Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հալալ Ըլլայ»

Օգոստոս 4, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ

Այսպէս սկսաւ պատմել մեր բարեկամուհին:

«Հեռաձայնիս զանգին ձայնէն արթնցայ այդ առաւօտ: Անծանօթ թիւ մը եւ անուն մը երեւցաւ: Նման պարագաներու  չեմ պատասխաներ, սակայն այդ օր, երբ հայու մը անունը կարդացի, թէկուզ անծանօթ, անզգալաբար վերցուցի ընկալուչը:

Իրեն ծանօթ կը թուէի ըլլալ, գէթ անունով, որովհետեւ մականունս տալով խօսեցաւ հետս եւ խնդրեց, շատ կարեւոր հարցի մը վերաբերեալ քանի մը վայրկեան տեսնուիլ հետս: Բնականաբար մերժեցի, եւ երբ կը պատրաստուէի ընկալուչը վար դնել, փորձեց համոզել, որ առաջարկը չմերժեմ, քանի «խիստ կարեւոր» հարցի մը համար է, որ կը փափաքէր տեսնուիլ հետս, եւ այդ ալ` քանի մը վայրկեանի համար միայն: Այդ «խիստ կարեւոր» հարցը  կը վերաբերէր ամուսնոյս, զոր կորսնցուցած էի աւելի քան, 20 տարիներ առաջ, սրտի կաթուածի մը պատճառով»:

«Տարիները իրարու յաջորդած, զաւակներս երիտասարդներ դարձած են` առանց վայելելու իրենց հայրը, եւ յանկարծ ամուսնիս ծանօթ անձ մը, որուն անունն անգամ բնաւ չեմ լսած,  կը փափաքի տեսնուիլ հետս:

Երբ հարցը կը վերաբերի սիրելի ամուսինիս, ինչպէ՞ս կրնայի մերժել իր առաջարկը: Միեւնոյն ժամանակ երկմտանքի մէջ էի:

Կ՛ուզէր յանձնել ծրար մը, որ ամուսինիս կը պատկանէր:

Նոյնիսկ տեղեակ չէի, թէ ի՛նչ էր այդ ծրարին պարունակութիւնը, եւ ինքնաբերաբար հետաքրքրութիւն մը արթնցաւ մէջս, միեւնոյն ժամանակ` կասկած:

Կը մտածէի`ո՞ւր էր մինչեւ հիմա, ինչո՞ւ այսքան երկար տարիներ ետք յանկարծ յիշեց, որ տալիք ծրար մը ունի աւելի քան 20 տարիներ առաջ մահացած անձի մը կնոջ: Նո՞ր միտքը ինկաւ:

Ինչպէ՞ս վստահիլ բոլորովին անծանօթ անձի մը, թէկուզ հայ ըլլար այդ անձը:

Կրնար խաղ մը կամ թակարդ մը ըլլալ:

Քանի մը օր մտածելու ժամանակ խնդրեցի եւ ընկալուչը վար դնելով`  անմիջապէս հեռաձայնեցի եղբօրս. պատմեցի ստացած հեռաձայնիս մասին եւ ուզեցի լսել իր կարծիքը:

Ինք եւս երկու մտքի էր, սակայն եկանք այն եզրակացութեան, թէ նախընտրելի   է, որ տեսնուիմ անոր հետ:

Եղբայրս որոշեց ընկերանալ ինծի եւ հեռուէն հետեւիլ, որ ի հարկին միջամտէ կամ օգտակար հանդիսանայ: Անյարմար կը գտնէր առանձին կնոջ մը բոլորովին օտար անձի մը հետ հանդիպումը»:

«Քանի մը օր ետք, որոշուած ժամուն, հասանք ժամադրավայրը: Եղբայրս, անյայտ անկիւն մը, գաղտնի ոստիկաններու նման արեւի սեւ ակնոցներ աչքերուն, անգլերէն լրագիր մը կարդալու տպաւորութիւնը կը ձգէր, սակայն աչքին տակէն կը հետեւէր շարժումներուս:

Հեռուէն նշմարեցի բաւական տարիքոտ անձ մը: Ինչպէս նախապէս համաձայնուած էր, զինք ճանչնալու համար ձեռքին ճերմակ թաշկինակը կը շարժէր օդին մէջ: Վստահաբար սպասած անձս էր: Մօտեցայ եւ գլխու թեթեւ շարժումով մը բարեւեցի: Թաշկինակը վար առաւ ու ձեռքս թօթուելով`

«Ես այսինչեանն եմ: Գործի բերումով ամուսնոյդ պարտական էի,  բայց նախքան պարտքս վճարելս` անակնկալօրէն հեռացաւ այս աշխարհէն: Առանց որեւէ յետին նպատակի, որ զլանամ վճարել պարտքս, անզգալաբար  օրերը ամիսներու, ապա տարիներու վերածուեցան: Գրասենեակը փակ էր եւ հեռաձայններս անպատասխան կը մնային: Ուրիշ թիւ չունէի տրամադրութեանս տակ: Քանի տարիները իրարու կը յաջորդէին, այնքան կը ծանրանար խղճիս վրայի ծանր քարը, երբ պատահմամբ գտայ տանդ հեռաձայնի թիւը: Ուզեցի անձամբ յանձնել ձեզի ու հանգստացնել խիղճս, սակայն կը խնդրեմ, որպէս ստացագիր` քեզմէ կ’ուզեմ լսել երկու բառ:

«Հալալ ըլլայ»:

Ժպտեցայ: Բարձրաձայն եւ սրտանց «Հալալ ըլլայ» ելաւ շրթներէս: Ստացայ ծրարը  եւ շնորհակալութիւն յայտնելով` հեռացայ:

Յուզուած էի: Քանի մը օր ետք միայն կրցայ բանալ ստացած ծրարս:

Մէջի գումարը այնքան կարեւոր չէր, որքան` իր խղճին վրայի ճնշած ծանր քարը վերցուած զգալու  հրճուանքը:

Ուրախ էի , որ անոր հետ տեսնուելու  որոշում տուած էի»:

* * *

«Տունն եմ:

Ծրարին  մէջի գումարով  բնաւ չեմ հետաքրքրուած: Նոյնիսկ չեմ հաշուած: Կարեւորը` անծանօթ հայուն վեհանձն հոգին էր:

Կարեւորը` «հալալ» գումարը պարտականին կողմէ, պարկեշտ ամուսնիս

ընտանիքին հասած էր:

Խոր մտածումներու մէջ մխրճուած եմ: Այս օրերուն, երբ մարդիկ հազար ու մէկ աղտոտ միջոցներու կը դիմեն, կը խաբեն, կը կողոպտեն եւ գիշերները հանգիստ կը քնանան, անդին` հազուագիւտ են պարկեշտ մարդիկ, որոնց խղճին վրայ ծանր կը նստի ակամայ չվճարած պարտքը, եւ կարելին անկարելի կը դարձնէ, վճարելով իր պարտքը` կը հանգստացէ իր խիղճն ու հոգին:

Այո՛, տակաւին աշխարհի վրայ կան պարկեշտ մարդիկ»:

Բազմաթիւ օրինակներու հանդիպած եմ, դժբախտաբար` նոյնիսկ հայերու մօտ, որոնք իրենց ծնողքին ձգած ժառանգին տիրանալով` ընտանիքի միւս անդամներուն «հալալ» բաժինը փորձած են իւրացնել: Շատեր յաջողած են տիրանալ, սակայն ի՞նչ խիղճով պիտի կարենան «վայելել» այդ գումարը կամ կալուածը:

Պարկեշտ պարտական հայը, եթէ չփորձէր գտնել պարտատիրոջ ընտանիքը ու չվճարէր տարիներ առաջ մոռցուած պարտքը, իրմէ եւ իր խիղճէն զատ ո՛չ ոք տեղեակ պիտի ըլլար: Ո՛չ ոք պիտի յիշեցնէր, թէ պարտական է, բացի` իր խիղճէն:

* * *

Մտածումներու մէջ իյնալու կարգը իմս է:

Երբ կը խօսուի պարտական-պարտատէրի մասին, բնականաբար մտածումներս կը սլանան դէպի Թուրքիա, ուր պարտական ազգ մը գոյութիւն ունի, որ խղճի ամենայն հանդարտութեամբ կը զլանայ վերադարձնել յափշտակուած հայրենիք մը:

Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած մեր արդար հողերը, մեր «հալալ» հայրենիքը, 50 տարի սգացինք: Ոչ մէկ անդրադարձ:

Յիսնամեակէն 51 տարի անցած է: Ողբը փոխարինեցինք պահանջատիրութեամբ: Այս անգամ հանդիպեցանք անդրադարձի:

Ժխտական անդրադարձ: Ուրացում:

Ողբացինք, յիշեցինք, յիշեցուցինք ու պահանջեցինք, սակայն թուրքի քար սիրտը օրէ օր աւելի կը կարծրանայ: Մահացած է խղճի զգացումը:

«Պարկեշտութիւն» եւ «խիղճ» բառերը գոյութիւն չունին իրենց բառացանկին մէջ, փոխարէնը` յաճախ կը հանդիպինք կողոպուտ, ջարդ եւ ոճիր գոյականներուն:

Ի՞նչ կարիքը ունին «պարկեշտ» եւ «խիղճ» բառերուն, երբ անոնք պիտի մնան անգործածելի բառեր, սակայն վերը նշած բառերս Թուրքիոյ կենցաղին մէկ անբաժան մասնիկն են:

Այնքան ատեն որ մեծ պետութիւնները իրենց քաղաքական աղտոտ հաշիւներուն  համար կարիքը ունին Թուրքիոյ` օգտագործելու որպէս խամաճիկ, մեր հողերը Արցախի նման զէնքով ազատագրել` ներկայիս անհնար է:

Մեծ պետութիւններու հաշիւները, մէկ օրէն միւսը, շատ դիւրութեամբ կրնան իրենց ուղղութենէն շեղիլ, ինչպէս պատահեցաւ կարգ մը երկիրներու պարագային:

* * *

Երեւակայական, կամ բարոյախօսական պատմուածք մը չէ  այս գրութիւնը: Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած, իսկապէս պատահած դէպք մըն է:

Լսելէս ետք այս պարզ, միեւնոյն ժամանակ իմաստալից դէպքը, երկար ժամանակ ես ինծի  խորհրդածեցի: Քիչ կը հանդիպինք նմանօրինակ դէպքերու: Հազուագիւտ են նման պարկեշտ մարդիկ:

Խորհրդածութիւններս կ’անցնին պարկեշտութիւն քարոզելու սահմանները:

Սքանչանալով հանդերձ այդ պարկեշտ անանուն հայուն, ընդվզում մը կը յառաջանայ  մէջս: Ընդվզումէն աւելի զօրաւոր բառ մը եթէ գոյութիւն ունի, տեղեակ չեմ: Ատելութիւն բառը ժխտական իմաստ ունի, այդ պատճառով ալ յաճախ կը խուսափիմ գործածելէ:

Ընդվզում կամ ատելութիւն կրնաք կոչել` ինչ որ ուզէք: Այդ երկու գոյականները, ուղղուած են մէկ հասցէի: Թուրքիոյ, որ Ցեղասպանութենէ 101 տարի անց կը յամառի ուրանալ իր անմարդկային արարքը: Կը զլանայ վերադարձնել բռնագրաւուած հողերը, մեր «հալալ» հողերը:

101 տարի ետք, տակաւին զգաստութեան չէ եկած եւ իր խղճին վրայի ծանր քարը չի ճնշեր իր անսիրտ հոգին:

Թուրքի նման ազգէ մը միամտութիւնը չունիմ ակնկալելու, թէ օր մը իր խիղճը կրնայ տանջել ու վերադարձնել մեր հողերը, սակայն  այդ  չի նշանակեր, որ պիտի չտիրանանք մեր բռնագրաւուած հայրենիքին:

Շատ մը կայսրութիւններ եկած ու անցած են: Թուրքիոյ աւազի վրայ կառուցուած կայսրութիւնը եւս, ուշ կամ կանուխ կրնայ փուլ գալ, եւՎահան Թէքէեանի բառերով կ’ըսեմ:

«Պիտի իյնաս» (թուրքին)

Պիտի իյնա՛ս այս անգամ, եւ ա՛լ իսպառ, անհարիր
Պիտի մնաս գետնին վրայ ճանկռտելով հողը դեռ,
Եւ դեռ երկա՜ր չմեռնիս պիտի, եւ տունդ մոխիր
Եղած` ծածկէ պիտի քեզ, երբեմնի տո՜ւնդ եռուզեռ: (Վահան Թէքէեան)

Լոս Անճելըս 2016

 

Նախորդը

Օրուան Հետ. Յաղթահարելով Անզօրութեան Զգացումը

Յաջորդը

Յայտարարութիւն

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?