին, որ կ’ապականի, դրամի կայսերապաշտութիւնը կ’ապականէ:

Բնական է, որ այս պայքարը պիտի արտայայտուի, անզսպելի է, կամ պիտի դառնայ, ըստ աշխարհագրութեան, կենսամակարդակի եւ մշակոյթի, տարբեր ձեւերով, հեռու կամ մօտ երկինքներու տակ: Եթէ «կեանքը» պաշտպանուած ըլլար, մարդկութիւնը նուազ պիտի խրէր բռնութեան, բռնարարքներու, ոճրային բնազդներու անտառի օրէնքի յորձանուտին մէջ` մոռնալով այն միւսը, զոր կը սպանենք, կը կողոպտենք, կը շահագործենք, կ’արհամարհենք, որ մեր նմանն է: Բոլորն ալ, ըստ աստուածաշնչկան վկայութեան, ստեղծուած` Տիրոջ պատկերով:

Մեր նմանը, տիեզերքի հրաշալիքը, որ կը տեսնէ, կը դատէ, կը նախատեսէ, կ’երեւակայէ: Եւ օր մըն ալ պիտի պոռթկայ ինքնապաշտպանութեան կենսական բնազդով:

Տիեզերքի նիւթական անհունութեան մակերեսին գիտակցական նշոյլ մըն է մարդը, մարդիկ կ’անհետանան, բայց այդ լոյս-նշոյլը իմաստ կու տայ տիեզերքին, մեր իրականացուցած գիտական-ճարտարագիտական նուաճումներուն, որոնք անհատական չեն, մարդոց հաւաքական եւ գումարուած ճիգերն են` շարունակուող եւ գումարուող: Եթէ փակենք համալսարանները, կրակի տանք մատենադարանները, թանգարանները, աւերենք ելեկտրակայանները, ճանապարհները, անջրպետանաւերը, հագուստ-կապուստի գործարանները, փոխադրամիջոցները, ո՞ր մարդը պիտի մնայ:

Մարդը պիտի վերադառնայ բնութեան, եթէ դեռ կեանքը կարելի ըլլայ:

Դրամի միջազգային կայսերապաշտութիւնը իր էութեամբ հակայառաջդիմութիւն է` ըլլալով հակամշակոյթ:

Եւ երբ անօթիներ, ծարաւածներու եւ աղբի մէջ խեղդուածներ ելք կը փնտռեն, շատ դիւրաւ կ’ընդգրկուին նախնական վերաբերումներու մէջ, վայրագութիւն եւ պատերազմ:

Աւելի դժուար է ապրիլ աղբակոյտերու մէջ, քան` անտառի մէջ, անտառի օրէնքով:

Անասուններու կենցա՞ղը պիտի վերագտնենք` անտառին մէջ գծելով մեր կենսատարածքը, հաստատելով սեռային-սերնդագործական գերիշխանութիւն, հաւատալիքներու կառչելով, վանելով «միւս»-ը:

Կրօնական պատերազմները, անցեալի եւ ներկայի, ոչ մէկ առնչութիւն ունին կրօններու քարոզած չարին կամ բարիին հետ: Անոնց առաջնորդները կը շահագործեն զանգուածներու տառապանքէն ծնած դառնութիւնները, քէները, ատելութիւնները: Իշխանատենչ շահագործողներու եւ մոլեռանդութիւններու պահեստի ուժեր են` ծարաւ մնացողները, անօթիները, իրենց զաւակներու կրթութիւն տալու անկարողները: Անոնց շահագործումներէ բխած դառնութիւնը տեղ` մը կը ներկայանայ կրօնական ծայրայեղականութեան պիտակով, ուրիշ տեղ տիրող եւ անհանդուրժող մշակոյթի մը դէմ, որոնք կը սքօղեն իշխանատենչութիւնը, ընչաքաղցութիւնը, դիրքապաշտութիւնը:

Ընկերութեան բոլոր մակարդակներուն, բոլոր հաւաքականութիւններու մէջ, համաշխարհային նոր կարգ մը անհրաժեշտ է յառաջացնել, ոչ ան,  որ կայ որպէս սոսկ տնտեսութիւն, որպէսզի բնութեան եւ գիտութեան նուաճման բոլոր բարիքները ծառայեն հաւասարապէս բոլորին`  փոխան սպասարկելու դրամի միջազային կայսերապաշտութեան. պէտք հաւատալ եւ գործել պարզ եւ դիպուկ այն իմաստութեամբ, որ ուրիշի իրաւունքը իմ պարտականութիւնս է:

Այս իմաստութեամբ եթէ դատենք փեթրոտալարներու իւրացումէն բխած ուժը, որ ճակտի քրտինք չէ, կամ` հաւասարութեան խորհրդային ընկերութեան փլուզման յաջորդած շրջանին դիզուած անաշխատ հարստութիւնները, եւ վերականգնենք ԻՐԱՒՈՒՆՔը, ո՛չ քաղաքակրթութիւններու եւ ո՛չ ալ կրօններու պատերազմ կ’ըլլայ:

Պատերազմներ`, որոնք միայն կը դժբախտացնեն մարդկութիւնը եւ թերեւս ալ անվերադարձ կերպով քանդեն բնութիւնը, նաեւ` կեանքը, ոչ միայն կեանքերը:

Վերականգնել Կեանքին Եւ «Միւս»-ին Իրաւունքը

Իմաստուն ղեկավարումի կարիք կայ, ո՛չ փեթրոտոլարներու կողոպուտի եւ ո՛չ ալ զինավաճառութեան հիւթալի առեւտուրին:

Այդ ղեկավարումը պիտի գայ ժողովուրդներու գաղափարապաշտ երակէն, որ ոչ ըսելու յանդգնութիւնը պիտի ունենայ եւ` Մահաթմա Կանտի անշահախնդիր ղեկավարի օրինակէն:

Մինչ այդ ընկերութիւններու խիղճը հանդիսացող իրա՛ւ մտաւորականութիւնը պէտք չէ լռէ` յանձն առնելով նոյնիսկ իր յանդգնութեան գինի վճարումը:

Թիւերու լեզուն էլեկտրշոք է, այդ պէտք հրապարակել եւ տարածել, որպէսզի զանգուածները դուրս գան իրենց ընդարմացումէն եւ թմբիրէն, որպէսզի վերջ տան անաշխատ հարստութեան չարիքին, որ կ’ոտնակոխէ միւսին իրաւունքը` հաստատելով դրամի միջազգային կայսերապաշտութիւնը:

Լռելը մեղսակցութիւն է: Հաւկուրութիւն` կեղտոտ եսապաշտութեան եւ անհոգի քաղքենիացման դիմաց:

Մեղսակցութիւն` չարին եւ աւերին:

11 դեկտեմբեր 2015, Պէյրութ

 

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Գլխապտոյտին Պատճառները» Նիւթով

Յաջորդը

Ճատրակի Ս. Ծննդեան Տօնի Մրցաշարք. Ֆատի Իտ Տիրացաւ Տիտղոսին

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?