Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սօս Սարգսեանի Անուան Համազգայինի Պետական Թատրոնի Բարձրորակ Ներկայացումները Լիբանանի Մէջ

Ապրիլ 12, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թատրոնի միջազգային օրուան եւ մշակոյթի վաստակաւոր գործիչ, արուեստագէտ, բեմադրիչ եւ դերասան Սօս Սարգսեանի ծննդեան 90-ամեակին առիթով Համազգայինի «Գասպար Իփէկեան» թատերախումբին վարչութիւնը նախաձեռնեց եւ  Հայաստանէն հրաւիրեց  Սօս Սարգսեանի անուան Համազգայինի պետական թատրոնը, որ 4-7 ապրիլ` 4 երեկոներու ընթացքին լիբանանահայ հանդիսատեսին առիթ տուաւ վայելելու թատերական իւրայատուկ պահեր: 3 թատերախաղերով եւ մէկ յատուկ ծրագիրով` նուիրուած Կոմիտաս վարդապետի ու Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 150-ամեակին, հայ թատրոնի մեծերէն Սօս Սարգսեանի անունը կրող թատերախումբին անդամները ապացուցեցին, որ տակաւին  կարելի է հարազատօրէն ապրիլ թատրոնը եւ զայն ապրեցնել արուեստասէրներուն սրտերուն ու հոգիներուն մէջ:

  «Արի՛ Երազենք»

Թատերախումբին առաջին ներկայացումը հինգշաբթի, 4 ապրիլին էր` ֆրանսացի թատերագիր, դերասան եւ բեմադրիչ Սաշա Կիթրիի «Արի՛ երազենք» կատակերգութեամբ, երկու արարով, որուն բեմադրիչն ու երաժշտութեան ձեւաւորողն է Ժիրայր Փափազեանը:

Մխիթար Աւետիսեանի, Նարինէ Գրիգորեանի, Արման Նաւասարդեանի եւ Նարեկ Բաղդասարեանի դերասանական հմտութեամբ հանդիսատեսին ներկայացուած թատերախաղը  սիրոյ մասին է, յատկապէս` այն մասին, թէ որքանո՛վ համադրելի են սէրը, հաւատարմութիւնն ու երջանկութիւնը:

Ֆրանսացի թատերագիրը, որ երիտասարդ տարիքէն բաւական հռչակ վայելած է արդէն, պատերազմի դաժան ու ծանր տարիներուն իսկ գրած է թեթեւ, անհոգ թատրերգութիւններ, որոնք թարմ շունչ բերած են փարիզեան բեմերուն: «Արի՛ երազենք»-ին հերոսները իրականութեան ծնունդ անհատներ են, անոնց երկխօսութիւնը անմիջական կեանքին պատկերներն են, որոնց մէջ կայ սիրոյ պատմութիւնը` շաղախուած անսահման կատակերգութեամբ:

Ընտանիքի ընկերոջ հրաւէրով ամուսինները ճիշդ ժամանակին կը հասնին հրաւիրողին տունը, սակայն ան հոն չ՛ըլլար: Դէպքերը ընթացք կ՛առնեն հոսկէ, մինչեւ տանտիրոջ յայտնուիլը` նոր նիւթեր ու կացութիւններ կը պատկերուին բեմին վրայ, զոյգին յարաբերութեան մէջ զգալի կը դառնայ այն, որ շատ ջերմ կապի մէջ չեն: Արդարեւ, անսպասելի չէ, որ դաւաճանութիւնը իր ուղին գտնէ, եւ ամուսինը դաւաճանէ կնոջ, որ իր կարգին կը դաւաճանէ ամուսինին` անոր ընկերոջ հետ: Զոյգերու միջեւ յարաբերութիւններու տարբեր դրսեւորումներ կը բեմադրուին թատրերգութեան ընթացքին` միշտ կատակերգական ոճով, պարուրուած հոգեբանական տարբեր վիճակներով, ներքին վերիվայրումներով, սիրոյ գաղափարի զանազան ընկալումներով:

«Յաղթանակի Ծննդոց»
Թատերախաղը

Ուրբաթ, 5 ապրիլ 2019-ին երեկոյեան ժամը 8:30-ին  ներկայացուեցաւ Սառա Նալբանդեանի «Յաղթանակի ծննդոց» թատերախաղը` բեմադրութեամբ Նարինէ Գրիգորեանի:

«Յաղթանակի ծննդոց» ներկայացման երեք հերոսները հայ հանդիսատեսին հրամցուցին պատկեր մը, որուն դէպքերը կը ծաւալին 1990-ական թուականներուն:

Հայաստանի Համազգայինի թատերախումբի դերասանները իրենց բացառիկ տաղանդով ներկաները փոխադրեցին 1990-ական թուականներ, երեք տարբեր վայրեր` արցախեան ազատամարտի ամէնէն թէժ կէտերէն մէկը, սահմանամերձ գիւղ մը եւ ցուրտ Երեւան:

Թատերախաղի ընթացքին իրարմէ ֆիզիքապէս հեռու այս երեք վայրերուն մէջ ապրող երեխաները երկխօսութեան մէջ կը մտնեն, կը պատմեն իրենց ուրախ ու յուզիչ յիշատակները, նաեւ` իրենց կեանքի անկիւնադարձային դրուագները: Այս բոլորը որոշ չափով կը տարբերէին իւրաքանչիւր երեխայի մօտ, սակայն կար այս երեք երեխաները իրարու կապող հասարակաց կէտ մը, որ կ՛արձագանգէր իւրաքանչիւրի պատմութեան աւարտին: Այդ մէկը անոնց փոքրիկ յաղթանակն էր, արդարեւ, իւրաքանչիւր պատմութիւն փոքրիկ յաղթանակի մը արձանագրութիւնն է, յաղթանակ մը` թշնամիին յարձակումներու եւ անոնց ստեղծած մանկական փոքր աշխարհի սեփական վախերու դէմ:

«Յաղթանակի ծննդոց» թատերախաղի երեք հերոսները իրենց մանկական ոճով կարծես գծագրեցին ամբողջ հայ ազգի դարերու նպատակը` յաղթանակը, որ իւրաքանչիւր սերունդի հետ կտակի մը պէս կը փոխանցուի նոր սերունդին` անոր մէջ անմար պահելով կամքի ուժը:

Հայաստանի Համազգայինի թատերախումբը իր բացառիկ խաղարկութեամբ հարազատ կապ մը հաստատեց լիբանանահայ հանդիսատեսին հետ` թատերախաղի ընթացքին գործածելով արեւմտահայերէն եւ լիբանանահայութեան կողմէ յաճախ գործածուած բառեր:

«Յաղթանակի ծննդոց» թատերախաղին մէջ դեր ստանձնած են` Նարինէ Գրիգորեանը, Արման Նաւասարդեանը եւ Վարշամ Գէորգեանը: Բեմի ձեւաւորումը կատարուած է Վիքթորիա Ռիետօ-Յովհաննիսեանին կողմէ:

 «Թռիչք Քաղաքի Վրայով»
Թատերախաղը

Շաբաթ,  6 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Սօս Սարգսեան»-ի անուան Համազգային պետական թատրոնը ներկայացուց Անուշ Ասլիբեկեանի «Թռիչք քաղաքի վրայով» թատերախաղը, բեմադրութեամբ Նարինէ Գրիգորեանի, որ Սերգէյ Թովմասեանին հետ, երկու դերասաններէն էին այս բեմադրութեան:

Թատրերգութեան հերոսուհին դժբախտ արկածի մը պատճառով փոքր տարիքին կը կորսնցնէ տեսողութիւնը: Թատրերգութիւնը կը սկսի վիրահատութեան օրը` հերոսուհիին հակասական եւ ցաւագին միտքերով: Բեմի յարդարումը, լուսային ձեւաւորումը եւ ձայնային երեւոյթները առաջին պահէն իսկ հետաքրքրական եւ դրական ազդեցութիւն կը ձգեն հանդիսատեսին վրայ: Դերասանուհին ճկուն շարժումներով եւ ձայնի ելեւէջներով կը յաջողի հանդիսատեսին դիմաց բանալ իր ներաշխարհը: Հանդիսատեսը դիւրութեամբ կ՛ապրի, կը տեսնէ ու կը շօշափէ կոյր աղջկան ապրած հոգեվիճակները, զգացմունքները եւ մանաւանդ վախը` վաղուան անորոշութեան հանդէպ: Կոյր աղջկան միան յոյսը բժիշկն է` դերասան Սերգէյ Թովմասեանը, որուն միայն հաւասարակշռուած եւ ամոքիչ ձայնը կը լսուի առաջին արարին մէջ աղջկան հետ խօսակցութեան ընթացքին: Ուշագրաւ էր բժիշկին ձայնային ելեւէջները եւ աղջկան համոզելու ու անոր հաւատք ներշնչելու կարողութիւնը: Աղջիկը մտավախութիւն ունի` պիտի կարենա՞յ արդեօք տեսնել, թէ աւելի լաւ է մնալ իր ներքին աշխարհին մէջ, ուր ապրած է գրեթէ քսան տարի:

Հերոսուհին տարիներու ընթացքին իր ներքին աշխարհը զարդարած է գեղեցիկ, բայց տարօրինակ գոյներով եւ հիմա անիկա լեցուն է առարկաներով, որոնք կը շարժին եւ կը պարեն, գրաւիչ բոյրերով եւ ձայներով: Բայց այդ աշխարհի ամենակարեւոր բնակիչը իր բժիշկն է, որուն ան սիրահարած էր եւ քանի մը առիթներով` իր սէրը խոստովանած: Կոյր աղջկան առօրեայ զբաղումն էր պարաներով պատկերներ նկարել բեմի կպչուն վարագոյրին վրայ ու ապա յուսահատութեան պահուն զանոնք քանդել:

Երկրորդ արարը կը բացուի տան պատուհանի մը պատկերով, ուրկէ կ՛երեւի քաղաքը: Այս արարի ընթացքին նախկին ձայնային եւ լուսային երեւոյթներ չկան: Ներկայ է բժիշկը անձնապէս, որ անհամբեր ու անհանդարտ շարժումներով կը սպասէ աղջկան ժամանումը, որ ցոյց տայ անոր իրենց բնակարանը եւ նոյն ատեն կարդայ իր գրած ոտանաւորները: Կը ժամանէ հերոսուհին, բայց այս անգամ` նոր կերպարով. անոր քով անորոշ զգացում կը նկատուի. ան պատրաստ չէ ապրիլ բժիշկի հետ միասին, կարծես տեսողութիւնը վերականգնելէն ետք անոր կիրքը մարած է բժիշկին հանդէպ: Անոր սէրը երեւակայութեան մէջ կերտուած էր ու այնտեղ ալ` մնացած: Աղջիկը կը հեռանայ, բժիշկը կը տխրի, բայց շուտով ինքզինք կը մխիթարէ. ան կը սկսի յիշել իրենց սէրը, որ անոր թեւեր կու տայ թռչելու քաղաքին վրայ:

Յովհաննէս Թումանեանի Եւ Կոմիտաս Վարդապետի
Ծննդեան 150-ամեակի Նշում

7 ապրիլ 2019-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ եզրափակուեցաւ Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային պետական թատրոնին լիբանանեան ներկայացումներու գեղարուեստական ծրագիրը` Յովհաննէս Թումանեանի եւ Կոմիտաս վարդապետի ծննդեան 150-ամեակին նուիրուած ձեռնարկով: Անիկա կը վայելէր Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Նարեկ արքեպիսկոպոսին նախագահութիւնը եւ իրականացաւ Լիբանանի հայոց Ազգային առաջնորդարանին եւ Համազգայինի «Գ. Իփէկեան» թատերախումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ:

Բեմին վրայ ի պատուի էին երկու մեծերը` Նարինէ Գրիգորեանի, Վարշամ Գէորգեանի, Տաթեւ Ղազարեանի, Սերգէյ Թովմասեանի, Արման Նաւասարդեանի եւ Նարեկ Բաղդասարեանի ընդմէջէն, բեմադրութեամբ` Վիքթորիա Ռիեդօ-Յովհաննիսեանի: Անոնք հարազատ ոճով կենդանացուցին Յովհաննէս Թումանեանի գլուխ գործոցները, հնչեցուցին Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները` հայութեան համար մեծ կարեւորութիւն ունեցող այս երկու դէմքերուն ձգած արժէքաւոր ժառանգութեան նմուշներուն շունչ ու հոգի տալով: Ներկայացման իւրայատուկ ոճով անոնք ստեղծեցին տարբեր պատկերներ` տարբեր կացութիւններու, հեքիաթներու, զգացումներու, ապրումներու եւ հայութեան պատմութեան զանազան փուլերու:

Նախորդը

Մարդկային Կեանքը Դժուարացնող Գործօններ

Յաջորդը

Տեսակէտ. Խաղաղութեան Չեն Նախապատրաստւում, Պատրաստւում Են Պատերազմին…

RelatedPosts

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան
Անդրադարձ

Հօտին Եւ Կղերին Սէրն Ու Համակրանքը Նուաճած Ս. Իգնատիոս Մալոյեան

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ի Զուր Կը Հնչեն Ահազանգերը Մեր… (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սլաք.  Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն  Մէջ  Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան
Անդրադարձ

Սլաք. Դատարկ Աթոռներու Առջեւ` Մշակոյթի Ամսուն Մէջ Նուիրեալներու Աշխատանքին Լռակեաց Վկան

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?