Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միջազգային Պաքալորէա Լիբանանցի Աշակերտներու Համար Հայաստանի Մէջ

Յուլիս 4, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐԶԷ ՆԱԽԼԷ ԵՒ ՔԱՐՄԵՆ ԼԱՊԱՔԻ

Արտասահման Ուսանիլ

l'orient_70416

«Եունայթըտ ուորլտ քալըճըզ» շարժումը (UWC) Դիլիջանի մէջ միջազգային պաքալորէա կ՛առաջարկէ տարբեր ազգութիւններէ ուսանողներու, որոնք միասին կ’ապրին նոյն շրջափակին մէջ:

Դիլիջանի UWC-ն, որ 2014-ին բացուած է,  «Այտիա» (IDeA – Ideas for Development of Armenia) մարդասիրական հաստատութեան ծրագիրներէն մէկն է, որուն հիմնադիրներն են Ռուբէն Վարդանեան եւ իր կինը` Վերոնիքա Զոնապենտ: 1962-ին հիմնադրուած UWC-ի կրթական համակարգը այսօր կը հաշուէ աշխարհի շուրջ տարածուած 15 հաստատութիւններ (սեպտեմբեր 2016-ին անոնց թիւը կը հասնի 17-ի), որոնցմէ մէկն է Դիլիջանի դպրոցը: Այս դպրոցը, որուն առաքելութիւնը «ուսումը ազգերը եւ մշակոյթները միացնող ուժի մը վերածելն է խաղաղութեան համար, հիմնական արժէք կը նկատէ մտային, ֆիզիքական, զգացական, հոգեւոր եւ կենսոլորտային զարգացման բոլոր երեւոյթներու տեւական գերազանցութիւնը»: Բազմաթիւ անձնաւորութիւններ իրենց ներդրումը կ՛ունենան UWC շարժումին, որոնցմէ Ամալ Ալամէտտին- Քլունին` ծագումով լիբանանցի միջազգային փաստաբանը, որ ամէն տարի Դիլիջանի UWC դպրոցը դիմող լիբանանցի ուսանողի մը թոշակ մը կը նուիրէ: 2015-2017 հունձքէն մարդկային իրաւունքներով եւ սեռերու հաւասարութեան հարցերով հետաքրքրուած փայլուն երիտասարդուհի Փամելա Թըպշրանին է, որ օգտուեցաւ այս թոշակէն (տեսնել 18/12/2015-ի թիւը):

Ժոաննա Մախլուֆի Վկայութիւնը

UWC-ն միջավայր մըն է, ուր տարբեր ենթահողեր ունեցող անձնակազմի անդամները եւ ուսանողները միասին կ՛ապրին ընտանեկան մթնոլորտի մը մէջ: Դիլիջանի դպրոցին շրջափակը կ՛ընդգրկէ ուսանողներու համար եւ անձնակազմին վերապահուած բնակարաններ, բժշկական կեդրոն մը, պարտէզներ, մարզանքի դաշտեր, փակ մարզասրահ մը եւ արուեստի յատկացուած կեդրոն մը: 2014-ին, երեք լիբանանցի ուսանողներ ընտրուած են Դիլիջանի UWC դպրոցը յաճախելու համար` բոլորը ուսման ամբողջական թոշակներ ստանալով: Ժոաննա Մախլուֆ այս աշակերտներէն մէկն է, որ Հայաստանի մէջ իր ուսումը աւարտած է: Երբ ան որոշեց UWC շարժումին միանալ, Ժոաննան կը յաճախէր Էշրեֆիէի «Լիսէ Լոր Մուղայզըլ»-ը: Ան ճշդեց. «2014-ին ղեկավարման հմտութեան (leadership) վարժանիստի մը ընթացքին է, որ ծանօթացայ UWC-էն վկայուած երիտասարդուհիի մը»: «Հիացայ իր փորձառութեան վրայ, յատկապէս ինչ կը վերաբերի այս դպրոցին առաջարկած միջազգային պաքալորէայի առաւելութիւններուն եւ ուսանողներուն մշակութային այլազանութեան», աւելցուց ան: Ժոաննա նաեւ նշեց. «Որոշեցի անմիջապէս դիմել` Լիբանանի UWC-ի կայքէջին վրայ գտնուող դիմումնագիրը ամբողջացնելով (lb.uwc.org)»:

Միջազգային պաքալորէայի ծրագիրը, որ երկու տարուան վրայ կ՛երկարի, տարբեր է լիբանանեան պաքալորէայէն. «Ուսանողը կ՛ընտրէ միայն վեց նիւթ, որոնց մէջ կը խորանայ», բացատրեց Ժոաննա: Դասերուն զուգահեռ, ուսանողները կը հետեւին CAS (Creativity, Activity, Service) ծրագրին, որուն ծիրին մէջ հայ համայնքին առնչուած զանազան աշխատանքներու կը մասնակցին: Այսպէս, Ժոաննան ամէն օր առաւօտեան 7:45-էն կէսօրէ ետք 3:15 կը հետեւէր իր ընտրած նիւթերուն դասերուն, որմէ ետք կը միանար CAS-ին` ջրային հսկողութեան եւ աղբերու կարգաւորման համար, ինչպէս նաեւ` մարզական եւ արուեստի աշխատանքներու մասնակցելու համար: «Տրուած ըլլալով, որ ժամանակացոյցս ծանրաբեռնուած էր, երբեմն երեկոյեան ժամը 9:30-ին կը սկսէի դասերս պատրաստել: UWC-ի մէջ միջազգային պաքալորէա ամբողջացնելը մեծ ջանքեր, նուիրում եւ միայն վեց ժամ քնանալու կարելիութիւնը ընդունելով` ժամանակ դասաւորելու կարողութիւն կ՛ենթադրէ», ըսաւ Ժոաննա:

Մշակոյթներու Հարստացուցիչ
Այլազանութիւն

UWC-ի միջազգային պաքալորէայի մէջ յաջողելու համար պահանջուած ջանքերով հանդերձ, Ժոաննա կը վստահեցնէ, որ շահեկան փորձառութիւն մըն է: Ան հաստատեց. «Ինչ որ ամենաշատ սիրեցի, մշակոյթներու այլազանութիւնն է դպրոցին մէջ»: «Յիսունէ աւելի տարբեր երկիրներէ եկած երիտասարդներու հետ ապրիլը ինծի սորվեցուց լայնամիտ ըլլալ եւ իւրաքանչիւր վիճակ զանազան դիտանկիւններէ ընկալել», աւելցուց ան: Աշխարհի տարբեր մշակոյթները աւելի լաւ հասկնալու համար աշակերտները «մշակութային շաբաթավերջեր» կը նշեն. «Միեւնոյն մշակոյթին պատկանող աշակերտները հանդէս մը կը պատրաստեն, որուն ընթացքին կը ներկայացնեն տուեալ մշակոյթին երգը, պարը, ուտեստեղէնը եւ աւանդական պատմութիւնները», բացատրեց երիտասարդուհին:

Իր միջազգային պաքալորէան ստանալէ ետք, Ժոաննան իր ուսումը պիտի շարունակէ արտասահման, ամերիկեան համալսարանի մը մէջ, որմէ ետք պիտի վերադառնայ Լիբանան` իր ուսումը ի գործ դնելու համար: «Հայաստան կեցութեանս ընթացքին աւելի հասուն եւ աւելի պատասխանատու դարձայ», հաստատեց ան: Ժոաննա եզրափակեց` ըսելով, որ «սորվեցայ, թէ որքան մարդիկ կրնան տարբեր ըլլալ եւ միաժամանակ իրարու նման. իմ իսկ մշակոյթիս հանդէպ տեսակէտս տարբեր է այսօր, որովհետեւ UWC-ն ինծի սորվեցուց մշակոյթները առարկայական ձեւով տեսնել»:

Թարգմանեց՝ ՌՈՒԲԻՆԱ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ

«Լ՛Օրիան լը Ժուր»
24/06/2016

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (4 Յուլիս 1966)

Յաջորդը

Օֆելիա Համբարձումեանով Ժողովրդային Երգիչներու Դարաշրջան Մը Փակուեցաւ, Աւանդը Մնաց

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?