Անդրադարձ

Շուշիի Ազատագրման 25-րդ Տարեդարձին Առիթով.  Երգելո՛վ Յաղթանակելու Դրուագ Մը

Շուշիի Ազատագրման 25-րդ Տարեդարձին Առիթով. Երգելո՛վ Յաղթանակելու Դրուագ Մը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Խորհրդային Միութեան արեւամուտէն առաջ, փետրուար 1988-ին պայթած Արցախի ազատագրական պայքարը առաջին օրերուն արտայայտութիւն գտաւ հրապարակային ցոյցերով ու քաղաքական քայլերով, որոնք բարձրացուցին այս հողամասին պատմականօրէն հայութեան պատկանելիութեան եւ անոր բնակիչներուն ինքնորոշման իրաւունքի դրօշները: Մինչ միլիոնաւոր հայորդիներ, Երեւանի մէջ թէ արտերկրի օճախներուն հրապարակները կ՛ողողէին` արձագանգելով Ցեղասպանութեան 50-ամեակին առիթով հնչած «Մեր հողերը, մեր հողերը» պահանջին, զուգահեռ գիծերու վրայ, Լեռնային Ղարաբաղի Ինքնավար...

Եռատօնը Մնայուն Խթան` Ազգովին Դէպի Առջեւ Նայելու Եւ Աւելի Հզօրանալու

Եռատօնը Մնայուն Խթան` Ազգովին Դէպի Առջեւ Նայելու Եւ Աւելի Հզօրանալու

ԺԱԳ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Անգամ մը եւս եռատօն է: Հայոց աշխարհը ընդհանրապէս եւ Արցախը մասնաւորաբար  անգամ մը եւս մեծ շուքով կը նշեն Համաշխարհային Բ. պատերազմին ընթացքին ֆաշականութեան ու նացիականութեան դէմ մղուած յաղթական պատերազմին հայ ազգին մասնակցութիւնը, նոյն շունչով ու նոյն վճռականութեամբ 8-9 մայիսին հայկական ինքնապաշտպանութեան ուժերուն կողմէ Արցախի մշակութային կեդրոն Շուշիի ազատագրումը ազրպէյճանական բռնագրաւումէն եւ ինքնապաշտպանութեան այդ ուժերուն հիման վրայ ստեղծումը Արցախի...

Քարին Վրայ

Քարին Վրայ

ՎԱՐԱՆԴ ՓԱՓԱԶԵԱՆ 1988-ին ծայր տուաւ Արցախի հայութեան ինքնորոշման պայքարը: Ազրպէյճանը հակադարձեց, եւ Շուշիի դիրքը դարձաւ փորձանք Ստեփանակերտի գլխուն: Ազրպէյճանական զօրքը իր «Կրատ» հրթիռներով անխնայ հարուածեց Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաքը եւ շրջակայքը` պատճառելով զոհեր, դժուարացնելով հասարակական կեանքը, քանդելով տնտեսութիւնը ու արգելակելով ազատագրութեան գործընթացը: Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութեան եւ նորակազմ բանակի հրամանատարութեան համար կենսական կարեւորութիւն ունէր ազրպէյճանական զինեալ ուժերուն վնասազերծումը եւ ազրպէյճանական լուծէն ձերբազատումը:...

Լեռնցիներու Պատարագը (Շուշիի Ազատագրութեան 25-ամեակ)

Լեռնցիներու Պատարագը (Շուշիի Ազատագրութեան 25-ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Դարերու ծանրութիւնը իրենց շալակին` լեռնցիները որոշեցին պատարագ մատուցել: Անոնք վարժ էին նման արարողութիւններու, գիտէին գաղտնիքը, սորված ու ապրած էին ճշմարտութիւն մը, որ յար ու նման էր իրենց կազմաւորումին, էութեան եւ կեանքը ըմբռնելու աշխարհահայեացքին: Անոնք կը հաւատային, թէ ապրելու համար կա՛մք է պէտք, տոկալու` սի՛րտ է պէտք, տէ՛ր մնալու` խե՛լք է պէտք, գոյատեւելու` շո՛ւնչ է պէտք, ստեղծագործելու` թռիչք է...

«Մեր Երազներու Իրականացման Համար Պայքարող Անընկճելի Ուժ Դառնանք»

«Մեր Երազներու Իրականացման Համար Պայքարող Անընկճելի Ուժ Դառնանք»

ԺԻՐԱՅՐ ՌԷՅԻՍԵԱՆ Հայոց ցեղասպանութեան 100ամեակի համահայկական հիմնախօսքը եղաւ` «Կը յիշեմ եւ կը պահանջեմ»: Բնական է` յիշելը էական է: Առանց յիշողութեան` մարդը պոկուած կ՛ըլլայ  իր արմատներէն եւ դադրած` բնական էակ ըլլալէ: Աւելի քան մէկ դար յիշեցինք ու յիշատակեցինք, կը շարունակենք ու պիտի շարունակենք յիշել, աղօթք բարձրացուցինք, բողոքեցինք ու դատապարտեցինք, անհամար ու անթիւ էջեր բազմալեզու  հրատարակութեան յանձնեցինք ու դափնեպսակը` Հայ եկեղեցւոյ նուիրապետական...

Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեանին Մաս Կազմած Սուրիոյ Խորհրդարանի  Պատուիրակութեան Մոսկուա Այցելութեան Մասին

Երեսփոխան Դոկտ. Նորա Արիսեանին Մաս Կազմած Սուրիոյ Խորհրդարանի Պատուիրակութեան Մոսկուա Այցելութեան Մասին

Ռուսիոյ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքոյի հրաւէրով Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահ դոկտ. Հատիյէ Ապպասի գլխաւորած Սուրիոյ խորհրդարանի պատուիրակութիւնը 10-15 ապրիլին այցելեց Մոսկուա: Պատուիրակութեան մաս կազմեցին երեսփոխաններ` դոկտ. Խալետ Ապուտ, դոկտ. Ամմար Ասատ, Ուսամա Մուսթաֆա, դոկտ. Ռիատ Թաուզ, դոկտ. Ռիֆաաթ Հասան, Հուսամ Քաթըրժի, Ապտուլ Մաժիտ Քաուաքիպի եւ դոկտ. Նորա Արիսեան: Այցելութեան նպատակներէն էր Ռուսիոյ եւ Սուրիոյ խորհրդարանական յարաբերութիւններու ամրապնդումը, Սուրիոյ խորհրդարանի նախագահին...

Մենք Մեր Խաղաղութիւնն Ենք Կերտում

«Խաւիարային Ախտը» ԵԽԽՎ-ում Կամ Թէ Ինչպէ՛ս Ձուկը Գլխից Է Փտում

ՄԻՔԱՅԵԼ ՀԱՋԵԱՆ Քաղաքական վերլուծաբան «Ձուկը գլխից է փտում» ժողովրդական իմաստութիւնը երեւի թէ հին է այնքան, որքան մարդկութեան ողջ պատմութիւնը եւ անխտիր  վերաբերում է բոլոր հանրութիւններին` նախնադարեան-համայնականից  մինչեւ մեր օրերը, անգամ` քաղաքակիրթ պետականութեան զարգացման ներկայիս անհամեմատ բարձր մակարդակի պայմաններում, որի չափորոշիչ է համարւում արդի արեւմտեան աշխարհը, մասնաւորապէս, եւրոպական մայր ցամաքը: Ահաւասիկ` այդ վարակիչ հիւանդութեան վերջին ահազանգը, որ դամոկլեան սրի պէս կախուել...

Պաղեստինեան Դատը Եւ Մենք

Պաղեստինեան Դատը Եւ Մենք

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ Դարձեալ համայն աշխարհի նայուածքները ուղղուած են դէպի Պաղեստին` Ամերիկայի մէջ Տանըլտ Թրամփի յաղթանակէն եւ անոր նախագահ ընտրուելէն ետք. Իսրայէլի ծայրայեղական նախարարները յայտարարեցին, որ այլեւս պաղեստինեան յոյսերը մարած են: Թրամփ նոյնպէս յայտարարած էր, որ ամերիկեան դեսպանատունը Թել Աւիւէն Երուսաղէմ պիտի տեղափոխէ: Մինչեւ օրս Իսրայէլ կը շարունակէ բռնագրաւեալ հողերուն վրայ բնակեցման վայրեր կառուցելու ծրագիրները: Կազան ցամաքային եւ ծովային շրջափակման տակ...

Խմբագրական.   Ռազմավարական, Ռազմագիտական, Բայց Նաեւ Մշակութային  (Շուշիի Ազատագրութեան 25-ամեակին Առիթով)

Խմբագրական. Ռազմավարական, Ռազմագիտական, Բայց Նաեւ Մշակութային (Շուշիի Ազատագրութեան 25-ամեակին Առիթով)

Շուշիի ազատագրութեան 25-ամեակի նշումը կը համընկնի ապրիլեան յանկարծակի պատերազմի առաջին տարուան ամբողջացման: Հայրենական պատերազմին, Շուշիի ազատագրութեան եւ Արցախի պաշտպանութեան բանակի ստեղծման  եռատօնին հազիւ ամիսով մը կը կանխէ ապրիլեան պատերազմի յաղթանակը: Ռազմագիտական վերլուծումները, տարուան մը կտրուածքի հեռաւորութեամբ համընդհանուր կերպով կը խօսին այն համոզումին մասին, որ պարտադրուած զինադադարը արգելակեց հայկական կողմի նոր կարեւոր յառաջխաղացքը: Մինչ այդ սակայն, նման պատերազմ սանձազերծելու ազրպէյճանական կողմի...

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն

Ազրպէյճան Կը Մեղադրուի Եւրոպական Խորհուրդին Միլիոնաւոր Տոլարի Կաշառք Տալու Յանցանքով

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Տարիներ շարունակ Ազրպէյճանի կառավարութիւնը զանազան երկիրներու քաղաքական գործիչներուն եւ պաշտօնեաներուն թանկարժէք նուէրներ մատուցած է առատօրէն, ինչպէս` մետաքսէ գորգեր, ոսկի, արծաթ, ձկնկիթ, կանխիկ դրամ եւ բոլոր ծախսերը վճարուած ճամբորդութիւններ` յօգուտ Ազրպէյճանի, բայց` ընդդէմ Հայաստանի ու Արցախի անոնց ձայներուն դիմաց: Այս անօրինական գործունէութիւնը այնքան մեծ տարածում գտած է, որ եւրոպացիները զայն կը նկարագրեն որպէս...

Նախագահ Ռոհանիի Հայաստան Այցին Ընդառաջ…

«Ո՞ւր Էր Ձեր Արտաքին Քաղաքականութիւնը, Երբ Թուրքերը Սահմանում Իրանցիներ Էին Ծեծում»..

ԴԵՐԵՆԻԿ  ՄԵԼԻՔԵԱՆ «Ալիք» Օրաթերթի  Գլխաւոր Խմբագիր Իրանի նախագահի թեկնածուների մայիսի 5-ի երկրորդ հեռուստաբանավէճում խոշոր տոկոսով խնդրոյ առարկայ դարձան արտաքին քաղաքականութեան ասպարէզում Ռոհանիի կառավարութեան ուղղութիւնները ինչպէսեւ իրենց՝ առաջադրւած թեկնածուների պատկերացումներըª նոյն ոլորտին վերաբերող հարցերի վերաբերեալ: Մինչ դրանց անդրադառնալը, յայտնենք, որ հեռուստաբանավէճի ձեւաչափը հնարաւորութիւն չի տալիս թեկնածուներին, որպէսզի նրանք տւեալ ոլորտի կապակցութեամբ հանդէս գան ծրագրային-քննական ելոյթով, հետեւաբար բանավէճերը ընթանում են տարբեր հարցադրումներում...

Տեսակէտ.  «Ինչո՞ւ Ամերիկեան Դեսպանատների Երկրորդ Մեծագոյնը` Երեւանում»

Տեսակէտ. «Ինչո՞ւ Ամերիկեան Դեսպանատների Երկրորդ Մեծագոյնը` Երեւանում»

Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ Տեսակէտի ազատութեան սկզբունքի յարգումով տեղ կու տանք մեթր Գասպար Տէրտէրեանի այս յօդուածին` միաժամանակ յստակացնելով, որ «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»-ին տուած Հայաստանի Բ. նախագահի հարցազրոյցին մէջ կ՛ըսուէր. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը այսօր հողային հարց չ՛արծարծեր Թուրքիոյ հետ», ինչ որ բնականաբար բոլորովին ուրիշ հետեւութիւններու կ՛առաջնորդէ, քան այն, ինչ որ յօդուածին մէջ կ՛ըսուի: Անշուշտ նաեւ չենք բաժներ ներկայ Հայաստանին մասին մեթր Տէրտէրեանի բացարձակ մօտեցումները` քաջ...

Ո՞վ Պիտի Պաշտպանէ Հայաստանը

Ո՞վ Պիտի Պաշտպանէ Հայաստանը

ՅԱՐՈՒԹ ՃԵՆԱՆԵԱՆ Անշուշտ  իւրաքանչիւր հայ գիտէ եւ համոզուած է, որ շատ դժուար է Հայաստանի դիրքը, եւ թէ` այլ խրթին պայմաններու մէջ կ՛ապրի մեր ժողովուրդը, որ հարիւրաւոր տարիներ տեսնելէ ետք ջարդեր, տեղահանութիւններ, աւերում, լաց, ողբ ու մնայուն հալածանքներ, օր մըն ալ աստուածային դասաւորումով եւ միջազգային քաղաքական դէպքերու պատահականութեամբ ունեցաւ անկախ հայրենիք մը, հոգ չէ թէ` իրաւունքի նուազագոյն սահմաններուն մէջ: Այո՛, նոյնիսկ...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Խոստումը (The Promise)

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Մեզի համար մեր պատմութեան ամէնէն տխուր ժամանակը, Հայոց ցեղասպանութեան օրերն ու դրուագները ներկայացնող ամերիկեան ժապաւէն մը, որ կը հպատակի այդ արուեստի կանոններուն, կը ցուցադրուի աշխարհի տարբեր երկիրներու բազմաթիւ սրահներուն մէջ: Արուեստի կանոններուն հետեւող ժապաւէն մը, որ սոսկ հայկական ներքին սպառման համար չէ նկարահանուած, կը միտի հասնիլ միջազգային հասարակութեան, անոր, որ ամերիկեան շարժանկարի շուկան է: Ցեղասպանութեան իրողութիւնը վերամտածուած եւ...

«Ֆայհա» Երգչախումբին Կազմակերպած Փառատօնը

«Ֆայհա» Երգչախումբին Կազմակերպած Փառատօնը

Լիբանանի մշակոյթի նախարար Ղաթթաս Խուրի 2 մայիս 2017-ին, առաւօտեան ժամը 11:30-ին նախարարութեան իր գրասենեակին մէջ մամլոյ ասուլիս մը տուաւ` ներկայութեամբ Լիբանանի Միջազգային խմբական երգի երկրորդ փառատօնի նախագահ Պարգեւ Թասլաքեանի եւ «Ֆայհա» երգչախումբի տնօրէն Ռուլա Ապու Պաքըրի: Նախարար Ղաթթաս Խուրի ողջունեց «Ֆայհա» երգչախումբին կազմակերպած փառատօնը, որ Լիբանանի մէջ պիտի հիւրընկալէ լիբանանեան եւ եւրոպական երգչախումբեր: Ան հաստատեց, որ հանդիպումները պիտի օգնեն բացայայտելու...

Անխոնջ Հոգեւորականը` Վարուժան Սրբազան Հերկելեան  (Վերջին Շրջանին Իր Կողմէ Եղած Հրատարակութիւններուն Առիթով)

Անխոնջ Հոգեւորականը` Վարուժան Սրբազան Հերկելեան (Վերջին Շրջանին Իր Կողմէ Եղած Հրատարակութիւններուն Առիթով)

ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Վարուժան արք. Հերկելեանը երեք  տարի առաջ հանգստեան կոչուեցաւ, յետ քանի մը տասնեակ  տարիներու եկեղեցական եւ մշակութային բեղուն գործունէութեան: Սրբազանի կեանքի ուղին լեցուն է բազմատեսակ եւ ծաւալուն աշխատանքներու իրագործումներով`  յատկանշուած հայ եկեղեցւոյ, հայ մշակոյթին  եւ  հայ ազգին ծառայելու  անկոտրում եւ յարատեւ ճիգով: Ճիշդ  է, որ սրբազանը հանգստեան կոչուած է, սակայն աշխուժ հոգեւորականը ԱՆՀԱՆԳԻՍՏ է, ոչ ֆիզիքականով, այլ` հոգիով, մտքով...

Խմբագրական.   Մայիս 6-ը`  Հաւաքական Ալզայմըրի Ախտանիշ

Խմբագրական. Մայիս 6-ը` Հաւաքական Ալզայմըրի Ախտանիշ

Անհատական մակարդակի վրայ յիշողութիւնը բարդ վերլուծելի գիտակցական իրողութիւն է, կապուած մարդու հոգեմտաւոր կազմաւորումին հետ` այն առումով, որ մարդ անհատին նախասիրութիւնները, գաղափարական առաջնահերթութիւնները, դաւանած փիլիսոփայութիւնը ընդհանրապէս յիշողութեան վերապահուած ուղեղի հատուածին հիմնական բաղադրատեղերը գրաւած կ՛ըլլան եւ մտածողութեան իրար ագուցման ինքնահոս կերպով աշխատող շղթայով կ՛ազդեն բանաւոր, գրաւոր դրսեւորումներու եւ ընդհանրապէս գիտակցական ներաշխարհին վրայ կառուցուած արտայայտութիւններու եւ անկէ նաեւ` ձեռնարկուած քայլերու, աշխատանքներու վրայ: Մարդ...

Պէյրութի Մէջ Տոքթ. Ֆուատ Ղոսն Կը Յայտարարէ.  Ներկայ Եղայ Նահատակներու Կախաղանին

Պէյրութի Մէջ Տոքթ. Ֆուատ Ղոսն Կը Յայտարարէ. Ներկայ Եղայ Նահատակներու Կախաղանին

ՏԸՆԻԶ ԱՄՄՈՒՆ 11 տարի առաջ կառավարութիւնը Լիբանանի Նահատակաց օրը փոխեց` զայն բնութագրելով իբրեւ նահատակ լրագրողներու օր: Այսպիսով, այդ թուականէն ետք 6 մայիսը չի նշուիր իբրեւ Նահատակներու օր, ինչ որ կը նշանակէ, թէ լիբանանցի նահատակները 365 օրերէն մէկուն իսկ արժանի չեն: Բայց եւ այնպէս 50 տարի առաջ «Ազդակ»-ի մէջ լոյս տեսած է հետեւեալ կարեւոր յօդուածը, ուր ականատեսի վկայութիւններ կը փոխանցուին այն...

Խմբավարին Խօսքը.  20-ամեայ Հաշուեկշիռ 20 Տարի, 30 Համերգային Յայտագիր, 800 Անդամներ, 580 Երգի Ուսուցում, 104 Նոր Երգեր

Խմբավարին Խօսքը. 20-ամեայ Հաշուեկշիռ 20 Տարի, 30 Համերգային Յայտագիր, 800 Անդամներ, 580 Երգի Ուսուցում, 104 Նոր Երգեր

Մանկութեանս օրերուն, լիբանանահայ նուիրեալ երաժիշտներ Վաչէ Պարսումեան, Ալեքսան Մնակեան, Սարգիս Փանոսեան, Վարդան Աշգարեան եւ ուրիշներ, ստեղծած, զարգացուցած եւ ընդհանրացուցած էին մանկապատանեկան երգչախումբի իրողութիւնը, սակայն  1997-ին, ուսումնառութեանս աւարտին, երբ Երեւանէն վերադարձայ Լիբանան, դպրոցական քանի մը երգչախումբերու ունեցած կարեւոր գործունէութիւնը չհաշուած, ոչ մէկ մանկապատանեկան երգչախումբ կը գործէր մեր գաղութին մէջ, ներառեալ իմ իսկ ղեկավարած  Համազգայինի Այնճարի «Կաքաւիկ» ու Ազգային առաջնորդարանի «Ծիածան» երգչախումբերը:...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի Ապրիլ Բ. –   Դէպի Ռազմական Մագլցո՞ւմ

Խմբագրական «Գանձասար»-ի – Ապրիլ Դ. – Ցաւակցութիւնը Քաղաքական Խիզախ Կեցուածքով Կ՛արտայայտուի

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիպ Էրտողան քանի մը տարիէ ի վեր հայ ժողովուրդին ցաւակցութիւն յայտնելու անյաջող փորձեր կը կատարէ: Անոր ցաւակցութիւնը, որքան որ ձեւական, նոյնքան ալ ընդվզեցուցիչ է: Ան առաջին հերթին կե՛ղծ է, որովհետեւ քաղաքական դէմքերու ցաւակցական խօսքերը, եթէ նոյնիսկ զուտ քաղաքական նպատակներով ըլլան, առնուազն ենթահող մը պէտք է ունենան: Այդ ենթահողը բարի կամքի գործնական դրսեւորումն է: Եթէ այլ երկիրներու նախագահներ...

Page 624 of 806 1 … 623 624 625 … 806

Արխիւներ