Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ Ցուցարարները Նոր Կառավարութիւն Կը Պահանջեն, Ռուսիա Եւ Թուրքիա Կը Մեկուսացնեն Հայաստանը

Օգոստոս 22, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Harut Sassounian1ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Այս յօդուածով փորձ կը կատարուի բացատրելու պատճառները Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու յանկարծակի վերականգնման, որ նաեւ ջերմօրէն ընդունուեցաւ Ազրպէյճանի եւ որոշ չափով Իրանի կողմէ` մինչ Երեւանի մէջ մեծ առճակատում տեղի կ՛ունենար զինուած ընդդիմադիր խումբի եւ ոստիկանութեան միջեւ:

Մոսկուան եւ Անգարան մէկ կողմ ձգելով իրենց հակամարտութիւնը` նախորդ տարի սուրիական սահմանին մօտ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական ռազմական ինքնաթիռի խոցման պատճառով, այժմ «հաշիւներու վրայ խարսխուած ամուսնութիւն» կնքած են` մեկնած իրենց ազգային փոխադարձ շահերէն: Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներու կողմէ տրուած այս գործնական որոշումը նպատակ ունի առաւելագոյնին հասցնել իրենց տնտեսական շահերը եւ համակարգել արտաքին քաղաքականութիւնները` հնարաւորութիւն ընձեռելով աւելի լաւ դիմակայելու արեւմուտքի ճնշումները:

Ռուսիա կը տառապի փլուզուող տնտեսութենէն, հիմնականին մէջ անոր դէմ արեւմտեան պատժամիջոցներու պատճառով` Ուքրանիայէն Ղրիմի կցումէն ետք: Միւս կողմէ, հակառակ ՕԹԱՆ-ին եւ Եւրոպական խորհուրդին իր անդամակցութեան, Թուրքիոյ չի թոյլատրուիր միանալ Եւրոպական Միութեան եւ ան կը մեղադրուի Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ին աջակցելու յանցանքով: Աւելին, Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան վրդոված է, որ բազմաթիւ եւրոպական երկիրներ խստօրէն քննադատած են իր կոշտ միջոցները` ընդդէմ քաղաքական հակառակորդներուն, յուլիս 15-ի յեղաշրջման փորձէն ետք: Էրտողան նաեւ դժգոհ է, որ Միացեալ Նահանգներ Թուրքիոյ` չյանձնեց իսլամ հոգեւորական Ֆեթհուլլահ Կիւլէնը, զոր ան կը մեղադրէր ռազմական յեղաշրջման փորձի կազմակերպման յանցանքով:

Մերժելով «անհարկի արեւմտեան միջամտութիւնը» իրենց ներքին եւ արտաքին գործերուն, Ռուսիա եւ Թուրքիա որոշեցին հիմք դնել նոր դաշինքի մը, որ զիրենք դուրս կը բերէ արեւմուտքի մեկուսացումէն: Այդ նպատակին հասնելու համար Ռուսիոյ նախագահ Փութին 8 օգոստոսին Պաքուի մէջ տեսակցեցաւ Ազրպէյճանի նախագահ Ալիեւին եւ Իրանի նախագահ Ռոհանիին հետ, իսկ օգոստոս 9-ին, Սենթ Փեթերսպուրկի մէջ` Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին հետ: Այս չորս երկիրները ստորագրեցին շարք մը կարեւոր տնտեսական համաձայնագիրներ եւ քննարկեցին տարածաշրջանային մեծ ազդեցութիւն ունեցող էական քաղաքական հարցեր, որոնց շարքին` արցախեան հակամարտութեան հարցը: Յաջորդ օրը Փութին Մոսկուայի մէջ տեսակցեցաւ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ` աւելի վաղ կայացած իր տեսակցութիւններուն արդիւնքները անոր ներկայացնելու համար:

Մինչ Ռուսիոյ մերձեցումը Հայաստանի ոխերիմ թշնամիներ Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ, կրնայ պատճառ դառնալ նախագահ Սարգսեանի վրայ ծանր ճնշումներու Արցախի հարցով տարածքային զիջումներու երթալու, անիկա կրնայ նաեւ նուազեցնել Արցախի դէմ Ազրպէյճանի կողմէ ռազմական գործողութիւններու հնարաւորութիւնը, առանց Փութինի համաձայնութեան: Պէտք չէ զարմանալ, որ այս նոր վերախմբաւորումը` Ազրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ, կրնայ նաեւ 2009-ին ստորագրուած հայ-թրքական մեռեալ արձանագրութիւնները վերակենդանացնել, որուն իբրեւ արդիւնք կը բացուի անոնց  միջեւ ընդհանուր սահմանը` Արցախի հարցով Հայաստանի «հաշտարար քայլի»-ն հետ միասին:

Այսօրուան խորամանկ թուրք ղեկավարները կ՛ընթանան հետքերովը իրենց օսմանեան նախնիներուն, որոնք տասնամեակներ շարունակ հմտօրէն կը հրահրէին եւրոպական մեծ երկիրներէն մէկը միւսներուն դէմ, իսկ յետոյ կ՛անցնէին միւսներուն կողմը, երբ ձեռնտու ըլլար իրենց: Անհաւատալիօրէն, Էրտողան ջերմ յարաբերութիւններու մէջ է Ռուսիոյ հետ` միաժամանակ մնալով ՕԹԱՆ-ի անդամ եւ օգտուելով երկու կողմերէն: Միացեալ Նահանգներ եւ ՕԹԱՆ-ի միւս անդամները պէտք չէ հանդուրժեն թրքական այս խաբեբայութիւնը: Անոնք պէտք է խստօրէն  նախազգուշացնեն Էրտողանը` ընտրել կա՛մ ՕԹԱՆ-ն, կա՛մ Ռուսիան… Եթէ Թուրքիոյ նախագահը շարունակէ Ռուսիոյ կողմը յենիլ, ան կրնայ յայտնուիլ դատարկաձեռն ըլլալու կացութեան մէջ գտնուիլ, երբ Քրեմլինի հետ անոր դաշինքը փուլ գայ…

Մինչ մութ ամպեր կը կուտակուէին Հայաստանի եւ Արցախի վրայ, հայերը զբաղած էին ներքին վէճերով: Յուլիս 17-ին Երեւանի մէջ ոստիկանութեան պարեկապահակային գունդի տարածքի գրաւումը 31 զինեալներու կողմէ, որոնց ղեկավարները Արցախեան պատերազմի վեթերաններ էին, լուրջ մտահոգութիւն յառաջացուց հայերուն մօտ` երկրին ներսն ու դուրսը:  «Սասնայ ծռեր» անունը կրող խումբը կը պահանջէր նախագահ Սարգսեանի հրաժարականը, քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակումը, անցումային կառավարութեան ձեւաւորումը եւ նոր ընտրութիւններ ու կայացումը:

Երկշաբաթեայ դիմակալութենէն ետք, որուն ընթացքին երեք ոստիկան սպաննուեցաւ, զինեալներէն քանի մը հատը վիրաւորուեցաւ եւ տասնեակ ցուցարարներ վնասուածքներ ստացան կամ ձերբակալուեցան, անոնց շարքին` լրագրողներ, ապա «Սասնայ ծռեր» խումբի մնացած անդամները յանձնուեցան: Ամէն գիշեր հարիւրաւոր, երբեմն ալ հազարաւոր ցուցարարներ հանրահաւաքներ կազմակերպեցին` իրենց աջակցութիւնը յայտնելով վեթերաններու խումբի պահանջներուն:

Այս ողբերգական առճակատման իսկական արմատները խոր են եւ կը հասնին մինչեւ Հայաստանի անկախութեան առաջին օրերը: Բնակչութեան լայն շրջանակներուն մէջ մեծ զայրոյթ եւ հիասթափութիւն կուտակուած է վերջին քառորդ դարու ընթացքին, երբ աւելի քան մէկ միլիոն մարդիկ լքեցին երկիրը` իրենց ընտանիքներու տարրական պէտքերը բաւարարելու համար: Անոնք, որոնք մնացին, բազում զրկանքներ կրեցին եւ տառապեցան կամայականութիւններէ, ինչպէս` փտախտէ, կեղծուած ընտրութիւններէ, անարդար դատական համակարգէ, անտարբեր պետական պաշտօնեաներէ եւ մենաշնորհներ ունեցող առեւտրականներէ…

Այս բոլորին իբրեւ հետեւանք քաղաքացիներուն մեծ մասը կորսնցուց իր հաւատքը կառավարութեան նկատմամբ: Թէեւ զինեալ յարձակումը ոստիկանութեան գունդի տարածքին վրայ այլախոհութեան ընդունելի ձեւ չէ, սակայն երբ մարդիկ երկար ժամանակ կը գտնուին անել վիճակի մէջ եւ չեն տեսներ որեւէ այլընտրանք իրենց դժգոհութիւնները լուծելու համար, ստիպուած կը դիմեն ծայրայեղ քայլերու:

Մինչ նման ներքին պառակտում մը կրնայ վտանգել Հայաստանի եւ Արցախի ապահովութիւնը, ցուցարարները կը մնան անդրդուելի` նկատել տալով, որ ոչ հաշուետու ղեկավարներ ունենալը աւելի վտանգաւոր է: Որքան ալ տարօրինակ թուի, բայց բոլոր անոնք, որոնք դէմ են Արցախի շրջակայ տարածքներու հնարաւոր վերադարձման, օգնեցին Սարգսեանին դիրքերու ամրապնդման` համոզելու Փութինը, որ Արցախի հարցով հայ ժողովուրդը կտրականապէս դէմ է որեւէ տարածքային զիջման:

Եթէ իշխանութիւնները կ՛ուզեն կանխել ներքին խռովութիւններու հետագայ կրկնութիւնը, ապա պէտք է բոլոր անհրաժեշտ միջոցներու ձեռնարկեն` ցոյց տալու համար, որ իրենք իսկապէս կը մտածեն հայ ժողովուրդի բարեկեցութեան մասին: Այս նպատակով նախագահ Սարգսեան վերջերս խոստացած է կտրուկ փոփոխութիւններ իրականացնել, ներառեալ «ազգային միասնութեան կառավարութեան» ձեւաւորումը: Հասկնալի է, որ բազմաթիւ քաղաքացիներ թերահաւատօրէն կը վերաբերին այս յայտարարութեան, քանի որ նախապէս համանման անկատար խոստումներ շատ լսած են:

2017-ին կը նախատեսուի նոր խորհրդարանի ընտրութիւն, իսկ նոր նախագահը կ՛ընտրուի խորհրդարանի երեսփոխաններու կողմէ` 2018-ին: Եթէ յաջորդ ընտրութիւնները արդար չըլլան եւ չներկայացնեն բնակչութեան տարբեր հատուածները, ապա կրնան աւելի լուրջ խռովութիւններ ծայր առնել: Ազատ ընտրութիւններ իրականացնելու բեռը ինկած է ո՛չ միայն պետական պաշտօնեաներուն, այլ նաեւ ուսերուն ընտրողներուն, որոնք կը վաճառեն իրենց քուէները…

Ժողովրդավարութեան ճամբով ընտրուած կառավարութիւնը միակ միջոցն է ձեռք բերելու ժողովուրդին վստահութիւնը` ո՛չ միայն երկրի արդար կառավարման, այլ նաեւ արտաքին յարաբերութիւնները պատշաճ կերպով վարելու համար, ներառեալ Արցախի շուրջ բանակցութիւնները: Ներկայիս մեծ անվստահութիւն կայ այն մասին, որ փակ դռներու ետեւ եղող բանակցութիւնները Մոսկուայի մէջ կամ այլուր, կը բխին հայ ժողովուրդի շահերէն:

Այս նոր պարտադրուած անկայուն աշխարհառազմավարական մեկուսացումէն դուրս գալու համար Հայաստանի եւ Արցախի իշխանութիւնները պէտք է ընդօրինակեն թրքական վաղեմի մարտավարութիւնը` «բաժնէ եւ տիրէ», Ռուսիան հանելով Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դէմ, ատով իսկ կանխելով Ազրպէյճանի, Իրանի, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ միջեւ հնարաւոր համաձայնութիւնը Արցախեան հակամարտութեան հարցով:

Արեւելահայերէնի թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
ՍԵԴԱ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ

Նախորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Մոսկուայի Տեսակցութիւններէն Ետք…

Յաջորդը

ՀՅԴ Լիբանանի Պատանեկան Միութիւններն Ու Տարեկան Բանակումը «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Հռչակման 25-Ամեակ». Երէց Պատանիներու Տարեկան Բանակում

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?