Անդրադարձ

Ինչպէ՞ս Կարելի Է Հանգիստ Ունենալ, Երբ Շուրջբոլորդ Տեղահանուած, Ամէն Ինչ Կորցրած Ազգիդ Մասնիկներն Են

Ինչպէ՞ս Կարելի Է Հանգիստ Ունենալ, Երբ Շուրջբոլորդ Տեղահանուած, Ամէն Ինչ Կորցրած Ազգիդ Մասնիկներն Են

ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱՊՈՒՍԷՖԵԱՆ Սեպտեմբեր 20-ը արցախահայութեան բռնի տեղահանման տարելիցն է: Իրապէս` դժուար ընդունելի, ծանր ապրումների օր, յիշելով այն պայմանները, որով պայքարեցին արցախցիները, փորձեցին պաշտպանել իրենց նուիրեալ հայրենի հողը, սակայն անտեղեակ դաւաճանի ծրագրերից` յայտնուեցին նրա որոգայթում դատապարտուեցին տեղահանման, հայրենի երկրի կորստին: Մինչ մեզնից շատերի համար այս օրը ծանր վկայագրութեան օր է, Հայաստանի իշխանութեան համար, պարզւում է, կրկին թշնամու հետ հանդիպման առիթ...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Տոմս. Սահման Խախտելը Արդարացում Չունի

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Աշխարհի լրատու աղբիւրները` Եւրոպայէն մինչեւ ամերիկեան ու ծայրագոյն արեւելեան երկիրներ, ուրբաթ, 19 սեպտեմբերին ահազանգերու երգչախումբ հնչեցուցին` յայտարարելով, որ ռուսական երեք օդանաւեր խախտած են Էսթոնիոյ օդային սահմանները, հաւաստեցին, որ դէպքը պատահած է Պալթիք ծովու Ֆինլանատա ծովածոցի գօտիին մէջ, Վայնտլու կղզիին վերեւ: Ռուսական օդանաւերը 12 վայրկեան մնացած են էսթոնական օդային տարածութեան մէջ ու ետ մղուած` ՆԱԹՕ-ի պաշտպանական միջոցներուն կողմէ: Արեւմտեան...

Սթափելու Ժամանակը

Ընդդէմ Միակուսակցական Կառավարման

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 34-րդ տարեդարձի համեստ տօնախմբութիւններուն առընթեր տեղի ունեցաւ Քաղաքացիական պայմանագիր կուսակցութեան համագումարը: Համագումարը ընտրեց նոր վարչութիւն, որուն նախագահ դարձաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան: Շուրջ 500-ի հասնող ժողովականները քուէարկեցին եւ ընտրեցին վարչութիւն մը, որուն անդամները կանխորոշուած էին: Նման մեծաթիւ անդամներով համագումարներու մէջ դժուար է թեկնածուներու առաջադրմամբ ընտրութիւն կատարել. այդ պատճառով է հաւանաբար, որ քուէարկութեան արդիւնքներու ամփոփումը եւ յայտարարութիւնը...

Ի Խորոց Սրտի Խօսք… «Հապիպ»-ին

Ի Խորոց Սրտի Խօսք… «Հապիպ»-ին

Զ. Թ. Վա՜յ, արդէն իսկ մահուան քառասո՞ւնքն է: Այսպէ՜ս ուրեմն, մեր սրտին խօսող` բառացիօրէն մեր սրտին սիրելին` «Հապիպ ալպի»-ն ալ գնաց, կարճ ու կտրուկ` «Հապի՛պ»-ը: Փոքրերուն համար «Հապիպ ամմօ»-ն էր, իսկ յունահայ ընկերներն ալ «Հապիպիաքի», այսինքն «Սիրելի փոքր Հապիպ» կը կոչէին զինք: Այս բոլորէն ետք, հաւանաբար շատերու համար նուազ ծանօթ պիտի թուի Գէորգ Փափազեան անունը: Անուան այս տարբերակներուն առնչութեամբ իսկ...

Արարատը Պետական Կնիքէն Ջնջելը Խաղաղութիւն Չի Բերեր. Զայն Ջնջելով` Մենք Զմեզ Կը Ջնջենք

Արարատը Պետական Կնիքէն Ջնջելը Խաղաղութիւն Չի Բերեր. Զայն Ջնջելով` Մենք Զմեզ Կը Ջնջենք

ՌՈՒԲԷՆ ՃԱՆՊԱԶԵԱՆ Երբ մարդիկ խորհրդանիշներուն հետ կը խաղան, կը խաղան նաեւ յիշողութեան հետ, պատմութեան հետ: Ու պէտք չէ զարմանալ, երբ պատմութեան հետ խաղալը խիստ վտանգաւոր հետեւանքներ ունենայ... Վերջերս Միացեալ Նահանգներու մէջ Թրամփի վարչակազմը ԱՄՆ Ազգային այգիներու ծառայութեան (National Parks Service) հրահանգած է` ստրկութեան մասին լուսանկարչական ցուցանակները (ներառեալ` 1863 թուականի «Խարազանուած մէջք»-ի խորհրդանշական լուսանկարը) բազմաթիւ վայրերէ հանել` պատմութիւնը «վերականգնելու» ու «նախատինքի»...

Նշմար.  Գործնական Փոթորիկ Բոլո՛ր Ոճիրներուն Դէմ

Նշմար. Գործնական Փոթորիկ Բոլո՛ր Ոճիրներուն Դէմ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու Եութա նահանգի մէկ համալսարանի շրջափակին մէջ, Չարլի Քըրք անունով քաղաքական գործիչի մը սպանութիւնը` 10 սեպտեմբերին, հսկայ փոթորիկ ստեղծեց երկրի տարածքին` ներգրաւելով միջազգային լրատու աղբիւրներու եւ մեկնաբաններու լուսարձակները: Քըրք հանրապետական երիտասարդ գործիչ մըն էր, որ նախագահ Թրամփի (եւ հանրապետականներուն) ի նպաստ լայնածաւալ աշխատանք տարած է յատկապէս երիտասարդներու շրջանակին մէջ: Կենսագիրները կ՛ըսեն, որ ան այս գործին ներգրաւուած է...

«Ալիք»-ի Խմբագրական.  Արարատը` Մեր Ինքնութեան Յենասիւնը

«Ալիք»-ի Խմբագրական. Արարատը` Մեր Ինքնութեան Յենասիւնը

2025 թուականի նոյեմբերի 1-ից Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանային կնիքներից հանւում է Արարատ լերան պատկերը: ՀՀ կառավարութեան այս որոշումը, որը ոմանց համար առաջին հայեացքից կարող է թուալ աննշան կրաֆիքական փոփոխութիւն, իրականում վտանգաւոր է խորհրդանշական, հոգեբանական եւ քաղաքական իմաստներով: Սա հերթական, բայց, միեւնոյն ժամանակ, ամենացուցադրական քայլն է գործող վարչախմբի կողմից` ուղղուած հայ ժողովրդի ազգային ինքնութեան պատմական հիմքերի կազմաքանդմանը: Եւ որքան էլ դա փորձեն...

Հայու Շահը Եւ Իրաւը

Հայու Շահը Եւ Իրաւը

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Հայաստանի վարչապետը յայտարարութիւններ կ’ընէ, եւ զինք լսող ողջախոհ հայը եւ հայու բարեկամը շուարումի կը մատնէ: Ան  յայտարարեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումները ո՛չ մէկ շահ բերած են Հայաստանի: Չէ ըսած, թէ ի՞նչ վնաս բերած են: Եթէ ըսէր, կը հասկնայինք ազգի շահ-վնասի ըմբռնումը: Հայաստանի քաղաքական շահը մի՞թէ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի շահի եւ վնասի ըմբռնումէն տարբեր է: Այդ ժողովուրդը ՀԱՅ Ա՞ԶԳն...

Փաշինեանի Կառավարութիւնը Ներսէն Կը Քանդէ Հայաստանը

Փաշինեանի Կառավարութիւնը Ներսէն Կը Քանդէ Հայաստանը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Հայաստանի ճգնաժամը կը խորանայ: Ամէն օր երկրին անձեռնհաս կառավարողները մաս առ մաս կը թօթափեն ինքնիշխանութիւնը` քանդելով այն պետութիւնը, որուն պաշտպանութեան համար ընտրուած են: Այժմ Հայաստանի ղեկավարները արձագանգը կ՛ըլլան երկրի ոխերիմ թշնամիներուն` Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն դիրքորոշումներու, կարծէք` անոնք կը տիրեն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի աթոռին` Երեւանի մէջ: Նախորդ շաբաթ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնատարները շարք մը հակասական եւ հակահայկական յայտարարութիւններ կատարեցին:...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Քաղցկեղը Եւ Մենք

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Թշնամին Եւ Իր Գործակալները

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ Պատմութիւնը վկայած է տարբեր ցեղերու եւ ժողովուրդներու մէջ գտնուած դաւաճաններու մասին, որոնք իրենց ազգին դաւաճանած են` անձնական զանազան տեսակի վարձատրութիւններու դիմաց: Հազուադէպ եղած են ղեկավարութեան մակարդակի դաւաճաններ, որոնք հսկայ վնասներ հասցուցած են իրենց ժողովուրդին եւ հայրենիքին: Այսօր ականատես ենք այդ հազուադէպ ղեկավարներուն, որոնք աներեւակայելի ձեւով յանձնուած են թշնամիին: Վերջին տարիներուն Հայաստանի մէջ առկայ է անբացատրելի երեւոյթ մը`...

Հռչակագիրն Ու Սահմանադրութիւնը Հիմք`  Իսկական Անկախութեան Վերականգնումին

Հռչակագիրն Ու Սահմանադրութիւնը Հիմք` Իսկական Անկախութեան Վերականգնումին

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Երնէ՜կ, թէ այս Նոր տարին Ազատ շնչէր Հայաստան, Եւ շուրջ Մասիս մեր սարին Փայլէին արտ-անդաստան: ՌԱՓԱՅԷԼ ՊԱՏԿԱՆԵԱՆ Ամէն տարի, երբ կը դիմաւորենք 21 սեպտեմբերի տօնը` Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան վերահաստատման յիշատակի օրը, հայ քաղաքական միտքի ու ժողովուրդի հորիզոններուն վրայ անխուսափելի զուգորդում կը ստեղծուի նախընթաց քանի մը պատմական իրադարձութիւններու հետ: Առաջինը` Հայաստանի անդրանիկ հանրապետութեան հռչակումն (ու ճանաչումն) էր, 28 մայիս...

Անկախութեան Հռչակագիրէն Հանրաքուէ Եւ Անկախութեան Հռչակում

Անկախութեան Հռչակագիրէն Հանրաքուէ Եւ Անկախութեան Հռչակում

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ 21 սեպտեմբեր 1991-ին, Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը (խորհրդարանը) հրապարակեց պատմական որոշում մը. «Որոշում Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան հռչակման մասին»: Ահաւասիկ այդ որոշումը. «Հաւատարիմ մնալով Հայաստանի անկախութեան մասին Հռչակագրին, յենուելով մարդու իրաւունքների եւ ազգերի ազատ ինքնորոշման միջազգային նորմերի վրայ, «Նպատակ ունենալով ստեղծել ժողովրդավարական, իրաւական համակարգ, հիմք ընդունելով 1991 թուականի սեպտեմբեր 21-ի` ԽՍՀՄ կազմից դուրս գալու մասին անցկացուած հանրաքուէի արդիւնքները, «Հայաստանի...

Օրախնդիրը Համազգային Կարողութիւններու  Միաւորումն Է

Օրախնդիրը Համազգային Կարողութիւններու Միաւորումն Է

ՄԻՀՐԱՆ ՔԻՒՐՏՕՂԼԵԱՆ Հայրենիքի վերանկախացման տարեդարձին առիթով երբ փորձենք տեսադաշտի մէջ բերել  Հայաստանի պարզած քաղաքական կեանքը, ինչպիսի՛ պրիսմակէ եւ ո՛ր անկիւնէ ալ դիտենք, մեր աչքին պիտի պարզուի անմխիթար պատկեր մը, եւ պիտի ըլլանք ականջալուր` վտանգներու մասին: Կայ շուար ու քաղաքական յստակ ու ազգային կողմնացոյցէ զուրկ իշխանութիւն  մը, որ 44-օրեայ պատերազմի ամօթալի պարտութենէն, ապա նաեւ, ապիկարութեան իբրեւ հետեւանք, Արցախի դաւաճանական կորուստէն ետք,...

Այն Ատեն Հայրենասէր Էիք, Իսկ Հիմա Ինչպիսի՞ն Էք, Պարո՛ն Վարչապետ (21 Սեպտեմբեր1991)

Այն Ատեն Հայրենասէր Էիք, Իսկ Հիմա Ինչպիսի՞ն Էք, Պարո՛ն Վարչապետ (21 Սեպտեմբեր1991)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ «Պիտի հասնինք, սրբազան լեռ, կատարիդ» ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԾԱՌՈՒԿԵԱՆ, «Ուխտ Արարատին» Որպէսզի ընթերցողը լաւապէս ըմբռնէ խորագրի միտք բանին, յստակացնել է պէտք, որ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 20 յունիս 2025-ին Պոլսոյ մէջ յայտարարած է, թէ օրին, 2019-ին, երբ ըսած է. «Արցախը Հայաստան է եւ վերջ», ինք «այդ բառերը օգտագործած է, քանի որ հայրենասէր էր»: Շա՛տ աղէկ: Ուստի արդար է նաեւ հնչեցնել...

Սեպտեմբեր 21

Սեպտեմբեր 21

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ  Մեր պատմութեան նոր փուլին սեպտեմբեր 21-ը իր ուրոյն տեղը ունի: Փաստօրէն անցնող տասնամեակներուն ունեցանք սերունդ մը, որ տեսաւ, այցելեց, վայելեց Հայաստանի անկախ ու ազատ հանրապետութիւնը: Շրջանային եւ մեծապետական խաղերու զոհ Հայաստանը, բոլոր ժամանակներէ աւելի, այսօր  կարիքը ունի համախմբուած ըլլալու: Եկեղեցի-պետութիւն, Արցախ-Հայաստան, Հայաստան-սփիւռք, իշխանութիւն-ընդդիմութիւն` բոլորը միասին վիրաւոր եւ ոչ բաղձալի կացութեան մէջ են: Տարեդարձները առիթ են վերատեսութեան ենթարկելու ի՛նչ...

Անկախութեան 34-Ամեակ.  Հայաստանի Խորհրդային Միութենէն Անկախացման Պատմական Գործընթացը

Անկախութեան 34-Ամեակ. Հայաստանի Խորհրդային Միութենէն Անկախացման Պատմական Գործընթացը

Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը 23 օգոստոս 1990-ին ընդունեց «Հայաստանի անկախութեան մասին» հռչակագիրը, որուն հիմամբ ընթացք առաւ Խորհրդային Միութենէն անկախացման գործընթացը: Պետական դրօշ հաստատուեցաւ Եռագոյնը, այնուհետեւ ընդունուեցաւ պետականութեան խորհրդանիշ զինանշանը: Խորհրդային Միութեան ղեկավար Միխայիլ Գորբաչով որոշեց 17 մարտ 1991-ին հանրաքուէ կազմակերպել: Մասնակիցներուն մեծ մասը թեր արտայայտուեցաւ Խորհրդային Միութեան պահպանման` իբրեւ ինքնավար հանրապետութիւններու միութիւն: Հանրաքուէին չմասնակցեցան Լաթվիա, Լիթուանիա, Էսթոնիա, Մոլտաւիա, Վրաստան եւ...

Հայաստանի Հանրապետութեան 34-րդ Տարեդարձին Առիթով

Հայաստանի Հանրապետութեան 34-րդ Տարեդարձին Առիթով

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ 21 սեպտեմբեր 2025-ը Հայաստանի Հանրապետութեան 34-րդ տարեդարձն է: Երեսունչորս տարիներ առաջ, 21 սեպտեմբեր  1991-ին Հայաստան ընդհանուր յաղթանակի զգացումով արտայայտեց իր անկախութեան որոշումը եւ ազատ, անկախ ու գերիշխան ապրելու իր կամքը: Անշուշտ պէտք չէ մտահան ընել, որ այս բարեբաստիկ, տարեդարձը Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան տարեդարձն էր: Սա կը նշանակէ, որ ներկայ Հանրապետութենէն առաջ ունեցանք առաջին եւ երկրորդ...

Հայաստանի Անկախութիւնը Եւ Ազգային Արժէքներու Կորուստը

Հայաստանի Անկախութիւնը Եւ Ազգային Արժէքներու Կորուստը

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Հայ ժողովուրդի դարաւոր պատմութեան մէջ անկախութեան ձգտումը եղած է համազգային երազ: Այդ երազը սերունդէ սերունդ կը փոխանցուէր` պայքարի, երգի, գրականութեան եւ աղօթքի ընդմէջէն: Իւրաքանչիւր հայ իր ներաշխարհին մէջ կը կրէր ազատ հայրենիքի տեսիլքը: Խորհրդային Միութեան փլուզումէն ետք երազը դարձաւ իրականութիւն: Պատմութիւնը հայ ժողովուրդին վերադարձուց դարեր շարունակ հոգիներու մէջ պահուած գանձը: Այդ օրը մեզի ոչ միայն պարգեւեց դրօշ, պետականութիւն,...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Լիբանանի Օրինակով Վերականգնել Հայաստանը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Լիբանանի Օրինակով Վերականգնել Հայաստանը

ՀՐԱՅՐ ՆԱՀԱՊԵՏԵԱՆ Վերջերս այցելեցի ծննդավայրս` Լիբանան: Օրերով շրջելով Պէյրութի թաղամասերուն մէջ` կը նկատէի քաղաքական, հասարակական եւ ժողովուրդին վարքագծային փոփոխութիւնները` նոր ընտրուած կառավարութեան հանդէպ: Երեկոյ մը, նստած պանդոկին պատշգամին, վառած էի սիկար մը եւ խորունկ մտորումներու մէջ էի: Մտածեցի, թէ ինչո՞ւ Լիբանանի փորձէն դասեր չ՛առներ Հայաստանը: Կ՛ուզեմ հաստատել, որ քաղաքագէտ չեմ, այլ` մտահոգ հայ մը: Լիբանանը երկու տարուան նախագահական աթոռի թափուր...

Կարօտի Նամակ  (Սարհատ Գարակէօզեանի Յիշատակին)

Կարօտի Նամակ (Սարհատ Գարակէօզեանի Յիշատակին)

Կ. ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ Տարիները արագ կը թաւալին, սիրելի՛ Սարհատ: Կարօտի զգացումը կը սեղմէ հոգին իւրաքանչիւրի, որ քեզ մօտէն ճանչցած է: Անժամանակ մահդ, կարծես, երազ մը ըլլար: Անմեղ եւ սիրուն ժպիտդ, կենսուրախ հոգիդ, շէնացնող ու ընկերական մթնոլորտ ստեղծող ներկայութիւնդ թէեւ յիշատակ դարձած են, այդուհանդերձ, մեր մտքին մէջ կը տողանցեն եւ կ՛ուրուագծեն պայծառ դէմքդ, որ դրոշմուած է բոլորիս սրտին մէջ: Մահէդ չորս տարի...

Page 62 of 808 1 … 61 62 63 … 808

Արխիւներ