«Ես»-ի Ու «Միւս Ես»-ի Յարաբերութիւնը Գուրգէն Խանջեանի Վէպերուն Մէջ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Գուրգէն Խանջեան այսօր Հայաստանի արձակագիրներու եւ թատերագիրներու երէց սերունդին կը պատկանի, սակայն սփիւռքի մէջ կը մնայ յարաբերաբար անծանօթ անուն մը: Անշուշտ ասոր մէջ որոշ պատճառներ կան. նախ` ան ուշադրութիւն սկսաւ գրաւել Խորհրդային Հայաստանի վերջին եւ նորանկախ Հայաստանի առաջին տարիներուն, երբ քաղաքական-տնտեսական-մշակութային համակարգը քայքայումի, նոյնիսկ փլուզումի մէջ էր. հայրենիքի մէջ հրատարակուած գործերը չէին հասներ արտասահման, առաւել` յարաբերաբար քիչ մը...




















