Անդրադարձ

«Գանձասար»-ի Խմբագրական.   Պայքարի Ժամանակակից Եղանակներ

«Գանձասար»-ի Խմբագրական. Պայքարի Ժամանակակից Եղանակներ

Միջին Արեւելքի տարածաշրջանային վերջին զարգացումները վկայեցին, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ու դատապարտման գործընթացին զուգահեռ, կարեւոր է նաեւ այլ լծակներու օգտագործումը` հանրային կարծիք ձեւաւորելու, Թուրքիոյ ուրացման եւ պատմական ճշմարտութիւններու աղաւաղման քաղաքականութիւնը իմաստազրկելու համար: Աշխարհի արեւմտեան կողմը աւելի մեծ առաւելութիւններ ունի, հաւանաբար, պետական, իրաւական եւ օրէնսդրական լծակներ օգտագործելու իմաստով: Արեւելեան կողմին մէջ, սակայն, Թուրքիոյ հետ արաբական երկիրներու աշխարհագրական, ժողովրդային եւ կրօնական մերձեցումները...

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական .  Կը Պահանջենք

«Ազատ Օր»-ի Խմբագրական . Կը Պահանջենք

Ապրիլ 24 է դարձեալ: Պահանջատէր հայութիւնը դարձեալ ոտքի կանգնած է աշխարհի չորս ծագերուն: Ազգովին կ՛ոգեկոչենք թրքական պետութեան գործադրած Մեծ ոճիրին` Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցը: Այսօր ամէն հայ իր սրտին ու մտքին մէջ մոմ կը վառէ եւ խունկ կը ծխէ սրբադասուած մեր նահատակներու յիշատակին` վերանորոգելով ազգային մեր ուխտը եւ սերունդէ սերունդ պարտք դնելով իրարու վրայ, թէ այսքան չարիք, որ մոռանան մեր...

Պօղոս Գուբելեանի Գրականութիւնը

Մտորումներ Արարատի Դիմաց

ԳՐԻՇ ԴԱՒԹԵԱՆ Արարատը միշտ էլ դժգոհութեամբ է նայել ինձ. Կարգավիճակի պատճառով, Որ թուրքական մահիկի շեղբը Քերում է փառակը: Ես էլ պանդխտութեան մէջ Թափառում եմ Մոլորուած զաւակի կարգավիճակով: Պատմական մի տնօրինութիւն, Որ չտնօրինութիւն է, Ապօրինութիւն... «Հէյ, Մանթաշի մարմանդ հովեր»... Թէ իղձս ձերը լինէր, Ես գերեզմանուած կը լինէի փառակին, Որպէս զոհուած զաւակը, Որպէս զոհուած զինուորը, Որ արիւնով է մաքրել Թուրքական մահիկի շեղբը...

«Առանց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու`  Թուրքիա Ոչ Մէկ Ձեւով Կրնայ Յառաջդիմել»  Շեշտեց Վերա Եագուպեան

«Առանց Հայոց Ցեղասպանութիւնը Ճանչնալու` Թուրքիա Ոչ Մէկ Ձեւով Կրնայ Յառաջդիմել» Շեշտեց Վերա Եագուպեան

Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակի ոգեկոչման մասին «Լեպանոն Ֆայլզ» կայքը սփռեց հարցազրոյց մը` «Մուրթաժալ մուֆիտ» անունը կրող յայտագիրին ընթացքին: Հարցազրոյցի հրաւիրուած էր Միջին Արեւելքի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Վերա Եագուպեան, որ յայտնեց, թէ ՀՅԴ Բիւրոյի հսկողութեան տակ գործող այս գրասենեակին նպատակն է Միջին Արեւելքի մէջ ձեւաւորել Հայ դատին զօրակցող արաբական հանրային կարծիք մը: Վ. Եագուպեան շեշտեց, որ գրասենեակը կը տրամադրէ պատմական եւ...

«Ձախողեցաւ Ան, Որ Գրաւ Դրաւ  Այս Ժողովուրդի Բնաջնջման»  Շեշտեց Սօսի Սարգիսեան

«Ձախողեցաւ Ան, Որ Գրաւ Դրաւ Այս Ժողովուրդի Բնաջնջման» Շեշտեց Սօսի Սարգիսեան

Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանը սփռեց 50 վայրկեան տեւողութեամբ յայտագիր մը, որ կ՛անդրադառնար Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւններուն, յատկապէս կեդրոնանալով Լիբանան հասած որբերուն եւ որբանոցներուն թղթածրարին վրայ: Լիբանանի Հայ դատի գրասենեակի պատասխանատու Սօսի Սարգիսեան յայտագիրին ընթացքին շեշտեց, որ պատմութեան մէջ արձանագրուած թուրք դահիճներուն հրահանգները, որոնք կը վերաբերին հայ ժողովուրդի բնաջնջման, շօշափելի փաստեր են, զորս կը ժխտէ Թուրքիոյ...

«Թուրքիայէն Կը Պահանջենք Ճանչնալ  Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Հատուցել Հայերը»  Շեշտեց Ցոլեր Թալաթինեան

«Թուրքիայէն Կը Պահանջենք Ճանչնալ Հայոց Ցեղասպանութիւնը Եւ Հատուցել Հայերը» Շեշտեց Ցոլեր Թալաթինեան

Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով, ՀՅԴ տեղեկատուական գրասենեակի պատասխանատու Ցոլեր Թալաթինեան 24 ապրիլին հարցազրոյց մը ունեցաւ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն: Հարցազրոյցին ընթացքին Ց. Թալաթինեան անդրադարձաւ Ցեղասպանութեան 104-ամեակին առիթով հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կազմակերպած քայլարշաւին, ինչպէս նաեւ օր մը առաջ Սեն Ժոզեֆ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած երիտասարդական-ուսանողական հսկումի երեկոյին: Հայոց ցեղասպանութեան մասին պատմական անդրադարձի մը ակնարկող հարցումին Ց. Թալաթինեան պատասխանեց հաստատելով,...

Անդրադարձ.  Նոր Մարտավարութիւն

Անդրադարձ. Նոր Մարտավարութիւն

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանատունը 26 ապրիլին դատապարտեց 24 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչման քայլարշաւի ընթացին թրքական դրօշի հրկիզումը եւ պահանջեց այդ արարքի պատասխանատուներուն դէմ կիրարկել անհրաժեշտ արդարադատական քայլերը: 28 ապրիլին Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ թրքական դրօշներով մոթորսիքլեթներու երթ մը, որ կազմակերպուած էր Ազգային պատկանելիութիւն անունով անծանօթ կուսակցութեան մը կողմէ: Երթին մասնակիցները կը վանկարկէին Էրտողանի անունը, այլ խօսքով` երթի օրակարգը...

Հակահայ Ցոյցեր` Պէյրութի  Եւ Հիւսիսային Լիբանանի Մէջ

Հակահայ Ցոյցեր` Պէյրութի Եւ Հիւսիսային Լիբանանի Մէջ

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ Լիբանանի թրքական դեսպանատունը շաբաթ, 27 ապրիլ 2019-ին արտաքին գործոց նախարարութեան յղեց բողոքագիր մը` լիբանանահայութեան կողմէ 24 ապրիլին կատարուած քայլարշաւին ընթացքին թրքական դրօշակի հրկիզման դէմ: Թրքական դեսպանատունը խստիւ դատապարտեց այդ արարքը եւ պահանջեց համապատասխան պատժամիջոցներու ենթարկել դրօշակը հրկիզողը: Երէկ երեկոյեան «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ դեսպանը նոյն հարցով բողոքագիր մը յղած է նաեւ վարչապետ Սաատ Հարիրիին եւ պահանջած...

Ժիպէյլի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան  104-ամեակի Ոգեկոչում.   Ղասսան Շամիի Խօսքը. «Հայոց Յարութիւնը»

Ժիպէյլի Մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակի Ոգեկոչում. Ղասսան Շամիի Խօսքը. «Հայոց Յարութիւնը»

Ձեր երեկոն թող առանց թուրքերու եւ ներխուժողներու ըլլայ: Երկա՜ր, ցաւո՜տ եւ ահաւո՜ր դէպքերով ճամբայ մըն էր այն ճամբան, ուրկէ քալեցին հարիւր եւ քանի մը տարի առաջ Ցեղասպանութենէն փրկուած վերապրողները: Այդ ճամբան ահ ու սարսափով եւ արեամբ ներկուած ճամբու մը վերածուեցաւ, նախքան ոմանց Հալէպ, Տէր Զօր, Ռաքքա եւ Պէյրութ հասնիլը... Ի՛նչ կիներ կորսուեցան եւ որքա՛ն կիներ աշիրեթներու միացան: Որքա՛ն այրեր տանջուեցան...

Գաղափարապաշտութեան «Յանցանք»-ը

«Խենթեր»-ու Փնտռտուքով

ԱՐԻՆ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Երբ չի մնում ելք ու ճար, խենթե՛րն են գտնում հնար»: Պարոյր Սեւակի գրիչով եւ համայն հայ ժողովուրդի շրթներուն վրայ հնչող այս երգին բառերը կեանքի կը կոչեն ո՛չ միայն Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման գործընթացէն անցած սրբազան մարտերն ու «խենթ» քաջագործութիւնները, այլ անգամ մը եւս պատմական փաստով կը հաստատեն, որ հնարամտութիւնը նաեւ «խենթութի՛ւն» է: Ինչպէ՞ս երգել «Սարդարապատի յաղթերգ»-ը եւ չյիշել այն...

Թրքական Մամուլը Կը Ցնծայ  Նոթր Տամի Մոխիրներուն Վրայ

Բաց Նամակ` Թրքական «Ենի Աքիթ» Օրաթերթի Խմբագրութեան Եւ Փարիզի Աստուածամօր Տաճարի Հրդեհէն Ուրախացող Թուրքերուն

Ես անկեղծօրէն չզարմացայ` «Ազդակ»-ին մէջ կարդալով «Թրքական մամուլը կը ցնծայ Նոթր Տամի մոխիրներուն վրայ» առաջին էջով տրուած լրատուութիւնը: Ճանչնալով թուրքերը եւ գիտնալով իրենց անցեալը` «բնական» կը գտնեմ թուրքերու այս վերաբերումը: Մենք դրացիներ եղած ենք դարերով, սակայն բոլորովին տարբեր ազգեր ենք: Որեւէ նմանութիւն չունինք պարզ այն պատճառով, որ մենք ապրած ենք մեր հայրենիքին մէջ (հազարաւոր քիլոմեթր իրենցմէ հեռու), մինչ իրենք եկած...

Մօրս Պատգամը

Մօրս Պատգամը

ՎԻԳԻ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ-ԱՅՆԹԱՊԵԱՆ Ու տե՛ս, որդիս, ո՛ւր էլ լինես, Այս լուսնի տակ ո՜ւր էլ գնաս, Թէ մօրդ անգամ մտքից հանես, Քո մայ՜ր լեզուն չմոռանա՛ս... Մէկ տարի առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ սիրելի մայրս: Երբ ան անհանգստացաւ, դժուար էր իր բարի կերպարը տեսնել այդ վիճակին մէջ, օրէ օր կը հիւծէր իմացական կարողութեամբ, բայց միշտ ուրախ եւ լաւատես էր իր հոգեկան աշխարհով: Վերջին տարիներուն,...

Երէցկին Արփինէ Գարագաշեանի Յիշատակին

Օրինակելի Միութենականը

ՍՈՆԱ ՏՈՒԶՄԱՆԵԱՆ Անցնող տասնամեակներուն անդրադառնալով`  կարելի չէ Այնճարի տիկնանց միութեան գործունէութեան մասին խօսիլ` առանց յիշելու երէցկին Արփինէ Գարագաշեանին անունը:  Այնճարի Տիկնանց միութիւնը, որ կը տարբերի Լիբանանի թեմի միւս եկեղեցիներէն` իր միութենական կառոյցով եւ ոչ թէ յանձնախմբային հասկացողութեամբ, ինքնին յատկանշական երեւոյթ է: Երիցուհին` Վարուժան արք. Հերկելեանի եւ Աշոտ Ա. քհնյ. Գարագաշեանին հետ, 1970-ին եղած է հիմնադիր անդամ Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ Տիկնանց...

Յիշելով` Լուսահոգի Երէցկին Արփինէ Գարագաշեանը

ՄՈՒՇԵՂ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ                 Ասկէ մօտ մէկ տարի առաջ, Բարձրեալն  Աստուծոյ  անքննելի տնօրինութեամբ, իր մահկանացուն  կնքելով, մեզմէ եւ այս անցաւոր աշխարհէն  առյաւէտ բաժնուեցաւ լուսահոգի երէցկին  Արփինէ Գարագաշեանը` վստահօրէն հանգչելու  համար երկնային լուսառատ աշխարհին մէջ: Ան իր ետին կը  ձգէր, առ ի մխիթարութիւն` իր հարազատներուն, սիրելիներուն եւ համայն այնճարահայութեան, արդար, բարի եւ ուսանելի  յիշատակներով իմաստաւորուած կեանք մը: Մահուան տարելիցին առիթով, հետեւելով  լուսահոգի երէցկին...

Ապրիլի 24-ը  (Վահան Հաճէթեանի Յիշատակին)

Ապրիլի 24-ը (Վահան Հաճէթեանի Յիշատակին)

Դեռ հիւանդութենէդ երկու տարի առաջ էր, երբ ապրիլ 24-ի քայլարշաւին կ՛ուզէիր մասնակցիլ. մոռցած էիր ութսունը անց տարիքդ, յաճախակի ցաւող տկար մկաններդ եւ ճամբու երկարութիւնը` Անթիլիասի մայրավանքէն մինչեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտ: Ես դէմ էի քու մասնակցելուդ` նկատի առնելով տարիքդ ու առողջական դիւրաթեք վիճակդ: Բայց քեզ համոզելը անկարելի էր: Դուն կ՛ըմբոստանայիր, երբ հարցը ազգային պարտականութեան կը վերաբերէր: Շրթներդ կը դողդղային յուզումով...

Այո՝ ժողովրդային շարժմանը, ոչ՝ անարխիային…

Խօսք. Շինծու Պետութեան Ու Պատմութեան Գերին…

«ԱԼԻՔ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ԳԼԽԱՒՈՐ ԽՄԲԱԳԻՐ ԴԵՐԵՆԻԿ ՄԵԼԻՔԵԱՆ Ի հեճուկս Թուրքիայի նախագահի, արտգործնախարարի եւ միւս պաշտօնական թէ՛ անպաշտօն շրջանակների ժխտողական (իսկ այս տարի նաեւ՝ սպառնական) կեցւածքների, աշխարհասփիւռ հայութիւնը ոգեկոչեց Հայոց Ցեղասպանութեան Սրբադասւած Նահատակների 104-րդ տարելիցը… Եւ այսպէս՝ ողջ հայութեան պահանջատիրութեան պայքարի բաբախող սրտի զարկերակը հանդիսացող Ծիծեռնակաբերդի ոգեշնչումը վարակիչ օրինաչափութեամբ, յաչս աշխարհի, ամրագրեց մեր համազգային միասնականութեան կամքի արտայայտութիւնը: * * * Ցեղասպանութեամբ, տեղահանութեամբ...

Առաջնորդական Պատգամ` Հայոց Ցեղասպանութեան  Սուրբ Նահատակներու  Յիշատակի Օրուան Առիթով

Օրհնութեան Եւ Գնահատանքի Պատգամ. Հայոց Ցեղասպանութեան 104-ամեակէն 105-ամեակ` Խիտ Շարքերով Պիտի Շարունակենք Քալել…

Սիրելի՛ պահանջատէր հայորդիներ, որ ի Լիբանան, Հայոց ցեղասպանութեան 104-ամեակը այսօր արդէն պատմութեան կը պատկանի, սակայն 23 եւ 24 ապրիլ 2019 թուականները լիբանանահայութեան պատմութեան մէջ յիշատակելի պիտի մնան` մեր երիտասարդութեան ու համայն ժողովուրդին մասնակցութեամբ ապրիլեան մեր սուրբ նահատակներուն հետ մեր հայավայել սրբազան ժամադրութեան յարգումով: Երիտասարդական հաւաքը, միջեկեղեցական ժամերգութիւնը, Ս. պատարագը, ժողովրդային քայլարշաւը եւ հայրապետական պատգամը պարզապէս ձեռնարկներու շարք մը չեղան, այլ`...

Բարի Լոյս 41.  Յարգա՛նք Քեզ` Լիբանանահայութիւն

Բարի Լոյս 41. Յարգա՛նք Քեզ` Լիբանանահայութիւն

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ Սիրելի՛ հայորդի, Վարձքդ կատա՛ր եւ երթդ ըլլայ մի՛շտ այսպէս` հպա՛րտ ու առինքնող: Դուն մի՛շտ ալ արժանի դարձած ես գնահատանքի, որովհետեւ ոչ մէկ ատեն զլացած ես քու անսակարկ մասնակցութիւնդ ու աշխատանքդ` ի խնդիր մեր ժողովուրդի անկատար տենչերու իրականացման ու Հայ դատի հետապնդման պայքարի նուիրական յաղթանակին: Դուն մի՛շտ զարմացուցած ես բոլորը եւ հպարտ ու հաստատակամ եկած ես «Ներկա՛յ»-դ արձանագրելու հոն,...

Խմբագրական.  Համահայկական Հռչակագիրը Ճշդած Է  Համահայկական Օրակարգերը

Խմբագրական. Համահայկական Հռչակագիրը Ճշդած Է Համահայկական Օրակարգերը

Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչումներէն անդին, հայ քաղաքական միտքը հետեւողականօրէն արծարծած է հիմնահարցին քաղաքական հնչեղութիւն տալու եւ Թուրքիոյ հետ առնչուած տարբեր ուղղութիւններուն այժմէական նշանակութեամբ ո՛չ միայն վերլուծաբանութիւն զարգացնելու, այլ նաեւ քաղաքական դիրքորոշումներ ապահովելու անհրաժեշտութիւնը: Այս տեսութիւնը ինքնին քաղաքականօրէն ընկալելի է. ըստ տարածաշրջանի եւ քաղաքական պայմաններու, հարցը էապէս ուրիշ երանգաւորում կը ստանայ եւ պարզապէս զոհերու յիշատակը յարգելը կամ զանոնք խորհրդանշող կոթողի...

Հայոց «Փափուկ» Սիրտը Եւ Թուրքերու «Առնական»-Ութիւնը (Ապրիլեան Խոհեր – 104-ամեակ)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ      ...թուրք ժողովուրդը «հնագոյն, հերոսական, ուժեղ, շատ վառ, ամուր եւ առնական» ժողովուրդ է: Ա. Լուքաշենքօ Պիելոռուսիոյ նախագահ («ԱԶԴԱԿ», 17-4-2019) Ինչպէս շատերու, նաեւ մեր աչքէն չվրիպեցաւ վերոնշեալ արտայայտութիւնը, ոչ թէ անոր համար որ անիկա բացառիկ հնչեղութիւն ունի, այլ որովհետեւ խօսքը կը պատկանի երկրի մը նախագահին, որ սահմանադրականօրէն կոչուած է ներկայացնել իր ժողովուրդին, ազգին ու պետականութեան քաղաքակրթական որակը, առանձնայատկութիւնը: Այլ խօսքով,մեզ...

Page 455 of 806 1 … 454 455 456 … 806

Արխիւներ