Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուրջ Գործի Նոր Հանգրուանը

Դեկտեմբեր 22, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

VATCHE-PROUDIAN1-fՀայաստանի սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէն արդէն վերջ գտած է: Թիւերը հրապարակուած են, եւ պատկերը պարզ է: Քանի մը կէտերով ամփոփենք իրականութիւնները.

1.- Ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն կէսէն աւելին մասնակցած է հանրաքուէին. կէտ մը, որ պայման էր հանրաքուէի արդիւնքին օրինականացումին համար:

2.- Հանրաքուէին արդիւնքով, «Այո» եւ «Ոչ» քուէարկողներուն համեմատութիւնը մօտաւորապէս 2-ի դէմ 1 էր` ի նպաստ «Այո»-ին:

3.- «Այո» քուէարկածներուն թիւը ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներու ընդհանուր թիւին 25 տոկոսէն աւելին էր (այլ պայման մը` հանրաքուէին արդիւնքը օրինական նկատելու առումով):

4.- Ինչպէս նախորդ ընտրութիւններուն, այս պարագային եւս արձանագրուեցան ընտրական խախտումներ: Այս հանրաքուէին ընթացքին արձանագրուած խախտումները ընդհանուր արդիւնքին վրայ ազդելու տարողութիւնը չունէին, որովհետեւ «Այո»-ի եւ «Ոչ»-ի տարբերութիւնը մօտաւորապէս 400 հազար քուէ էր, ըստ պաշտօնական տուեալներուն:

Սա` ինչ կը վերաբերի թիւերուն եւ համեմատութիւններուն:

Ցաւալի եւ դատապարտելի երեւոյթներ եւս արձանագրուեցան, ոմանք` «դասական», ուրիշներ` «նորահնար»:

«Դասական» ժխտական երեւոյթը, անշուշտ, կարգ մը ընտրատեղամասերու մէջ քուէատուփերու մէջ ապօրինի քուէաթուղթեր լեցնելուն կը վերաբերի: Այս ապօրինութիւններուն ետին կանգնողները նոյն այն շրջանակներն են, իշխող վարչակազմէն, որոնք իրենց մեծաւորին («շեֆին» կամ «նաչալնիկին») հաճելի երեւալու ազգավնաս ընթացքին մէջն են տակաւին: Այս մարդիկ չեն անդրադառնար, որ այս ապօրինութիւնները պատճառ կը դառնան, որ քաղաքացիին մօտ չքանան ընտրութիւններուն նկատմամբ գոյութիւն ունեցող հաւատքն ու վստահութիւնը: Բան մը, որ շատ աւելի կարեւոր է, քան` նոյնինքն ընտրութեան արդիւնքը:

Տեղի ունեցաւ «ստախօս Միհրան»-ի պատմութիւն մը, որուն մեղսակից էր նաեւ թերթ մը: Արդարեւ, հանրաքուէին օրը հայաստանեան թերթ մը արձագանգեց «անծանօթ քաղաքացիէ» մը ստացուած ահազանգին, որ իբր թէ Գիւմրիի մէջ ընտրական ցուցակներուն մէջ կ՛երեւին անունները այն ընտանիքին, որուն անդամները զոհ գացին ռուս զինուորի մը (Փերմիաքով) կողմէ կատարուած անարգ ոճիրին, մօտաւորապէս տարի մը առաջ: Հայաստանի ոստիկանութիւնը անմիջապէս հրապարակեց ճշդում մը` ըսելով, թէ ճշգրիտ ե՛րբ այդ սպաննուած քաղաքացիներուն անունները դուրս հանուած են պետական տոմարներէն: Մամուլը իրաւունք չունի լուրեր հրապարակելու` առանց ստուգելու: Մամուլը Դիմատետր (Facebook) չէ, ուր ուզողը ուզածը կրնայ տեղադրել: Դիմատետրի վրայ երկու օր առաջ լուրեր սկսան տարածուելու, որ իբր թէ Թուրքիոյ նախագահ Ռ. Էրտողան սիրտի ծանր տագնապով հիւանդանոց փոխադրուած է: Մինչդեռ մարդը հանգիստ ու անխռով մամլոյ ասուլիս մը տուաւ հինգշաբթի`  պաշտպանելու համար Իրաքի մէջ անկոչ հիւրի իր հանգամանքը…

Քաղաքական դէմքեր եւս մասնակից դարձան Հայաստանի` արդէն իսկ խաթարուած ընտրական մշակոյթի յաւելեալ խաթարումին: Ներկայ վարչակարգին ընդդիմադիր Րաֆֆի Յովհաննէսեան երբ ներկայացաւ իր ընտրական տեղամասը հանրաքուէին մասնակցելու համար, պատռեց իր քուէաթուղթը ու այդպէս նետեց քուէատուփին մէջ: Նման երեխայամիտ «շօ»-եր եւս յանցանքի համազօր են: Քուէաթուղթը ժողովրդավարութեան խորհրդանիշներէն է. կարելի չէ անարգել այդ խորհրդանիշը: Շատ շատերու նման` Ր. Յովհաննէսեան ինք եւս դէմ էր սահմանադրական այս փոփոխութիւններուն. անցնող շաբաթներուն ընթացքին ինք եւս հրապարակաւ իր տեսակէտները յայտնեց այս մասին. ոչ մէկ հարց կայ այդ ուղղութեամբ: Բայց ոչ ոք իրեն կու տայ իրաւունքը քուէաթուղթ պատռելու (կամ քուէաթուղթ լեցնելու տուփին մէջ` ուրիշներու պարագային):

Այս մատնանշումներէն ետք կը հասնինք էական բաժինին: Հիմա Հայաստան մտաւ պետականութիւնը վերակառուցելու նոր եւ դժուարին հանգրուան մը: Բազմաթիւ օրէնքներ պէտք է վերամշակուին, որպէսզի պատշաճեցուին նոր սահմանադրութեան: Այս օրէնքներուն ամէնէն կարեւորը, ըստ այս յօդուածագիրին, ընտրական օրէնքն է: Իսկական, լուրջ խորքով ժողովրդավար կարգեր հաստատելու համար նախապայման է ժողովուրդի կամքին արտայայտութիւնը: Այս կամքը կ՛արտայայտուի ՆԱԵՒ քուէարկութեամբ, ընտրութիւններով: Նոր ընտրական օրէնքը Հայաստանի քաղաքացիին մօտ պէտք է կարենայ վերականգնել հաւատքն ու վստահութիւնը ընտրական ամբողջ համակարգին նկատմամբ: Եւ սա դիւրին գործ չէ. Մովսէսի գաւազան ալ չկայ (ատիկա միայն հեքիաթներուն մէջն է): Այս մէկը կ՛իրականանայ քաղաքական յամառ կամքով, ի հարկին` այդ կամքը ստեղծելով:

Եթէ Հայաստանի քաղաքական վերնախաւը (իշխանութիւն եւ ընդդիմութիւն) յաջողեցաւ այս հաւատքը ներշնչող ընտրական օրէնք մշակել, այդ մէկը մեծ յաղթանակ կ՛ըլլայ Հայաստանի պետութեան հիմերը ուժեղացնելու իմաստով:

Սա՛ է յաջորդ մարտահրաւէրը, որուն դիմաց այսօր կանգնած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը: Սա լուրջ գործի մը նոր հանգրուան մըն է այլեւս, ուր ընդգծուած պատասխանատուութիւն ցուցաբերելու պարտաւորութեան տակ են առաջին հերթին իշխանութիւնները, ինչպէս նաեւ` ընդդիմադիր կողմերը:

vproodian@gmail.com

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (22 Դեկտեմբեր 1965)

Յաջորդը

11 Դեկտեմբեր 1946. Նորաստեղծ ՄԱԿ-ը Որդեգրեց Լեմքինի Առաջադրած Ցեղասպանութեան Դատապարտումի Որոշումը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
Պատմութեան Դասերին Կառչելու Հրամայականը…
Անդրադարձ

Վախւորած Իշխանութեան Տեռորի Մարտավարութիւնը…

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?