Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Դրդապատճառներն Ու Հետեւանքները

July 2, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

vaho_70216

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

16 յունիսին «ՌԻԱ Նովոսթի» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինին ուշացումով յղած իր նամակին մէջ շնորհաւորած է «Ռուսիոյ օրուան» համար եւ յոյս յայտնած, որ Մոսկուայի եւ Անգարայի միջեւ յարաբերութիւնները կը բնականոնանան ու «պատշաճ մակարդակի կը հասնին»: Ռուսական կողմը մերժեց պատասխանել այդ նամակին` նշելով, որ անիկա «որեւէ խորքային կէտ չի պարունակեր»: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան 27 յունիսին Փութինին յղեց 2-րդ նամակ մը, որ այս անգամ կը պարունակէր «Սու-24»-ի վար առնումին համար ներումի հայց մը: 29 յունիսին, Փութին-Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութենէ մը ետք, ընթացք առաւ ռուս-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթը:

Ի՞նչն էր, որ Թուրքիան մղեց Ռուսիոյ (նաեւ Իսրայէլի) հետ իր երկրին յարաբերութիւնները բնականոնացնելու: Ստորեւ կարգ մը պատճառներ.

– Թուրքիոյ տնտեսութիւնը, մասնաւորաբար զբօսաշրջութեան մարզը, մեծ հարուած մը ստացաւ Ռուսիոյ կողմէ հաստատուած պատժամիջոցներուն պատճառով: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ Անթալիոյ օդակայանի պաշտօնական վիճակագրութիւնը ցոյց կու տայ, թէ 1-էն 16 յունիսին Անթալիոյ օդակայան հասած զբօսաշրջիկներուն թիւը, բաղդատմամբ անցեալ տարուան, նուազած է 59 առ հարիւրով, իսկ ռուս զբօսաշրջիկներուն թիւը` 98,7 առ հարիւրով: «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ» իր կարգին կը նշէ, որ դէպի Թուրքիա թռիչքներուն թիւը նուազած է 40 առ հարիւրով: Թուրքիոյ ծովափներն ու պանդոկները գրեթէ դատարկ են: Փութին արդէն ստորագրած է 28 նոյեմբերի «Ռուսիոյ ազգային անվտանգութեան ապահովման, յանցագործ ու այլ հակաօրինական գործողութիւններէն Ռուսիոյ քաղաքացիներու պաշտպանութեան եւ Թուրքիոյ նկատմամբ յատուկ տնտեսական միջոցառումներու ձեռնարկման» մասին հրամանագիրին մէջ փոփոխութիւններ կատարելու հրամանագիր մը, որ սակայն պիտի չկարենայ փրկել Թուրքիոյ ամառնային զբօսաշրջութեան 2016-եղանակը` նկատի ունենալով, որ զբօսաշրջութեան եղանակը ընթացք առած է եւ բազմաթիւ զբօսաշրջիկներ արդէն այլուր ուղղուած են կամ ուղղուելու պատրաստուած:

– Նկատի ունենալով, որ Փարիզ եւ Պերլին միշտ ալ դէմ եղած են Թուրքիոյ Եւրոպական Միութեան անդամակցութեան` այդ հարցին մէջ Անգարայի աջակցող կարեւորագոյն երկրին` Բրիտանիոյ` Եւրոպական Միութենէն դուրս գալուն վերաբերեալ հանրաքուէի արդիւնքը համոզեց Անգարան, թէ գաղթականներու հարցով իր վարած շանթաժի քաղաքականութեան ու մարդկային իրաւանց մարզին մէջ արձանագրած սրընթաց նահանջին լոյսին տակ, դէպի Եւրոպա ելք մը գտնելով, իր իսկ մեղքով ստեղծուած մեկուսացումէն դուրս գալու ամէնէն կարճ ճամբուն ուղղութիւնը դէպի արեւմուտք չէ:

– Կարեւորագոյն պատճառներէն մէկն է քիւրտերուն արձանագրած վերելքը եւ քրտական պետութեան մը հաստատման միջազգային քաղաքականութեան միջանցքներուն մէջ շրջող ուրուականը, որուն լոյսին տակ Թուրքիան պէտք էր դուրս գար իր մեկուսացումէն, որպէսզի երբ «զանգը հնչէ» ինք եւս կարենայ նստիլ բանակցութեան սեղանին շուրջ եւ իր ձայնը դառնայ լսելի:

Անշուշտ ամէն կտրուկ շրջադարձ ունի իր գինը: Թրքական իշխանութիւններուն կատարած քայլը չէր կրնար բացառութիւն մը ըլլալ: Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւնները բնականոնացնելու քայլը արդէն քննադատութիւններու ալիք մը բարձրացուցած է Թուրքիոյ ազգայնական եւ իսլամական շրջանակներուն մօտ: Մայիս 2010-ին, Կազայի շրջափակումը խզելու համար նաւատորմիղի մը Թուրքիայէն Կազա նաւարկումը կազմակերպած թրքական Մարդկային իրաւանց եւ ազատութեանց ու մարդասիրական օժանդակութեան հիմնարկը քննադատեց Էրտողանը, որ հակադարձեց` իր կարգին քննադատելով իսլամական կազմակերպութիւնը 2010-ին առանց իշխանութիւններու արտօնութեան դէպի Կազա նաւարկելնուն համար. իրականութեան չհամապատասխանող առարկութիւն մը, որ նաեւ արձանագրուած «ապօրինի» արարքին վերաբերեալ քայլերու դիմելու տողատակի սպառնալիք մըն է, ինչպէս նաեւ ձայն բարձրացնելու մասին մտածողներուն ուղղուած զգուշացում մը:

Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը կրնայ արտաքին քաղաքականութեան մէջ նպաստաւոր քայլ մը ըլլալ, սակայն յստակ է, որ ներքին ճակատին վրայ իշխանութիւններուն համար պիտի ստեղծէ բազմաթիւ հարցեր:

 

 

Նախորդը

Վերսայի Դղեակը Եւ Կիլիկիան

Յաջորդը

Իրաքի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Մերժէ Իրաքի Ներքին Հարցերուն «Սէուտական Արաբիոյ Իրերայաջորդ Միջամտութիւնները»

RelatedPosts

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»
Անդրադարձ

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի». «Լեցուն Կեանք»

February 2, 2026
Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.