Գազիմ Գարապէքիր Եւ Հայ Որբերէ Կազմուած «Առողջ Երեխաներու Բանակը»
Գարապէքիրի աղջկանց դպրոցին մէջ Բժիշկ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն եւ անոր հետեւանքով հայ ժողովուրդը ունեցաւ որբերու հսկայ բանակ մը: Ստեղծուեցաւ «Հայ Որբաշխարհը»: Այս որբերէն շատերը զետեղուեցան թրքական որբանոցներու եւ թուրք ընտանիքներու մէջ: Անոնք մեծցան որպէս թուրք, սորուեցան թուրք լեզուն, կրօնքը եւ սովորութիւնները: Անոնք պարտադրաբար եւ բռնի ուժով իսլամացան եւ թրքացան ու կորսնցուցին իրենց հայկականութիւնը մնալով հեռու հայ ժողովուրդէն: Հայոց...




















