Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Կրկին Ու Կրկին Արցախի Օժանդակութեան Հարցականը

February 18, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Այս օրերուն սովորութիւն դարձած է Միացեալ Նահանգներու յառաջիկայ տարեշրջանի պետական ամավարկին արտաքին օժանդակութիւններու թղթածրարի վերստուգման եւ վաւերացման գործընթացը, ուր միշտ խնդրայարոյց եղած է Արցախը` միշտ ալ նկատի չառնուելով ու լուսանցքի տակ առնուելով Սպիտակ տան կողմէ:

Կը թուի, թէ հարցը ներկայ ղեկավարին հետ չ՛առնչուիր: Աւելի քան տասնամեակէ մը ի վեր պատկերը փոխուած չէ:

Այս տարի նախագահ Թրամփ շարունակած է միեւնոյն ընթացքը եւ փետրուար 11-ին լոյս ընծայելով յառաջիկայ տարեշրջանի պետական ամավարկը, ներկայացուցած է արտաքին օժանդակութիւնները` 21 առ հարիւրով կրճատելով Արցախի օժանդակութիւնը:

Այս որոշումը տրուեցաւ Պաքուի մէջ կայացած Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու` Մեւլութ Չաւուշօղլուի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումէն քանի մը օր ետք միայն` փետրուար 6-ին, թրքալեզու պետութիւններու համագործակցութեան խորհուրդի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի արտակարգ նիստին ընթացքին:

Որքա՜ն էական է Արցախի օժանդակութիւնը, եւ այս գծով Հայ դատի յանձնախումբերը ահազանգ կը հնչեցնեն, որպէսզի ամէն գնով կապ հաստատուի քոնկրեսականներու հետ` վերստին համոզելու, որ անպայման նկատի առնուի 2021-ի պետական ամավարկին մէջ:

Թիրախը յատկապէս Արցախի ականազերծման նպատակին տրամադրուելիք ամերիկեան օժանդակութիւնը կրճատելու փորձն է: Նուազագոյնը տաս միլիոն տոլարի օժանդակութեան կարիք կայ Արցախի մարդասիրական կենսական նպաստներ տրամադրելու ջանքերուն եւ ամբողջացնելու համար տարիներէ ի վեր շարունակուող ականազերծման աշխատանքները:

Միայն Արցախի մէջ, Միացեալ Նահանգներու պետական պիւտճէէն ստացուած միջոցներով եւ անշուշտ ոչ կառավարական բարերարներու օգնութեամբ, վնասազերծուած են բազմաթիւ ականապատուած հողաշերտեր: 1998-էն ի վեր Արցախին յատկացուող ամերիկեան օգնութիւնը առաջնահերթ դեր կը խաղայ նաեւ, սահմանամերձ շրջաններէն հեռու, տեղւոյն բնակչութեան մարդասիրական խնդիրները կարգաւորելու համար:

Հոս տեղին է նշել, որ այս տարեկան աջակցութիւնը կը վայելէ յանձնախումբի թէ՛ հանրապետական եւ թէ՛ դեմոկրատական անդամներուն աջակցութիւնը:

Նոյնքան առաջնահերթ է նաեւ, Արցախի օժանդակութեան կողքին, արգիլումը Ազրպէյճանին որեւէ տնտեսական աջակցութեան, մինչեւ այն ատեն որ Պաքուի կողմէ Արցախի եւ Հայաստանի դէմ սպառնալիքները կը շարունակուին: Եւ այս մէկը, անշուշտ, վերոյիշեալ Չաւուշօղլու-Մամետեարով հանդիպման լոյսին տակ:

Անշուշտ Արցախի կողքին կարելի չէ մոռնալ նաեւ առնուազն իննսուն միլիոն տոլարի օժանդակութիւնը Հայաստանին: Ի վերջոյ, այս պարագային ալ, ամերիկեան յատկացումներուն միջոցով կ՛ամրապնդուի Միացեալ Նահանգներու հետ քաղաքական, տնտեսական եւ ռազմական գործակցութիւնը:

Ուստի ժամանակն է, որ ամէն մէկ ամերիկահայ կապ հաստատէ իր շրջանի քոնկրեսականին հետ եւ ամէն գնով շեշտէ Հայաստանի եւ յատկապէս Արցախի օժանդակութեան ներմուծումը, գրանցումն ու վաւերացումը յառաջիկայ տարեշրջանի ամավարկին մէջ:

Նախորդը

Խմբագրական «Գանձասար»-ի. Թուրքիոյ Նախագահին Ապատեղեկատուական Մոլուցքը

Յաջորդը

Համազգայինի Նոր Նախաձեռնութիւնը. Մ. Զարիֆեանի Արխիւը Հանգրուանեց ԳԱԹ-ում

RelatedPosts

Իրմային Համար
Անդրադարձ

Իրմային Համար

October 22, 2026
Պատիւ Եւ Յարգանք Արժանաւորին.   Իրմային Յիշատակին
Անդրադարձ

Պատիւ Եւ Յարգանք Արժանաւորին. Իրմային Յիշատակին

October 22, 2026
Երկու Դիտարկումներ
Անդրադարձ

Երկու Դիտարկումներ

October 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.