Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տեսակէտ. Թուղթ Առ Իշխանաց Հայոց

Հոկտեմբեր 17, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴԱՆՕ

tano-2_101716

Հազիւ «Մարիոթ»-էն  դուրս կու գամ, պատահմամբ Արէնին կը հանդիպիմ: Արէն Պոլսոյ մէջ 100 ոսկերիչ-արհեստաւոր ունեցող գործատեղի մը ունի, կ՛արտադրէ արծաթէ զարդեղէններ, կը մասնակցի Հոնք Քոնկի, Տուպայի, Լաս Վեկասի եւ այլ ցուցահանդէսներու: Կ՛արտածէ ամբողջ աշխարհ: Հարցուցի Հայաստանի մէջ բացած նոր գործատեղիին մասին, թէ` քանի՞ աշխատաւոր ունէր, գործերը ինչպէ՞ս կ՛ընթանային: «Շա՛տ լաւ» ըսաւ, եւ շարունակեց «Տաճիկին մէկ տարիէն սորվածը հոս երեք ամիսէն կը սորվին: Քիչ մը դժուարութիւններ ունիմ: Ֆրանսայէն քանի մը քիլօ արծաթ բերի, մաքսայինը երեք ամիս ապրանքս բռնեց, չձգեցին, որ արծաթը դուրս հանեմ: Ես ամէն ինչ օրէնքով կ՛ուզեմ ընել, հազա՛ր տուրք կու տամ, քան` հարիւր կաշառք: Ես ալ երեք ամիս անգործ աղջիկներուն ամսականը տուի: Անիկա հարց չէ, կու տամ, բայց կ՛ուզէի, որ աւելի շուտ յառաջ երթային: Իր կողքը կանգնած Էֆրիմը  մէջբերեց, «Նայէ՛, Դանօ՛, մենք հոս դրամ շահելու չենք եկած, եկած ենք օգնելու, կը սպասենք, կը փոխուի»: Կը փոխուի՞: Անկասկած: Եթէ ճիշդ ուղղութեամբ յառաջանաք: Իրենք յամէնայն դէպս կը սպասեն: Ուրիշները ձգեցին ու գացին, բայց իրենք կը սպասեն: Առ ի տեղեկութիւն  արեւմտեան սփիւռքի այաթոլլաներէն անոնց, որոնք որեւէ պատճառով կը մրոտեն Թուրքիա մնացած հայերը, աշխարհի ամէնէն ազգասէր հայերը պոլսահայերն են: Անոնք այնքան ըկնճուած են տասնամեակներ շարունակ, որ Հայաստանը իրենց համար ծարաւէն մեռնողին համար ջուրին պէս է: Յիսուն հազար հաշուող գաղութին մէջ 16 դպրոց ունին, որոնցմէ նուազագոյնին տարեկան ծախսը մէկ միլիոն տոլար է, եւ ոչ միայն իրենք իրենց դպրոցներուն կը հոգան` առանց մէկու մը ձեռք երկարելու, այլ պէտք եղած ատենը ուրիշ գաղութներուն ալ կը հասնին:

Այր մի իջանէր յԵրուսաղեմէ յԵրիքով,…

Դուրս կու գամ «Մարիոթ»-էն եւ կը քալեմ` առանց ուշադրութիւն դարձնելու անցորդներուն: Եթէ նոյնիսկ մայրս դիմացս ելլէ, պիտի չանդրադառնամ: Ես մէկ տեղ եմ` միտքս ուրիշ տեղ: Կ՛ուղղուիմ դէպի Հիւսիսային պողոտայ: Ասի Երեւանը չէ, ասի Տիզնիլենտ է: Էմփորիօ Արմանի, Հերմես, Կուչչի: Վա՜յ, նեղ ճամբէն ինկեր եմ «Լայն Ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանէ»: Կ՛անցնիմ պարոն նախարարին խանութին առջեւէն: Գեղեցիկ փեղկերուն մէջ ցուցադրուած են աշխարհի ամէնէն ընտիր ժամացոյցները A. Lange & Sonne, Breguet, Glashutte, Jaquet Droz: Չէ՞ք լսած այս անունները: Բնական է: Ձեզի ըսի` հոս Երեւան չէ, ոչ ալ Փարիզի, Լոնտոնի կամ Նիւ Եորքի նորմալ թաղերէն մէկը: Հոս Տիզնիլենտ է: Ժամացոյցներու գիները` 150.000, 200.000, 250.000: Դրամ չէ, տոլա՜ր:

Կարապի լիճի մօտի սրճարանը հանդիպում մը կ՛ունենամ Ղարաբաղեան շարժումը նախաձեռնողներէն Արամի հետ: Տէր Պէտրոսեանի սկիզբի շրջանին Արամ նախարար եղած էր. սակայն եղելութիւններու ընթացքը նկատելով` շուտով հրաժարած էր: Մեր առաջին հանդիպումն է: Ղարաբաղեան շարժման, ընդհանրապէս մտաւորական կամ գիտնական անդամներուն նման, Արամը ազգասէր, անձնուէր, իմաստուն անձ մըն է:  Բացատրեց. «Դանօ՛, ձեր միտքերը շատ առողջ են, սակայն սփիւռքէն անդին` պէտք է գրէք նաեւ հայրենիքի ժողովուրդին: Հոս մարդիկ քաղաքական հասունութիւն չունին. Իրենց համար նորմալ բան է, որ այս այսինչին է, Օրանժը այսինչը վերցուցեր է: Իրենց համար նորմալ բան է, որ օրէնսդիր մարմինը գործադիր ալ ըլլայ, պիզնեսմեն ալ ըլլայ, որ` պարոն նախարարը չի հանդուրժեր, որ Հիւսիսայինի վրայ ժամացոյցի ուրիշ խանութ բացուի …»: Արամ կը բացատրէ որ այս կացութեան մէջ, ընտրութիւններու ժամանակ, «սաղ ժողովուրդը» կը քուէարկէ անոր, որ իրենց տասը, կամ քսան տոլար կու տայ:

Մեր պատանեկութեան շրջանին, ներկայիս ալ, մենք` սփիւռքահայերս, մեր մտքին մէջ բարձրացուցած, հերոսացուցած ենք հայրենիքի զուլա՛լ օդը շնչող եւ մաքուր ջուրը խմող ժողովուրդը, հոն տեսած ենք միայն Համբարձումեաններ, Տիգրան Պետրոսեաններ: Հիասթափուած եմ. Երիքովը անցանք, կը մօտենանք Սոդոմ-Գոմորին` կործանման:

Ո՛վ հայրենի ժողովուրդ, մեր հայրերը կեանքերնի՛ն զոհեցին խղճի, մտքի ազատութեան համար, դուք տասը տոլարի ձեր հոգի՞ն կը ծախէք: Ծախեցէ՛ք, ուզածնիդ ըրէք, սակայն հայրենիքը ծախելու իրաւունք չունիք: Զգաստացէ՛ք: Զգաստացէ՛ք: Զգաստացէ՛ք:

Պարո՛ն նախարար, դուք Արէնէն ի՞նչ կ՛ուզէք: Արդէն բաւական չունի՞ք: Մոռնանք քաղաքական ուղղութիւնը, ամբողջութիւնը, հայրենասիրութիւնը. Դուք պարզ խի՞ղճ ալ չունիք: Մարդիկ իրենց գործէն, հանապազօրեայ հացէն զրկելու: Արժանապատուութիւ՞ն ալ չունիք: Դուք ձեզ հայելիի մէջ կը նայի՞ք առաւօտները: Արդեօք կը մտածէ՞ք, թէ մարդիկ ձեզ ինչպէս կը տեսնեն:

Ռոստո՛մ, տե՛ս, ունինք ազատ, անկախ Հայաստան: Ազա՞տ. անկա՞խ: Տե՛ս, քու իրաւացի ժառանգորդներդ: Գաղջ են: «Երանի թէ տաք կամ պաղ ըլլային»: Եւ իրենց գաղջութեամբ` թմրած, հաշտուած են կացութեան հետ: Կա՛յծ մը տուր իրենց, թող արթննան, կայտառանան:

tehlirian_101716Պարո՛ն Թեհլիրեան, վե՛ր կացէք: Վե՛ր կացէք ու տեսէք: Հարիւր տարի ետք շատ բան չէ՛ փոխուած, կարմիր ջարդը դարձեր է ճերմակ ջարդ: Գաղթագնացութիւնը, Տէր Զօրի փոխարէն, դէպի Մոսկուա, դէպի Փարիզ, դէպի Լոս կը կազմակերպուի: Թալէաթ փաշան ալ նախարարի տարազ հագուած է:

Ժողովողը կ՛ըսէ. «Համրին տեղը դուն խօսիր, իր դատը դուն պաշտպանէ»: Ժողովուրդը խուլ եւ համր է, կոյ՛ր է, տեսիլք չունի: Պարո՛ն Թեհլիրեան, կը խնդրեմ, վե՛ր կացէք: Տեսէ՛ք: Կը խօսի՛մ ժողովուրդին տեղ, սակայն այս մարդիկը իմ լեզուէս չե՛ն հասկնար…

Ո՛վ հայոց իշխաններ` Սիւնիքի, Վասպուրականի, Կիլիկիոյ. իշխաններ, որ կը գտնուիք Մոսկուա, Ժընեւ, Լոնտոն, Պոսթոն, Լոս Անճելըս, Պուէնոս Այրես: Ի՞նչ շշմած կը դիտէք: կը խնդրեմ, շարժեցէ՛ք: Ձեր լեզուով, ձեր հզօրութեամբ խօսեցէք այս մարդոց: Մի՛ խանգարէք պարոն Թեհլիրեանին քունը. մի՛ սպասէք, որ բողքականը նորէն բողոքէ,  ելլէ ֆերկու խօսք իր լեզուով խօսի ասոնց:

Կը խնդրեմ, միացէ՛ք: Որքան որ ալ հզօր ըլլաք, մինակնիդ գլուխ չէք կրնար ելլել: Եկէ՛ք` հաւաքուինք, միանանք, ցուլը բռնենք կոտոշներէն, զօրութեամբ, միասին…

Պէյրութ, սեպտեմբեր 5

 

 

Նախորդը

Գիտնականները Ապացուցած Են Հայ Ժողովուրդի Ծագման Մասին Մովսէս Խորենացիի Ճշմարտացիութիւնը

Յաջորդը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Թափանցիկ Ներդրումի Տեսլականը

RelatedPosts

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ի Զուր Կը Հնչեն Ահազանգները Մեր… (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սլաք.  Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն  Մէջ  Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան
Անդրադարձ

Սլաք. Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն Մէջ Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?