Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վատնուած Առիթներ… Հայաստանէն Լոս Անճելըս

October 11, 2016
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

VATCHE-PROUDIAN1-fՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

Այո՛, անցող մէկուկէս տարուան ընթացքին մեզի ներկայացան  ազգային հաւաքական կամքը ամրապնդելու մէկէ աւելի առիթներ,  որոնց մէկ մասը օգտագործուեցաւ, իսկ միւս մասն ալ անհասկնալիօրէն անտեսուեցաւ:

Անցեալ տարի, հարիւրամեակի օրերուն, Լոս Անճելըսի հայութիւնը աննախընթաց  կերպով հաւաքական ուժ ցուցաբերեց, երբ աւելի քան 160 հազար հոգիով իր մասնակցութիւնը բերաւ պահանջատիրական ցոյցին: Ոչ ոք կ՛ակնկալէր նման թիւ: Այդ օր այդ հսկայ բազմութիւնը, օրինակելի կարգապահութեամբ, իր ձայնը լսելի դարձուց ամբողջ աշխարհին: Կ՛ըսենք` օրինակելի կարգապահութեամբ, որովհետեւ այդ օր թրքական «հակացոյց» մըն ալ կազմակերպուած էր, որուն բացայայտ նպատակն էր գրգռութիւն յառաջացնել, ստեղծել բախումնային հակազդեցութիւն, յատկապէս` երիտասարդ ու տաքարիւն ցուցարարներուն հետ, որպէսզի մամուլին ուշադրութիւնը շեղէ հայկական արդար պահանջատիրութենէն ու պաստառներուն վրայ օտար հանրութեան ներկայացուի ոչ թէ արդարացի պահանջատէրի, այլ` «խռովարար հայու» կերպար:

Աւելորդ է ըսել, որ թրքական այդ փորձը քանի մը վայրկեանէն արդէն ձախողած էր` շնորհիւ ոչ միայն մեր ժողովուրդի առողջ բնազդին, այլեւ հայ ցուցարարներու այն արտասովոր թիւին, որ ինքնին ուժ է: Ուժ մը, որ կարելի չէր անտեսել: Ուժ մը, որուն վրայ պէտք էր գուրգուրալ եւ աճեցնել ու զայն աւելիով հունաւորել ու նպատակասլաց դարձնել:

Մեր համոզումով եւ ինքնաքննադատութեան կարգով, այդ օրէն մէկուկէս տարի անց, տակաւին տեսանելի չէ այդ դրականօրէն ահարկու ուժը Լոս Անճելըսի հայութեան կառավարման մէջ ներգործօն ազդակի վերածելու վարքագիծ ու մտածողութիւն: Փաստը այն է, որ երբ հասաւ «փորձութեան ժամը», այսինքն` ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը, այդ ուժին համապատասխան զօրաշարժ, հակազդեցութիւն եւ ապրում չտեսանք մեր ապրած քաղաքին մէջ:

Դարձեալ, մնալով Լոս Անճելըս, Հայաստանի վերանկախացումի տօնի 25-ամեակին առիթով, այդ տօնին համազօր ի՞նչ հրապարակային-ժողովրդային նախաձեռնութիւն կազմակերպուեցաւ: Ո՛չ մէկ: Ի վերջոյ, տօները առիթներ են, որպէսզի ամրապնդուի ժողովուրդին ազգային հաւաքական կամքը, հայրենասիրութիւնը: Սեպտեմբեր 2-ին, Հայաստանի մէջ, ՀՅ Դաշնակցութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ հրապարակային հաւաք` Արցախի Հանրապետութեան հռչակման առիթով: 21 սեպտեմբերին, պետական որոշումով տեղի ունեցաւ զինուորական տողանցք եւ հայկական զինուժի ցուցադրութիւն` ի շարս համերգներու եւ այլ ձեռնարկներու:

Նոյն առիթով Լիբանանի մէջ տեղի ունեցաւ հաւաք, համերգ` բազմահազար հայորդիներու մասնակցութեամբ:  Հրաւիրուած էին նահատակ զինուորի մը ծնողները, որոնք բեմ բարձրանալով` ոչ միայն իրենց կսկիծը, այլ իրենց հպարտութիւնը յայտնեցին ժողովուրդին:

Մէկ խօսքով, վերանկախացման 25-ամեակը բազմաթիւ վայրերու մէջ առիթ հանդիսացաւ հրապարակային ձեռնարկներով մեր ազգային հաւաքական կամքը ամրապնդելու:

Աններելիօրէն լուռ մնաց Լոս Անճելըսը` իբրեւ համայնք ու կազմակերպութիւններ: Սեպտեմբեր 17-ին իր կազմակերպած համերգ-ցուցահանդէսով մը (քանի մը տասնեակ հոգիի մասնակցութեամբ), «ամօթխած» բացակայութիւն էր մանաւանդ` Հայաստանի Հանրապետութեան հիւպատոսութիւնը:

Ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը, ինչպէս այդ օրերուն մէկէ աւելի յօդուածներով վերլուծած էր այս յօդուածագիրը, ստեղծեց ազգային- հայրենասիրական ու մարտունակ այնպիսի ոգի մը, որ իր կարգին աննախընթաց էր:

Այդ ոգին դիմափոխեց ամբողջ Հայաստանը, ու այլեւս պետական ղեկավարութեան կ՛իյնար այդ ոգին պահպանել, հունաւորել ու զայն մեր ազգային ապահովական համակարգին միաձուլէր: Բառացիօրէն ըսած էինք, որ պետական ղեկավարութիւնը այլեւս պէտք է գործով փաստէ, որ ինք արժանի է կառավարելու այս դիմափոխուած նոր տեսակի Հայաստանը:

Դժբախտաբար այդ օրերուն Հրազդանի մէջ կայացած տեղական ընտրութիւններուն պարզուած ախտավարակ երեւոյթները ցոյց տուին, որ ոչ ոք հետաքրքրուած է նորաստեղծ ոգիին պահպանումով: Ընտրակաշառքը բացէ ի բաց գործեց, ու այդ ձեւով ալ լրջօրէն հարուածեց ազգային հաւաքական բիւրեղացումի առաջնորդող այդ ոգիին: Մատը մատին զարնող ալ չեղաւ Հրազդանի այդ թաղային «հեղինակութիւններուն» ըսելու, որ, տղա՛ք, ի՞նչ կ՛ընէք, ձեր ընտրակաշառքով հարամ մի՛ ընէք մեր նահատակ հերոսներուն թափած արիւնը:

Մէկ խօսքով, պետական կառավարող օղակները բացարձակապէս չգիտակցեցան, որ Հրազդանի այդ օրինակը կրնայ ժխտական վարակ հանդիսանալ ու վերածուիլ համեղ ճաշի պնակին մէջ ինկած ճանճին:

Ահաւոր է հակասութիւնը: Մէկ կողմէ ճակատին վրայ բառացիօրէն մինչեւ վերջին փամփուշտը կրակող ու նահատակուող զինուոր, մէկ կողմէ թշնամի հրասայլեր եւ ուղղաթիռներ խորտակելու բազում հերոսական արարքներ, իսկ միւս կողմէ ու անմիջապէս ասոնց յաջորդող օրերուն` ընտրակաշառքով ընտրութիւն: Չեմ գիտեր, թէ այդ ընտրակաշառքով «ընտրուողը» (ինքնին ազգային դաւաճանութեան համազօր արարք) խղճի ի՞նչ հանգստութեամբ հիմա կը նստի իր պաշտօնական աթոռին, այս յօդուածագրին համար անլուծելի հանելուկ է:

Փաստը կը մնայ այն, որ ո՛չ Հայաստանի պետական մարմինները, ո՛չ ալ սփիւռքը կրցան տէր կանգնիլ յետպատերազմեան այս ժողովրդային վճիտ ներուժին, դրամագլուխին: Ո՛չ սփիւռքը կրցաւ քայլ պահել հայրենաբնակ իր եղբայրներուն ցուցաբերած ոգիին ու մտածողութեան հետ, ո՛չ ալ պետական մարմինները կրցան համապատասխան դասեր քաղել, առնուազն` իրենց վերաբերումին մէջ նոր որակ մտցնելու, կամ ինքնամաքրուելու իմաստով. յատկապէս ինչ կը վերաբերի իրենց վարած ընկերային-տնտեսական քաղաքականութեան, կառավարման մեթոտաբանութեան:

Երեւակայեցէք, թէ ի՛նչ դրական ներգործութիւն կրնար ստեղծուիլ, եթէ պետական- պաշտօնական դիրքի չարաշահումով դղեակներ կառուցած այսինչը յայտարարէր ու գործով ցոյց տար, թէ իրապէս զղջացած է: Չգտնուեցաւ նաեւ մէկը, բարոյական այն հեղինակութիւնը, որ մտերմաբար իր քով հրաւիրէր այդ խաւէն այսինչը, ու զայն համոզէր, որ հիմա՛ է առիթը քաւելու իր մեղքը` յաչս ժողովուրդին ու պետութեան:

Այո՛, ինքնաքննադատութեան կարգով, թերին սրբագրելու սրտցաւութեամբ, անգամ մը եւս պէտք է խօսինք Հայաստանէն մինչեւ Լոս Անճելըս վատնուած առիթներուն մասին, ու ոչ թէ դափնիներու վրայ խոր-խոր քնանանք:

Լոս Անճելըս
6 Հոկտեմբեր 2016

[email protected]

 

Նախորդը

Սուրբ Թարգմանչաց Տօնը` Հայ Ազգային Ինքնութեան Լուսաւորիչ Մշակներուն Տօնը

Յաջորդը

Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետի Գահակալութեան 20-Ամեակը Մեծ Շուքով Նշուեցաւ Լոս Անճելըսի Մէջ

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.