Անդրադարձ

Միջին Արեւելքի Մէջ Պարսկահայ Համայնքը` Բարեկամութեան Կամուրջ «Ալիք» Օրաթերթի Հիմնադրութեան 85-Ամեակին Առիթով

Միջին Արեւելքի Մէջ Պարսկահայ Համայնքը` Բարեկամութեան Կամուրջ «Ալիք» Օրաթերթի Հիմնադրութեան 85-Ամեակին Առիթով

ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ Տարիներէ ի վեր արեւմտեան երկիրները Միջին Արեւելքի մէջ իրենց ազդեցութեան գօտիները ամրացնելու համար հեռուէն կամ մօտէն թիրախ առած են Իրանը: Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ ծայրայեղ իսլամական շարժումներու դէմ պայքարին մէջ կարեւոր գործօն կը հանդիսանայ իրանեան զինեալ միջամտութիւնը: Այս բոլորին կողքին, իրանեան հիւլէակայաններու տագնապը ամէնէն ծանրակշիռն էր, որովհետեւ Արեւմուտքը Իրանին պարտադրեց տնտեսական եւ ելեւմտական խիստ պատիժներ, որոնք տարիներ շարունակ...

Դպրոցական Վերամուտ… Եւ Յիշատակներ

ԿԱՐՕ Վ. ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Իւրաքանչիւր ժամանակաշրջան ունի իր առանձնայատկութիւնը: Երբ պատանիներ էինք, մեր դարի յատկանշական իրերէն էր հեռատեսիլը, որ գուցէ քառորդ դար աւելի կտրած ու անցած էր եւ հասած` գունաւոր դարձած ըլլալու հանգրուանին: Հիմա, կեանքիս աշնանամուտին, ժամանակաշրջանիս (որպէսզի դար-դար շատ չկրկնեմ) յատկանիշներէն, երեւոյթներէն է համակարգիչը` իր իւրայատկութիւններով, չափերով... եւ այլն: Իսկ անոր մանրակերտը կը թուի ըլլալ սմարթֆոնը` իմաստուն բջիջային հեռաձայնը, որ...

Միասին` Ուխտի

Միասին` Ուխտի

ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ «Ասպարէզ»-ի խմբագիրի հանգամանքով, այլ հայկական թերթերու եւ լրատուական միջոցներու պատասխանատուներու հետ հրաւիրուած էի Իրան` մասնակցելու համար մեր պաշտօնակից «Ալիք»-ի 85-ամեակի տօնակատարութեան: Թոյլ տուէք, որ այս անմոռանալի փորձառութեան անդրադառնամ ոչ զգայացունց շարադրումով եւ հաւանաբար անաւարտ թողում տպաւորութիւններուս արձանագրումը այսօր: Նախ յստակացնեմ, որ Իրան ճամբորդեցի ամերիկեան անձագիրով: Վիզա ստացայ Ուաշինկթընի մէջ Իրանի գործերը վարող Փաքիստանի դեսպանատան մէջ աշխատող իրանեան հիւպատոսական...

Իրանի Բացայայտումը Հայկական «Ալիք»-Ի Միջոցով. Թեհրանում Լոյս Տեսնող Ամենահին Երկրորդ Օրաթերթի Տարեդարձը Նշուեց Բազմազան Ծրագիրներով

ՅԱԿՈԲ ԱՍԱՏՐԵԱՆ Թաւրիզի առաջնորդարանի բակում Կրկին վերադառնալով Թեհրան` հասցրեցինք ծանօթանալ հայկական Սասուն թաղամասում գտնուող Աւետիսեան  բուժարանին, որը իւրայատուկ բարեգործական հաստատութիւն է, ունի 90 հոգանոց աշխատակազմ, որից 45-ը` բժիշկ: 65 տարեկանից բարձր մեր հայրենակիցներին սպասարկում են անվճար: Այն գործում է շնորհիւ խնամակալ մարմնի եւ Ազգային առաջնորդարանի: Բուժարանի հովանաւորութիւնը կազմակերպում է Ժոզեֆ Մեհրաբեանը, ով սիրով մեզ ուղեկցեց, իսկ տնօրէնուհին` Մարիեթ Թումիյեանը  հանգամանալից...

Ուրֆայի Հայրենակցական Միութիւնը` Այսօր

Ուրֆայի Հայրենակցական Միութիւնը` Այսօր

Ուրֆայի հայրենակցական միութեան տունը 1920-ականներուն սկիզբը Կիլիկիոյ եւ Հայկական Միջագետքի հայութեան իր պապենական հողերէն վերջնական պարպումէն ետք, այդ շրջաններու հայերը հաստատուեցան գլխաւորաբար Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ: Տարագրութեան այս դառն ճակատագիրէն անմասն չմնացին նաեւ Ուրֆայի հայերը, որոնք հազիւ հաստատուեցան Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ, անմիջապէս սկսան մտածել ինքնակազմակերպման եւ դիւցազնական Ուրֆայի ժառանգութիւնը պահպանելու մասին: Այս ճիգին շնորհիւ 1923-ին Պէյրութի մէջ կը հիմնուի...

Դիւցազնաթռիչ Ուրֆան

Դիւցազնաթռիչ Ուրֆան

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ Ուրֆայի բերդը եւ քաղաքի համայնապատկերը Ուրֆա... Մտքիս տեսիլին մէջ կը պատկերազարդուի ան իբրեւ ցռկանաւ, հիմակ` խրած ու խորտակուած քարերու վրայ: Ցռկանաւ մը` գիտութեան, արուեստի ու արութեան: Փոթորիկի օր մը, բորբոքման եւ աստուածարժան բարկութեան, արմենական նաւազախումբը, անհնարին դիւցազնութեամբ, բացը այլազգիներու ծովուն, անօգնական, լծուեցաւ հերոսական մարտնչումի մը, որու նմանը, հաւատացէ՛ք, չէ արձանագրուած ո՛չ մէկ պատմութեան մէջ: Ծովամարտը ունեցաւ իր հրեշտակապետը`...

Ուրֆայի Մէջ Յայտնաբերուած Է Եդեսիոյ Աբգար Թագաւորի Ընտանիքին Ժայռափոր Դամբարանը

Ուրֆայի Մէջ Յայտնաբերուած Է Եդեսիոյ Աբգար Թագաւորի Ընտանիքին Ժայռափոր Դամբարանը

Աբգար թագաւորի ընտանիքին դամբարանը Պատմական Ուրֆայի ամրոցի  տարածքին մէջ վերջերս յայտնաբերուած մեծաքանակ ժայռափոր  դամբարաններու շարքին յայտնաբերուած է նաեւ Եդեսիոյ Աբգար Ե. թագաւորի ընտանիքին դամբարանը: «Հիւրրիյէթ» կը գրէ, որ հնագէտներու կարծիքով, յայտնաբերուած ժայռափոր դամբարանախումբը աշխարհին մէջ մեծագոյնը կրնայ ըլլալ: 45.000 քառ. մեթր տարածքի մը մէջ կատարուած ուսումնասիրութիւններու շնորհիւ` մօտ 80 դամբարան վերականգնուած է: Թադէոս Առաքեալ Աբգար թագաւորին կը յանձնէ Ս. դաստառակը...

Երգ Մը` Ուրֆայի Ժողովրդային Բանահիւսութենէն

Երգ Մը` Ուրֆայի Ժողովրդային Բանահիւսութենէն

Աման Էս Աղկէկ Աղջինա Էլերա բարձր տէներա, Կը փռէ պասմա տեղերա, Հէչ չըսեր Ասուած կա վերա, Աման էս աղկէկ աղջինա, Խլերեմ ծոցին մըջինա: Ուշգա կու գայ վերի էգուն, Խավոխա կը թափի գոգուն, Պագիկ մի տուր պապուդ հոգուն, Աման էս աղկէկ աղջինա, Խլերեմ ծոցին մըջինա: Ուշգա կու գայ վերի տանա, Ասուած քզի դոռ մի բանա, Պագիկ մի տուր հարաֆանա, Աման էս...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Դո՞ւն Ալ Բրուտոս

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Անցնող հինգշաբթի, երեւանաբնակ եւ անձնապէս այս յօդուածագիրին ծանօթ լրագրող Վարդ Սիմոնեան Դիմատետրի իր էջին վրայ բաւական ընդվզած ոճով մը գրառում մը կատարած էր` խնդրոյ առարկայ դարձնելով ՀՅ Դաշնակցութեան (իր բառերով) «արդարամտութիւնը եւ բարոյականութիւնը»: Իր ընդվզումին պատճառը լուր մըն էր, որուն յղումը եւս տեղադրած էր: Այս յօդուածագիրը, իբրեւ դաշնակցական հրապարակագիր, բնականաբար պիտի հետաքրքրուէր, թէ «բանն ինչո՞ւմն էր», ի՞նչն էր,...

Իրանի Բացայայտումը Հայկական «Ալիք»-ի Միջոցով.  Թեհրանում Լոյս Տեսնող Ամենահին Երկրորդ Օրաթերթի Տարեդարձը Նշուեց Բազմազան Ծրագիրներով

Իրանի Բացայայտումը Հայկական «Ալիք»-ի Միջոցով. Թեհրանում Լոյս Տեսնող Ամենահին Երկրորդ Օրաթերթի Տարեդարձը Նշուեց Բազմազան Ծրագիրներով

ՅԱԿՈԲ ԱՍԱՏՐԵԱՆ «Ալիք» օրաթերթի խմբագրութիւնում 1992 թուականից ի վեր երկրորդ անգամ էի գտնւում Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնում: Առաջին անգամ հրաւիրել էր Իրանի արտաքին գործերի նախարարութիւնը` մասնակցելու Չմիաւորուած երկրների լրատուական գործակալութիւնների համաժողովին իբրեւ դիտորդ: Այս անգամ հրաւիրողը Իրանի «Ալիք» օրաթերթն էր` միասին նշելու թերթի 85-ամեայ յոբելեանը: Օդակայանում առաջին իսկ պահերից նկատեցի  դրական փոփոխութիւնները: Թէ՛ նոր օդակայանը, եւ թէ՛ քաղաք տանող ճանապարհը փոփոխուած ...

Յարգանք` Շիջող Խոնարհ Հերոս` Յարութիւն Տաղլեանին

Յարգանք` Շիջող Խոնարհ Հերոս` Յարութիւն Տաղլեանին

Քառասուն օրեր կը բաժնեն մեզ այն տխուր օրէն, երբ կանխահասօրէն շիջեցաւ, ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէի հերթապահը` ընկ. Յարութիւն Տաղլեանը: Փափկանկատ հանդուրժողութեամբ` կարգապահական կուռ կառոյցով յատկանշուող Դաշնակցութեան տաճարին երկրպագու հաւատաւոր տիպար ընկերը մնաց ան, տառացիօրէն մինչեւ երկրային կեանքի իր վերջին օրը: ՀՅԴ-ի մեծ ընտանիքը, ինչպէս նաեւ «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութիւնը, խոր վշտով կորսնցուցին` երկար տարիներ շրջանի հերթապահութիւնը կուսակցական բարձր պատասխանատուութեամբ վարող ընկերը:...

Ցեղասպան Թուրքը Պարտուեցաւ 1965-ին,  Մեր Յաղթական Երթը Նաեւ 100-Ամեակէն Անդին

Եթէ Ըլլայի Մեղադրեալ Սթամֆի Աթոռին…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Այն օրերուն, երբ զանգուածային լրատուամիջոցները տարուած են Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրապայքարի իրերայաջորդ ու շռնդալի բեմադրութիւններով ու ժողովուրդն ալ իրենց ետեւէն կը քաշեն դէպի անվաղորդայն բանավէճերու դաշտը, ելեւմտական բեմն ու զայն հակակշիռի տակ պահելու կոչուած պետական պատասխանատուներ պաշտօնապէս ձեռք դրին դրամատնային գայթակղութեան մը վրայ, որ առնուազն հինգ տարիէ ի վեր կ՛եփէր տաք ու մեղմ փուռերու մէջ: Երեքշաբթի, 20 սեպտեմբերին,...

Նշմար.  Մեր «Ղեկավարները»

Կառչինք Արութեան Գործերուն (25-Ամեակի Խոհեր)

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Տօն ու տօնակատարութիւններէ ետք, հանդէսներէ ու հրավառութիւններէ յետոյ, պահ մը կրկին կեդրոնանանք Հայաստանի վերանկախացման 25-ամեակին վրայ եւ հարեւանցի խորհրդածենք, թէ այս ժամանակաշրջանի ելեւէջներու բովէն անցնելէ ետք, ինչպիսի՛ պատկեր կը պարզէ այսօր հայրենի կեանքը: - Յուշ մը. տարիներ առաջ էր, 1960-ականի կէսերուն, օրուան Սփիւռքի հետ կապի կոմիտէի հրաւէրով Հայաստան այցելած էր բանաստեղծ-մանկավարժ Մ. Իշխան: Վերադարձին` դիմեցինք իրեն, որ Հայաստանէն...

Քաղաքականութեան Անապատացում

Տեսակէտ. Պատմութեան Աղբակոյտը

ՀՐԱՅՐ ԳԷՈՐԳԵԱՆ Շատ մը հարցականներ կը ծագին, երբ պատմական հոլովոյթին մասնակից դարձած եւ նոյնիսկ զայն ղեկավարած քաղաքական հաւաքականութիւն մը կը դատապարտուի լուսանցքային գոյատեւման: Ի վերջոյ, որեւէ քաղաքական հաւաքականութեան մը նպատակն է հասնիլ իշխանութեան, ի միջի այլոց` գործադրութեան դնելու համար իր քաղաքական, վարչական, կազմակերպական, ռազմական եւ ընկերատնտեսական նպատակները: Հաւաքականութիւնը կը մասնակցի ընտրապայքարներու, կը հաստատէ իր ժողովրդային եւ կամ այլ ենթահողային յենարանն...

Մեծ Հօր Մը Բաղձանքն Ու Մաղթանքը Իր Նորածին Թոռնուհիին` Արին-Լորիին

Մեծ Հօր Մը Բաղձանքն Ու Մաղթանքը Իր Նորածին Թոռնուհիին` Արին-Լորիին

ՊԵՏՐՈՍ ՓԻԼԱՒՃԵԱՆ Բախտաւոր նորածին իմ սիրուն թոռնիկ` Արին-Լորի: Շնորհաւոր ծնունդդ եւ սուրբ մկրտութիւնդ: Այսօր մենք` ամբողջ ընտանիքով եւ անհամբեր ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կը վայելենք քու ծնունդդ եւ սուրբ մկրտութիւնդ` համբուրելով քու գլուխն ու ճակատը: Սիրո՛ւն թոռնիկս` դուն ծնար ՀԱՅ մօրմով եւ ՀԱՅ հօրմով` ԶՈՒՏ ՀԱՅ, բայց` ոչ քրիստոնեայ: Սուրբ մկրտութեանդ ընթացքին Աստուած պապայէն խնդրեցիր` հաւատք, յոյս, սէր եւ մկրտութիւն: Մկրտուելով`...

Երկինքը Թքնեց Ձեր Բոլորին Վրայ

Երկինքը Թքնեց Ձեր Բոլորին Վրայ

ՍԻՄՈՆ ԿՈՍՏԱՆԴԻՆԵԱՆ Այս առաւօտուն ամպերուն մէջէն Ձեր բոլորին վրայ երկինքը թքնեց` Կեղտոտ սրտերուն, խարդախ խօսքերուն, Կեղծ ժպիտերուն, ծուռ նայուածքներուն, Աղբերուն վրայ երկինքը փսխեց, Թափեց արցունքներ Աստուծոյ աչքէն, Յղեց նամակներ` կորսուած խիղճէն: Խեղճ, ծարաւ մարդիկ յագեցան շնորհքէն` Երկինքէն իջնող բիւր կաթիլներէն: Աստուած ստեղծեց այս աշխարհը մեր` Բանն ու կենդանին, մարդը գերազանց: Դուն ստեղծեցիր, ո՛վ մարդ արարած, Ջարդ ու պատերազմ, աքսոր, տառապանք:...

Կարծրատիպերը Քանդելու Մղումները

Կարծրատիպերը Քանդելու Մղումները

ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ «Ալիք» օրաթերթի 85-ամեակի տօնակատարութիւնը եւ այդ առիթով կազմակերպուած ուղեւորութիւնները, հանդիպումներն ու քննարկումները լիարժէք ծառայեցին թերթին մասին գոյութիւն ունեցող ընդհանուր գաղափարը, պատկերացումները խորացնելու եւ մանաւանդ անդրադառնալու զգայուն տարածաշրջանի մը մէջ լոյս տեսնող 85-ամեայ օրաթերթին ստանձնած դերին եւ այդ դերի կատարումի ազդեցիկութեան կամ այժմէական իրադարձութիւնները նկատի ունենալով` անհրաժեշտութեան: Հայ մամուլի ներկայացուցիչներու ընդգրկուն ներկայութիւնը Իրանի մէջ, եւ այդ առիթով անկախ պատմամշակութային...

«Իսքանտեր»-ի Հեռահարութիւնը Բաւարար Է` Խոցելու Հակառակորդի Կենսական Նշանակութեան Թիրախները

«Յարձակում» Հայկական «Իսքանտեր»-ի Վրայ

ԳԷՈՐԳ ԴԱՐԲԻՆԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-ամեակին նուիրուած զօրահանդէսի ընթացքում օփերատիւ-մարտավարական «Իսքանտեր» հրթիռային համակարգի ցուցադրութիւնից յետոյ որոշ շրջանակներ ու յատկապէս ընդգծուած ռուսատեացներ հետեւողականօրէն հասարակութեանը փորձում են համոզել, որ այդ համակարգը բացարձակապէս չի բարձրացնում հայկական բանակի մարտունակութիւնը, մեծացնում է Հայաստանի անվտանգութեան սպառնալիքը, քանի որ երկիրը վերածում է թիրախի, եւ որ այդ համակարգը երբեք չի կրակելու, քանի որ նախ նրան թոյլ չեն տայ,...

Նշմար.  Երեք Նկատումներ

Նշմար. Երեք Նկատումներ

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ 1.- «Ակօս» հաղորդեց, որ Տերսիմի Փերթիկ գաւառին մէջ հարսանիքի մը ընթացքին քրտերէն երգեր կատարելու պատճառով ձերբակալուած են երաժշտական խումբի մը անդամները` «ահաբեկչական խմբաւորման քարոզչութիւն»-ը կատարելու մեղադրանքով: Գաւառի ոստիկանութեան` ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժանմունքին մէջ հարցաքննութեան ընթացքին անոնց հարց տրուած է, թէ իրենց կատարած երգերուն մէջ Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան քարոզչութիւն կատարա՞ծ են, թէ՞ ոչ: Ըստ երեւոյթին, ահաբեկչութեան դէմ պայքարի պիտակին...

«Հայե՛ր, Յիշէ՛ք Նուիրական Այս Օրը»  (Խանասոր Է Ամէն Կողմ)

Խոյա՞նք, Թէ՞…

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ Անցնող շաբաթ օր, 17 սեպտեմբերին, Լոս Անճելըս քաղաքի «Կրենտ փարք» զբօսայգիին մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած յուշակոթողի մը: Արուեստի գործ մը, որուն հեղինակներն են` Լեւոն Փարեան, Վահագն Թովմասեան եւ Արա Օշական: Օտար եւ հայ մամուլը լայնօրէն անդրադարձաւ այս իրադարձութեան, լուսանկարներով եւ այլն: Մամլոյ այս անդրադարձի եւ զուտ քարոզչական տեսանկիւնէն դիտած` օգտակար նախաձեռնութիւն մըն էր, որ այս յօդուածագիրին...

Page 670 of 806 1 … 669 670 671 … 806

Արխիւներ