ԴՈԿՏ. ՆՈՐԱ ՍԱԼՄԱՆԵԱՆ
Հոգեւոր անմահութիւն, իմացական անմահութիւն, մշակութային անմահութիւն… անմահութիւն է այն, ինչ որ մտայղացուած ու շաղախուած է կենսարար այն աւիշով, որ կ՛արգասաւորէ, կը բեղմնաւորէ, կեանքի կը կոչէ ապագայի տեսլականով:
Մշակոյթ մը կ՛անմահանայ, երբ կեանքի կը կոչուի` զերծ մնալով լուծումէ ու ժամանակներուն պարտադրած այլեւայլ հոսանքներէ: Իսկոյն այս տողերը կու գան ամբողջացնելու կամ, աւելի ճիշդը, փաստելու իրականութիւն դարձած ԳՈՀԱՐ համոյթի հայ մշակոյթը յաւերժացնող աշխատանքը:
Արդարեւ, ԳՈՀԱՐ իր ընտրանի երգերով ու ճոխ յայտագրով ելոյթ ունեցաւ վերանորոգ հաւատքով յաւերժացնելու հայ մշակոյթը, որ 100 տարիներ առաջ օսմանեան թուրքերու ճիւաղները ծրագրած էին բնաջնջել` գործադրելով անմարդկային արարք` ցեղասպանութիւն:
Երաժշտական այս ելոյթները տեղի ունեցան 29, 30, 31 հոկտեմբեր եւ 1 նոյեմբերին, Պէյրութի Քարանթինա հողատարածքի «Ֆորում» սրահին մէջ: Զուգադիպութեամբ թէ դիտմամբ ընտրուած այս վայրը խորհրդանշական էր օսմանեան ջարդերէն փրկուած, ապաստան գտած թիթեղապատ յոռի վիճակի հիւղակներու մէջ ու նոր սերունդներ ծնած մաս մը հայորդիներուն համար: Վերադառնալով այսօր, թէպէտ դառնութեամբ, իրենց երբեմնի «ծննդավայրը», ամենայն հպարտութեամբ բացագանչեցին, նման բոլոր հանդիսատեսներուն, հնչեցուցին ու հոծ ծափահարութիւններով ու վերամբարձ ծածանելով Կիլիկիոյ թագաւորութեան դրօշը` ապրեցուցին հայ երգն ու երաժշտութիւնը:
Հայ դարաւոր մշակոյթի արկղէն դուրս բերուած ազգագրական, ժողովրդական, հայրենասիրական, սիրային, աշուղական երգերը, որոնք հայկական ժողովրդական նուագարաններու նուագակցութեամբ ու միաձայն երգեցողութեամբ կը կատարուէին, այսօր նոր հանդերձով, նոր շունչով, նոր գունաւորումով, նոր գործիքաւորումով, լայնածաւալ սիմֆոնիք նուագախումբով ու հարուստ բազմաձայնութեամբ շնորհուեցան մեզի: Զգալի էր գործածութիւնը պղնձային փողերու, որոնք ճարտարօրէն ճոխացնելով` աւելի փայլք մը տուին, հակառակ անոր որ անոնց գործիքաւորումը շատ զգուշ կը նկատուի յարմարագոյն ձեւով գործածուելու համար: Յամենայն դէպս, ամբողջ համերգի ընթացքին անվարան ղեկավարութեամբ անսայթաք նուագակցութիւն մը ունեցաւ նուագախումբը, որ ցնցեց սրահն ամբողջ:
Առաջին վայրկեաններէն մինչեւ աւարտը համոյթը արհեստագիտութիւն ցուցաբերեց: Երգողները` բարձր մակարդակով, բեմային վարպետ արտայայտչականութեամբ, համաձայն երգին իմաստին, դրսեւորեցին անոր շունչն ու ոգին: Հանդիսատեսի լսատեսողական դրութիւնը աւելիով հրապուրուեցաւ, առաջին հերթին, բեմի լայնատարած պատերուն վրայ լուսարձակուած նկարներու ցուցադրութեամբ: Անոնք պատճէնը եղան կատարուած երգերուն ու պատմեցին հայոց պատմութիւնը իր անցեալովն ու ներկայով, իր դաշտերով, իր վեհ սարերով, կոթողներով, անյաղթ խաչքարերով, փլատակ, քանդուած, որբ մնացած գմբէթներով, Սարդարապատով, քաջերու վճռական արձաններով, ֆետայիներու, քնքշադէմ մայրերու նկարներով: Իսկ երկրորդ հերթին, ան հրապուրուեցաւ հայրենի սիրասուն արհեստավարժ պարմանուհիներու նազանի պարերով, որոնք կ՛ընկերակցէին իւրաքանչիւր երգի, եւ որոնք մերթ ընդ մերթ գարնանային բուրմունքով կը բուրէին մեր էութիւնը, ու մերթ ընդ մերթ յետադարձ քայլերով մեր յիշողութիւնը մռայլ, սրտաճմլիկ ժամանակներու կը տանէին, ուր ջարդէ փրկուած, սեւ զգեստներով ու քողերով մթագնած, կիսամեռ, թեւերը երկինք յարած մայրերը կ՛աղերսէին, կ՛ողբային, կը պաղատէին առ Բարձրեալն Աստուած, որ շնորհէ անմեղներուն փրկութիւն ու հոգիներու խաղաղութիւն: Տպաւորիչ, յաջող պարային այս պատկերը, հարազատօրէն ներկայացուած իր յարակից մասերով` երգով, լուսաւորումով, կոտորածի նկարներով, բաւարար էր այդ րոպէին յուզել ներկաները: Ա՛յս է «արուեստը», եթէ ան ընկալողին սրտին չդպչի, կը դադրի «արուեստ» ըլլալէ:
Ծափահարութեան արժանի դարձնել բարձրորակ երգիչն ու նուագողը, որովհետեւ անոնք մեզի լսելի ու հասկնալի կը դարձնեն իրենց միտքը, պարողը, որովհետեւ մարմինի բոլոր մկաններով ան ասելի կը դարձնէ ներաշխարհը յուզող հոգեվիճակը: Նոյն արժանիքը պարգեւել նա՛եւ այն «անձայն» մեկնաբանին, որ լռիկ մնջիկ մեզի կը մատուցէ իր պատգամը, ինչպիսին է մնջախաղը: Իսկական արուեստագէտ, ճկուն շարժուձեւերով, համակրելի ներկայութեամբ, բեմ կը հրաւիրէր մենակատարները, ու աւելի՛ն, հաղորդակցութեան մէջ կը մտնէր հանդիսատեսին հետ իր յատուկ ոճով: Անոր ներկայութիւնը ինքնորոյն հետք մը տուաւ ԳՈՀԱՐ համոյթին:
Չորս օրերու վրայ երկարող ԳՈՀԱՐ-ի գոհարները եղան բարձրորակ իրենց մենակատարներով, երգչախումբով, նուագախումբով, պարերով եւ մնջախաղով ու նաեւ արտաքին հմայքով` բեմային արդիական յարդարանքով, լուսաւորումով, նկարներու լսատեսողական միջոցներով եւ ձայնի սարքաւորումով: Սակայն, հոս շահեկան պիտի ըլլար անդրադառնալ այս վերջին կէտին` ձայնի սարքաւորումին, որուն նուագախումբին յատկացուած չափազանց ուժգնութիւնը կը քողարկէր ընդհանուր երաժշտութեան նրբութիւնները: Աւելի հաճելի պիտի ըլլար ընկալել իւրաքանչիւր երաժշտական գործիքներու երանգներն ու արարումը, մեներգողներու հնչուն ձայները: Ինչո՞ւ յստակօրէն չլսել մանաւա՛նդ երգերուն բառերը, որոնք խորիմաստ պատգամ մը ունէին մեզի փոխանցելիք այս եւ յար եւ նման գալիք օրերու համար, ինչո՞ւ ուժգնօրէն չհասկցնել երգին հետեւեալ բառերը, որ կ՛ըսէ « … այն հայը որ ազգն (հայ լեզուն) ուրանայ, մահուան օրին հայ արցունքին չարժանանայ…»: Այո՛, նմանօրինակ ձեռնարկներու խորքը, կորիզը կազմող գաղափարը անմահութիւնն է հայ լեզուի ու հոգիի:
Աւարտելու համար, շնորհակալութիւն` ԳՈՀԱՐ-ի նեցուկ կանգնող Խաչատուրեան ընտանիքին, ԳՈՀԱՐ-ի ամբողջ անձնակազմին, իր հմուտ ու հաստատակամ գլխաւոր խմբավարին, իր նրբաճաշակ պարուսոյց-բեմադրողին, որոնց անխոնջ ու տքնաջան աշխատանքին թարգմանը եղաւ լիբանանեան բեմը, ուր երկար ժամեր անդադար ծափահարութիւններով ու բազմիցս յոտնկայս երգելով` «Անդրանիկ փաշա», «Զարթի՛ր, լաօ», «Սարդարապատ», «Պապենական Կիլիկիա», եւ… մի՛շտ ու մի՛շտ «Ոտքի՛, հայ ժողովուրդ», ոգեկոչուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը: