Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մայիս 28-ը` Պատուաւոր Թուական Մեր Պատմութեան Մէջ (Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան Կերտիչներու Յիշատակին)

May 28, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

MHM26998

Կ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Մեր մեռելները կ՛ըսեն, թէ մահը կը չքանայ, երբ կայ նպատակը, երբ կայ անոր հասնելու համոզուած մօտեցումը:

Մահը կը վերնայ, երբ կայ նպատակաւոր գոյութիւնը, որովհետեւ մահը աննպատակ գոյութիւնն իսկ է:

Մահը կը ցնդի, երբ մեր հոգիներէն դուրս կը շպրտենք վախի ամէն մտածում եւ զգացում: Մահ չունի այն  անհատը կամ հաւաքականութիւնը, որ ինքնավստահ կը նետուի գաղափարի մը իրագործման առջեւ:

Ժամանակը շատ բան բիւրեղացուց մայիս 28-ի շուրջ եղած գաղափարական խարխափումներէն: Այսօր, երբ Հայաստանի պետականութիւնը մեծ շուքով կը տօնէ մայիս 28-ը, կը նշանակէ, որ իր արժանաւոր տեղը գտած է արդէն այս մեծ թուականը մեր պատմութեան մէջ: Այլ մանաւանդ, կը նշանակէ, որ մայիս 28-ի մեծագործութիւնը նսեմացնելու կամ ուրանալու ամէն տեսակի փորձ ոչ մէկ արժէք կը ներկայացնեն ա՛լ: Կը նշանակէ դարձեալ, որ պատմութիւնը կարելի չէ գրել կամայականութեամբ եւ հատուածական նկատումներով: Ժողովուրդներու կամքն ու հերոսներուն թափած արիւնն է, որ կը գրէ պատմութիւնը:

Այն օրերուն, երբ չարչրկուած թուական մըն էր մայիս 28-ը, մեր հայրենիքի անկախութիւնը կերտող եւ գոյութիւնը ապահովող հերոսներուն աճիւնները գետնին տակէն եւ հրեղէն լեզուներով կը գոռային Սարդարապատի, Բաշ Ապարանի եւ Ղարաքիլիսէի սխրագործութիւնները: Այսօր իր պատուաւոր տեղը կը գտնէ մայիս 28-ը մեր պատմութեան մէջ: Ոչ ոք յաւակնութիւնը կրնայ ունենալ թաղելու ճշմարտութիւնը, որ ուշ կամ կանուխ կը յայտնաբերուի: Այդպէս է, որ 98 տարի ետք, այսօր, մենք կ՛ոգեկոչենք յիշատակը մեր մեծ մեռելներուն` իբրեւ ճշմարտութեան յաղթանակ մը, մեր մեռելներուն արժանապատուութեան յաղթանակը, բռունցքի՛ յաղթանակը, արեա՛ն յաղթանակը:

Իւրաքանչիւր հայ իրաւունք ունի հպարտ ըլլալու մեր մեռելներու ազնուականութեամբ. ահա թէ ինչու Մայիսեան անկախութեան 98-րդ տարեդարձին առիթով, մեզմէ իւրաքանչիւրը պարտի երկիւղածութեամբ խոնարհիլ յիշատակին առջեւ հսկաներուն, որոնք իրենց ամբողջ կեանքը, տաղանդը, հոգին եւ փառքը նուիրեցին, որպէսզի սուրբ, անմահ եւ աներեր մնայ հայութեան շէնքը:

Անգլիացի հռչակաւոր վարչապետ Ուինսթըն Չըրչիլ կը հաստատէ.

«Միայն անոնք, որոնք կրնան իրենց ետին նայիլ ու հեռուն տեսնել, ի վիճակի են առջեւ նայելու եւ հեռուն տեսնելու»:

«Յիշէ զանոնք, որոնք գերեզմանին մէջ ննջելով սուրն իրենց գլխուն ներքեւը դրին», կը հաստատէ Գարեգին Նժդեհ եւ կ՛աւելցնէ, «Քաջաց բարձն է սուրը»:

«Իր ընտիր մեռելների պաշտամունքը չունեցող ժողովուրդը` ապերախտ ու բարբարոս, անարժան է անկախ հայրենիքի, որը միշտ էլ նահատակների սրբազան աճիւնից կը բարձրանայ:

«Մի ժողովուրդ բարոյապէս այնքան ուժեղ է, որքան ջերմ է նրա պաշտամունքը դէպի իր մեծ մեռելները:

«Իր նահատակների, իր անմահների դէմ մեղանչող ժողովուրդը մեծապէս մեղանչում է իր ապագայի դէմ», կը հաստատէ դարձեալ Գարեգին Նժդեհ:

Կարելի է շարունակել այս շարքը: Սակայն պէտք է ըսել, թէ չի բաւեր յիշել մեր մեռելները, հաղորդուիլ անոնցմէ եւ խոնարհիլ անոնց առջեւ, այլ անհրաժեշտ է ամէն բանէ առաջ որդեգրել անոնց գաղափարներն ու աշխատանքը: Արդարեւ, յարգանքի միակ իրական արտայայտութիւնը անոնց ճամբէն քալելն է:

Չըրչիլի խօսքէն մեկնելով` ներկայ չկայ, երբ անցեալը իբրեւ ուղեցոյց չունենանք, ապագայ չկայ, երբ ներկային մէջ անոր տեսլականը չունինք: Անցեալի դէպքերը մնայուն ներկայութեան վերածող ազգերն են, որ յաջողապէս կը նային ապագային: Իսկ եթէ պատահի, որ մենք ի զուր մսխենք մեր մեռելներուն վաստկածը, առանց յիշելու Խաչ պատարագին եւ անոնց նահատակներուն, ինչպէս հրաշալիօրէն պիտի բանաձեւէր Ռուբէնը, «հեռուն անդունդներէն պիտի լսուին մռնչիւնները, նահատակներու ոսկորներուն չըխչըխկոցները, որ կ՛ուզեն գետինը պատռել եւ դուրս արեւ ելնել. Աստուած մի արասցէ, երբ անոնք ցասումով ելնեն, Թուր Կեծակին պիտի աշխատի. սեւ օր կու գայ անոնց, որ առանց յիշելու եւ գործելու ըստ նահատակներու աւանդի, օտար կամքը կ՛ուզեն պարտադրել նահատակներին: Որքան լաւ պիտի ըլլար, եթէ մենք ամէն մի գործի, ամէն մի մտքի համար, նախ եւ առաջ կանչէինք մեր նահատակներին եւ Խաչ պատարագին. այդ պարագային է միայն, որ մեր մեռելները հանգիստ կը քնեն»:

Մեր մեռելները առաքեալներ էին եւ հայոց հանրային կեանքին անոնց տուած նպաստը կը շարունակէ ապրեցնել մեզ: Մեծ է անոնց հմայքը որովհետեւ մեծ է անոնց զոհողութեան ոգին, սկզբունքներուն ուժը եւ հաւատքին խորութիւնը: Վստահ պէտք է ըլլալ, որ մեր մեռելները ձայն ունին գերեզմաններէն ալ անդին:

 

 

 

Նախորդը

Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադրութեան Խորհուրդը` Քաղաքակրթական Առաքելութեան Ընդմէջէն

Յաջորդը

Փրկութեան Լաստը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.