Անդրադարձ

Անդրադարձ.  Դիւցազնական Ուրֆան Միշտ Պիտի Մնայ Մեր Սրտերուն Մէջ

Անդրադարձ. Դիւցազնական Ուրֆան Միշտ Պիտի Մնայ Մեր Սրտերուն Մէջ

 ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Ոչ շատ հեռու անցեալին ինծի համար պատմագիտական իմաստով նորութիւն էր Ուրֆայի մօտակայքը գտնուող Կէօպեքլի Թեփէի (հայկական` Պորտասար) առեղծուածին բացայայտումը: Սկսեալ 1994 թուականէն գերմանացի հնագէտ Քլաուս Շմիտթ եւ իր արշաւախումբը Ուրֆա քաղաքէն ոչ շատ հեռու գտնուող այդ բլուրին վրայ նախաձեռնեցին հնագիտական լայնածաւալ պեղումներու, որոնք մինչեւ հիմա ալ չեն աւարտած, եւ որոնք իրենց արդիւնքներով օրէ օր աւելի եւս կը զարմացնեն...

Նամականի

Անդրադարձ. Անկախութեան 25 Տարիներուն Կրցա՞նք Իրականացնել Անկախութենէն Ժողովուրդին Ակնկալութիւնները

Համադրեց` ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Երկիր Մետիա» հեռատեսիլի` Վարդան Օնանեանի (Վ. Օ.) «Չափ ու սահման» հաղորդաշարի 9 սեպտեմբեր 2016-ի «Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25 տարիներու ամփոփում» (1) նիւթով զրոյցը կը ներկայացնէ Հայաստանի չորս քաղաքացիներու տեսակէտները: Զրուցակիցներն էին Արտաշէս Շահպազեան (Ա. Շ.)` ՀՅԴ Մամլոյ դիւանի պատասխանատու եւ արձակագիր, Ազատ Արշակեան (Ա. Ա.)` քաղաքական գործիչ, խորհրդային տարիներուն այլախոհ (10 տարի բանտարկուած - Յ. Չ.) եւ...

Նշմար.  Կեանքերու Կորուստի Աղէտն Ու  Մարդկայնականութեան  Կորուստի Ողբերգութիւնը

Նշմար. Կեանքերու Կորուստի Աղէտն Ու Մարդկայնականութեան Կորուստի Ողբերգութիւնը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ «Ռաշա Թուտէյ» հաղորդեց, որ հնդիկ պաշտօնատար մը յայտնած է, թէ կեդրոնական Հնդկաստանի Մահարաշթրա նահանգին մէջ սովի պատճառով մահացած են աւելի քան 17 հազար մարդիկ, որոնց մեծամասնութիւնը` կիներ ու մանուկներ: Պաշտօնատարը նշած է. «Նահանգային իշխանութիւնները պէտք է անհրաժեշտ բոլոր միջոցառումները որդեգրեն այս հարցը լուծելու համար»: Կեդրոնական Հնդկաստանի մէջ ստեղծուածը երկու հարց է` առաջինը սովն է, որ լուծելի է, իսկ...

25-Ամեակէն Անդին.  Ի՞նչ Կրնանք Ընել

25-Ամեակէն Անդին. Ի՞նչ Կրնանք Ընել

  ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 25-ամեակը լաւ առիթ է հարց տալու մենք մեզի, թէ ի՞նչ կրնանք ընել ի խնդիր մեր հայրենիքի հզօրացման` զայն աւելի ապահով եւ աւելի բարգաւաճ երկրի մը վերածելու համար, երկիր մը, որ անփոխարինելի կորիզը ըլլայ ընդմիշտ` իբրեւ համայն հայութեան բնակավայրը, ուր ան կրնայ համախմբուիլ ի վերջոյ: Երբ կ՛ըսեմ` «մենք», առաջին հերթին հասկնանք մեզմէ իւրաքանչիւրը, ամէ՛ն հայ անհատ....

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  25-Ամեայ «Այո՛»-ն

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. 25-Ամեայ «Այո՛»-ն

21 սեպտեմբեր 1991-ի «Այո՛»-ն արդէն իսկ բոլորած է իր 25-ամեակը: Միահամուռ «Այո՛» մըն էր, որ հայորդին պատասխանեց Հայաստանը Խորհրդային Միութեան կազմէն դուրս բերելու եւ վերստին անկախ հանրապետութիւն հռչակելու հանրաքուէի հարցումին: Կացութիւնը բոլորովին տարբեր էր, համեմատած` արեան գնով բերուած 28 մայիս 1918-ի անկախութենէն: Գրեթէ փուլ եկած էր Խորհրդային Միութիւնը, եւ այդ օրերու ղեկավար Գորպաչովը համոզուած չէր, որ կրնար կանգուն պահել խարխլած...

«Այո»-ն Անկեղծ Էր

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ Չգիտեմ` ով ինչպէս, բայց ես սիրում եմ սեպտեմբերի 21-ի տօնը: Նոյնիսկ աւելի շատ, քան` Նոր տարին: Որովհետեւ տարիները փոխւում են մի տեսակ մեքանիկօրէն, մեր կամքից անկախ, իսկ սեպտեմբերի 21-ը` պայմանաւորուած մեր այդ ժամանակուայ կամքով: Շարունակում եմ դա պնդել` ի հեճուկս այն բաւականին տարածուած յայտարարութիւնների, թէ իբր Խորհրդային Միութեան քանդուելուց, միեւնոյն է, անկախութիւն կը ստանայինք: Գուցէեւ ստանայինք, բայց տուեալ...

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Անփոխարինելի՛ Անկախութիւնը

Խմբագրական «Ազատ Օր»-ի. Անփոխարինելի՛ Անկախութիւնը

  Կը տօնենք Հայաստանի անկախութեան վերականգնման եւ հայոց ազգային պետականութեան` Հայաստանի Հանրապետութեան վերահաստատման 25-ամեակը: Կը նշենք 21 սեպտեմբեր 1991-ի դարակազմիկ հանրաքուէին տարեդարձը` աշխարհի չորս ծագերէն ձայն տալով իրարու եւ ուխտելով Արարատին, որ «Սրբազա՛ն լեռ, պիտի հասնի՛նք կատարիդ»: Չենք կրնար անտեսել, որ անկախութեան 25-ամեակը կը տօնենք դժուարին պայմաններու մէջ` խառն մտածումներով ու անձկութեան հոգերով ծանրաբեռն մթնոլորտի մը մէջ: Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը...

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի.  Մենք Ենք Մեր Սահմանները, Մենք Ենք Մեր Ապաւէնը

Խմբագրական «Հորիզոն»-ի. Մենք Ենք Մեր Սահմանները, Մենք Ենք Մեր Ապաւէնը

Մեր նորագոյն պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով հայ ժողովուրդը իր երկու` հայրենական ու սփիւռքեան թեւերով միասնաբար կը դիմագրաւէ մեր անկախութեան գոյապահպանման եւ պետականութեան հզօրացման մարտահրաւէրները: Յիշենք, որ 1990-ի օգոստոս 23-ին ստորագրուած Հայաստանի անկախութեան հռչակագիրով մեր ժողովուրդը որոշած էր ընթանալ 1918-ի մայիս 28-ին հիմնաւորուած Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային ու ժողովրդավարական աւանդոյթը վերականգնելու ռազմավարութեան ուղիով: Այսօր մենք ազգովին Հայ դատ ունինք լուծելու, ուրեմն`...

Նամակ Երկրէն.  Երկիրը Երկի՛ր Է

Նամակ Երկրէն. «Տուն Կառուցողը Հող Չի Յանձնի»

ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ Արցախի Հադրութի շրջանի Առաջամուղ գիւղը ազատագրուած տարածքներուն վրայ կառուցուելու սկսաւ 2004 թուականին, «Թուֆէնքեան» հիմնադրամի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն համատեղ ջանքերով, հետագային նաեւ` Արեւելեան Ամերիկայի «Արցախ» ֆոնտին մասնակցութեամբ: Արցախի ազատագրուած տարածքները վերաբնակեցնելու ծրագիրներուն մէջ Առաջամուղը յատուկ տեղ կը գրաւէ, որովհետեւ անիկա նախկին թրքաբնակ գիւղի մը վերականգնումով չէ՛ հիմնադրուած, այլ հիմնովին նոր կառուցուած է եւ Արցախի հարաւը գտնուելով` բաւական...

Քիմ Քարտաշեան «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի Մէջ Կը Դատապարտէ Ցեղասպանութեան Ուրացումը

Քիմ Քարտաշեան «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի Մէջ Կը Դատապարտէ Ցեղասպանութեան Ուրացումը

Շաբաթ, սեպտեմբեր 17-ին, ամերիկեան հեղինակաւոր «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին մէջ լոյս տեսած մէկ էջնոց ծանուցումի մը ճամբով Քիմ Քարտաշեան խստօրէն քննադատած է «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի մէջ լոյս տեսած ծանուցում մը, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը կ՛ուրանար: Իր «Հայոց ցեղասպանութեան ուրացումը անթոյլատրելի՛ է» խորագրուած յօդուածին մէջ Քարտաշեան գրած է հետեւեալը. «Ես ու իմ ընտանիքը քաջածանօթ ենք այն յիմարութիւններուն, որոնք մամուլի մէջ կը գրուին...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Կրօնական Գիրք Մը` «Մարտին Լութեր»` Որ Պատմական Վէպի Պէս Կը Կարդացուի

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Եթէ զբօսաշրջիկի ճամբաս պատահմամբ չանցնէր Ուրուկուէյի Մոնթէվիտէօ մայրաքաղաքէն, հակառակ անոր որ իր յօդուածներով ծանօթ էի Յակոբ արք. Գլընճեանին, երբեք իրեն պիտի չհանդիպէի եւ պիտի չտեսնէի իր ծաւալուն գիրքը` «Մարտին Լութեր»*, որ կը կարդացուի պատմական վէպի մը պէս: Մարտին Լութեր ծնած է 1483-ին եւ մեռած` 1546-ին: Ան հրապարակ եկած էր կաթողիկէ եկեղեցիին համար բարենորոգչական առաջադրանքներով, որոնք հետագային վերածուեցան քննադատութեան`...

Վերամուտը Մեզ Հաւաքաբար Գիտակցութեան  Եւ Պատասխանատուութեան Հրաւիրող Առիթ Է

Վերամուտին Առիթով, Եկէ՛ք Նոր Սիրով Շրջապատենք Հայ Դպրոցը…

Ահաւասիկ, լիբանանահայ վարժարաններուն մէջ դարձեալ խանդով ու եռանդով սկիզբ կ՛առնէ կրթական նոր տարեշրջանի մը կեանքը: Այս առիթով կ՛աղօթենք, որ 2016-2017 կրթական այս նոր տարին մեր վարժարաններուն համար ըլլայ խաղաղ, ներդաշնակ եւ արդիւնաշատ աշխատանքի շրջան եւ սրտանց կը մաղթենք, որ մեր ժողովուրդի սպասումներուն համաձայն, մեր դպրոցներուն մէջ ազգային շունչով եւ հայրենական տեսիլքներով կերտուի սփիւռքեան պայմաններու մէջ հասակ առնող մեր դեռատի զաւակներուն...

Նշմար.- Ծայրայեղական Չես Դուն…

Հայերէնի Վարժողական Աշխատանքի Համար. Հայաստանի Պատկերասփիւռի Կայաններ Անսպառ Աղբիւր

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Նորահաս սերունդին մէջ հայերէնի նահանջն ու անկէ բխող մտահոգութիւնները յաճախ ահազանգի ղօղանջներ կը տարածեն մասնաւորաբար արտերկրի մեր գաղութներուն մէջ (Հայաստանի մէջ մայրենիին ապրած ողբերգութիւնը այլ պատմութիւն ունի գլխաւորաբար օտարաբանութեանց հեղեղին պատճառով): Տագնապը դարմանելու համար մէկէ աւելի նշանակեալ մարմիններ, խմբակներ մասնագիտական ու գործնական քննարկումներ կը կատարեն սահանքը կասեցնելու եւ դրական զարգացումի մը մեկնարկը նշելու նպատակով: Ծրագիրներ կը մշակուին արդի...

Խմբագրական.  Յատկանշե՛լ 25-Ամեակը

Խմբագրական. Յատկանշե՛լ 25-Ամեակը

Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 25-ամեակը կը յատկանշուի առաւելաբար նորացուած սահմանադրութեամբ: Խօսքը շեշտակիօրէն կառավարման համակարգի կտրուկ փոփոխութեան մասին է: Հայաստանի Հանրապետութիւնը 25-ամեայ ճանապարհ պէտք է անցնէր ի վերջոյ ընտրելու համար կառավարման խորհրդարանական համակարգը: 25 տարին երկիրներու, պետութիւններու պատմութեան մէջ ակնթարթային նշանակութիւն ունի: Այսօրուան ամէնէն ժողովրդավար դիմագիծ եւ ըստ էութեան համարժէք հասարակարգ ունեցող երկիրները երկար 25-ամեակներ սպասած են, անցած են թագաւորական միանձնեայ դրութիւններէ,...

25-Ամեակէն Անդին.  Ի՞նչ Կրնանք Ընել

25 Տարուան Անկախութենէ Ետք. Բաց Նամակ

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ Առ որ անկ է Պէտք է խոստովանիմ, որ կը զգամ, թէ խախուտ հողի վրայ կեցած կ՛առնեմ գրիչը ձեռքս կամ կը պտտցնեմ մատներս համակարգիչիս ստեղնաշարին վրայ` խօսելու համար այս մասին, երբ ինքս տակաւին հայրենաբնակ չեմ դարձած` Հայաստանի վերանկախացումէն 25 տարի ետք: Ինչո՞ւ չեմ գացած, չեմ երթար հայրենիքի՛ մէջ չեմ ապրիր` փոխանակ մնալու պանդուխտ, տարագիր, փախստական... Այս հարցումը կը տանջէր զիս,...

Հայաստանը «Հայրենիքի» Եւ «Պետականութեան» Միջեւ

Հայաստանը «Հայրենիքի» Եւ «Պետականութեան» Միջեւ

ՎԱՐԱԳ ԳԵԹՍԵՄԱՆԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան 25-ամեակը ո՛չ միայն առիթ մըն է տօնակատարելու պետականակերտման այս քառորդ դարը, այլ նաեւ լուրջ պահ մըն է յետադարձ հայեացքով նայելու եւ քննարկելու «պետականութիւն» եզրին հասկացողութիւնը եւ, այս պարագային, շատ յաճախ չգոյութիւնը սփիւռքեան քաղաքական մտածողութեան ու տեսադաշտին մէջ: Միշտ չէ, որ երբ «Հայաստան» կամ «հայրենիք» կ’ըսենք, կ’երազենք կամ կը գրենք, «Հայաստանի պետականութեան» գաղափարը կը հասկնանք նոյն պարունակին...

Տեսակէտ` Հայաստանի Անկախութեան 25-Ամեակին Առիթով.  Արժանահաւատ Հայրենիք Կերտելու Արդար Պահանջները  «Ռոմանթիզմ» Չեն, Պարո՛ն Նախագահ

Տեսակէտ` Հայաստանի Անկախութեան 25-Ամեակին Առիթով. Արժանահաւատ Հայրենիք Կերտելու Արդար Պահանջները «Ռոմանթիզմ» Չեն, Պարո՛ն Նախագահ

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Քաղաքականութիւնը փոխզիջումի արուեստ է: ՌԻՉԸՐՏ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆ (Շրջանային ուսումնասիրութիւններու կեդրոնի տնօրէն) Պահ մը զանց առնելով ներհայաստանեան քաղաքական կեանքի յարափոփոխ իրավիճակը, պետական համակարգին մէջ տեղի ունեցող նորովի դասաւորումները, սահմանադրական թէ քատրային հարթակի վրայ հետագային կատարուելիք բարեփոխումները, ինչպէս նաեւ` քաղաքական մշակոյթ ձեւաւորելու մեքանիզմի առաջադրանքները, յոբելենական այս պատեհ առիթին հարկ է լոյսին բերել հետեւեալ յոյժ կարեւոր եւ մեզ չարչրկող հարցադրումը, թէ արդեօք...

Պահե՛լ Հարիսայի «Աւանդ»-ը

Պահե՛լ Հարիսայի «Աւանդ»-ը

ՍԻԼՎԱ  ԳԱՐԱՎԱՐԴԱՆԵԱՆ (Անդամ լրագրողներու միջազգային դաշնակցութեան, IFJ) Արդէն իսկ քառորդ դար անցած է արդի հայոց պատմութեան նորագոյն մէկ փայլուն էջէն` 21 սեպտեմբեր 1991-ի պատմական իրագործումէն: Իրագործում, որ կիզակէտը դարձաւ  հայութեան հրճուանքին ու խանդավառութեան` համահայկական տարողութեամբ: Իրագործում, որ սփիւռքահայութեան մէկ կարեւոր հատուածին համար շիջացած երազի մը վերակենդանացումն էր, կամ` իրարմէ բաժնուած երկուորեակ քոյրերու վերամիացումը: Այո՛, մեծ էր խանդավառութիւնը, որովհետեւ ամէնէն աւելի...

Տեսակէտ.  Մեր Նպատակը Արդար Հանրապետութեան Մը Կերտումն Է

Տեսակէտ. Մեր Նպատակը Արդար Հանրապետութեան Մը Կերտումն Է

ՆԱԹԱՆ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆ Կ՛ուզեմ շնորհաւորել համայն հայութիւնը` Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախութեան 25-ամեակին առիթով: 25 տարիէ ի վեր ունինք անկախ հանրապետութիւն մը, որ իր անկախութեան առաջին իսկ օրերէն դէմ յանդիման կը գտնուի քաղաքական եւ ընկերային-տնտեսական դաժան մարտահրաւէրներու: Սկսելով քաղաքական մարտահրաւէրներէն` մեր նորանկախ հանրապետութիւնը իր 25-ամեայ երթին ընթացքին միշտ դժուարութիւններու բախեցաւ  պետութիւնը ժողովրդավարացնելու եւ քաղաքացիական իրաւունքներն ու ազատութիւնները ընդլայնելու առումով: Համայնավար կուսակցութեան քաղաքական մենաշնորհին...

Շերլի Աւետեան Հայալեզու Մամլոյ  Ներկայացուցիչներուն Բացատրութիւններ  Կու Տայ Ատրպատականի Հայկական  Եկեղեցիներուն Մասին

Շերլի Աւետեան Հայալեզու Մամլոյ Ներկայացուցիչներուն Բացատրութիւններ Կու Տայ Ատրպատականի Հայկական Եկեղեցիներուն Մասին

Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթի 85-ամեակի տօնակատարութիւններուն ծիրին մէջ Իրան գտնուող աշխարհասփիւռ հայալեզու մամլոյ ներկայացուցիչներու պատուիրակութիւնը այցելութիւն մը տուած է Ատրպատականի հայոց թեմ: Երկօրեայ այցելութեան ընթացքին պատուիրակութիւնը գտնուած է պատմական եւ հոգեւոր մեծ արժէք ունեցող վայրեր, ինչպէս` Հովիւի մատուռ, Ս. Ստեփանոսի եւ Ս. Թադէոսի վանքեր, որոնց մասին պատուիրակութեան անդամներուն բացատրութիւններ տուած է Շերլի Աւետեան` Իրանի պատմական եկեղեցիներու կեդրոնին տնօրէնը: Ս. Ստեփանոս նախավկայի...

Page 672 of 806 1 … 671 672 673 … 806

Արխիւներ