Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազդակ»-ի Արաբերէն Կայքը 7 Տարեկան Է

August 24, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

aztag-arabic-(4)_82416

Հայ-արաբական յարաբերութիւններու նոր օղակ մը հանդիսացաւ «Ազդակ» օրաթերթի արաբերէն կայքը`  ելեկտրոնային միջոցով արաբ ընթերցողին եւ արաբախօս հայերուն մատուցելով հայկական թեմայով բազմատեսակ նիւթեր:

aztag-arabic-(1)_82416

Սեպտեմբեր 2009-էն ի վեր «Ազդակ» օրաթերթի արաբերէն կայքը կը շարունակէ հրապարակել Հայաստանի եւ Արցախի քաղաքական կարեւոր իրադարձութիւններուն մասին լուրեր եւ վերլուծումներ: Միւս կողմէ, արաբական երկիրներու մէջ գործող Հայաստանի դեսպանատուներու, ինչպէս նաեւ հայկական գաղութներու կազմակերպած ձեռնարկները իրենց տեղը կ՛ունենան կայքին վրայ:

Մեկնելով այն իրականութենէն, որ հայկական թեմաներով որոշ պատմական գիրքեր հասանելի չեն այլեւս, «Ազդակ» օրաթերթի արաբերէն կայքը վերջին շրջանին նախաձեռնեց նման գիրքերու հրապարակման` հերթաբար հատուածներու ձեւով. դրութիւն մը, որ գնահատանքի արժանացաւ արաբ հետազօտողներուն կողմէ, ինչպէս օրինակ Արամ Տէր Ղեւոնդեանի «Արաբական էմիրութիւնները Բագրատունեաց Հայաստանի մէջ» գիրքը` Ալեքսան Քեշիշեանի թարգմանութեամբ, ինչպէս նաեւ թղթակից Թաթուլ Յակոբեանի «Արցախեան օրագիր» գիրքը, եւ  դեսպան փրոֆ. Արշակ Փոլատեանի «Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսներ` Օսմանեան կայսրութեան մէջ» գիրքը:

Հաւատարիմ մնալով անցնող տարիներու իր ընթացքին, «Ազդակ» օրաթերթի արաբերէն կայքը այս տարի եւս հետամուտ էր Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթը լուսարձակի տակ առնելու եւ զանազան երկիրներու ու քաղաքներու կողմէ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանաչման լուրերը հաղորդելու:

Յատկանշական էր Ռիօ-2016 ողիմպիական խաղերուն Հայաստանի մասնակցութեան մասին կայքին սփռած եւ լայն տարածում ունեցած լուրերը եւ վերլուծումները, որոնք յատուկ կերպով կը պատրաստուէին կայքին համար:

«Ազդակ» օրաթերթի արաբերէն կայքը կ՛արձագանգէ նաեւ Հայ դատի գրասենեակներու գործունէութիւններուն, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի Սիսի դատական պահանջի զարգացումները, արաբերէն լեզուով հրատարակուած գիրքերու գրախօսականներուն տեղ կու տայ, կը մեկնաբանէ նաեւ հայկական հարցերուն առնչութեամբ արաբ թղթակիցներու կամ գրողներու կողմէ հրատարակուած նիւթերը:

«Ազդակ» օրաթերթի արաբերէն կայքը Դիմատետրի եւ Թուիթըրի դրութիւններով առիթ կ՛ընձեռէ իր ընթերցողներուն հայկական նիւթեր քննարկելու եւ  տարածելու:

Նախորդը

«Մեր Կեանքէն»

Յաջորդը

Ապրիլեան Պատերազմից Սերած Մի Քանի Դասերի Մասին

RelatedPosts

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)
Անդրադարձ

Եւրոպական Միութեան Տարածաշրջանային Քաղաքականութիւնը Եւ Հայաստանը (Ա. Մաս)

February 2, 2026
Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան
Անդրադարձ

Վազգէն Ա. Վեհափառ (ԽԴ.) «Է»-ն Իբրեւ Ազգային Խորհրդանշան

February 2, 2026
Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրինլանտ` Անտերսընեան Հեքիա՞թ, Թէ՞ Ողբերգութիւն

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.