Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ»-ներ Եւ Հետեւութիւններ (Խոհեր` Մայիս 28-Ի Տարեդարձին Առիթով)

May 28, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_8627

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ

Կարեւոր տարեդարձերու առիթներով, ինչպիսին է մայիս 28-ը, ազգային յիշողութիւնը թարմացնելու եւ մեր մտածումը պահ մը անոր վրայ կեդրոնացնելու համար ոեւէ յօդուածագիր երբ գրիչ ձեռք կ՛առնէ, ենթադրելի է, որ վարանք մը ունենայ. ի՞նչ գրել, որ նորութիւն մը չըլլալով հանդերձ, նախապէս բազմիցս ըսուած-գրուածներուն կրկնութիւնը չհրամցուի ընթերցողին, որ կարդացող մը ըլլալուն` արդէն իսկ գիտէ օրուան իմաստը, գիտակից  է  խորհուրդին: Խորհուրդէն հաղորդուելու պէ՛տքը գիրք-թերթ չկարդացողները ունին, որոնց թիւը բազմացած է, գրեթէ ամէնուրեք:

Սակայն, հակառակ այս իրողութեան ու վարանքին, կայ պարտադրող իրականութիւն մը, որ նոր դէպքերու զարգացումով կեանքի հոլովոյթը  հանգրուանէ մը ետք յաջորդին անցնելու նոր փուլի մը մէջ կը դնէ մեզ եւ մեր հաւաքական մտածումը կը կեդրոնացնէ իր վրայ:

Տեսնենք, թէ ինչի՞ մէջ կը կայանայ մայիս 28-ի «խորհուրդը մեծ եւ սքանչելին»:

Պատմաբաններ յաճախ կը խորաքննեն պատմական դէպքերը եւ «ԵԹԷ»-ներու վրայ կը յանգին եզրակացութիւններու: Ֆրանսացի պատմագէտ մը իր վերլուծումներէն մէկուն մէջ կ՛ըսէր. Բիւզանդիոն քաղաքական հեռատեսութիւն եթէ ունենար եւ 1045-ին կործանած չըլլար Բագրատունիներու թագաւորութիւնը, Մանազկերտի մէջ  1071-ին պիտի չպարտուէր սելճուքներէն, սելճուքներուն պիտի չյաջորդէին թուրքերը, ապա ուրեմն  այսօր գոյութիւն պիտի չունենար Թուրքիան, որով մարդկութեան պիտի խնայուէին այսքան չարիք ու տառապանք, եւ հայերը 900 տարի պետականազուրկ ժողովուրդ պիտի չդառնային: Ուրիշ վերլուծող մը կ՛ըսէ. եթէ նացիզմը շահէր պատերազմը, աշխարհը պիտի չըլլար այն, ինչ որ է հիմա… եւ այլն: Այսպէս, «ԵԹԷ»-ներու  պատկերացումներով հետեւութիւններ կը կատարեն: Մինչդեռ գիտենք, որ Թուրքիան կայ, նացիզմը պարտուեցաւ:

«Եթէ»-ներու վրայ կառուցուած պատմութիւնը ու անոր յաջորդած հետեւութիւնները մտացածին են, անիրական, եւ այդ պատճառով ալ` անարժէք:

Սակայն մեր նորագոյն պատմութեան մէջ կայ  «ԵԹԷ» մը, որուն հետեւութիւնը իրական է այնքան, որ անիկա նոյնիսկ կը կազմէ բուն արժեչափը Սարդարապատի յաղթանակին ու անկախութեան հռչակումին:

Սարդարապատի մէջ վճռական յաղթանակ եթէ  չունենայինք, ամբողջ Արեւմտահայաստանը անծայրածիր գերեզմանոցի վերածելէ ետք, Թուրքիան սպանդի պիտի ենթարկէր նաեւ հայութեան մնացորդացը` արեւելահայութիւնը, եւ Հայաստան ու հայութիւն գոյութիւն պիտի չունենային: Թերեւս հոս-հոն հայեր վերապրէին, բայց հայութիւն` իբրեւ ազգ ու պետութիւն, ո՛չ: «ԵԹԷ»-ի վրայ այս հետեւութիւնը այնքան յստակ է, որքան արեւը` պայծառ երկնքի մէջ:

Սարդարապատի խոյանքը զինուորական յաղթանակ էր: Զէնքի յաղթանակը սակայն լիարժէք կը դառնայ այն պարագային, երբ կը պսակուի նաեւ քաղաքական ու դիւանագիտական յաղթանակով:  Այլապէս անիկա ատենի մը համար կը վերածուի ազգի եսասիրութիւնը շոյող, սերունդը հպարտացնող յիշատակի ու ժամանակին հետ կը տժգունի, կը մոռցուի:

Աւարայրի մէջ զէնքի յաղթանակը մասնաւոր նշանակութիւն մը չունեցաւ պարսիկին համար, քանի որ հայութեան չկրցաւ կրօնափոխութիւն պարտադրել:

Սարդարապատի յաղթանակը պատմական բովանդակութիւն ստացաւ ու լիարժէք դարձաւ քաղաքական աքթով` անկախութեան հռչակումով ու պետականութեան կառուցումով:

Ուրեմն, մայիս 28-ի տարեդարձը օտարի տիրապետութիւնը թօթափելու եւ անկախութիւն հռչակելու օր չէ միայն, այլ է՛ նաեւ ու մանաւա՛նդ ազգի լինելութիւնը փրկող, մեր վերապրումը ապահովող յաղթանակի օրուան տարեդարձն է:

Ի՞նչ պիտի արժէինք եւ ինչպիսի՞ պատկեր պիտի ներկայացնէինք մենք հիմա, եթէ մայիս 28 չունենայինք: Լաւագոյն պարագային պիտի նմանէինք ասորիներուն` անհայրենիք, աննպատակ, անհեռանկար համայնքի մը վերածուելով:

Մայիս 28-էն առաջ  մեր հայրենիքին մէջն էինք, բայց հայրենիքը մեզի չէր պատկաներ: Անկէ առաջ կրօնական համայնք էինք, անով ա՛զգ դարձանք եւ մեր պատմութեան մէջ առաջին անգամն ըլլալով ծնաւ-կերտուեցաւ ՀԱՅ ՔԱՂԱՔԱՑԻՆ: Ահա թէ ինչո՛ւ` խորհուրդ մեծ եւ սքանչելի:

Միայն երկու տարուան կարճատեւ ու անասելի դժուարութիւններով լի կեանք ունեցաւ 1918-ի անկախութիւնը:  Բայց այդ երկու տարիները բաւեցին, որ միջազգային ատեանի` Սեւրի մէջ հաստատագրուի միացեալ Հայաստանի մեր իրաւունքը,  հիմնովին  յեղաշրջուի հայ մարդուն քաղաքական մտածողութիւնը, եւ սերունդներուն առջեւ բացուի ազգին պատմական ճանապարհը, որուն կողմնացոյցը երբեք չկորսնցուց հայութիւնը` Հայաստանէն սփիւռք:

Սփիւռքի պարագային պէտք է ըսուի արժանին. Դաշնակցութիւնն էր, որ հաւատարիմ կողմնացոյցին` հայ զանգուածները փրկեց գնչու դառնալու, գնչուի հոգեբանութեամբ ապրելու վտանգէն` առաջին օրէն ու այնուհետ անոնց ներշնչելով անկախութեան ու միացեալ հայրենիքի տեսլականը, եռագոյնին հպարտութիւնը, «Մեր հայրենիք»-ին յուզումը եւ կուրծքի զարդ դարձուց կորուսեալ պետութեան զինանշանը: Կրնա՞յ գտնուիլ արդարամիտ հայ մարդ, որ առարկէ այս ճշմարտութեան դէմ: Սփիւռքի մաշեցնող պայմաններու  տակ, դպրոցներու շունչով ու ակումբներու մթնոլորտին մէջ տեսիլք հետապնդուեցաւ, այդ տեսիլքով հոգեկան հայրենիք կերտուեցաւ, եւ իրերայաջորդ սերունդներ հաւատարիմ քաղաքացիները դարձան այդ հոգեկան հայրենիքին:

Թող ոչ ոք թեթեւի առնէ այս պատկերը:

Իսկ հայրենիքի մէջ, անկախութեան կորուստէն 70 տարի ետք, պատմական առիթը  հազիւ ներկայացած, հայրենի ժողովուրդը խիզախօրէն  բռնեց այդ ճանապարհը` կողմնացոյցին ցոյց տուած ուղղութիւնը եւ  25 տարի առաջ, 21 սեպտեմբերի հանրաքուէով, իբրեւ շարունակութիւնը մայիս 28-ին, վերահաստատեց  Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ որդեգրեց անոր խորհրդանիշ միեւնոյն դրօշը, քայլերգը եւ զինանշանը:

Հանրաքուէով վերանկախացած Հայաստանն ալ ունեցաւ իր իւրայատուկ «Սարդարապատ»-ը` ղարաբաղեան պայքարը, որ անոր պէս անպայմա՛ն յաղթելու վճռակամութեամբ ոգեւորեց ու զօրաշարժեց ամբողջ ազգը: Այդ վճռականութիւնը մղում կ՛առնէր սարդարապատեան ոգիէն ու փորձառութենէն  եւ այդ օրերուն մեզի սպառնացող ահաւոր վտանգի գիտակցութենէն, որ եթէ չյաղթենք, չկայ ապահովութիւն: Նոյնպէս, առանց Ղարաբաղի լեռնաշխարհային դարպասին` Հայաստանին համար չկայ ապահովութիւն, հայրենիքի անվտանգութիւնը կը մնայ փխրուն ու խնդրական, անկախ այն իրողութենէն, որ Ղարաբաղի  հայապատկանութիւնը անվիճելի է ու  անկասկածելի` թէ՛ պատմական, թէ՛ իրաւական եւ  թէ՛ ազգագրական ու մշակութային-քաղաքակրթական տուեալներով:

Սակայն Ղարաբաղի յաղթանակը չէ պսակուած տակաւին քաղաքական յաղթանակով: Ի զուր կ՛ըլլայ հերոսներու արիւնով շահուած զէնքի յաղթանակը, եթէ դիւանագիտական սեղաններու շուրջ  ընթացող պատերազմն  ալ յաղթութեամբ չպսակենք եւ ի վերջոյ չիրացնենք ՄԻԱՑՈՒՄԸ:

Այն օրերուն (1994), երբ  հայկական բանակի յաղթապանծ յառաջխաղացքին դիմաց պարտուած Ազրպէյճան հոս-հոն կը դիմէր զինադադարի խնդրանքով, մենք չունեցանք քաղաքական այն գործիչը, որ «երրորդ»-ներու միջամտութիւնները անտեսելով` անձնատուութիւն պարտադրէր թշնամիին եւ զինադադարին դիմաց միացումը  հաստատագրուէր: Հետեւանքը աւելի վա՞տ պիտի ըլլար, քան` 22 տարիէ ի վեր շարունակուող բանակցային քաշքշուքը, որուն ընթացքին այնքան երիտասարդ զինուորներ սահմանային դիրքերու վրայ զոհուեցան ազերի արձակազէններու դաւադիր փամփուշտներէն, եւ որ յանգեցաւ այս ապրիլի սկիզբին Ազրպէյճանի շղթայազերծած չորսօրեայ անակնկալ ու հարուածային պատերազմին` հարիւրէ աւելի նոր զոհերով, որոնց հերոսական նահատակութեան առջեւ գլուխ կը խոնարհենք:

Զարմանալի չէ, որ շրթունքի ծառայութեան համար գէթ, նուազագոյն նկատողութիւնն  իսկ չկատարուեցաւ Ազրպէյճանին, որ Մինսքի խմբակ անուանուած միջազգային յանձնաժողովը եւ անոր 22 տարիներու ի գործ դրած բանակցային «ջանքերը» այսպէս կ՛արհամարհէ, Ղարաբաղի դէմ վայրագ յարձակում կ՛որոշէ ու կը գործադրէ…

Ինչ ընենք, քաղաքական աշխարհը այն է, ինչ որ է: Մենք չէ, որ պիտի փոխենք-կրթենք զայն մեր գանգատներով, անոր յոյսեր կապելով կամ յուսախաբութիւններ յայտնելով: Ի վերջոյ, քաղաքական գործիչը այն է, որուն համար իր ազգին ու հայրենիքին շահը վեր է ամէն տեսակ նկատումէ ու նրբազգացութիւններէ: Ինչո՞ւ Ազրպէյճանը նեղացնել Հայաստանի խաթեր համար: Հակառակն ալ ի զօրու է, այնքան ատեն որ այդ տարածաշրջանը շահագրգիռ պետութեանց ներկայ ու ապագայ ռազմաքաղաքական ծրագիրներուն մաս կը կազմէ: Ազրպէյճան ըլլայ կամ Հայաստան` անոնց ծրագիրներուն կրնայ վնասել կամ նպաստել: Ահա նաեւ թէ ինչո՛ւ քաղաքական աշխարհը ընդհանրապէս հանդուրժողական ոճով կը դիմագրաւէ կատարուած իրողութիւնները:

Յամենայն դէպս այս տողերը ստորագրողին համոզումը հետեւեալն է.

ԵԹԷ նոյնիսկ մենք զիջինք մեր յաղթանակը եւ հրաժարինք ազատագրած բոլոր հողերէն, միեւնոյնն է, թուրք-ազերի ցեղային-դաշինք երկեակը պիտի չներէ մեզի, որ  հողի համար զէնքով պայքարեցանք եւ, մանաւա՛նդ, յաղթեցինք:

Մեզի «արտօնուած չէ» պարտուիլ: «Դատապարտուած ենք» յաղթելու այնպէս, ինչպէս Սարդարապատի մէջ յաղթեցինք ե՛ւ զէնքով, ե՛ւ անկախութիւն հռչակելու  քաղաքական որոշումով:

 

 

Նախորդը

Յարգանք Անկախութիւն Կերտողներուն Յիշատակին

Յաջորդը

Մայիսեան Յաղթանակներու Երէկն Ու Այսօրը Կամ Մինչեւ Ե՞րբ Ազգովին Պիտի Հաւատանք Հրաշքներու

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.