Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Դեռ Ոչ Սոսկ «Ծագումով Հայ» Խանգարող Զբօսաշրջիկի Մտածումներ

Օգոստոս 23, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Նաւահանգիստ Քաղաք Մը Եւ Անկէ Ետք

Առաւօտ: Խարսխած ենք քաղաքի մը առջեւ, որուն համար ըսին, թէ անոր առաջին բնակիչները եկած են Կալէսի երկրէն, հարիւր յիսուն հոգի: Այս աշխարհը երեւակայութեան թռիչք տուող Փաթականիան է: Ոմանք թերեւս կարդացած են «Նաւապետ Կրանտի զաւակները» վէպը:

Ցրտած է, քամին կը թափանցէ հագուստներուն տակ: Բնական է: Կը մօտենանք հարաւային բեւեռ:

Քաղաքը` Մատրին, նաւահանգիստ մը, որ կը ձգուի ամբողջ ծովեզրի երկայնքին: Հանրակառքերը խումբ առ խումբ նաւագնացները կը տանին քաղաք, ուր զբօսաշրջիկները մէկ փողոցէն միւսը կ’անցնին գնում ընելու տենդով: Իսկ առեւտրականները, ըստ երեւոյթին, կեանքին արժէքը գիտեն, եւ կէսօրին կը փակեն վաճառատուները:

PHOTO-4_82316

Ծովափին քանի մը մետաղեայ արդիական քանդակներ կան: Հոս ամառը կը վերջանայ եւ զեղչ-վաճառք կայ: Նուէրներ գնելու պատեհութիւն: Ճամբորդութեան մեծ ծախսերը յանձն առնելէ ետք` մանրուքի խնայողութիւն:

Նաւու կամրջակի ճաշարանը ամէնօրեայ խճողումը չկայ, շատեր դեռ չեն վերադարձած քաղաքային իրենց արշաւէն, եւ կարելի է ընթացք տալ որկրամոլութեան, եւ համտեսել, համտեսել, յորդող պնակներով տեղաւորուիլ քաղաքին դիմաց, դիտել անյայտ ճակատագրով լքուած նաւերը, որոնց երկաթները կը ժանգոտին ովկիանոսի եզրին: Եթէ լեզու ունենային, ինչե՜ր կրնային պատմել…

Արդեօք հայեր հոս հասա՞ծ են: Քոչւոր ենք, եթէ հասած են, պիտի չզարմանամ: Որո՞ւ հարցնել:

Նաւագնացներէն ոմանք արդէն գացած են շարժանկարի սրահը, ուրիշներ կամրջակին վրայ կը քալեն նիհարնալու համար, եւ բախտախաղի սիրահարները նստած են մեքենաներու դիմաց, երեկոյեան պիտի ըսեն` շահեցա՞ն, թէ՞ վնասեցին:

Երբ արթննանք, հասած պիտի ըլլանք ամերիկեան ցամաքի ծայրամասը, բնապահպաններու սիրելի Ուշուայա քաղաքը: Գրեթէ ծանօթ քաղաք մը, որ այնքան տեսնուած է հեռատեսիլի պզտիկ պատուհանէն:

Կամրջակին վրայ վազելով նիհարնալ ուզողները այլեւս կիսամերկ չեն, ցուրտը ինքզինք կը զգացնէ աջէն եւ ձախէն փչող քամիով: Լողաւազանները դատարկուած են, եւ պաշտպանուած անկիւններու մէջ` արեւ կը փնտռուի:

Հիմա արդէն նաւը կը սահի կրկին դէպի հարաւ: Արեւը անյայտացած է եւ  կամրջակի բազրիքին կռթնած` կը դիտեմ երկինքը, ուր աստղերու քարտէսը կը թուի փոխուած ըլլալ: Ի՜նչ անմեկնելի խորհուրդներ կան հոն, այդ կայծկլտացող կէտերու ետին, զորս անդադար կը պեղեն աստղագէտները եւ կանգ կ’առնեն նոր խորհուրդներու առջեւ: Հոս հիւսիսի աստղը չկայ, կայ հարաւի աստղը:

Ուրիշներ ալ, այդ խորհուրդները գիտութեան վերածելով, կը մտածեն նոր աշխարհներ գտնել, մեր ծերացած մոլորակէն դուրս նուաճումներ ընելու համար, թերեւս նոր բնակավայրեր` ապագայի սերունդներուն համար, երբ սպառած ըլլանք երկիր մոլորակի բարիքները:

Այս առաւօտ արեւը ողողած է կամրջակը, բայց կճող ցուրտը կը շարունակուի, երբ բաց օդին կը քալենք: Ճաշարանի սրահներն ալ ողողուեցան, քանի որ կազմակերպուած անգործութեան զբաղում է առատօրէն ուտել, անցնիլ բազմաթիւ ցուցադարակներու առջեւէն, մտածել, ընտրել, պնակը լեցնել եւ թերեւս ալ վերադառնալ, յետոյ դժգոհիլ, որ մարմնի այս կամ այն մասին վրայ ճարպագունդ աւելցած է:

Նախաճաշի սեղանին առջեւ հետաքրքրութեամբ լսեցի Պոլսոյ հայկական վարժարանները յաճախած, Ուրուկուէյ հաստատուած հայրենակից մը: Կրնամ ըսել, որ սրտցաւ ազգային մըն էր, Հայաստանի եւ իր համայնքի ախտերուն մասին խօսեցաւ: Ինք ալ դառնութեամբ խօսեցաւ Մոնթէվիտէոյի պատկից երկու հայկական վարժարաններուն մասին: Զարմացումով լսեցի, որ այդ դպրոցներէն մին երկու հարիւր աշակերտի համար հարիւր պաշտօնեայ ունէր, այդ կացութեան բերումով` դժուարութիւններ: «Մէկը միւսը լսելու սովորութիւն չունի, չեղածի համար իշխանութիւն կ’ուզեն ունենալ», ըսաւ զրուցակիցս: Ոչ միայն Ուրուկուէյի մէջ:

Ինչո՞ւ չեն յաջողիր հարս ու կեսուրի ծակպտուկ վէճերէն վեր դասել հայ դպրոցը, որ համայնքներու հայօրէն վերապրումին կռուանն է: Ոչ միայն աշխարհի այս ծայրը: Յաճախ կը մտածեմ, որ մեզի կը պակսի Մահաթմա Կանտիի նման խեղճ ապրող, բայց հեղինակութիւն ունեցող անձը… «Charisme», որ շուկան չի ծախուիր:

Այլապէս հետաքրքրական էր այն, որ Պուէնոս Այրես, Քորտոպա, Մոնթէվիտէօ, Սան Փաոլօ, Վենեզուելա, հակառակ հեռաւորութիւններու, ոչ միայն կապեր կան, այլ նաեւ մարդիկ մէկ քաղաքէ միւսը զիրար կը ճանչնային: Անհատական ծանօթութիւններ:

Ովկիանոսը կը դիտեմ խցիկիս լուսամուտէն: Երկինքը միացած է ջուրի անսահմանութեան: Տեսադաշտիս մէջ ոչինչ կայ հեռուները մնացած քաղաքներէն, անոնց իրարանցումէն եւ ժխորէն: Մանրիկ ալիքներու սպիտակ փրփուրներուն քսուելով` կը սահինք դէպի հարաւ:

Եթէ կամրջակ բարձրանամ, պիտի գտնեմ հեռու մնացած աշխարհներու մանրանկարը, մարդիկ` անթափանց, որոնք կը կարծեն, թէ այդ ձեւով պիտի վերաթարմանան: Բայց իրենց ափի «Այ-ֆոն»-ը չկտրուած պորտային կապ է հոգերու եւ սէրերու հետ:

Ամերիկաներու Հովերէ Ծեծուող Ծայրամասը

Երկու օրէ ի վեր կը նաւարկենք: Սրահներ կան, ուր  կ’երգեն, ուր դասախօսութիւն կը լսեն Հորն հրուանդանի մասին, ուր կը տրուին բաղտախաղի հաճոյքին, եւ մանաւանդ պատիւ կ’ընեն տեւաբար նորոգուող եւ յորդող ճաշերուն, կարկանդակներուն, պտուղներուն:  Նոր ժամանակներու նաւագնացները կ’երթան փորթուգալցի Մաժելլանի հետքերով: Կէսօրը անց էր: Նաւուն երեր ընթացքը կասեցաւ: Բարձրախօսներէն յայտարարեցին, որ հասած ենք «աշխարհի ծայրը»: Չըսին` Հարաւային Ամերիկայի ծայրը: Եթէ շարունակենք, կը հասնինք բեւեռ:

PHOTO-5_82316

Քանի մը հազար ճամբորդները, զինուած իրենց նկարչական մեծ կամ պզտիկ սարքերով, խուժեցին կամրջակները, երբ յայտարարուեցաւ, որ հասած էինք Հորն հրուանդանը: Ցամաքի վերջին սրածայր մասը, որ կը բաժնէր երկու ովկիանոսները: Ուժգին ցուրտ քամին կ’արգիլէր կամրջակ գալ, դռներէն ներս կը մղէր հետաքրքրուածները: Անձրեւի կաթիլներ կը հարուածէին երեսները, բայց ոչ ոք տեղի կու տար, տեսարանը կը յիշեցնէր այն պահը, երբ Աստուած զատած էր ջուրերը եւ ցամաքը: Հոս Փաթակոնիա է, Անտեան լեռները, կարծէք շնչահատ` ինկած են ծովը, եւ քանի մը գագաթներ կը յիշեցնեն, որ դեռ հոն է լեռնաշղթան:

Երկու ովկիանոսները անջատող լեռնանման ցամաքին վրայ իրարմէ հեռու երկու շինութիւններ կան, որոնք կ’ըսեն, թէ մարդը տէր է հողին, կը հսկէ: Մարդիկ կ’երթան աջի եւ ձախի կամրջակները, տեսարանները կը փոխուին: Երկար չենք կրնար մնալ, ցուրտը կը թափանցէ եւ դող կու տայ դեռ երէկ արեւու ջերմութեան յանձնուած մերկ մարմիններուն:

Հորն հրուանդան: Քանիներ անցած են այստեղէն, ծովագնացներ, որոնք աշխարհներ կը գտնէին, կ’անհետանային, իրենց առագաստանաւերը կը ջախջախուէին: Պատմութիւնը կը պահէ քանի մը անուններ: Պիտի անցնինք երկու ովկիանոսները միացնող Մաժելլանի նեղուցով: Երէկի արկածախնդիրներու բազկաթոռի մէջ նստած յղփացող յաջորդներն ենք: Անոնց անունները երեկոյեան սպասարկուած ազնուական համադամներէն ետք պիտի մոռցուին: Նոր նաւագնացները պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ուսանողներ չեն: «Զբօսի քաղաքակրթութեան» հպատակներն են, որոնք իրենց աչքերը կը խփեն չտեսնելու համար անհաւասարութեան աշխարհի ցաւերը: Ի՜նչ իմաստուն եղած է Հռոմի սրբազան քահանայապետը, երբ խօսած է «դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան մասին»: Բայց հոսանքէն տարուելով` կը մասնակցինք «կապկումի մշակոյթ»-ին: Mimétisme…

Կէս գիշերը անց պիտի հասնինք Ուշուայա, որ կը նշանակէ «Աշխարհի վերջը»: Պուէնոս Այրես եղած օրերուս իմացայ, որ հոս ալ հասած են հայերը, գէթ` մէկ հայուհի: Եթէ կ’երթանք Նոր Զելանտա, ինչո՞ւ պիտի չերթանք Ուշուայա: Հայութիւնը կը հետեւի կազերու ընդլայնման օրէնքին` կեդրոնէն տեւաբար հեռանալով: Ըսուած էր, որ «համաշխարհային ազգ» էինք, օր մըն ալ պիտի ըսե՞նք, թէ «կազային ազգ» ենք:

Ուշուայայի հայ աղջիկը հայախօս է նաեւ, բայց հոն որո՞ւ հետ հայերէն պիտի խօսի: Ես ինծի հարց կու տամ, թէ «համաշխարհայի՞ն ազգ» ենք, թէ՞ «հիւլէացող»: Կը նախանձիմ անոնց, որոնք այս կարգի հարցեր չեն ուղղեր իրենք իրենց եւ շուրջիններուն, Արցախի մանկապարտէզներուն օգնելու մասին կոչ կը լսեն, ապա խաղատուն կ’երթան եւ անկէ դուրս գալով սրամտութեամբ կ’ըսեն` «պարտքս վճարեցի»… ոչ թէ Արցախի մանկապարտէզին, այլ` բախտի անիւին…

Ինչո՞ւ շիւղ մտցնել ցաւող ատամի մէջ…

Երեւանը, Գիւմրին, Սիսիանը, Լոռին, Գետաշէնը, Վանը այնքա՜ն հեռու են: Բայց այս գիշեր կրնայ պատահիլ, որ անոնց մասին երգեր լսենք եւ զգացումներ հովահարենք:

Ուշուայա Կամ «Աշխարհի Ծայրը» Գտնուող Քաղաքը

Այսօր գիշերահաւասար է: Ամառը աւարտած է, բայց ան չէ յաջողած լեռներու ձիւնը անհետացնել: Օդը բիւրեղի պէս մաքուր է, երբ զբօսանաւու խցիկէն դուրս կու գաք, կը բարձրանաք կամրջակ, կը շնչէք եւ կը զգաք ձեր թոքերէն անցնող չապականած օդը: Ձմրան ցուրտը կը կճէ, երբ ծովափի եւ գոգուորուող լեռներու միջեւ թառած քաղաքը կ’երթաք քալելով:

Ինչպէս ամէն տեղ` ճաշարաններ, զբօսաշրջիկները զուարճացնելու կոչուած խանութներ: Քաղաքի կեդրոնական շուկայի փողոցներուն մէջ մարդիկ փայտեր դիզած են եւ կրակ կը վառեն տաքնալու համար: Հոս երկնաքերներ չկան: Բայց ծովեզրի ճամբու ամբողջ երկայնքին ինքնաշարժներու անդադրում երթեւեկ կայ, մարդուն ապականող ներկայութիւնը:

Ուշուայա 23 քառ. քիլոմեթր է, մայրաքաղաքը` Հրոյ Երկիր նահանգին:
Ուշուայա 23 քառ. քիլոմեթր է, մայրաքաղաքը` Հրոյ Երկիր նահանգին:

Ծովեզրի ճամբայէն դէպի լեռ կը բարձրանան փողոցներ: Քաղաքի հարթ մասը միայն ծովափն է: Տուները կը կառուցուին լեռներու կողին: Այս եղանակին անոնցմէ քիչ անդին դեռ ձիւնածածկ է: Իսկ լեռները իրարու յաջորդող սրածայր գագաթներ են, չեն մաշած: Անոնց գլխուն յաճախ ամպեր կը նստին: Ցերեկ է, երբ ամպերը յաղթելով` արեւը կը լուսաւորէ քաղաքը, ան տարօրինակ կերպով շլացնող է: Գաւառական եւ միաժամանակ զբօսաշրջային քաղաքի դրոշմը կայ ամէն տեղ: Յիշատակի նուէրները կը սկսին քարափէն, կը բարձրանան մինչեւ կեդրոնական շուկայի աջ եւ ձախ կողմերը: Ծանուցումներով զինուած մարդիկ` այրեր եւ կիներ, կ’առաջարկեն հոս-հոն առաջնորդել քանի մը ժամուան համար նաւէն իջածները, իսկական ճարտարարուեստ մը:

Ուշուայա. Անտեաններու Մարսիալ սառցակոյտը կը մտնէ ովկիանոսին մէջ:
Ուշուայա. Անտեաններու Մարսիալ սառցակոյտը կը մտնէ ովկիանոսին մէջ:

Հոս ապրող հայ աղջիկը տեսնելու միտումով կը մտնեմ յուշանուէրներու խանութները: Ըսած էին, որ անոնցմէ մէկուն եթէ հարցնէինք, զայն կը գտնէին: Երկու փորձէ ետք, երրորդին, անգլերէնը եւ ձեռքի շարժումները իրարու խառնելով, հասկցուեցանք: Այդ հայուհին կ’աշխատի ինքնաշարժով կէս ժամ հեռու գտնուող պետական «փարք նասիոնալ»-ը: Կարելի չէր հեռաձայնել անգամ: Ուրեմն չկրցանք տեսնել «աշխարհի ծայրը» գտնուող հայուհին: Եթէ ինք հոս է, մայրը Պուէնոս Այրես է, եղբայրը հաստատուած է Հայաստան, միւս եղբայրը տեսակ մը աշխարհաքաղաքացի է, Նիւ Եորք, Արեւմտահայաստան եւ Եւրոպա:

Ուշուայան` կռթնած Անտեան լեռներուն:
Ուշուայան` կռթնած Անտեան լեռներուն:

Ի՞նչ կը փնտռէ հայը… Ի՞նչ կը կարծէ, որ պիտի գտնէ Ուշուայայէն Շանկհայ եւ Ալասքա, հիւսիսային բեւեռի վեց ամիս լոյս վեց ամիս մութ Քերունամ գացած հայը, թերեւս միակը, ինչպէս` Ուշուայայի հայ աղջիկը:

Կը վերադառնամ նաւուն կամրջակը: Բազմազգ զբօսաշրջիկներ արդէն բրգացած պնակներով նստած են սեղաններու առջեւ: Շատեր դեռ չեն վերադարձած արշաւանքէ: Մարդիկ եկած են ուրախանալու, ինչո՞ւ խօսիլ աշխարհի ծայրը հասած միակ հայուհիին մասին:

Երեկոյեան հայկական հաւաքոյթ կար: ՀՕՄ-ի տարեդարձի խոշոր կարկանդակ մը: Քանի մը երգ: Եւ հայկական պարեր` թոշակառուներու: Ուշուայայի միակ հայուհիին հանդիպողներ եղած եւ նկարուած անոր հետ:

Կը նաւարկենք Մաժելլան նեղուցին մէջ: Կտրատուած ցամաքներ: Կ’երթանք դէպի չիլիական Փունթա Արենաս նաւահանգիստը: Լեռներով շրջապատուած ովկիանոսի բեկորներ են անցքերը: Առաւօտեան կը հասնինք, եւ երկար հերթի սպասելէ ետք, հարիւր յիսուն անձ փոխադրող նաւեր մեզ կը տանին քաղաք: Նախորդ օրուան ցուրտը մեղմացած է, հոս աշունը սկսած է: Հարաւային Ամերիկայի նոյնատիպ քաղաք մը, նոյն լեզուով եւ նոյն իրարանցումով` զբօսաշրջիկներու դիմաւորման համար: Վաճառատուներուն մէջ կը գտնենք ձեռային աշխատանքներ եւ բուրդէ հիւսուած զանազան հագուստներ:

Կը շրջինք: Ըսին, թէ տլփիններ կան, բայց մենք չկրցանք տեսնել զանոնք:

Երեկոյեան ժամը վեցն է: Եւ հսկայ նաւը կը շարունակէ իր երթը` քանի մը հազար կուշտ զբօսաշրջիկներ տանելով: Այս ժամուն հաւանօրէն շատեր կը պարեն աղմկալի սրահներու մէջ, կամ խաղատան մեքենաներուն առջեւ նոյն շարժումները կ’ընեն` կոճակներ սեղմելով եւ սպասելով, որ անաշխատ դրամ շահին կամ իրենց պարտքը վճարեն բախտի անիւին:

Ընթերցում: Յակոբ արք. Գըլընճեան, Մոնթէվիտէոյի առաջնորդը, Մարթէն Լութերի մասին իր ուսումնասիրական հատորը նուիրած էր: Մարդկութեան անցած ուղին չարի եւ չարիքի բեմ եղած է: Կրկնութիւն:

Փունթա Արենասէն Ետք` Մաժելլանի Հետքերով

Մաժելլանի անցքին հսկող փարոսը: Հոն ապրողներ կան:
Մաժելլանի անցքին հսկող փարոսը: Հոն ապրողներ կան:

Փանամայի ջրանցքէն առաջ Ատլանտեանը Խաղաղականին միացնող միակ անցքը եղած է Մաժելլանի այս ծովային ճանապարհը` ծով ինկած լեռներով կտրատուած: Կ’անցնինք անմարդաբնակ լեռներու կողքով, ուր ձիւնապատ գագաթներ կան, կան սառցալեռներ, որոնց ոտքը ջուրին մէջ է, լեռներով հոսող ջրվէժներ, որոնք ֆրանսական Ռէունիոն կղզիին վրայ կը կոչուին «Հարսին քողը»… Իսկ ծովու եւ լեռներու միացեալ գծագրութենէն կը ծնին պատկերներ, որոնք Եւրոպայի հիւսիսը կը կոչուին ֆիորտ… Կարելի է ժամերով դիտել այս բնութիւնը, ջուրը, որ դեռ չէ ապականած, լեռները, որոնք կարծէք նոր ժայթքած են ջուրերէն` սրածայր գագաթներով: Վեր սլացող լեռներու կողերուն մարդկային հետք չկայ:

Նաւը ոչ մէկ տեղ ցամաք պիտի հանէ ճամբորդները: Անոնք իրապէս կախարդուած են անիրականի նմանող պատկերներով, կը վազեն աջ եւ ահեակ` նկար որսալու համար: Այսօր կարծէք աղմուկն ալ նուազ է, բնութիւնը զիրենք առինքնած է, նոյնիսկ երբ յորդող պնակներով նստած են իրենց սեղանին առջեւ:

Հարիւր յիսուն հայերու խումբը այս երեկոյ պիտի հաւաքուի սրահի մը մէջ` երգ լսելու: Կը սիրենք երգը, կը խանդավառուինք անոնց բառերով, բայց անոնց առթած խանդավառութիւնը կը մնայ սրահին մէջ, եւ կեանքը կը շարունակուի անոնց պատգամած երազներէն տիեզերքի չափ հեռու:

Կը նաւարկենք դէպի հիւսիս, Հարաւային Ամերիկայի արեւմտեան չիլիական եզերքով, շրջապատուած լեռներով: Նաւահանգիստներ, ուր հասած են բեռները հսկայ նաւերու: Կը կրկնուին նոյն տեսարանները զբօսաշրջիկ որսացողներու: Ոմանք կ’երթան տեսնելու Չիլիի մխացող հրաբուխները, ուրիշներ կը փնտռեն վաճառատուներ, կամ յանկարծ կը հանդիպին տաճարի մը, ուր այդ Աւագ ուրբաթ օրով կան քանի մը հաւատացեալներ, որոնք մեղքերու խոստովանութիւն կ’ընեն:

Փուէրթօ Մոնթ նաւահանգիստը եւ ետին` իր հրաբուխը:
Փուէրթօ Մոնթ նաւահանգիստը եւ ետին` իր հրաբուխը:

Զատիկ:

Կը հասնինք Չիլիի Վալփարեզօ նաւահանգիստը: Նաւապտոյտը աւարտած է: Հրաժեշտի տեսարաններ:

Ինքնաշարժով կը ճամբորդենք մէկուկէս ժամ: Բարեբախտաբար խճողում չկայ: Զատիկ է: Կանաչ լեռներու մէջէն կ’անցնի ճանապարհը մինչեւ օդակայան: Սանթիակոն չենք տեսներ: Կրկին տասներեք ժամ օդանաւին մէջ եւ Զատկուան յաջորդող երկուշաբթի կէսօրին կը հասնինք Փարիզ: Եւ քանի մը ժամ ետք ալ` տուն:

Արգիլուած Չէ Բոլորին Պէս Չմտածել

Եւ հիմա կը մտածեմ բոլոր անանուն նաւաստիներուն մասին, որոնք իրենց կեանքին գինով հորիզոններ բացած են, իսկ մենք «թաւշեայ արձակուրդաւորներ» եղանք:

Կը մտածեմ նաեւ ահեղօրէն տարտղնուող ազգին մասին, որուն յառաջապահներէն է Ուշուայայի հայ աղջիկը:

Յաջորդ, բայց ոչ վերջին հանգրուանը… բեւեռային սպիտակ տարածութիւննե՞րը պիտի ըլլան, ուր կան ծովասագեր, սպիտակ արջեր, ծովառիւծներ` փոխան Արարատեան դաշտի, Գետաշէնի, Վանի, Մուշի, Սասունի…

Եթէ Հայաստանները ովկիանոսներ ունենային, հոն ալ այսպէս կ’երթայինք եւ կու գայինք հանգիստ արձակուրդի: Թէեւ այդպէս ալ կ’ընենք առանց նաւարկելու…

Տարտղնումով ազգ կը պահուի՞, ո՞ր շարունակութիւնը կ’ապահովուի, ի՞նչ ինքնութեամբ:

Ինչո՞ւ թթուեցնել սպառողական եւ զուարճութեան քաղաքակրթութեան պարգեւած «Այ-ֆոն»-ներու երջանկութեան պատկերները:

Հարցաթերթիկ մը կ’ըսէր, թէ պիտի կրկնուի նաւային հայրենասիրութիւնը…

Շարա Տալեան կ’երգէր… իր «Անտունի»-ն:

«Անտունի»-ն խրախճանքի եւ նաւապտոյտի երգ չէ:

10-29 մարտ 2016
(Շար. 2 եւ վերջ)

 

 

Նախորդը

Մի Քայլ Եւս` Անիի Գաղտնիքները Յայտնագործելու Ուղղութեամբ

Յաջորդը

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տօնը Զմմառի Մէջ

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?