Յուշատետր. Ոչինչ
Ռ. Հ. Երբ կ՛ըսէի, որ մարդիկ կը սխալին, երբ կը պնդեն, թէ «բան մը չեն ըներ», կամ «բան մը չըրին», կամ բնաւ չեն սիրեր «բան մը չընել»-ը, ես ման կու գայի մտածումի աշխարհի մը մէջ, որ կը ջանայ ինքզինք փրկել ընկալեալ սովորութիւններու կամ կաղապարատիպ մտածումներու շրջագծէն: Արդարեւ, ընկալեալ սովորութիւն է, շատերու մօտ կաղապար դարձած մտածում է կարծել, թէ մարդ կրնայ...




















