Իմ Սիրուն Երեւան
ԴԱՆՕ Կրկին Երեւան կը գտնուիմ: Այս անգամ, ուրախ առիթով` ընկերոջս հարսանիքին ներկայ գտնուելու: Կ՛որոշեմ երկու օր աւելի մնալ, քաղաքը վայելել: Առտուան հինգին կը հասնիմ: Է՜հ, Եւրոպական ընկերութիւնները մեր խեղճ ժողովուրդին կը տրամադրեն թռիչքներ` առտուան փոքր ժամերուն: Օրուան ընթացքին, եւրոպական օդանաւերը կը թռչին դէպի ուրիշ, ուրիշ մակարդակի երկիրներ: Սենեակս պատրաստ չէ, այնպէս, որ կը գտնուիմ Զապէլին բնակարանը, Երեւանի կեդրոնէն քանի մը...



















