ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով 23 ապրիլ 2015-ին Գերմանիոյ նախագահ Եոաքիմ Կաուք Պերլինի մայր տաճարին մէջ, միջեկեղեցական, ոչ յարանուանական կրօնական արարողութեան աւարտին պատմական ելոյթ մը ունեցաւ:
Գերմանիոյ հանրային լրատու ծառայութիւնը` «Տոչը Վելլէ» նոյն օրը «Գերմանիոյ նախագահ Կաուք «Ցեղասպանութիւն» կոչեց Օսմանեան (պետութեան*) ջարդերը` հայերուն» խորագիրով հետեւեալ լուրը հրատարակեց, որուն ենթախորագիրն է. «Գերմանիոյ նախագահ Եոաքիմ Կաուք «Ցեղասպանութիւն» որակեց օսմանեան թուրքերուն կողմէ հայերու 1915-ի սպանդը: Մեկնաբանութիւնը, որ ամենայն հաւանականութեամբ կրնայ զայրացնել Անգարան, տեղի կ’ունենայ այն ժամանակ, երբ Պերլինը կը պատրաստուի վերարժեւորել սպանութիւնները»: Ստորեւ ամբողջութեամբ կը ներկայացնեմ անգլերէն բնագիրէն թարգմանութիւնը (1):

2. Արեւմտեան Հայաստանի հայերուն բնակած շրջանները 1915-ին, Տոչը Վելլէ եւ «ԱՖՓ»:
«Գերմանիոյ նախագահ Եոաքիմ Կաուք իր ուղերձը արտասանեց հինգշաբթի Պերլինի Մայր Տաճարին մէջ, ոչ յարանուանական կրօնական արարողութեան մը ընթացքին, յատկացուած 100-ամեակի նախօրէին այն արիւնահեղութեան, որուն իբրեւ հետեւանք զոհուեցան մինչեւ 1,5 միլիոն հայեր:
«Մեծապէս ակնկալուող պատգամին մէջ Կաուք խօսեցաւ «ցեղասպանական ուժականութեան (dynamic) մասին, որուն զոհ դարձաւ հայ ժողովուրդը», նաեւ` «համակարգուած մարդասպանական գործողութիւններու»:
«Նախագահը շարունակեց` գործածելով ուղղակի «ցեղասպանութիւն» եզրը այն հատուածին մէջ, որ կը վերաբերէր Գերմանիոյ հաւանական մեղսակցութեան, դար մը առաջ` Ա. Համաշխարհային պատերազմին իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան դաշնակիցը: Գերմանացի բանակայիններ կը մեղադրուին, որ մասնակցած են տեղահանութեան ծրագրումին եւ նոյնիսկ իրականացման մէջ: «Այս պարագային, մենք` գերմանացիներս, տակաւին հաւաքաբար պէտք է հաշտուինք մեր անցեալին հետ, մասնաւորապէս պատասխանատուութեան մեր բաժինին եւ թերեւս նոյնիսկ մեղսակցութեան` Հայոց ցեղասպանութեան մէջ»:
«Թուրքիան աշխուժ կերպով յարաբերական աշխատանք տարած էր կասեցնելու համար երկիրներու կողմէ 1915-ի ջարդերը իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչնալը: Ամսուան սկիզբները Թուրքիա տուն կանչեց Վատիկանի մէջ իր դեսպանը, երբ Ֆրանչիսքոս պապը «Ցեղասպանութիւն» եզրը գործածեց: 22 ապրիլին ան տուն կանչեց Վիեննայի մէջ իր դեսպանը, երբ Աւստրիոյ խորհրդարանը դատապարտեց ջարդերը` ցեղասպանութիւն կոչելով զայն:

4. Գերմանիոյ Հայկական գաղութէն անդամներ շնորհակալութիւն կը յայտնեն:
«Անուղղակի բառամթերք յայտարարութեան մէջ»
«Ո՛ւղղակի ցեղասպանութիւն որակելով, Կաուք շրջանցեց Գերմանիոյ (կուսակցութիւններուն*) միասնական յայտարարութիւնը, որ ուրբաթ (24 ապրիլ 2015-ին *) քուէարկութեան պիտի դրուի խորհրդարանին մէջ: Այդ յայտարարութիւնը կ’օգտագործէ աւելի անուղղակի սահմանում` որակելով հայերուն սպանդը իբրեւ. «Օրինակ մը զանգուածային ոչնչացման, ցեղային մաքրագործման, տեղահանութեան, այո՛, 20-րդ դարու ցեղասպանութիւններուն»:
«Գերմանիոյ կառավարութեան պաշտօնատարներ յայտնեցին, որ տեսակէտներու փոխանակում տեղի ունեցա՛ծ էր նախագահին գրասենեակին հետ:
«Հայերը կ’ըսեն, որ իրենց նախնիները սպաննուած են համապարփակ (ծրագրուած*) ցեղասպանութեան մը արշաւով, որ հրահանգուած էր այն ժամանակուան Օսմանեան ղեկավարութեան կողմէ, որ կը կառավարէր Թուրքիան, փորձելով (իր երկրէն դուրս*) քշել արեւելեան Թուրքիոյ (հայ*) ցեղային խումբը»: Այս հարցը կը շարունակէ հակառակութեան պատճառ դառնալ թրքական եւ հայկական կառավարութիւններուն միջեւ:
«Թուրքիան կը յաւակնի, որ 1,5 միլիոնը չափազանցուած թիւ է, եւ որ մահերուն պատճառը պատերազմն ու խռովութիւններն էին եւ ոչ թէ պետական ցեղասպանական քաղաքականութիւնը: Անոնք նաեւ կը վիճին, որ երկու կողմերէն հարիւր հազարաւորներ մեռան:
«Ցեղասպանութիւնը ՄԱԿ-ի կողմէ 1948-ին սահմանուած է իբրեւ «գործողութիւններ, որոնք կը կատարուին` նպատակ ունենալով ամբողջութեամբ կամ մասամբ ոչնչացնել ազգային, ցեղային, տեսակի կամ կրօնական խումբ մը»:
«Աւելի քան 20 երկիրներ – ներառեալ Ֆրանսան եւ Ռուսիան – ճանչցած են հայերուն կոտորածները իբրեւ ցեղասպանութիւն»:
(AFP, AP, dpa, Reuters)

Կաուքի արտասանած ուղերձին լրիւ հայերէն թարգմանութիւնը կարելի է կարդալ «Հորիզոն»-ի 11 մայիս, 2015-ի թիւին մէջ (2):
«Եոաքիմ Կաուք ծնած է 1940-ին Արեւելեան Գերմանիոյ Ռոսթոք քաղաքին մէջ, Նացի ծնողքէ: Հայրը` նաւապետ, որ համայնավար իշխանութեան օրօք իր քով արեւմտեան նաւային ամսաթերթ մը ունենալուն պատճառով 3 տարի Սիպերիա կ’աքսորուի (երբ Եոաքիմ 11 տարեկան էր), ուր այնքա՛ն չարչարանքի կ’ենթարկուի, որ անկարող կը դառնայ: Այս պատճառով Եոաքիմ բուռն հակահամայնավար կը դառնայ: Կրօնի ճիւղը կ’ուսանի, հակառակ անոր որ կը փափաքէր լրագրութիւն ուսանիլ, սակայն հակահամայնավար ըլլալուն համար կ’արգիլուի անոր, ուստի կը դառնայ բողոքական լուտերական հովիւ Մեքլենպուրկի մէջ: Ան միեւնոյն ժամանակ քաղաքական գործիչ, ոչ գեղարուեստական գրող, լրագրող, փրոֆեսէօր եւ ուսուցանող էր:
«1989-ի հակահամայնավար «Նիւ Ֆորում» շարժումին համանախագահներէն էր, ջատագովը խաղաղ յեղափոխութեան` տապալելու համար համայնավար վարչակարգը: 1990-ին, Գերմանիոյ վերամիացումէն ետք, խորհրդարանի անդամ կ’ընտրուի, սակայն անմիջապէս կը հրաժարի, երբ խորհրդարանը զինք կը նշանակէ համայնավար շրջանի տխրահռչակ գաղտնի սպասարկութեան` «Սթազի»-ի արխիւներուն վերակացու` դաշնային մարդու իրաւանց մասնայատուկ յանձնակատար, որ կը վարէ մինչեւ 2000` բացայայտելով անոնց կատարած անմարդկային արարքները:

«2012-ին ձայներու մեծ առաւելութեամբ Գերմանիոյ նախագահ կ’ընտրուի, որ կը վարէ մինչեւ 2017` մերժելով վերընտրուիլ: Ան կոչ ուղղած է` աւելցնելու Եւրոպայի մէջ համայնավարութեան յանցագործութիւններուն մասին գիտակցութիւնը, ինչպէս նաեւ, խորհրդային ժամանակաշրջանը անվաւեր` ապօրինի հռչակելու անհրաժեշտութեան մասին: Իբրեւ նախագահ` ան «գիտակից հակահամայնավարութեան» կողմնակից էր, եւ կը շեշտէր Արեւելեան Գերմանիոյ համայնավար կառավարման հակաօրինական ըլլալը:
«Համահեղինակն է շարք մը գիրքերու, ներառեալ «Համայնավարութեան սեւ գիրքը»-ին: Իր 2012-ի «Ազատութիւն` պահանջք մը» գիրքով, կոչ կ’ուղղէ աշխարհի տարածքին պաշտպանելու ազատութիւնը եւ մարդու իրաւունքները: Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել զայն կոչած է «Ժողովրդավարութեան իսկական ուսուցիչ» մը եւ «Ազատութեան, ժողովրդավարութեան եւ արդարութեան անխոնջ` չյոգնող ջատագովը»: «Ուոլ սթրիթ ճըրնըլ»-ը զայն որակած է իբրեւ «իր տեսակին վերջինը` բողոքի շարժումներու առաջնորդներ «Երկաթէ վարագոյրի» ետին, որոնք 1989-էն ետք իրենց երկիրները ղեկավարեցին»:
Ան արժանացած է ազգային եւ միջազգային շարք մը (36) մրցանակներու, ներառեալ 1997-ին «Հաննա Արտենթ մրցանակ»-ին (Hannah Arendt Prize), որ միջազգային դատական կազմի մը կողմէ կը տրուի քաղաքական տեսագէտներուն` յատկապէս ամբողջատիրութեան մասին (ինչպիսին էր նացիզմը*) (3):
Գերմանիոյ խորհրդարանը 2 յունիս 2016-ին գրեթէ միաձայնութեամբ` միայն մէկ դէմ եւ մէկ ձեռնպահ, կ’ընդունի օսմանեան շրջանին հայերուն ջարդերը` իբրեւ ցեղասպանութիւն (4):
Մարտիկ Մատէնճեան (5), ծնեալ Պէյրութ 1938-ին, Ամերիկայի Փասատինա քաղաքը հաստատուած 1986-ին` հեղինակած է 17 գիրքեր, հայերէն եւ անգլերէն, որոնցմէ են` «Լիբանանի մեր տղաքը», «Մեր հողերը, մեր հողերը», «Կարոն ու Մարոն եւ Խանասորի արշաւանքը» եւ «Բռնագրաւուած դրախտը – Բռնագաղթ դէպի ոչնչութիւն», որուն անգլերէն տարբերակը «Ravished Paradise – Forced march to nothingness» կը հրատարակէ 2016-ին, եւ որ կը շահի «Հոլիվուտ գիրքի փառատօն»-ի առաջին մրցանակը, ապա կը հրատարակէ անոր շարունակութիւն` Բ. եւ Գ. հատորները:
2016 յուլիսին, Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումին առիթով, իբրեւ երախտագիտութիւն, նամակով մը Մատէնճեան այս գիրքէն օրինակներ կը ղրկէ Գերմանիոյ նախագահին, վարչապետին եւ խորհրդարանին մէջ այս բանաձեւին ջատագովներէն երեսփոխան Ճեմ Էօզտէմիրին, ինչպէս նաեւ Ամերիկայի մէջ Գերմանիոյ դեսպանին եւ Լոս Անճելըսի մէջ հիւպատոսին:
Պատասխան նամակով` վարչապետ Մերքելի քարտուղարը կը գրէ. «Գերմանիոյ դաշնակցային հանրապետութեան վարչապետ` դոկտ. Անկելա Մերքել, ստացաւ ձեր 20 յուլիս 2016 թուակիր նամակը: Ան շնորհակալութիւն կը յայտնէ ձեր արտայայտած ազնիւ զգացումի արտայայտութեան եւ ձեր «Ravished Paradise, Forced March to Nothingness» գիրքին համար: Մեծ հետաքրքրութեամբ կարդաց ձեր ընտանիքին պատմութեան մասին, մանրամասնօրէն հետազօտուած եւ վաւերագրուած տեղեկութիւնը»` նամակին կցելով վարչապետին ստորագրութիւնը կրող լուսանկար մը:
Նախագահ Կաուքի գրասենեակին պատասխան նամակը աւելի՛ քաղաքական կեցուածք ու արժէք կը ներկայացնէ (նկար 6):
«Սիրելի՛ պարոն Մատէնճեան. շատ շնորհակալութիւն, իսկապէս, ձեր նամակին եւ անոր կցուած գիրքին համար, որ ուղղուած էր դաշնակցային նախագահ Եոաքիմ Կաուքին: Նախագահը մեծ քանակութեամբ թղթակցութիւն կը ստանայ ամէն օր: Այդ պատճառով, անձնապէս չի կրնար պատասխանել բոլորին: Ինձմէ խնդրուեցաւ, որ իր փոխարէն ես ձեզի պատասխանեմ:
«Նախագահը մեծ կարեւորութիւն կ’ընծայէ յիշելու զոհերը եւ ոճիրները, որոնք գործադրուեցան հայ ժողովուրդին հանդէպ, յատկապէս 1915-ի ընթացքին եւ, ըստ այնմ, ողջունեց Գերման խորհրդարանին որոշումը (ընդունելով, որ կատարուածը ցեղասպանութիւն էր*): Նախապէս, ապրիլ 2015-ին արդէն, դաշնակցային նախագահը հրապարակաւ արտայայտուեցաւ Գերման Ռայխի խաղացած դերին մասին, իբրեւ Օսմանեան կայսրութեան դաշնակիցը, 100 տարի առաջ տեղի ունեցած վայրագութիւններուն: Ան խօսեցաւ այն օգնութեան մասին, որ գերման զինուորականութիւնը տրամադրեց` ծրագրելու, եւ որոշ չափով ալ գործադրելու հայերուն բռնագաղթը եւ նշեց, որ այդ ժամանակուան քաղաքական ղեկավարները ռազմավարական պատճառներով կամաւոր կերպով ընտրեցին անտեսել հայերուն բնաջնջումը: Իբրեւ հետեւանք` Գերմանիա միասնաբար կը կրէ «պատասխանատուութիւն, թերեւս նոյնիսկ յանցանք, հայ ժողովուրդին դէմ կատարուած ցեղասպանութեան մէջ»:
«Ձեր գիրքին հետ, եւ ձեր բոլոր անձնական ջանքերով կեանքի կոչելու զայն, դուք նպաստեցիք յաճախ ցաւալի, սակայն անհրաժեշտ պատմագրական յիշատակութեան հոլովոյթին: Քարսըն Թիլէ (Carsten Thiele), Division 21 (European Policy):
Հարկաւոր է, որ Գերմանիոյ նախագահին կողմէ Հայ դատին համար բացած այս ուղին, մնայուն հետապնդումի առարկայ դառնայ:
19 ապրիլ 2020
(2) https://horizonweekly.ca/en/67235-2/
(3) https://en.wikipedia.org/wiki/Joachim_Gauck
(5) http://mardigmadenjian.com/index.html