Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաղաքական Անդրադարձ. Էրտողանի Իշխանութիւնը Կը Ցնցուի

Ապրիլ 10, 2019
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԵՂԻԱ ԹԱՇՃԵԱՆ

31 մարտին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցան քաղաքապետական ընտրութիւնները. հակառակ անոր որ Էրտողանի ղեկավարած Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ ազգայնական Ազգային շարժում կուսակցութեան միացեալ դաշինքը ստացաւ քաղաքապետարաններու մեծամասնութիւնը (958 քաղաքապետութիւն), սակայն ծանր հարուած մը կրեց կարեւորագոյն քաղաքներու մէջ:

Ընդդիմութիւնը` քեմալական Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը եւ ազգայնական Լաւ կուսակցութիւնը միացեալ դաշինք մը կազմելով` շահեցան 256 քաղաքապետութիւն: Իսկ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը շահեցաւ քրտաշատ շրջաններուն մէջ:

Զմիւռնիոյ եւ Տիգրանակերտի մէջ Էրտողանի դաշինքին պարտութիւնը զարմանալի չէր, սակայն բոլորը զարմացած էին, երբ Էրտողանի դաշինքը պարտուեցաւ մայրաքաղաք Անգարայի, Պոլսոյ եւ Անթալիոյ մէջ. իսկ ազգայնականները ծանր հարուած մը ստացան Ատանայի մէջ, ուր կեդրոնացած է իրենց ուժը:

Սակայն ի՞նչ պատահեցաւ եւ ի՞նչ կարելի է ակնկալել մօտիկ ապագային:

Ա.- Իսլամամէտ կուսակցութիւնները պառակտուած էին. «Սաատեթ» կուսակցութիւնը, որ առանձին մասնակցած էր ընտրապայքարին, Պոլսոյ մէջ ստացաւ մօտ 100.000 ձայն: Եթէ այս ձայները աւելցնէինք Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան եւ ազգայնական Ազգային շարժում կուսակցութեան դաշինքին ձայներուն վրայ, ապա անոնք յաղթական դուրս կու գային: Աւելի՛ն. վերջերս նոր բարեսիրական իսլամամէտ շարժում մը մէջտեղ ելաւ «Սուլէյմանճիներ» անունով, որ 2016-ի յեղաշրջումէն ետք հակադրուած էր Էրտողանի քաղաքականութեան եւ իր քուէները ուղղեց յօգուտ Լաւ կուսակցութեան թեկնածուներուն:

Բ.- 2017-էն սկսեալ Էրտողան ամէն ջանք թափեց` պառակտելու Ազգային շարժում կուսակցութիւնը, նպատակ ունենալով արգիլել, որ այս կուսակցութիւնը դաշինք մը կազմէ քեմալականներուն հետ: Երբ Ազգային շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի դաշնակցեցաւ Էրտողանի հետ, կուսակցութենէն հեռացան մեծ թիւով ղեկավարներ եւ Մերալ Աքշեների գլխաւորութեամբ կազմեցին նոր պահպանողական-ազգայնական կուսակցութիւն մը, որ վերջին խորհրդարանական ընտրութիւններուն իր ներկայութիւնը ապահովեց խորհրդարանին մէջ եւ այսօր Էրտողանի հիմնական մրցակիցն է: Էրտողանի կատարած քաղաքական աղուէսութիւնը պարզապէս հակառակ արդիւնքը տուաւ:

Գ.- Տակաւին յստակ չէ, թէ Հանրապետական-Լաւ դաշինքը կրնա՞յ վերածուիլ քաղաքական դաշինքի` տապալելու Էրտողանի իշխանութիւնը: Անոնք մինչեւ օրս չեն կրցած համաձայնիլ քիւրտերուն հետ եւ իրենց համար քրտական հարցի լուծման պատկերացումը շատ չի տարբերիր ներկայ իշխանութեան քաղաքականութենէն: Սակայն կարելի է, որ անոնք շահին Արեւմուտքին (մասնաւորապէս Եւրոպական Միութեան) եւ Միացեալ Նահանգներուն քաղաքական օժանդակութիւնը: Եւ ասիկա ապագային կրնայ դժուարութիւններու մատնել Հայ դատի յանձնախումբի աշխատանքները, եթէ Հանրապետական եւ Լաւ կուսակցութիւնները հասնին իշխանութեան:

Դ.- Էրտողանի համար Անգարայի եւ Պոլսոյ մէջ պատահածը ծանր հարուած մըն է, որովհետեւ այս երկու քաղաքներուն մէջ էր, որ իսլամական կազմակերպութիւնները 25 տարի առաջ սկսան զօրանալ: Հետեւաբար այս քաղաքները յատուկ նշանակութիւն ունին իրեն համար: Աւելի՛ն. տնտեսական հսկայ ծրագիրներ, զորս որդեգրած էին նախկին քաղաքապետութիւնները, այսօր վտանգի մէջ են, ինչպէս` նոր օդակայանի մը ծրագիրը եւ կամուրջներու ծրագիրներ:

Ե.- Եթէ զանց առնենք քաղաքները, ապա գիւղերուն եւ փոքր նահանգներուն մէջ Էրտողանի դաշինքը յաղթանակներ տարաւ. շրջաններ, ուր ան ապահովեց ձայներուն աւելի քան 80 առ հարիւրը: Ասիկա ցոյց կու տայ, որ ան տակաւին ժողովրդականութիւն կը վայելէ` հակառակ երկրին մէջ տիրած տնտեսական ծանր պայմաններուն:

Այս բոլորը վերլուծելով` չենք կրնար ըսել, որ Էրտողան կրեց ծանր պարտութիւն մը, այլ ասիկա քաղաքական որոշակի ցնցում մըն էր, որ մեզի կը յիշեցնէ յունիս 2015-ի ընտրութիւնները, եւ թէ` Էրտողան ինչպիսի՛ քայլերու դիմեց, որ 5 ամիս ետք իր քաղաքական պարտութիւնը վերածէ յաղթանակի նոյեմբերի ընտրութիւններուն: Էրտողան պիտի փորձէ դիմել եւ շատ հաւանաբար դիմէ նոյնանման քայլերու եւ ծրագրէ քաղաքական հարուածներ հասցնել իր հակառակորդներուն: Թուրքիոյ պատմութիւնը սերտելով` կը տեսնենք, որ բազմիցս քաղաքական հարուածները վերածուած են արիւնալի բախումներու:

Yeghia.tash@gmail.com

 

Նախորդը

Նոյն Տարուան Մէջ Երկրորդ Գիրքի Մը Հրատարակութեան Առիթով. «Սիրային Զրոյց Երեւանին Հետ»

Յաջորդը

«Տարիներ Շարունակ Մեզ Խելօք Ենք Պահել, Ռազմական Գործողութիւնները Պէտք Է Տեղափոխել Հակառակորդի Դաշտ». Վահրամ Բալայեան

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?