Բարի Լոյս 33. Գուրգուրալ Երեւոյթին Վրայ
ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Անցնող ամիս, Համազգայինի Լիբանանի ընտանիքը իր «Բարսեղ Կանաչեան», «Թորոս Ռոսլին», եւ «Գայեանէ» գեղարուեստի դպրոցներու տարեփակի հանդիսութիւններով եւ ելոյթներով, ինչպէս նաեւ «Կարկաչ» եւ «Գուսան» երգչախումբերու ձեռնարկներով, «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբի ներկայացումով եւ վերջապէս «Քնար» պարախումբի բացառիկ կատարումով մշակութային համակող մթնոլորտ մը ստեղծեց գաղութին մէջ: Մօտաւորապէս 1000-ի հասնող մանուկ, պատանի եւ երիտասարդ սերունդներու տղաք ու աղջիկներ, հայ մշակոյթի շունչով համախմբուելու երեւոյթը...



















