Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օրուան Հետ. Յաղթահարելով Անզօրութեան Զգացումը

Օգոստոս 4, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

varmen1fՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ 

– Անին մանչուկ մը ծնաւ,- աւետեց Նայիրին այս առաւօտ` մէկ անգամէն փոխելով տրամադրութիւնս:

– Բարի եկաւ ան մեր աշխարհը,- եղաւ առաջին հակազդեցութիւնս:

– Այո՛, բարի եկաւ մեր այս խենթ աշխարհը,- սրբագրեց Նայիրին:

Արդարեւ, այս խենթ աշխարհը նուազ խենթ տեսնելու յոյսն է անպայման, որ նոր բնակիչով մը հարստացնելու կը մղէ Անիներն ու Նայիրիները, որ լաւատեսութեամբ նային դէպի ապագան: Դէպի մեր, մանաւանդ իրե՛նց ապագան:

Եթէ չըլլա՜ր այդ յոյսը…

Այս առաւօտ, ամեն օրուան պէս, որեւէ ուրիշ բան ընելէ առաջ, համակարգիչս բացի ստուգելու համար Հայաստանի լուրերը: Ահա երկու շաբաթէ ի վեր այդ լուրերը միայն մտահոգութիւն կը պատճառեն մեզի: Եւ այսօր, յուլիս 30-ին, յուսահատութիւն մը պատեց զիս: Վերջ չէր գտած պատանդառութիւնը, կը շարունակուէին ցոյցերն ու ձերբակալութիւնները, լուծում մը չէր գտնուած տակաւին` առանց արիւնահեղութեան դուրս գալու համար այս տագնապէն:

– Այդ գաղափարէն պէտք է հրաժարիլ,- ըսաւ ընկերս վերջերս. – ինչո՞ւ կը վախնանք արիւնահեղութենէ: Ամէն երկրի մէջ մարդկային զոհեր կ՛ըլլան, ինչո՞ւ մեր քով պիտի չըլլան, մենք ալ ի վերջոյ բնական ժողովուրդ մը չե՞նք: Համաձայն չեմ «մէկ ազգ»-ի գաղափարին: Դասակարգեր կան ու դասակարգային պայքարին մէջ արիւնահեղութիւն ալ պիտի ըլլայ: Սակայն հարց է, թէ այսօր դասակարգային պայքարով ո՞ր երկիրը կրնայ իր խնդիրները լուծել, այսօր` դրամատիրութեան բացարձակ իշխանութեան թաթին տակ: Խնդիրներ, որոնք առկայ են այսպէս կոչուած ամէնէն յառաջացած երկիրներուն մէջ անգամ, ուր յանցագործ խումբերն ու երկրին հարստութիւնը իրենց ձեռքը պահող չնչին փոքրամասնութիւնը «արեւ ու անձրեւ կ՛ընեն»: Ներկայ ժամանակներուն մարդկային ու ազգային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար ուրիշ զէնքերու չէ՞, որ պէտք ունինք:

Այս խօսքերը վստահաբար դիւրութեամբ չեն ըսուիր, նաեւ դիւրութեամբ չեն լսուիր, մանաւանդ որ «այս խենթ աշխարհ»-ին մէջ այսօր արիւնահեղութիւնը այնքան սովորական երեւոյթի վերածուեր է, որ կարծես իբրեւ մարդ չենք ալ ազդուիր այդ բոլորէն, բացի երբ մեր անմիջական շրջապատին մէջ կատարուին անոնք:

Իսկ մեզի համար, որքան ալ ֆիզիքապէս հեռու ըլլանք անկէ, «անմիջական շրջապատ»-ը մեր հայրենիքն է, որուն իւրաքանչիւր բնակիչի կեանքը սուղ է, պահպանուելիք է, գուրգուրալի է, հայրենիքի՛ն համար է պէտք, թէկուզ ամէնէն անբաղձալի անձին պատկանի անիկա: Գէթ ա՛յս է իմ համոզումը, մե՛ր համոզումը, եւ չեմ կարծեր, որ այսօր որեւէ ազգային կազմակերպութիւն կայ, որ այդպէս չմտածէ, մանաւանդ որ այդ կեանքերը մէկ առ մէկ մեզմէ խլել կը փորձէ թշնամին անընդհատ: Այս մօտեցումը, որքան ալ անբացատրելի թուի, կրնայ մեզի՛ յատուկ երեւոյթ ըլլալ, ու թերեւս եթէ մենք բարւոք լուծումը գտնենք մեր ներկայ տագնապին, օրինակ կարենանք հանդիսանալ նաեւ ուրիշներու: Կ՛երազե՞մ միթէ:

Բնականաբար ինծի պէս շատերն են մտահոգ, ինչպէս կ՛երեւի համացանցին վրայ շրջող փոխանակութիւններէն` ել-նամակներէն ու զանազան տեսանիւթերէն: Դժբախտաբար բոլորին պարագային ալ վերջ ի վերջոյ կայ յուսահատութեան վտանգը. այդ բոլորին դիմաց` բան մը փոխելու անկարողութեան, անզօրութեան զգացումի օր ըստ օրէ ամրակայումը մեր հոգիներուն մէջ: «Սփիւռքը բան մը պէտք է ընէ, մեր կուսակցութիւնները պէտք է միջամտեն, լուծում մը գտնեն», կ՛ըսեն ոմանք: Ուրիշներ ալ մեր հայրենի ժողովուրդին եւ  իշխանութիւններուն բարոյական դասեր տալու տրամադրութիւններ կը ցուցաբերեն, յաճախ շատ բանէ անտեղեակ եւ առանց նկատի առնելու մշակութային, կենցաղային այն հսկայ վիհը, որ մեզ իրարմէ կը բաժնէ տակաւին, եւ որ վերանկախացման ահա այս 25 տարիներուն դեռեւս բաւական խորունկ կը մնայ:

Ճիշդ է, հաւաքական թէ անհատական ճիգերով այդ վիհը լեցնելու, վերցնելու շատ փորձ եղաւ ու պիտի ըլլայ տակաւին: Բայց բաւարար չէ, մեծ արդիւնքներու չէ հասած տակաւին: Միւս կողմէ, չէ՛ մշակուած համազգային վերականգման ծրագիր մը, որուն համաձայն հունաւորուին այդ բոլոր ճիգերը, գտնուին աւելի՛ արդիւնաւէտ միջոցներ Հայաստանը վերածելու այն երկրին, որ երազեր ենք տեւաբար, եւ որ միշտ պատրանք է թուեր մեզի, այնպէս` ինչպէս միշտ մեր աչքին առջեւ` «կապոյտ միրաժ» է եղեր Արարատը, ինչպէս գրեր է Սիլվա Կապուտիկեան ատենին: Որպէսզի պարզապէս օդատեսիլ չըլլայ Հայաստանը մեզի համար, մեր օգնութիւնը աւելի՛ շօշափելի պէտք է ըլլայ, աւելի՛ ամբողջական, աւելի՛ համապարփակ` թէ՛ տնտեսական առումով եւ թէ՛ բազմաթիւ այլ առումներով, բայց մանաւանդ` տնտեսական:

Կարեւոր է սակայն, որ փրկիչի երեւոյթ չառնենք, դասատուի ձեւեր չառնենք, ամենագէտ չերեւինք: Մեր մտապատկերները պարտադրելու տրամադրութիւններ ցոյց չտանք:

– Անին մանչուկ մը ծնաւ…

Հայաստանի ապագայ զինուոր մը ծնաւ:

Յաղթահարենք անզօրութեան ամէն զգացում:

 

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Գաղափարի Ուղիով

Յաջորդը

«Հալալ Ըլլայ»

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?