Անդրադարձ

Զաւէն Թաշճեանի Նահատակութեան 30-Ամեակի Առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Անունով Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

Զաւէն Թաշճեանի Նահատակութեան 30-Ամեակի Առիթով ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Անունով Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

Երեսուն տարիներ առաջ Այնճար հայաւանի ամբողջ բնակչութիւնը լուռ, մեծ յուզումով, ցասումով ու արցունքոտ աչքերով կը քալէր մուսալեռցի արժանաւոր զաւակ, հայ մշակոյթի հանդէպ պաշտամունքով լեցուն, հայ ընտանիքը իբրեւ սրբութիւն եւ ազգային արժէք ընկալած եւ,  վերջապէս բառին բովանդակ իմաստով դաշնակցական ղեկավար ընկ. Զաւէն Թաշճեանի դագաղին  ետեւէն: Վստահաբար նահատակ ընկերոջ սերնդակիցներուն, օրուան երիտասարդութեան մէջ տակաւին թարմ է այդ պահը, պահ մը, որ իր...

Վենետիկի Յանձնաժողովի Փորձագէտներուն Ներկայացուած Են ՀՅԴ-ի Դիտարկումները

Վենետիկի Յանձնաժողովի Փորձագէտներուն Ներկայացուած Են ՀՅԴ-ի Դիտարկումները

Վենետիկի յանձնաժողովի եւ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի փորձագէտներուն հետ հանդիպումէն ետք լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի  ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար Աղուան Վարդանեան թուարկած է այն դիտարկումները, զորս կատարած է Դաշնակցութիւնը` ընտրական օրէնքի նախագիծին վերաբերեալ: Ան յատուկ կերպով անդրադարձած է երեք դիտարկումի. «Անկախ ամէն ինչից, ընդդիմութիւնը խորհրդարանում պէտք է տեղերի 1/3-ն ունենայ, եթէ...

Կալիփոլիի` Չանագգալէի «Յաղթանակը» 1915-ին

Քեսապ – Երրորդ Տեղահանութեան Երկրորդ Տարելից

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Օրերը թաւալգլոր անցան: Շուտով կը հասնի 21 մարտը, 2016-ը: Մարտի 21-ը թուականագէտներու բնորոշումով գարնան առաջին օրն է: Չքնաղ ու դալար գարնան սկիզբը, երբ ծաղկած կ՛ըլլան ծիրանիները, սալորենիները, դեղձենիները եւ այլն, ճերմակ, վարդագոյն, կարմրաւուն ծաղիկներ, կանաչ սարերուն դիմաց, նորամշակ պարտէզներու հողին վրայ: Այդ օրը մարդկային ընկերութեան ամենայիշատակելի օրերէն մէկն է նաեւ, երբ կը յիշենք մեր մայրերը` ողջ թէ...

Տեսակէտ.  «Մէկ Ազգ, Մէկ Մշակոյթ» Կարգախօսը Հարցականի Տակ

Տեսակէտ. «Մէկ Ազգ, Մէկ Մշակոյթ» Կարգախօսը Հարցականի Տակ

ՍԵՐԺ ՄՈՄՃԵԱՆ Ամէն տարի անկախ Հայաստան կ՛այցելեն բազմաթիւ սփիւռքահայ զբօսաշրջիկներ, որոնց համար նման ուղեւորութիւն մը անցեալին երազ մըն էր, եւ կը մարմնաւորուէր խորհրդային գաւառի մը կամ լերան մը պատկերով` կախուած իրենց հօր տան մէջ: Սփիւռքահայուն կը հիացնեն ընդարձակ ու մաքուր զբօսայգիները, եւ տեսարժան վայրերը աւելի կ՛ամրապնդեն իր հայկական ինքնութիւնը: Արեւոտ գեղեցիկ օր մը, երբ նստած եմ պարտէզին երկար նստարանին վրայ,...

10 Անյայտ Փաստ Սողոմոն Թեհլիրեանի Մասին.  Սողոմոն Թեհլիրեանի Հօրեղբօրը Ծոռը Բացատրել Է, Թէ Ինչո՛ւ Թեհլիրեան Եւ Ոչ`  Թեհլերեան

10 Անյայտ Փաստ Սողոմոն Թեհլիրեանի Մասին. Սողոմոն Թեհլիրեանի Հօրեղբօրը Ծոռը Բացատրել Է, Թէ Ինչո՛ւ Թեհլիրեան Եւ Ոչ` Թեհլերեան

ԱՍՏՂԻԿ ՅԱԿՈԵԱՆ Համացանցի հայկական հատուածում ոչինչ չէք գտնի ամենայայտնի հայերից մէկի մասին, եթէ փնտռէք նրա իսկական անուն-ազգանունով, քանի որ Թեհլիրեան Սողոմոնի ազգանունը ժամանակի ընթացքում աղաւաղուել է ու դարձել Թեհլերեան: Թեհլիրեաններն իրենք էլ դժուարանում են պատասխանել հարցին` որտեղից է եկել սխալը, եւ երբ է այն դարձել հիմնական ու գործածական: Արա Օսկանեանը` Սողոմոն Թեհլիրեանի հօրեղբօր ծոռը, «Փան Արմինիըն»-ի բացատրել է, թէ ինչո՛ւ...

Շնորհակալագիր` Էրտողանին.  Ժան Տիւնտար (*)

Շնորհակալագիր` Էրտողանին. Ժան Տիւնտար (*)

Պարո՛ն նախագահ, Համայն աշխարհ հիմա գիտցաւ, որ վերջին երեք ամիսներու բանտարկութեանս պատճառը քու` ինծի դէմ ներկայացուցած քրէական դատն էր անձնապէս, եւ` քրէական ատեաններու կեցուածքը, որոնք ձեր խաթիրը չեն կտրեր եւ ձեր որեւէ մէկ պահանջը չեն մերժեր: Սակայն ես կը կարծեմ, թէ ձեզի հանդէպ շնորհակալութեան պարտք մը ունիմ ձեր այս քայլին համար: Իմ լրագրական գործնական փորձառութեանս կը պակսէր բանտ մտնելու փորձառութիւնը...

Ակնարկ.  Ռուսական Օդուժի Հեռացումը`  Քաղաքական Նոր Մեկնարկ

Ակնարկ. Ռուսական Օդուժի Հեռացումը` Քաղաքական Նոր Մեկնարկ

Ռուսիոյ նախագահին որոշումը` օդուժը աստիճանաբար հեռացնելու Սուրիայէն, տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններու դուռ բացած է. բնականաբար միանշանակ չեն վերլուծումները. իրենց ձեւին մէջ իսկ հակոտնեայ ընկալումներ կան որոշումին նկատմամբ. որոշ կողմերու համար յանկարծակի, ուրիշներու համար` ակնկալելի: Պէտք է մտաբերել այն, որ պաշտօնական Մոսկուան ժամկէտային սահմանափակուածութեամբ բացատրած էր իր օդուժի ներգրաւման քայլը: Թէեւ յստակ ժամկէտներ չկային ռուսական օդուժի դուրս բերման ուղղութեամբ, այսուհանդերձ որոշ առաքելութիւն իրականացնելու...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Երբ Արեւմուտքը Կը Խեղդուի Իր Իսկ Կեղծիքներու Ծովուն Մէջ

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Մամուլին նկատմամբ իր գործադրած բռնութիւններով Թուրքիա նեղ կացութեան մատնած է Արեւմուտքի իր դաշնակիցները: Անցեալ տարի «Ճումհուրիյէթ» թերթը յանդգնեցաւ բացայայտել այն, ինչը շատոնց բացայայտ էր ամբողջ համաշխարհային հանրութեան: Այսինքն` Սուրիոյ մէջ կռուող ծայրայեղականներուն Թուրքիոյ ցուցաբերած գործնական օժանդակութիւնը: Թերթը հրապարակած էր պատկերները զինամթերքով լեցուած բեռնակառքերու, որոնք կ՛ուղղուէին Սուրիա (անշուշտ` օժանդակելու համար Սուրիոյ մէջ «ժողովրդավարութիւն» եւ «արդար կարգեր» հաստատելու միտող խաժամուժին...):...

«Թուրքիոյ Համար Որեւէ Ելք Չեմ Տեսներ` Բացի Քաղաքացիական Պատերազմէն». Կարօ Փայլան

«Թուրքիոյ Համար Որեւէ Ելք Չեմ Տեսներ` Բացի Քաղաքացիական Պատերազմէն». Կարօ Փայլան

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ» Ֆրանսական «թելերմա» շաբաթաթերթին իր տուած հարցազրոյցին մէջ Թուրքիոյ խորհրդարանի քրտամէտ ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան երեսփոխան Կարօ Փայլան զգայացունց հաստատումներ կատարած է: Զրոյցը վարած լրագրող Օլիվիէ Փասքալ-Մուսլար նախ նշած է, թէ գաղթականներու տագնապին գծով Թուրքիան անշրջանցելի դարձած է Եւրոպայի համար. բայց արդեօք վերջինս լաւ կշռա՞ծ է հաւանական հետեւանքները այն «դաշինք»-ին, զոր կ՛ուզէ կնքել բռնակալ, ձեռնավարող, հալածախտէ տառապող նախագահ Էրտողանի հետ:...

Բարի Լոյս 11.  Անհրաժեշտ Է Գուրգուրալ Լիբանանի  4-րդ Իշխանութեան` Մամուլին Վրայ

Բարի Լոյս 21. Ընկեր Հրաչ Տասնապետեանի Յիշատակին. Կը Յիշենք Մի՛շտ

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ 15 տարիներ առաջ այս օրը, ՀՅ Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքը հրաժեշտ կու տար սփիւռքահայ ժամանակակից պատմութեան կարկառուն դէմքերէն, հանրային-հասարակական գործիչ, կրթական մշակ եւ յախուռն մտաւորական Հրաչ Տասնապետեանի: Հրաչ Տասնապետեան իր աչքերը կը փակէր հայութեան ու Հայաստանի ապրած բախտորոշ մէկ ժամանակահատուածին: Ան իր փոխանցած շունչով, գաղափարներով եւ դաստիարակութեամբ արթուն պահակը եւ անխոնջ ջահակիրը դարձաւ հայրենիքէն վտարանդի դարձած մեր մեծերու աւանդներուն,...

Բռնագրաւումի «Օրինականութեան» Մասին

Բռնագրաւումի «Օրինականութեան» Մասին

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Մեծ հետաքրքրութեամբ կարդացի 12 յունուարին «Ազդակ»ի մէջ լոյս տեսած «Նոր-օսմանական հնարք մը» խորագիրով յօդուածիս անդրադարձող «Չխախտել պատմագրութեան կանոնները» խորագիրով արձագանգը, որուն հեղինակը յստակ է, որ հարցերը կը դիտէ` մեկնած ակադեմական որոշ տեսանկիւնէ: Յօդուածս քաղաքական մեկնաբանութիւն մըն էր եւ ոչ թէ` պատմագրութիւն, զոր կատարելու որեւէ մտադրութիւն չունենալով` ինքզինքս ազատ կը նկատեմ նաեւ անոր կանոններէն, սակայն ոչինչն կ՛արգիլէ, որ անդրադառնամ ...

Հայկական Մանրանկարներն Ու Ազգային Տարազները Անցան Այնճարէն

Հայկական Մանրանկարներն Ու Ազգային Տարազները Անցան Այնճարէն

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Անցնող երկու շաբաթավերջերը յատկանշական եղան Այնճարի հայութեան այն հատուածին համար, որ կրցաւ ներկայ գտնուիլ ԼՕԽ-ի «Աղթամար» մասնաճիւղի ձեռարուեստի յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած զոյգ դասախօսութիւններուն, որոնցմէ առաջինը նուիրուած էր հայկական մանրանկարչութեան իսկ երկրորդը` հայկական ազգային տարազներուն: Արդարեւ, հայրենիքէն հրաւիրուած երիտասարդ  արուեստի մասնագէտ եւ Երեւանի մէջ գործող «Տէրեան» կեդրոնի պատասխանատուներէն Անի Մարգարեանը ներկայացուց վերոյիշեալ զոյգ դասախօսութիւնները` լուսանկարներու եւ շօշափելի նմուշներու օժանդակութեամբ:...

Խմբագրական.  Զարգացնել Եւ Ամրակայել Համակարգերը.  Ընելի՛ք Ունի Լիբանանահայութիւնը

Խմբագրական. Զարգացնել Եւ Ամրակայել Համակարգերը. Ընելի՛ք Ունի Լիբանանահայութիւնը

Այսօր լիբանանահայութիւնը կը տօնակատարէ արցախեան ազատամարտի 28-ամեակը: Եւ պատահական չէ, որ յատուկ տարողութիւն կը ստանայ սփիւռքեան այս միջավայրին մէջ այս տարուան նշումը: Նախ այն պատճառով, որ տարին յոբելենական է համայն հայութեան համար թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի հանրապետութեանց հիմնադրութեան 25-ամեակին առումով: Ուրեմն ազատամարտի հերթական նշումը այս տարի անպայմանօրէն կը կապուի Արցախի Հանրապետութեան 25-ամեակին հետ, որ իր հերթին, օրին յատուկ ընդգծումներով...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի` Յունուար Ա.  Հայրենիքի Վերանկախացման 25-Ամեակը Դիմաւորենք Նորանոր Ծրագիրներով

Խմբագրական «Գանձասար»-ի . Մարտ Ա.- Քաղաքացիական Պարտաւորութիւն Եւ Իրաւունք

Անկախ սուրիական տագնապի զարգացումներէն, անցնող հինգ տարիներուն երկրի պետական կառոյցներու գոյատեւումը Սուրիոյ պահպանման հիմնական պատուանդանը հանդիսացաւ: Ու թէեւ տուժեց երկրի տնտեսութիւնը, կանգ առաւ յառաջդիմութեան անիւը ընդհանրապէս ու համարեա՛ աւերակ դարձան Սուրիոյ շարք մը քաղաքներ, այնուամենայնիւ պետական կառավարման մեքենան կայուն մնաց: Սուրիական բանակն ու պետութիւնը զուգահեռաբար պայքարեցան ու կը շարունակեն պայքարիլ` կանգուն պահելու Սուրիան: Ներքին մարտահրաւէրներու դիմագրաւման կողքին, Սուրիոյ պետութիւնը տագնապի...

Ազատութի՛ւն Սեւան Նշանեանին

Ազատութի՛ւն Սեւան Նշանեանին

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ Սեւան Նշանեան «Գիտնամ, որ երկու տարիով պիտի ազատիմ,  խնդիր չէ, կ՛երթամ, կը լրացնեմ այդ պատիժը: Բայց տակաւին բազում դատեր կը շարունակուին իմ դէմ: Բանտարկութենէս ետք յանկարծ եթէ անոնք ալ պատիժով աւարտին, կրնամ կեանքիս մինչեւ վերջը բանտը մնալ»: Այսպէս ըսած էր Սեւան Նշանեան, «Ակօս» իր վերջին այցելութեան ընթացքին: Դատախազը երկրէն դուրս ելլելու արգելք չէր դրած: Արդէն ինքն ալ քանի...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Թուրքիոյ Կայսերական Ախորժակները Եւ Հաճոյակատարներու Կամաւոր Կուրութիւնը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Եթէ Եւրոպայի, Ամերիկայի եւ արդարութեան մասին ճառող ղեկավարութիւնները դադրէին բառերու եւ ճկոյթի ետին թաքնուելու խաղէն... Քաղաքագէտներ եւ մեկնաբաններ չեն վարանիր խօսելու Սուրիոյ, Իրաքի, Լիբանանի, Յորդանանի կայսերապաշտական շահերու հիման վրայ Ա. Աշխարհամարտէն աւարտին գծուած սահմաններու մասին: Ոչ ոք կը համարձակի խօսիլ նոյն Ա. Աշխարհամարտի աւարտին Օսմանեան կայսրութեան փլուզումէն ետք ստեղծուած Թուրքիոյ սահմաններուն մասին, որոնց մէջ ներառուած են ճնշուած եւ...

Նամականի

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութեան Նախագահին 2 Փետրուար 2016-ի Ծրագրային Համապարփակ Ելոյթը` Սահմանադրական Բարեփոխումներու Ուղեցոյց

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան այժմու իրավիճակը քննարկող, ախտաճանաչում կատարող եւ բարեփոխումներու բազմաբնոյթ աշխատանքի ուղղութիւնն ու պետութեան բարոյական պարտաւորութիւնները սահմանող գրեթէ ամբողջական հոլովոյթի մը հաստատ եւ սպասուած նախաձեռնութեան մեկնակէտ-հիմնաքարը կարելի է նկատել նախագահին այս ելոյթը (http://www.president.am/hy/statements-and-messages/item/2016/02/12/President-Serzh-Sargsyan-meeting-Constitution-speech/): Նախագահ Սարգսեան ներկայ իրավիճակը կը բնորոշէ` «Անհաւասարութիւն, անարդարութիւն, անպատժելիութիւն, հիասթափուած ժողովուրդ, աղքատութիւն, արտագաղթ` սրանք ցանկացած պետութեան, այդ թւում Հայաստանի Հանրապետութեան համար մարտահրաւէրներ են»: Դժուար է...

Անդրադարձ.  Նոր Օսմանական Հնարք Մը

Արձագանգ. Չխախտել Պատմագրութեան Կանոնները

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ Յունուար 12-ին «Ազդակ»-ի էջերուն մէջ հրատարակուած էր յօդուած մը` «Նոր-օսմանական հնարք մը» խորագիրով, որ կ’անդրադառնայ Թուրքիոյ պետութեան օսմանեան ժամանակաշրջանի կալուածներու տոմարներու եւ կալուածագիրներու վերադասաւորման աշխատանքներուն: Յօդուածին հեղինակը հակիրճ ակնարկ մը կատարելով օսմանեան պատմութեան եւ կայսրութեան կազմաւորման` կը փորձէ ապացուցել, թէ Անգարայի ակադեմական տեսքով երեւցող արխիւային այս աշխատանքը խորքին մէջ կը հետապնդէ քաղաքական նպատակներ, որոնցմէ կը յիշէ նոր-օսմանականութեան իրագործումը:...

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Թարգմանական Մատենաշար.  Թարգմանուելիք Գիրքերու Ցանկը Ու Կոչ Թարգմանիչներու

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Թարգմանական Մատենաշար. Թարգմանուելիք Գիրքերու Ցանկը Ու Կոչ Թարգմանիչներու

«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան հայկական համայնքներու բաժանմունքը ձեռնարկած է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» թարգմանական մատենաշարին, որուն նպատակն է մարդկային եւ հասարակական գիտութիւններու հիմնարար բնագրեր մատչելի դարձնել հայերէնով, ինչպէս եւ կարեւոր հայերէն բնագրեր` այլ լեզուներով: Սոյն յայտարարութեամբ կը հրամցնենք օտար լեզուներէ հայերէնի թարգմանուելիք գիրքերու ցանկը եւ կոչ կ՛ուղղենք հնարաւոր թարգմանիչներու, որպէսզի ներկայացնեն իրենց թեկնածութիւնը: Այս թարգմանութիւններուն միջոցով մեր նպատակն է թափ տալ մտաւորական մտածողութեան...

Ալեն Թասոն` Իր Գրականութեան Ընդմէջէն

Ալեն Թասոն` Իր Գրականութեան Ընդմէջէն

ՌՈՒԲԻՆԱ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Գրականութեան աշխարհին մէջ ամէն միտք, ամէն ապրում, ամէն զգացում արտայայտուած է, ըսուած է արդէն, տրուած ըլլալով, որ խօսքը եւ գրականութիւնը հին են այնքան, որքան` մարդկութիւնը: Հետեւաբար ըսելու ձեւն է, որ կը զանազանէ մէկ գրողը միւսէն, մէկ բանաստեղծութիւնը միւսէն: Իսկ Ալեն Թասոյի գրութիւնները յստակօրէն կը զանազանուին այլ ժամանակակից բանաստեղծութիւններէ, նախ երեւութապէս, ապա` ոճային դիտանկիւնէ: Ալեն Թասոյի գրութիւնները հիմնականին մէջ...

Page 713 of 806 1 … 712 713 714 … 806

Արխիւներ