Խմբագրական «Նոր Յառաջ»-ի. Արժանահաւատութեան Ուղին
Ֆրանսա եւ Հայաստան յետ ընտրութիւններու կազմեցին նոր կառավարութիւն: Վերլուծաբաններ եւ կուսակցութիւններ մանրակրկիտ կը քննարկեն կառավարութեանց դիմակայելիք մարտահրաւէրները: Թէեւ, Ֆրանսայի պարագային, վարչապետ Ֆիլիփ կառավարութեան քաղաքականութեան ծրագիրը տակաւին չէ ներկայացուցած, սակայն արդէն ընդհանուր գիծերու մէջ գաղափարները արտայայտուած են` աշխատանքային օրէնսդրութեան հիմնական փոփոխութիւն, միջազգային ահաբեկչութեան դէմ ազգային ապահովութեան ամրապնդման համար նոր օրէնսդրութիւն, կրթական համակարգի բարեփոխում, հանրային կեանքի բարոյականացում, ինչպէս նաեւ` պետական պարտքի եւ...


















