Անդրադարձ. Անտրամաբանական Արարքին Տրամաբանութիւնը
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Ամերիկեան ծովուժը ուրբաթ, 7 ապրիլին «Թոմահոք» տիպի 59 հեռահար հրթիռներով հարուածեց Սուրիոյ օդուժի Շհէյրաթ ռազմակայանը: Միացեալ Նահանգներ պնդեցին, որ հրթիռակոծումը հակադարձութիւն մըն է Իտլիպի մէջ քիմիական զէնքի գործածութեան: Մէկ օր ետք, ամերիկեան ծովուժի «Քարլ Վինսըն» տորմիղը, որուն մաս կը կազմեն օդանաւակիր մը եւ թեւաւոր հրթիռներով զինուած երկու մարտանաւեր, Սինկափուրէն ուղղուեցաւ քորէական թերակղզիի շրջան: Աշխարհագրական երկու տարածքներուն մէջ արձանագրուած...




















