Շուշիի Ազատագրութեան Եւ Վիգէն Զաքարեանի Նահատակութեան 25-ամեակներու Մելիք Գարագաւորեանի Արտասանած Խօսքը
Հաւաքուած ենք այսօր միասնաբար մեծ շուքով եւ հանդիսաւորութեամբ տօնակատարելու Շուշիի ազատագրութեան փառահեղ յաղթանակի 25-ամեակը եւ այդ սրբազան ազատագրութեան ճամբուն վրայ նահատակուած մեր բոլոր ընկերներուն յիշատակին առջեւ անգամ մը եւս խոնարհելու: Որովհետեւ չկայ աւելի՛ վսեմ, աւելի՛ գաղափարական, աւելի՛ վեհ եւ սրբազան բան, քան` ազգի, հայրենիքի եւ արդար դատի համար նահատակուիլը: Հաւաքուած ենք նաեւ միասնաբար ոգեկոչելու, նշելու հայոց պատմութեան նորագոյն էջերը իմաստաւորող...



















