Դաշնակցութեան (Ծանր) Օրակարգը
ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ ՀՅ Դաշնակցութեան Հայաստանի պետական գործիչներէն Վահան Յովհաննիսեան (այժմ` հանգուցեալ) իր «Մանդիլիոն» վէպին մէջ տեղ մը կ՛ըսէ, թէ` «այս դաշնակցականները յամառ մարդիկ են»: Հիմա որ վերջ գտած են Հայաստանի խորհրդարանական ընտրութիւնները, ընդհանուր տպաւորութիւնը (կամ հոգեբանութիւնը) այն է, որ վերջացաւ, հիմա կրնանք հանգիստ տուներնիս երթալ ու մեր առօրեայով զբաղիլ: Այս մէկը կրնայ ճշմարտութիւն ըլլալ սովորական, պարզ քաղաքացիին կամ հայուն, սակայն...



















