Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամէն Բանի Ժամանակը Կայ

April 24, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ*

Երբ մտածեմ այս օրերու համաշխարհային թագաժահրի համաճարակի պատճառած  անձկութեան մասին, որ կը սպառէ մարդկային միտքն ու հոգին, եւ այն առիթը՝ որ այսօր կը հրաւիրէ մեզ  յիշատակելու Հայոց Ցեղասպանութեան 105ամեակը, կը մտաբերեմ իմաստութիւնը որ կը բխի Աստուծոյ Խօսքէն (Ժողովողի 3) ուր կ՚ըսէ.

«Ամէն բանի ատենը կայ,
Ու երկինքի տակ եղող ամէն գործի ժամանակը։
Ծնանելու ժամանակ եւ մեռնելու ժամանակ։
Լալու ժամանակ եւ ծիծաղելու ժամանակ։
Գրկելու ժամանակ ու գրկելէ հեռանալու ժամանակ։»

Անցնող մի քանի ամիսները մեր բոլորին համար եղան սպառողական, թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ՛ հոգեպէս, այս ցամաքամասին վրայ, մեր Հայրենիքի մէջ եւ  աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ, ուր այս աննախադէպ եւ անհաւատալի իրողութիւնը կլանեց ամբողջ աշխարհը՝ թելադրելով կեանքի նոր կանոններ։

Ողբերգութիւնը շօշափելի է: Մենք ականատես ենք մարդկային քրտնաջան հոգածութեան՝ հոգալ տուժածները, պայքարիլ՝ անհրաժեշտ փրկարար սարքաւորումներ ձեռք բերելու, մարտնչիլ՝ սահմանափակելու ախտին տարածումը եւ սգալ զոհուածները, չկարենալով անոնց տալ արժանի յարգանքի վերջին տուրքն իսկ։

Մինչ բիւրաւորներ կ՚ենթարկուին այս  գարշելի եւ ահազդու պատուհասին, հազարաւոր շտապ օգնութեան ծառայողներ, բժիշկներ, բուժքոյրեր, պետական ծառայողներ, բարի սամարացիներ, կամաւորներ եւ ոչ պետական կազմակերպութիւններ օրն ի բուն կը խնամեն, կը բուժեն, յոյս կը ներշնչեն եւ շատ մը պարագաներու կեանք կը պարգեւեն խճողուած մահիճներու վրայ գտնուող հիւանդներու՝ ըլլան անոնք հիւանդանոցներու կամ շտապ կառուցուած բժշկական սարքաւորումներու մէջ։

Հուռա՛յ, բոլոր անոնց՝ որոնք կոչումը ունին, նուիրաբերումը եւ կամ պարտաւորութիւնը իրենց օգնութեան ձեռքը երկարելու։

»Հարիւր հինգ տարիներ առաջ Օսմանեան Թուրքիա կոչուած մէկ այլ ժանտախտ՝ կանխամտածուած պետական ծրագրով, ֆիզիքական ոչնչացման ենթարկեց կայսրութեան բնակչութեան մէկ հատուածը: Անոնք, իրենց պապենական հողերուն վրայ խաղաղութեամբ կ՚ապրէին հազարաւոր տարիներէ ի վեր՝  ետին մահ եւ ոչնչացում ձգող Թրքական սմբակներու դէպի Մերձաւոր Արեւելք խուժումէն շա՜տ առաջ։

Ամէն բանի ժամանակը կայ։

Այսօր, թագաժահրի այս ողբերգութեան ընդմէջէն, պարտինք կասեցնել ժամացոյցներու ընթացքը, յարգելու յիշատակը եւ յարգանքի տուրք մատուցանելու մեր մէկու կէս միլիոն նահատակներուն, որոնք անմարդկային ամենադաժան միջոցներով մանգաղուեցան եւ ոչնչացան։ Իր պատմական հողին վրայ ապրող մեր ժողովուրդը թիրախ դարձաւ՝ գոհացում տալու խաւարի մէջ՝ պետականօրէն կազմակերպուած ոճիրի մը, որ չհանդուրժեց խաղաղ, բարգաւաճ, ստեղծագործ Քրիստոնեայ փոքրամասնութեան մը գոյութիւնը՝ իր պապենական հողին վրայ։

Տեսախցիկներ չկային, ականատես ըլլալու մտրակուող պարտադիր տեղահանութեան։ Լրատուամիջոցներ չկային, արձագանգելու «ազգի մը սպանութիւնը»։ Շտապ օգնութեան միջոցներ չկային հասնելու համար փշոտ դաշտերուն մէջ, ժայռոտ լեռնային ճանապարհներու վրայ, անապատի կիզիչ աւազին, վտանգաւոր եւ ամայացած անմշակ ճամբաներուն վրայ եւ կամ մութ ու սարսափազդու քարանձաւներու մէջ, մահուան սպառնալիքին ենթարկուող տեղահան ժողովուրդին: Շտապ օգնութիւն չկար գթալու երկունքի մէջ գտնուող մօր մը եւ կամ ոսկրացած որբ մանչուկի մը կոչին: Շտապ օգնութիւն չկար աղերսելու կաթիլ  մը ջուր պապակող ակոսուած շրթներու եւ կամ հացի փշրանք մը հայցող նօթիին: Շտապ օգնութեան կոչերու պատասխանող չեղաւ փրկելու խեղդամահ մանկամարդուհի մը եւ կամ բոցերու մէջ կրակի տրուած հարս մը, որոնք ետ մղած էին լորձնաշուրթն ահագնողներ։

Այսօր՝ երախտագիտութեամբ կ՚ողջունենք Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Գոնկրէսի կողմէ երկա՜ր սպասուած Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումը, անցեալ տարուայ աշնան: Բայց հակառակ թաւալող մէկ դարաշրջանին, Մեծ Ոճիրի ժառանգորդները տակաւին մահաքունի մէջ կը մնան  իրենց գիտակից ուրացութեամբ։

Այսօր՝ անոնք ալ կը տառապին նոյն թագաժահրով։ Իմ աղօթքն ու մաղթանքն է, որ ինչպէս ամբողջ աշխարհը, գիտակից ուրացումի ռահվիրան՝ Թուրքիան, նոյնպէս ապաքինի այս հիւանդութեան հետեւանքով յառաջացած աւերէն եւ հոգեվարքէն եւ խաղաղութիւն գտնէ։

Ամէն բանի ժամանակը կայ կ՚ըսէ Աստուածաշունչը։

Այսօր ես առաջնորդուած եմ Աստուծոյ խօսքով՝ Բ. Օրինաց 32. 35 համարով, որ կ՚ըսէ.- «Վրէժխնդրութիւնը իմս է, ես պիտի հատուցանեմ:»

Ամէն բանի ժամանակը կայ։

Այսօր ժամանակն է խոնարհելու եւ մեր յարգանքի տուքը մատուցանելու ինկածներուն՝ վերահաստատելով մեր հաւաքական ձգտումը արդարութեան:

Կլէնտէյլ
Ապրիլ 24, 2020

 

* Զաւէն Խանճեան Գործադիր Տնօրէնն է Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան

 

 

 

 

 

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (23 Ապրիլ 2020)

Յաջորդը

«Ո՛չ Մէկ Զիջում Մեր Ժողովուրդի Պահանջատիրական Պայքարէն» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Առաջնորդական Պատգամ 2018-2019 Կրթական Տարեշրջանի  Վերամուտին Առիթով
Անդրադարձ

Հայ Դպրոցը Պէտք Ունի Իր Արձանագրած Յաջողութիւնները Նշմարող Ու Գնահատող Ջատագովներու

October 10, 2026
Համազգային Հայ Կրթական Եւ Մշակութային Միութիւնը Կը Հրապարակէ Իր Նշանաբանը` «Լոյսով Լոյսին»
Անդրադարձ

Թարգմանչաց Պատգամը` Ազգային Արժէքային Համակարգի Վերանորոգման Եւ Մեր Գոյերթի Հրամայական

October 10, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Փոխան Երախտիքի Զարմանալի Եւ Տխուր Խօսքեր Հայրենիքէն (Կրթական Վերամուտ Եւ Թարգմանչաց)

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.