Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Կրկին Ու Կրկին Արցախի Օժանդակութեան Հարցականը

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրկին Ու Կրկին Արցախի Օժանդակութեան Հարցականը

Այս օրերուն սովորութիւն դարձած է Միացեալ Նահանգներու յառաջիկայ տարեշրջանի պետական ամավարկին արտաքին օժանդակութիւններու թղթածրարի վերստուգման եւ վաւերացման գործընթացը, ուր միշտ խնդրայարոյց եղած է Արցախը` միշտ ալ նկատի չառնուելով ու լուսանցքի տակ առնուելով Սպիտակ տան կողմէ: Կը թուի, թէ հարցը ներկայ ղեկավարին հետ չ՛առնչուիր: Աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր պատկերը փոխուած չէ: Այս տարի նախագահ Թրամփ շարունակած է միեւնոյն ընթացքը...

Խմբագրական «Գանձասար»-ի.  Թուրքիոյ Նախագահին Ապատեղեկատուական Մոլուցքը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Թուրքիոյ Նախագահին Ապատեղեկատուական Մոլուցքը

Թուրքիոյ նախագահը տակաւին չըմբռնեց, որ միջազգային շահերու եւ տարածաշրջանային ժամանակաւոր տագնապներու վրայ լարախաղացութիւնը կայուն ձեռքբերումներ պիտի չշնորհէ իր երկրին եւ յատկապէս` ծաւալապաշտ իշխանութեան: Լիպիոյ մէջ իսլամ ծայրայեղականներու զօրակցելով, Լիպիոյ կազի հանքերը առաւելագոյնս օգտագործելու կարելիութիւններ որոնելով, Իտլիպի ահաբեկիչները Լիպիա ուղարկելով ու իր նպատակներուն ծառայեցնելու համար այնտեղ եւս ահաբեկչական շարժումը հրահրելով ու արաբական աշխարհը, այս պարագային` Եգիպտոսի սահմանը եւս, ահաբեկիչներու թափանցման ենթակայ...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Ակնարկ . Էրտողան Պաշտպան` Ահաբեկչական Ուժերու

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Փետրուարի առաջին օրերէն ի վեր Թուրքիա մեծաքանակ զինամթերք եւ զինուժ ղրկեց Սուրիա` իբր թէ Իտլիպի շրջանին մէջ Սուրիոյ իշխանութեան «օրինական ընդդիմադիրները» պաշտպանելու համար. ներխուժումը նաեւ իբրեւ պատրուակ ունէր սուրիական բանակային ուժերու կողմէ թուրք զինուորներու սպանութիւնը, եւ ահա «սուլթան» Էրտողան նորագոյն սպառնալիքներով հրապարակ կու գայ` ըսելով, որ ինքն իրեն իրաւունք կու տայ սուրիացի զինուորներ սպաննելու` ո՛ւր որ գտնէ, եթէ...

ՀՅ Դաշնակցութեան Ընդհանուր Ժողովի Առիթով

Հոլոքոստ

ԹԱԹՈՒԼ ՕՀԱՆԵԱՆ Յունուար 27-ը Հոլոքոստի զոհերի յիշատակման միջազգային օրն է, որը մեծ շուքով եւ համապատասխան խորհրդաժողովով նշուեց Իսրայէլի պետութեան կողմից: Մասնակցում էին մի քանի տասնեակ երկրների ղեկավարներ ու միջազգային հեղինակաւոր անձինք: Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Հոլոքոստը մարդկութեան դէմ երբեւէ կատարուած ամենածանր ու հրէշային ոճրագործութիւններից են եղել, որոնց դատապարտումն ու պատշաճ գնահատանքի արժանացնելը շատ կարեւոր նախաձեռնութիւններ են նման ոճրագործութիւնները կանխարգիլելու համար: Մեր...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Արտաքին Պարտքի Անխուսափելի Պարտամուրհակը…

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ Որեւէ բարօրութիւն ընկերատնտեսական զարգացման մարզերուն մէջ իր համապատասխան գինը ունի: Իսկ արհեստական բարօրութիւնները շատ աւելի ծանր պատիժներով կը տուգանեն հասարակութեան ներկայ եւ մասնաւորապէս ապագայ սերունդները: Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին պարտքը դիզուած է նախորդ բոլոր իշխանութիւններու շարունակական փոխառութիւններով եւ միշտ այն պատճառաբանութեամբ, որ պարտքը կենսական է երկրի կառուցման համար: Մինչդեռ արտաքին պարտքով պէտք էր կառուցել երկրի արտադրողական կարողութիւնները միայն եւ...

Հայրենիք, Հայրենիքներ, Մարդիկ Եւ Հայը

Մոլորակը Ունի 7,637 Միլիառ Բնակիչ, 2050-ին Կ’ունենայ 9,7 Միլիառ Բնակիչ, Այսօր Ունի 2165 Միլիառատէր

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Աշխարհի զանազան անկիւնները կան ըմբոստութիւններ, զարգացած երկիրներ թէ թերաճ, մեծ թէ փոքր: Լուրերու շարքին ըսին նաեւ, որ այս ծերացող եւ ինքզինք սպառող մոլորակին հարստութեան 66,4 տոկոսը կը պատկանի 2165 միլիառատէրերու: Կը սիրէ՞ք հանում, գումարում եւ բաժանում ընել, փորձեցէ՛ք հասկնալ, թէ ի՛նչ է  համեմատութիւնը աշխարհի 7,637 միլիառ բնակիչներուն եւ անոր 2165 միլիառատէրերուն: Ի՞նչ պիտի գտնէք: Ըսին, որ աշխարհի հարստութեան...

Ակնարկ . Հայութեան Եւ Հայ Դատի Յաղթանակ Սուրիոյ Մէջ

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Սուրիա եղաւ արաբական երկրորդ երկիրը, Լիբանանէն ետք, որուն խորհրդարանը ճանչցաւ Հայոց ցեղասպանութիւնը, դատապարտեց զայն եւ անոր հանդէպ ժխտողականութիւնը, պատմութիւնը խեղաթիւրելու փորձերը: Ճանաչման բանաձեւը խորհրդարան ներկայացուած է Հայ-սուրիական բարեկամութեան ընկերակցութեան կողմէ եւ որդեգրուեցաւ միաձայնութեամբ: Սա կարեւոր եւ անվիճելի յաղթանակ մըն է հայութեան` Հայաստանին ու մեր Դատին ի խնդիր աշխատանք տանող բոլոր ծառայողներուն համար: Նոյնքան ուշագրաւ է, որ բանաձեւը կոչ...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Աշխարհը Չի Սիրեր Թրամփը Եւ Անոր Քաղաքականութիւնը` Ըստ «Փիու» Հետազօտական Կեդրոնին

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր «Փիու» հետազօտական կեդրոնի (Pew Research Center) հրապարակած ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ, որ աշխարհի վրայ շատեր հաւանութիւն չեն տար նախագահ Տանըլտ Թրամփի արտաքին քաղաքականութեան: Ասիկա զարմանալի յայտնագործութիւն մը չէ, բայց ասիկա  ամբողջութեամբ կը հակասէ նախագահին կատարած պնդումներուն` իր ուռճացուած նուաճումներուն մասին: Նոյնիսկ ընտրուելէն իսկ առաջ նախագահութեան թեկնածու Թրամփ բազմիցս յայտարարած է, որ նախագահ...

Չապրուած Ապագան

Չապրուած Ապագան

ԿԱՐՕ ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ Հինգ սարսափելի ու հրեղէն ձմեռներ անցած էին: Քաղաքը յոգնած էր ու կիսամեռ: Մարդոց դէմքերը խինդ ու ծիծաղի գերեզմաններ էին կարծես: Չքաւորութիւնը գրեթէ բոլոր դռներէն ներս մտած` իր ապահով բոյնը հիւսած էր, իսկ խաղաղութիւնը իր ճանապարհը կորսնցուցած` անհասցէ նամակի մը պէս անտէր մնացած էր: Հալէպի Նոր Գիւղ շրջանի թաղերէն մէկուն մէջ երկար տարիներու աշխատասէր արհեստաւոր Գալուստն անգամ, իր արհեստանոցի...

Տիապի Կառավարութիւնը Ստացաւ  Խորհրդարանի Վստահութիւնը . Յ. Բագրատունի. «Նորակազմ Կառավարութեան Պէտք Է Առիթ Տալ»

Պէտք Է Շարունակել Պահանջել Ու Վերականգնել Վստահութիւնը

Յ. ԲԱԳՐԱՏՈՒՆԻ Լիբանանի խորհրդարանին կողմէ նորակազմ կառավարութեան վստահութեան քուէի շնորհումը` ներկայ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային տագնապալի կացութեան մէջ, պէտք է նոր էջ մը բանայ եւ որոշ յոյս ներշնչէ լիբանանցի քաղաքացիին: 17 հոկտեմբերին ժայթքած ժողովրդային պոռթկումը, որ ի միջի այլոց կը պահանջէր նախկին կառավարութեան հրաժարականը եւ թեքնոքրատ կառավարութեան  մը կազմութիւնը, իրագործեց իր նպատակներէն մէկը: Պոռթկումը` արդար պահանջներով, եւ խուլիկանութիւնը մերժող զանգուածները...

Հայկական PR Մրցանակ` «Ազդակ»-ին

Հայկական PR Մրցանակ` «Ազդակ»-ին

Հայկական PR մրցանակաբաշխութեան հետազօտութեան արդիւնքներուն համաձայն, «Սփիւռքի զանգուածային լրատուամիջոցներ» անուանակարգին մէջ «Ազդակ» օրաթերթը 2018- 2019 թուականներուն ընդգրկուած եղած է լաւագոյն եռեակին մէջ: 13 փետրուար 2020-ին Armenian PR Association-ի նախագահ Աստղիկ Աւետիսեան «Ազդակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանին յանձնեց հաւաստագիրները:

Ծառայասէր Եւ Վաստակաշատ  Բժիշկ Ժոզեֆ Կիտանեանի Յիշատակին

Ծառայասէր Եւ Վաստակաշատ Բժիշկ Ժոզեֆ Կիտանեանի Յիշատակին

Քառասուն օրեր առաջ դաժան մահը վերջ դրաւ մեզի շատ սիրելի անձի մը` տոքթ. Ժոզեֆ Կիտանեանին կեանքին, խոր վիշտ պատճառելով իր ընտանիքին, հարազատներուն եւ ընկերներուն: Ծնած է Հալէպ, 22 հոկտեմբեր 1943-ին: Նախնական ուսումը ստացած է Լազար Նաճարեան վարժարանին մէջ, ապա բժշկութեան հետեւած է Երեւանի բժշկական համալսարանին մէջ: Հոգեբանութեան մասնագիտութիւնը շարունակած է Սկովտիոյ «Ռոյըլ հոսփիթըլ աֆ Էտինպըրկ»-ի մէջ: Ջղաբանութեան մասնագիտութիւնը ստացած է...

Նամականի

Նամականի

Ա. ԵՂԻԱՅԵԱՆ Մեծայա՛րգ խմբագրութիւն «Ազդակ»-ի, Թերթիդ երէկուան  (5-2-20) թիւով  եւ «50 տարի առաջ»-ին տակ բերուած  էր թղթակցութիւնը  դասախօսութեան մը, որ օրին տուած է Արտաշէս Տէր Խաչատուրեան` արեւմտահայ  մամուլի վաստակին մասին: Այստեղ մասնաւորաբար կը կարդանք. «19-րդ դարու մեր մամուլին մէջ ամենակարեւոր դերը կատարած է «Մասիս» (1890), որ եղած է նախ ամսաթերթ` խմբագրապետ ունենալով Գրիգոր Զոհրապը: Այս թերթը կը փոխէ իր խմբագիրը...

Տեառնընդառաջ

Տեառնընդառաջ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւն ՎԱՀՐԻՃ ՎՐԴ. ՂԱՐԱԽԱՆԵԱՆ Տեառնընդառաջը Հայ առաքելական եկեղեցւոյ տէրունի եւ անշարժ տօներէն մին է, որ կը նշուի Քրիստոսի ծնունդէն 40 օրեր ետք: Տեառնընդառաջը ամէն տարի կը յիշատակենք փետրուար 13-ի երեկոյեան, իսկ եկեղեցական հասկացողութեամբ` փետրուար 14-ին, նկատի ունենալով այն, որ երբ ժամը երեկոյեան հինգ է, արդէն իսկ յաջորդ օրը կը համարուի: Տօնին տրուած անունէն սկսեալ` Տեառնընդառաջը իր վրայ...

Մինչեւ Ե՞րբ

Տեսակէտ. Ինչո՞ւ Հայաստան Կը Ներգաղթեն

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Միջինարեւելեան երկիրներու տագնապալի կացութեան ի տես` Հայաստան ներգաղթողներու թիւը կարծէք աճ կ՛արձանագրէ: Ձեւով մը ապահով մթնոլորտի մը ստեղծումը դուռը բացաւ նորանոր ձեռքբերումներու: Վիճելի թիւերէն անդին` վարկանիշի բարձրացման եւ ժողովրդային, ազատ, անկախ, եւրոպական ու միջազգային կազմակերպութիւններու վկայութեամբ, նոր ոստումի մը առջեւ կը գտնուի: Այո՛, Հայաստանի մէջ կազմակերպուող խորհրդաժողովները, իշխանափոխութիւնը, տնտեսական աճը, եկամուտներու յաւելումը, առողջապահական եւ մարզերու մէջ հեռակայ ծրագիրները,...

Միացեալ Նահանգներ Պարտաւոր Են Պահպանելու Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Հետ Իրենց Կապերուն Հաւասարակշռութիւնը

Միացեալ Նահանգներ Պարտաւոր Են Պահպանելու Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Հետ Իրենց Կապերուն Հաւասարակշռութիւնը

Ա. Ա. Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հարաւային Կովկասի երեք հանրապետութիւններուն` Հայաստանի, Վրաստանի եւ Ազրպէյճանի կատարուած զինուորական օժանդակութեան գումարներուն պատկերը բաւական է, որպէսզի կարգ մը հետեւութիւններ կատարուին ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահութեան անդամ Միացեալ Նահանգներու վարած խտրական քաղաքականութեան ծալքերուն եւ հետապնդած նպատակներուն մասին: Armenian Center for American Studies ուսումնասիրութիւններու կեդրոնը ներկայացուցած է նախորդ երկու տարիներուն` 2018-ին եւ 2019-ին Միացեալ Նահանգներու կողմէ Հայաստանի, Վրաստանի...

Տիապի Կառավարութիւնը Ստացաւ  Խորհրդարանի Վստահութիւնը . Յ. Բագրատունի. «Նորակազմ Կառավարութեան Պէտք Է Առիթ Տալ»

Նշմար. Կանխահաս Մեծ Մարտահրաւէր Եւ Սպասուող Դժուար Որոշում

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Լիբանանեան խորհրդարանը չորեքշաբթի, 12 փետրուարին գումարեց կառավարութեան աշխատանքային ծրագիրի քննարկման իր լիագումար նիստը, որուն աւարտին չքացաւ 29 հոկտեմբերէն` նախորդ գործադիր իշխանութեան հրաժարականէն ի վեր, երկրին մէջ ստեղծուած վնասաբեր քաղաքական բացը: Արդարեւ, կառավարութեան նկատմամբ վստահութեան քուէարկութեան նիստին ներկայ 84 երեսփոխաններէն 63-ը կառավարութեան նկատմամբ վստահութեան հարցով «այո՛» քուէարկեցին, 20-ը` «ո՛չ», իսկ մէկ երեսփոխան մնաց ձեռնպահ: Լիբանանին ազգային միասնականութեան կառավարութիւնները բնականաբար...

Յովհաննէս Քաջազնունու Գործունէութիւնն Արտասահմանում

Յովհաննէս Քաջազնունու Գործունէութիւնն Արտասահմանում

ՀԱՅԿ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ ԵՊՀ Սփիւռքագիտութեան ամպիոնի ասիստենտ Միաժամանակ Յ. Քաջազնունու գլխաւորած պատուիրակութիւնը այցելում է Սպիտակ տուն եւ հանդիպում նախագահի անձնական քարտուղար Թումիլթիի հետ: Յաջորդ օրը` հոկտեմբերի 12-ին, Յ. Քաջազնունու պատուիրակութիւնը հանդիպումներ է ունենում ծերակուտականներ Ուիլեամսի եւ Լոճի, ապա արտաքին քարտուղար Լենսինկի եւ փոխնախագահ Մարշալի հետ (46): Հոկտեմբերի 15-ին Յ. Քաջազնունու գլխաւորած պատուիրակութիւնը մի շարք բարձրաստիճան պետական պաշտօնեաների հետ հանդիպումից յետոյ վերադառնում...

Յուշ-Երեկոյ` Նուիրուած Պօղոս Շահմելիքեանի Յիշատակին

Յուշ-Երեկոյ` Նուիրուած Պօղոս Շահմելիքեանի Յիշատակին

ՎԱՐՈՒԺ ԲԱԲՈՒՄԵԱՆ Իւրաքանչիւր գիրք պատուհան մըն է դէպի նոր մտածողութիւն, դէպի նոր աշխարհաընկալում, դէպի կեանքի նոր եւ յաճախ իւրայատուկ փիլիսոփայութիւն: Իւրաքանչիւր գիրք պատուհան մըն է, որով կը բացուի մեր առջեւ կեանքը, մարդկութիւնը, աշխարհը նորովի տեսնելու, զայն ընկալելու եւ զգալու միջոցը: Մեր այսօրուան նիւթականացուած աշխարհի վրայ ապրող մարդը որքա՜ն բախտաւոր պիտի ըլլայ, երբ պիտի կարենայ ձերբազատիլ նիւթական չափանիշներու բարդոյթէն, գերմակերեսային արժէքներէն...

«Այ Ֆոն»` Ամենագէտ-Բանգէտը

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Քանի մը տարի առաջ էր, երբ տղաս իր մանչուկին ծննդեան տարեդարձին, իբրեւ լաւագոյն նուէր, «Այ ֆոն» կոչուած հեռաձայն մը գնած էր եւ այդ ձեւով ալ` մեր թոռնիկին օրը շէնցուցած: Անսահման ուրախութիւն: Բայց անկեղծ ըսելով, իբրեւ մտահոգ հայր եւ մեծ հայր, նոյն պահուն տղաս մէկ կողմ քաշելով` ըսած էի, թէ իմ կարծիքով այս նուէրը քիչ մը «կանուխ» էր եւ...

Page 411 of 807 1 … 410 411 412 … 807

Արխիւներ