Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լուսարձակ. Իրողութիւնը Եւ Իրաւանմանը

Մայիս 27, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

0520lousartsdag

ԳԷՈՐԳ ՄԱՆՈՅԵԱՆ

Հաւանաբար 19-րդ դարու Միացեալ Նահանգներու անիշխանական արեւմուտքէն մնացած «Նախ կրակէ, ապա հարցումներ հարցուր» ասացուածքը արդէն իսկ արմատներ սկսած է նետելու, իսկ կարգ մը պարագաներու` նոյնիսկ տժգոյն ծաղիկներ տուած է երկրին լրատուական մարզէն ներս:

Մոլուցքի վերածուած առաջինը ըլլալու անհամբերութիւնը, զուգորդուած արհեստագիտութեան խելագարեցնող աճին եւ հաստատումի չսպասելու աճապարանքին, լաւագոյն սնունդը կը հանդիսանայ այս ախտին, որ առարկայական իրականութիւնը փնտռողը կը դնէ ամէն վայրկեան ճշդում մը կամ հերքում մը կատարելու պարտադրանքին տակ:

Այս ախտը տարբեր համեմատութիւններով եւ տարազներով, երբեմն հապճեպ, իսկ երբեմն` գիտակցաբար կեղծելու դիտումով, վնասներ կը գործէ նաեւ քաղաքական, գիտական եւ նոյնիսկ արուեստի ու կրթական մարզերէն ներս:

«Լուր»-երը, քաղաքական գործիչներու եւ թեկնածուներու կողմէ խոստումները, պնդումներն ու պիտակումները, կամ գիտնականներու «գիւտ»-երը փամփուշտներու նման կը տեղան, եւ կացութիւնը կը հասնի հոն, ուր լրատուութեան կամ բարոյական ու գիտական տարրական սկզբունքներու կամ քաղաքական որոշ օրէնքներու հաւատացողն իսկ տեղի կու տայ ու կը յանձնուի յորձանքին, որ արդէն իսկ իրեն հետ կը տանի տասնամեակներու ջանքերով մէջտեղ եկած պատշաճ  գործելու չափանիշները:

Անշո՛ւշտ ախտը միայն վերջերս չէ յայտնուած, այլ անոր օրինակները միշտ կարելի է գտնել. անոնցմէ ամենախօսունը կը մնայ քաղաքականն ու լրատուականը համատեղող եւ 1948-ի Միացեալ Նահանգներու նախագահական մօտիկ ընտրութեանց մամլոյ դափնեպսակը խլելու «Շիքակօ Տէյլի Թրիպիուն»-ի յօրինածը, որ ամօթալի ձախողութեան վերածուեցաւ, երբ մեծատառ վերնագիրով նախագահ հռչակեց Տիուին, Թրումընի փոխարէն:

Բարեբախտաբար կան տակաւին ուժեր, որոնք սրբագրելու կամքը կը պահպանեն ու երբեմն, մանաւանդ երբ հարցը լուրջ է, դրական միջամտութիւններով յարմար ճշդում կը կատարեն:

Սակայն, արհեստագիտութեան զարգացման զուգահեռ, մարդոց հետզհետէ տկարացող յիշողութիւնը եւ տեղեկութեանց աղբիւրները չստուգելու ծուլութիւնը յաճախ առիթ կու տան սխալներ գործողներուն, որ բեմ վերադառնան` իբրեւ անբասիր մարգարէներ, իրենց «իմաստութիւն»-ը տարածելով աջ ու ձախ:

Իսկապէս աւելի լաւ չէ՞ր արեւելեան աւելի համբերատար` «Նախ մանչ զաւակը տեսնենք, ապա Աստուծոյ աղօթենք» մօտեցումը` հակառակ անոր շատ պահպանողական եւ խտրական ըլլալուն:

 

 

Նախորդը

«Չլինէր Երգը Տիեզերքում, Ցաւից Կը Պայթէր Տիեզերքը»

Յաջորդը

Անդրադարձ. Անհաւատալի Համերգ Փալմիրի Ամփիթատրոնին Մէջ

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?