Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ես Իմ Տաքուկ Լիբանանի… (7)

Դեկտեմբեր 25, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

pary-yegak-Anjar_122515

«Բարի՛ Եկաք Այնճար»:

Այնճարի մուտքին հայերէն ու տարբեր լեզուներով կը կարդանք`  «Բարի եկաք Այնճար», եւ մաքուր, կուպրապատ ճամբաներէ անցնելով` մուտք կը գործենք փոքրիկ Հայաստան մը: Փողոցները, բոլորը անխտիր, հայկական անուններով կը բնորոշուին: «Կոմիտաս փողոց», «Սարգիս Զէյթլեան փողոց», «Մովսէս Տէր Գալուստեան փողոց»: Քաղաքապետարանի պաշտօնէութիւնն ու ոստիկանները` բոլորը հայ:

gomidas-poghotz_122515

Մեր Լիբանան գտնուած միջոցին սկսած էր աղբերու տագնապը: Աղբակոյտերը ողողած էին ամէնուրեք, սակայն Այնճարի մէջ նոյնիսկ ամենափոքր աղբի չհանդիպեցանք: Փողոցներն ու ճամբաները` մաքուր:

Աւելի քան 50 տարիներ անցած են այն թուականէն, երբ Խանասորի արշաւանքին օրը պատանեկան միութիւններով բանակումի կ’ելլէինք Այնճար: Ո՞ւր են այդ «լուցկիի տուփ»-ի չափ մէկ սենեակնոց խրճիթները, որոնց բաղնիքները կը գտնուէին տուներէն դուրս: Այժմ Այնճարը ոչինչ կը յիշեցնէ նախկինէն:

«Մուսա Լերան գիւղերէն Այնճար եկած ենք,
Անտանելի նեղութիւններ կրած ենք»

Անտանելի նեղութիւններով կառուցուած Այնճարը այսօր նախանձելի դիրքի հասցուցած են այնճարցիք:

Այնճար, Մուսա Լերան գաղթականներու կողմէ կառուցուած գիւղը, առաջին օրէն դարձած է զուտ հայկական աւան մը: Սկիզբի շրջանին մուսալեռցի այնճարցին, ընդհանրապէս կը զբաղէր հողագործութեամբ: Գրեթէ ամէն ընտանիքի փոքր տնակին մօտ կցուած էր հողաշերտ մը, որոնք խնձորենիներով լեցուն էին: Այդ ժամանակ Այնճարը իսկական գիւղ մըն էր: Զուտ հայկական գիւղ մը: Մուսա լեռէն հազարաւոր մղոններ հեռու` փոքրիկ Մուսա Լեռ մը, ուր տեղացիք կը գործածէին իրենց բարբառը: Այնճարի մէջ բնակող ոչ մուսալեռցիներուն կու տային «եապանճօ» մակդիրը (օտար): Այսօր պատկերը բոլորովին տարբեր է: Տնակները փոխարինուած են գեղեցիկ ու հանգստաւէտ բնակարաններով եւ «վիլլա»-ներով: Ներկայիս մուսալեռցի երիտասարդութեան միայն մէկ չնչին տոկոսը կը զբաղի հողագործութեամբ: Այնճարցի երիտասարդ սերունդը, կը ստանայ համալսարանական բարձրագոյն ուսում, սակայն չի մոռնար իր մուսալերան բարբառը: Հպարտ է իր բարբառով:

Մեր հայկական բարբառները, այսօր, մեծամասնութեամբ մոռցուած են: Քանի՞ հոգի կը գործածէ, կամ գէթ կը հասկնայ Ուրֆայի, Էրզրումի, Սասունի կամ այլ շրջաններու բարբառները: Այնճարցիներուն մեծամասնութիւնը, նոյնիսկ` երիտասարդ սերունդը երբ իրարու քով ըլլան, տակաւին կը գործածեն Մուսա Լերան բարբառը: Նոյնն է պարագան քեսապցիին, ինչ որ խիստ գնահատելի երեւոյթ է: Յուսանք եւ մաղթենք, որ այդ հիանալի սովորութիւնը փոխանցուի սերունդէ սերունդ:

Movses-Der-Kalousdian_122515

Մուսալեռցի Մովսէս Տէր Գալուստեանին շատ բան կը պարտի այնճարցին:

Տէր Գալուստեան եղաւ լեռ բարձրացող եւ ինքնապաշտպանութեան դիմող առաջին անձերէն մէկը: Ան մեծ աշխատանք տարաւ մուսալեռցիներուն նոր ապաստան մը ապահովելու եւ փաստօրէն յաջողեցաւ: Եղաւ Այնճարի հիմնադիրը: Երկար տարիներ եղաւ Լիբանանի խորհրդարանի անդամ: Այդ տարիներուն մենք զինք կը ճանչնայինք որպէս հայ համայնքը ներկայացնող երեսփոխան: Շատ աւելի ուշ իմացանք իր հերոսի արժանիքները:

Այնճարի հրապարակի վրայ իր կիսանդրիին դիմաց կանգնած` երկար կը դիտեմ. երեւակայութիւնս թռիչք կ’առնէ ու կը տեսնեմ զինք Մուսա Լերան բարձունքներուն, զէն ի ձեռին ինքնապաշտպանութեան կռիւ մղած ժամանակ` ընդդէմ թուրքին:

Յարգա՛նք մուսալեռցի մեծ հերոսին:

Այնճարի մէջ  բազմաթիւ են գեղատեսիլ ճաշարանները, որոնցմէ կարելի է յիշել` «Արեւ», «Նապաա Այնճար», «Ժեզիրէ», «Ռազմիկ», «Քազինօ Այն Այնճար» եւ տակաւին երկար է շարքը:

Կ’այցելենք հիանալի «Արեւ» ճաշարանը, որուն նմանը քիչ կը գտնուի նոյնիսկ արեւմտեան երկիրներու մէջ: Սեփականատէրը եւ տնօրէնութիւնը հայեր են, Զէյթլեան գերդաստանէն: Սպասեակներն ու յաճախորդները` մեծամասնութեամբ` օտար: «Արեւ»: Հայկական անուն կրող, հայկական ճաշարանը, օտարներուն (նաեւ մեր) հիացմունքին արժանացող`  նաեւ զբօսավայր մըն է, երեխաներու յատուկ խաղավայրով, մինչեւ իսկ` շարժապատկերի սրահով:

Այնճար լեցուն է տեսարժան վայրերով, որոնցմէ ամենանշանաւորներէն կարելի է համարել Այնճարի բերդը, «Յուշարձան համալիր»-ը, եւ անհաւատալիօրէն գեղեցիկ լիճերն ու գեղատեսիլ դաշտերը:

joghovertayin-doun_122515

 

Այնճարի մէջ` ՀՅ Դաշնակցութեան հովանիին տակ կը գործեն` ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն,  ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Շաւարշ Միսաքեան» մասնաճիւղը, ՀՅԴ «Յառաջ» Պատանեկան Միութիւնը, նաեւ` բարեսիրական, մշակութային եւ մարզական միութիւններ, որոնց շարքին` ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղը, Համազգայինի «Պարոյր Սեւակ» մասնաճիւղը եւ ՀՄԸՄ-ի Այնճարի մասնաճիւղը:

Հայ առաքելական, Հայ կաթողիկէ եւ Հայ աւետարանական երեք համայնքները ունին իրենց եկեղեցին ու դպրոցը:

Ամէն տարի մեծ շուքով կը տօնուին  աւանդութիւն դարձած ազգային եւ կրօնական սովորութիւններն ու տօները:

Հարբըցնուղուց ուր (Վարդանանք եւ Բարեկենդան), Մեծ Զատիկ, Վարդիվառ (Վարդավառ), Սըրբակի՜բ (Սուրբ Յակոբ) եւ Աստուածածնի տօն: Յատկապէս այս վերջինը կը տօնուի մեծ շուքով, Այնճարի նշանաւոր տաւուլ զուռնայով եւ 40 կաթսայ հարիսաներու օրհնութեամբ:

Մուսալեռցին վիզը ծռելով չհեռացաւ Մուսա Լեռէն: Պայքարեցաւ իր հարիւրապատիկը հաշուող թշնամիներուն դէմ:

Այնճարցին նաեւ մշակութասէր է: Կը սիրէ արուեստ ու գրականութիւն: Այսօր մշակութասէր երիտասարդ այնճարցին ի հարկին զէն ի ձեռին կը պաշտպանէ իր սիրելի Այնճարը, որ շարունակութիւնն է Մուսա Լերան:

 

Այնճար հայութեան տուած է Սարգիս Զէյթլեանի նման կուսակցական գործիչներ, Պօղոս Սնապեանի նման անզուգական գրագէտներ, Եդուարդ Պոյաճեաններ, Անդրանիկ Ուրֆալեանի նման ազգային գործիչ-տնօրէններ եւ Սարգիս Ֆուճուրեանի նման նահատակ հերոսներ:

Յարգա՛նք իրենց անթառամ յիշատակին:

Ներկայ սերունդի պատկանող նուիրեալ այնճարցիներուն մէջ պէտք չէ մոռնալ Համազգայինի հրատարակչութեան եւ գրախանութի տնօրէն  Յակոբ Հաւաթեանը, «Ասպարէզ» օրաթերթի խմբագիր Աբօ Պօղիկեանը, եւ Զաքար Քէշիշեան` արուեստագէտ խմբավարը:

Այնճար պատիւ կը բերէ ոչ միայն հայութեան, այլ ամբողջ Պեքա հովիտի շրջանին` իր մաքրութեամբ, օրէնքի գործադրութեամբ եւ բարգաւաճումով:

* * *

Այնճարէն կ’ուղղուինք Պեքայի շրջանի հազուագիւտ քրիստոնեայ քաղաքներէն մէկը` Զահլէ, որ նշանաւոր է իր «Ուատի»-ով: Հոն կարելի է համտեսել Լիբանանի ամենահամեղ պաղպաղակը: «Ուատի», որ արաբերէնով կը նշանակէ հովիտ, երկու լեռներու մէջ, գետակի մը երկու եզերքներուն սրճարաններով լեցուն վայր մըն է: Մանկութեանս, Շթորա օդափոխութեան ելած շրջանիս, յաճախ ծնողքիս ընկերակցութեամբ կ’այցելէի Զահլէի «Ուատի»-ն: Մանկութեանս օրերէն ի վեր չէի այցելած այդ քաղաքը: Այն տպաւորութիւնը ունեցայ, թէ միայն քանի մը տարի է, որ չեմ այցելած: Միակ տարբերութիւնը փողոցներու խճողումն էր:

Լիբանանցի նշանաւոր բանաստեղծ Սայիտ Աքլ զահլէցի է: Զահլէցի ծնողքէ սերած է նաեւ աշխարհահռչակ երգահան, երգիչ` Փոլ Անքա, որ քանի մը տարի առաջ այցելեց իր ծնողքին ծննդավայրը` Զահլէ:

Քանի մը ժամ մնալէ եւ համտեսելէ ետք Զահլէի նշանաւոր պաղպաղակը, կը վերադառնանք Այնճար` մէկ գիշեր վայելելով Այնճարի հանդարտութիւնն ու հիանալի օդը, յաջորդ առաւօտ վերադառնալու համար Պէյրութի խճողուած փողոցներուն ու տաք եւ խոնաւ օդին:

Լոս Անճելըս 2015

(Շար. 7)

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (25 Դեկտեմբեր 1965)

Յաջորդը

«Այս Պահին Ո՛չ Մեր Կողմից, Ո՛չ Իշխանութեան Կողմից Քոալիսիոն Կազմելու Առաջարկութիւն Չկայ» «Թերթ»-ի Հարցազրոյցը Աժ ՀՅԴ Խմբակցութեան Պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանի Հետ

RelatedPosts

Վերագտնում Եւ Վերամիաւորումներ. Մոռցուած Հայկական Համայնք Մը
Անդրադարձ

Վերագտնում Եւ Վերամիաւորումներ. Մոռցուած Հայկական Համայնք Մը

Նոյեմբեր 1, 2025
Ռուբէն Ֆիլեանի «Քո Երկրի Դեսպանը»
Անդրադարձ

Ռուբէն Ֆիլեանի «Քո Երկրի Դեսպանը»

Նոյեմբեր 1, 2025
Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի.  Արցախո՛վ
Անդրադարձ

Խմբագրական ՀՄԸՄ-ի «Մարզիկ» Պաշտօնաթերթի. Արցախո՛վ

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?