Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգի Հոգեբուժ Արմենակ Յայտնաբերած Է Ժողովախտը… Դարմա՞նը…

Դեկտեմբեր 25, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մակար  Ի Գաղիա

Հայկական թաղամասի Քառադուռ սրճարանն ենք: Արմենակ առանց ներածականի խօսեցաւ: Մեր ճառախօսներուն պէս իրենց ըսելիքը մոռնալով` ներածականին ներածական, եզրակացութեան ներածական չըրաւ:

– Մակա՛ր, սիրելի՛ս, Ֆրանսացին կ’ըսէ` ռէիւնիոնիթ, reunionite: Ինչպէս կայ արմուկի կամ սրունքի ջիղի ցաւը` tendinite: Թաղապետական, մարզական ակումբի, անասուններու պաշտպանութեան, արհեստակցական, շէնքի բնակիչներու, «պուլիստ»-ներու ժողովներ, reunions, յոգնակի, նաեւ նոյն անձին համար` յոգնակի…Ամէնքն ալ «նախագահ» ունին, երբեմն նոյն նախագահը յոգնակի, եթէ աթոռը ցանկալի ըլլայ, պետականօրէն ճանչցուած իրաւունքներով եւ իրաւասութիւններով, քարտուղարին, գանձապահին, խորհրդականին բաղդատած, պզտիկ կամ քիչ մը նուազ պզտիկ Լուդովիկոս ԺԴ. թագաւոր է: Երբեմն ալ` աստուածատուր իրաւունքով, քանի որ կողքը գտնուողները կու գան ու կ’երթան, ինք կը մնայ: Եթէ մահը չըլլար, կ’ըլլար յաւերժական, աներեր աթոռատէր: Եթէ կայ Լուդովիկոսը, կան նախագահի քմայքէն կախուած գոհ պալատականները:

– Արմենակ, այսպէս է, հայերս շատ կը սիրենք ժողովի երթալ:

– Այո՛, երեկոյեան եւ ուրբաթ, կարծէք ժողովը մարսողական մարզանք ըլլայ: Արդեօ՞ք ամբողջ օրը տանտիրուհիին կուտակուած տրտունջներէն խուսափելու համար ժողովը փրկութի՞ւն է: Թէեւ երբեմն ճիշդ հակառակ արդիւնքը կու տայ` գումարելով անքնութեան եւ ջղագրգռութեան պատճառներ, երբ իրարու չնմանող եւ իրարմէ տարբեր հետաքրքրութիւն եւ սէր ունեցողներ ժողովի նոյն սեղանին շուրջ կը գտնուին, զաւեշտ կ’ըլլայ:

– Լա՛ւ է, ազգին գործերով կը զբաղին:

– Եթէ ճիշդ ըլլար ըսածդ, նոյն հարցերը չէին տեւեր: Մեր կեանքը կ’անցնի, հարցերը կը մնան: Արդէն մեր ժողովները «Ուրբաթապահ» են, քանի որ շաբաթ օր մարդիկ չեն աշխատիր: Թէեւ շաբթուան բոլոր օրերուն ժողովի գացողներ կան: Եօթը անգամ: Այդքան ժողովներով` թաղ, երկիր, ցամաքամաս, համաշխարհային, մեր մինուճար ազգին հարցերը դեռ չլուծուեցան: Չենք անհանգստանար, երբ ճառէ, բանաձեւէ եւ հոգեշահ հաղորդագրութենէ մը ետք, մենք մեզ կը գտնենք նոյն տեղը, նոյն փակ դռներու եւ սրտերու առջեւ, նոյն անապատը, նոյն գլուխներով: Ընկեր Փանջունին ներկայ ըլլայ թէ ոչ, միշտ կը լսուի իր «մի քիչ փող ուղարկեցէք»-ը, իր Դանայան տակառին համար, գլխաւոր օրակարգ, մէկ ուրբաթէ միւս ուրբաթ:

– Անգութ ես: Լա՛ւ որ անոնք կան:

– Կան` ի՞նչ ընելու համար: Գիտես` հիմա լուրջ խնդիր կայ: Քաղքենիական յաղթանակին պատճառով ուրբաթ ալ ժողով կարելի չէ, քանի որ գիւղի մը մէջ տուն կամ տնակ ունինք: Արդէն ամրան արձակուրդին աւազի վրայ պառկողները ազգով չեն կրնար զբաղիլ: Ազգի փրկութիւնը փակուղի մտած է:

– Ի՞նչ ընենք, Արմենա՛կ:

– Նախագահական պաշտօնները տանք գիւղական տուն չունեցողներուն, անոնք ուրբաթ օր ժողով կրնան գումարել, վարչութիւններու անդամները փոխարինենք գործազուրկներով, անոնք ամէն օր ժողով կրնան գումարել: Մի՛ ըսեր, որ այդպիսիները շատ են, գործազուրկ կամ ձանձրոյթէ տառապող թոշակառուներ:

– Դուն ալ ղեկավար պիտի ըլլաս, Արմենա՛կ: Այս կարգի լուծում պատմական կ’ըլլայ:

– Մակա՛ր, եթէ լուրջ ես, քու բարեկամներուդ ղրկէ այս զրոյցը, իսկ եթէ ձայնասփիւռէն, հեռատեսիլէն կարդան որքան լաւ կ’ըլլայ: Կրնաս նաեւ համացանցի վրայ դնել, լատինատառ հայերէնով` կարդացուելու համար…

7 դեկտեմբեր 2015

Նախորդը

Բառեր… Նոր Բառեր… Նոր Եզրեր… Նո՞ր…

Յաջորդը

Մտորումներ` ՀՅԴ «Նիկոլ Աղբալեան» Կոմիտէի Կազմակերպած Ձեռնարկին Առիթով. Անփոխարինելի Խորհրդանիշերու Պարծանքը Կամ Զգաստութեան «Պատ»-ը

RelatedPosts

Բա՛ւ Է Խօսինք. Աշխատանքը Կը Սպասէ Բոլորիս
Անդրադարձ

Յանձնառու Պիտի Դառնա՞նք Վաղուան Ամբողջական Եւ Անկախ Հայաստանին…

Յունիս 13, 2025
Անդրադարձ

Մեր Արժանաւոր Արուեստագէտներէն. Ազգագրական-Աշուղական-Հայրենական-Ժողովրդական Երգերու Փայլուն Մեկնաբան՝ Ճոնի Կէօքճեան

Յունիս 12, 2025
Ժամանակակից Հեքիաթ` Մեծերու Համար
Անդրադարձ

Ի՛մս Է Ճեմարանը

Յունիս 11, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?