Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Պսակաւոր Ժահրը Եւ Սղոցի Պատմութիւն…

April 23, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Մարտի վերջերուն, նախագահ Թրամփ յայտարարեց, որ մօտաւորապէս 500 միլիոն տոլարի (աւելի մանրամասն՝ աւելի քան 487 միլիոն տոլար) յատկացում մը պիտի ընէ «Ճեներըլ Մոթըրզ» ընկերութեան, որպէսզի 30 հազար թթուածնային օդամուղ սարքեր (ventilators) արտադրէ ամերիկեան հիւանդանոցներուն համար, այն սարքերէն՝ որոնք կը գործածուին Պսակաւոր ժահրով վարակուողներուն թոքերը դարմանելու եւ հիւանդներ փրկելու համար:

Ինչպէս կը բանի օդամուղ սարքը

Չենք ուզեր խօսիլ նման քայլի ուշացման կամ` այդ սարքերը միայն ամերիկեան հիւանդանոցներուն վերապահելու (եւ նման «կողմնակի») հարցերու մասին, այլ կ’ուզենք վեր առնել կասկած մը, որ առաջին օրէն զբաղեցուց մեր միտքը, նկատի ունենալով տրամադրուած գումարին չափն ու արտադրուելիք սարքերուն թիւը: Անմիջական հաշիւ մը ընելով, գտանք, որ իւրաքանչիւր սարք պիտի արժէ մօտաւորապէս 16,5 հազար տոլար: Պահ մը տարուեցանք մտածելով, որ սա մարդոց կեանքը փրկող սարք մըն է, հետեւաբար, նիւթական հաշիւներով պէտք չէ տարուիլ: Բնականաբար ո՛չ ոք (գոնէ որքան կը հետեւինք լրատուութեանց) հարցականի տակ առաւ տրամադրուած գումարին չափը:

Յետոյ, օր ըստ օրէ աւելի նշմարելի դարձան ստեղծուած վիճակին չարաշահման իրականութիւններ: Բոլորս ալ տեսանք, որ այս տագնապէն առաջ մեր գնած կարգ մը տարրական նիւթերու սակերը մեծ կամ փոքր մագլցումներ արձանագրած են: Լիբանան մէկն է այն երկիրներէն, ուր այս կացութիւնը յայտնապէս հեղձուցիչ աստիճանի հասած է…: Եւ սակայն, մարդս կը տարուի մտածելով, որ նման վիճակներ միշտ ալ շահագործումի, մեծ ու փոքր չարաշահութեանց դռները լայն բացած են, եղածը «բնական է», հոգ չէ թէ արդարամիտ մարդիկ նման շահագործում որակեն անմարդկային, յիշեն Շէյքսփիրի «Վենետիկի Վաճառականը» թատերակին հերոսներէն՝ Շայլոքը…:

Ու յանկարծ մեր յիշողութեան հորիզոնին վրայ վերականգնեցան վերջին տասնամեակներու իրակա՛ն պատերազմներու շահագործման, «անծանօթ գրպաններ» հոսած հսկայական գումարներու օրինակները: Կը յիշէ՞ք. Իրաքի մէջ, Սատտամ Հիւսէյնի տապալումէն ետք, պատերազմի սկզբնական շրջանին, միլիառաւոր տոլարի գումարներ «շոգիացան» եւ հաշիւը կորսուեցաւ, պահանջող ալ չեղաւ: Հետեւաբար, փորձեցինք ստուգել, թէ արդեօք տրամադրուած գումարը արդա՞ր է, տրամաբանակա՞ն, թէ՞ հիմա ալ չարաշահութեան, կաշառակերութեան եւ կացութեան շահագործման դաշտ ստեղծուած է:

Համացանցը եղաւ պրպտումի առաջին դաշտը: Գտանք, որ այս սարքերուն սակերը կը տարուբերին 2.500-էն… 50 հազար տոլարի միջեւ: (Ընթերցողս ալ կրնայ ստուգել): Սակերուն հսկայական տարբերութիւնը հաւանաբար ունի տրամաբանական որոշ պատճառներ, զանոնք պահ մը դուրս ձգենք այս սիւնակէն: Մեր յաջորդ փորձը եղաւ կապ պահել քանի մը ծանօթ բժիշկներու, նման սարքերու շուկային ծանօթ բարեկամներու հետ, որոնցմէ մեր հաւաքագրած տեղեկութիւնները ի յայտ բերին աւելի տրամաբանական պատկեր մը: Իմացանք, որ սարքի մը սակը կը տարուբերի 2.700-էն 12 հազարի միջեւ: Եւ սա՝ առանձին միաւորի մը վաճառմա՛ն սակն է, եւ ո՛չ թէ արտադրութեան կամ՝ մեծաքանակի (չենք առարկեր, որ արտադրող մը շահու իր արդար բաժինը պէտք է ունենայ): Շուկային ծանօթ մեր բարեկամը հաւաստեց, որ յիշեալ թիւով սարքերու մեծաքանակի արտադրութեան փոխարժէքը պէտք չէ անցնի 150 միլիոն տոլարի սահմանները, նաեւ մեր ուշադրութեան յանձնեց, որ այս սարքերը ՊԻՏԻ ՎԱՃԱՌՈՒԻՆ, եւ ո՛չ թէ նուէր տրուին: Այլ խօսքով՝ սղոցի հին պատմութիւնը. «ուտել» թէ՛ երթին, թէ՛ դարձին…

Ապըրտինի մէջ կազմուած սարքը, ագուցուած` մարդակերպ արձանի

Ոեւէ բանիմաց ընթերցող պիտի նկատէ, որ յիշեալ ընկերութեան կը տրամադրուի արտադրանքին անհրաժեշտէն երեք անգամ եւ աւելի գումար մը…: Ո՞ւր պիտի երթայ յաւելեալ գումարը: Պէտք չէ մոռնալ, որ սա անձնական առեւտուրի եւ «ազատ շուկայի» շրջագիծին մէջ տեղի չ’ունենար, այլ գումարը կը տրամադրուի կառավարական պիւտճէէն, այսինքն… շահատուրք վճարողներէն, անոնցմէ՝ որոնք այս օրերուն նախագահին ստորագրութիւնը կրող չէքեր կը ստանան, իբրեւ փոխհատուցում ապրուստի ծանօթ տագնապին: Չմտնենաք նաեւ այն «մանրուք»ին մէջ, որ հասնող-հասնելիք գումարները արդէն հալած են կամ հալելու վրայ են սղութեան ալիքին հետեւանքով: Իսկ եթէ տագնապը երկարի՞…:

Այս տողերը արձանագրելու պահուն, վերջին աչք մը նետեցինք համացանցային կայքերու վրայ: Կիրակի, 19 Ապրիլի կէսօրին, գտանք հետեւեալ նորագոյն տեղեկութիւնը: Սկովտիոյ Ապըրտին քաղաքին մէջ, անջրպետագնացներու համար շնչառութեան սարքեր պատրաստող գիտնականներ արտադրած են օդամուղ սարք մը, որ կարելի է օգտագործել հիւանդանոցներու մէջ, վարակակիրները դարմանելու համար: Սարքը պիտի տրամադրուի «շատ յարմար» գինով (սակը չէր նշուած), որպէսզի հասանելի ըլլայ աղքատ երկիրներու: Ուրեմն, մեր կասկածները աստիճան մը եւս կը հիմնաւորուին, մանաւանդ, որ զանոնք փարատող տուեալներ չեն երեւիր:

Ամերիկեան աւելի քան 6 հազար հիւանդանոցներ պէտք է առայժմ տապկուին իրենց իւղով (այսինքն՝ գործը շարունակեն անբաւարար սարքերով), մինչեւ որ նախագահին ապսպրանքը հասանելի ըլլայ…: Մինչ այդ, արդեօք սարքերուն սակը վարագոյրներու ետին նոր բարձրացում պիտի կրէ՞, ինչպէս որ կ’ոստոստէ… Մեքսիքայի սահմանին վրայ կառուցուող պատին սակը: Իսկ նման աղաղակող մսխում պիտի արդարացուի՞ «տնտեսութիւնը կ’աշխուժացնենք»ի եւ «Ամերիկան դարձեալ կը հզօրացնենք»ի բացատրութիւններով: Տակաւին, այսուհետեւ ո՞վ իրաւունք ունի քննադատելու եւ դատապարտելու Երրորդ աշխարհի երկիրներուն մէջ (այլապէս դատապարտելի) կաշառակերութեան ու փտածութեան իրականութիւնները:

…Ու մտածե՜լ, որ տարբեր ցամաքամասներու վրայ, հիւանդանոցներու մէջ գործող եւ վարակին դէմ առաջին գիծերու վրայ պայքարող հազարաւորներ իրենց կեանքո՛վ կը վճարեն, իրենց առողջութիւնը դրած են նժարի վրայ: Սակայն ինչո՞ւ զարմանալ: Նոյն Թրամփը չէ՞ր, որ ընտրութենէն անմիջապէս ետք Սէուտական Արաբիա վազեց՝ «գեղեցիկ զէնքեր» ծախելու եւ մահասփիւռ պատերազմներ ծաղկեցնելու համար: Նոյն վարքագիծը չունէի՞ն Պուշերն ու Օպամա. բազմաթիւ մատղաշ զինուորներու կեանքը տասնամեակներէ ի վեր յումպէտս չի՞ մսխուիր Աֆղանիստանի, Իրաքի մէջ եւ այլուր, որպէսզի «հասութաբեր» ճարտարարուեստնը գումարմեր թիզէ: Վերջապէս, նման հսկայական գումարներու դէպի դրամատնային եւ ելեւմտական ընկերութեանց սնտուկներ հոսք տեղի չունեցա՞ւ 2008-ի «անկում»ի օրերուն, հետեւելով սղոցի նոյն տրամաբանութեան…

20 Ապրիլ 2020

 

Նախորդը

ՀՅԴ «Սարդարապատ» Կոմիտէն Կը Շարունակէ Օժանդակել Կարիքաւոր Հայ Ընտանիքներուն

Յաջորդը

Հաղորդագրութիւն. Յստակացում` Կարիքաւոր Ընտանիքներու Ցանկագրման Գծով

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Խորհրդարանական Հարցապնդում Եւ Խաղաղութեան Խոստում

September 16, 2026
Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը.  Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով
Անդրադարձ

Հետաքրքրական Եւ Արժէքաւոր Յուշագրութիւն Մը. Մովսէս Ա. Քհնյ. Շրիգեանի «Յուշեր»-ու Հրատարակութեան Առիթով

September 16, 2026
Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ
Անդրադարձ

Ազգային Արժէքներու Եւ Հայ Եկեղեցւոյ Կարեւորութիւնը` Սփիւռքի Մէջ Հայկական Ինքնութեան Պահպանման Համար. Նոր Իրավիճակի Մարտահրաւէրներ

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.