Անդրադարձ

Հայերը Եւ Սուրիոյ Տագնապը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Առաջին կարգի վկայի ճանաչում

ԿԻՐԱԿՈՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ Սուրիոյ խորհրդարանը 13 փետրուար 2020-ի իր նիստին միաձայնութեամբ ճանչցաւ եւ դատապարտեց Հայոց Ցեղասպանութիւնը, որ կատարուած է հայ ժողովուրդին դէմ՝ իր պապենական, հազարամեայ հողին վրայ: Թուրքերը այսպէս կոչուած Անատոլիայի գրաւումէն (Մեծ Հայք) եւ Օսմանեան կայսրութեան կազմուած օրէն  վեց հարիւր տարուան ընթացքին շրջանին մէջ ապրող բնիկ ժողովուրդներ սպաննեցին, հարստահարեցին եւ ստորացուցին, բայց մեծագոյն ոճիրն ու զազրելի գործողութիւնը իրականացուցին  հայ ժողովուրդին...

Համաճարակին Քաղաքական Հետեւանքը

Համաճարակին Քաղաքական Հետեւանքը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ «Քորոնա» ժահրի համաճարակը կը շարունակէ գործել իր աւերը, որ առաւել նշանակալից քաղաքական հետեւանք պիտի ունենայ արեւմտեան, մասնաւորաբար եւրոպական երկիրներու համար։ «Աներեւոյթ թշնամին» Արեւմտեան Եւրոպայի շարք մը երկիրներու մէջ իսկական ջարդ է, որ կը գործէ՝ օրական հնձելով բազմահազար քաղաքացիներու կեանքերը։ Կացութիւնը այնքան վատ է, որ երկիրի մը մէջ առօրեայ մահացածներուն թիւը 800-էն 500-ի սահմաններ նուազիլը կը շեփորուի իբրեւ դրական...

Մինչեւ Ե՞րբ

Պարտաւորութիւն

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ Անցնող մէկ ամսուան ընթացքին «Քորոնա»-ի ճգնաժամային շտապի բազմաբնոյթ  աշխատանքները բնականաբար որոշ բարոյական եւ զօրակցական մթնոլորտ մը ստեղծեցին: Սակայն պահանջները եւ դիմումները այդքան շատ են եւ արդարացի, որ բնականաբար դժգոհներ կան: Նոր թափով սննդեղէն պատրաստելու մէջ ենք: Արդէն 3000 կտրօն եւ ծրար բաժնուեցան, գալիք շաբաթներուն առաջնորդարանի եւ Շտապի կողմէ պիտի բաժնուին 2000 տուփեր, Պէյրութի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութիւններէն` մօտաւորապէս...

Թուրքիա Կը Շարունակէ Մերժողականութեան Իր Դաւերը՝ Գործի Լծելով Նոր «Դաշնակիցները»

Թուրքիա Կը Շարունակէ Մերժողականութեան Իր Դաւերը՝ Գործի Լծելով Նոր «Դաշնակիցները»

ՀԱՄՕ ՄՈՍԿՈՖԵԱՆ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչման այս օրերուն՝ երբ մեր երկրագունդի գրեթէ բոլոր հզօր տէրութիւնները, երկիրներն ու կառավարութիւնները ճանչցած են Հայոց Մեծ Եղեռնը՝ Թուրքիա կը շարունակէ իր նոր դաւերն ու մերժողականութեան ցաւալի դիրքորոշումները որդեգրել ամէնուրեք։ «Նէօ-Օսմանականութեան» ինքնակոչ Սուլթան Էրտողանի գործունէութեան թիրախը այս անգամ Ուքրանիան է, ուր գոյութիւն ունեցած է հայկական հազարամեայ գաղթօճախ, պատմական բազմաթիւ յուշարձաններով եւ ծաղկուն գործունէութեամբ մայրաքաղաք Քիեւի, Լուհանսքի,...

«Արամ Ա. Վեհափառին Խօսքն Ու Գործը Միշտ Յստակ Եղած Են».  «Վեհափառ Հօր Մտածումները Քաղաքականացնելը Ճիշդ Չէ՛»  Կը Հաստատէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական Գրասենեակը

«Արամ Ա. Վեհափառին Խօսքն Ու Գործը Միշտ Յստակ Եղած Են». «Վեհափառ Հօր Մտածումները Քաղաքականացնելը Ճիշդ Չէ՛» Կը Հաստատէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական Գրասենեակը

ՅՈՎԱԿԻՄ ՎՐԴ. ԲԱՆՃԱՐՃԵԱՆ Վարիչ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական Գրասենեակի Արձագանգելով «168.ամ» կայքի հարցումներուն` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Տեղեկատուական գրասենեակը հետեւեալ պարզաբանումները կատարած է հայաստանեան լրատուադաշտին մէջ երեւցած վեհափառ հայրապետին մտածումներն ու գրառումները քաղաքականացած մեկնաբանութեամբ ներկայացնող նիւթերուն առնչութեամբ: 1) Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, ստեղծուած համաշխարհային տագնապի լոյսին տակ, նման գրառումներ կը կատարէ Դիմատետրի ճամբով: Ան յաճախ իր յորդորները ու թելադրութիւնները...

Տոքթոր Ռոբովթ Չորպաճեանի Յիշատակին   (1934-2020)

Տոքթոր Ռոբովթ Չորպաճեանի Յիշատակին (1934-2020)

ԱԶԱՏՈՒՀԻ ՍԻՄՈՆԵԱՆ-ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ Անդամ` Լիբանանի Հաուըրտ Գարակէօզեան հիմնարկի Վարչական մարմինի Լիբանանի Հաուըրտ Գարակէօզեան հիմնարկութեան մէջ տարուած ծառայութիւններուն իրենց կարեւոր նպաստը բերած նուիրեալներու խումբին կարկառուն դէմքերէն` Տոքթ․ Ռոբովթ Չորպաճեանը իր պաշտօնավարութեան երկար տարիներու ընթացքին, նախ` իբրեւ Լիբանանի Վարչական մարմնի անդամ 1987-էն սկսեալ եւ ետքը` 2004էն-2014 (10 տարիներ) իբրեւ ատենապետ ծառայեց հաւատարմութեամբ ու քրիստոնէական բարձր սկզբունքներով: Ան ցուցաբերեց գործակցութեան սքանչելի ոգի թէ՛ հաստատութեան...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Սլաք. Հեքիաթը՝ Շրջուած

Ծանօթ, ատենին ալ բաւական տարածուած հեքիաթ էր հետեւեալը: Քաղաքի մը մօտ, լերան լանջին, աղբիւր մը կը բխի: Քաղաքացիք կ'ուրախանան, որովհետեւ ո՛չ միայն առատահոս է աղբիւրը, այլեւ ունի շա՜տ համեղ ջուր: Մարդիկ կը վազեն դէպի աղբիւրը, որպէսզի համտեսեն չնաշխարհիկ ջուրը: Միակ անպատեհութիւնը այն էր, որ այդ ջուրէն խմողը... խելքը կը կորսնցնէր: Թագաւորը կ'իմանայ պատուհասը եւ կ'արգիլէ այդ ջուրէն խմելը: Մարդիկ կ'անտեսեն...

Պարտադիր Մեկուսացումի Շրջանին Բարելաւեցէք Ձեր Հայերէնը

Պարտադիր Մեկուսացումի Շրջանին Բարելաւեցէք Ձեր Հայերէնը

ՈՒՍՈՒՑՈՂԱԿԱՆ ԵՒ ԺԱՄԱՆՑԱՅԻՆ ՏԵՍԱՆԻՒԹԵՐ ԵՒ ՁԱՅՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ (արեւմտահայերէնով) Մեկուսացումի այս շրջանին, երբ հեռակայ ուսուցման, ընթերցումի եւ ընդհանուր զարգացման զանազան ծրագրեր կը հրամցուին ամէնուրեք՝ համացանցի վրայ արեւմտահայերէնով շրջանառութեան մէջ դրուած մանկապատանեկան կայքէջերու ցանկ մը կը հրապարակենք, ուր ուսուցողական եւ ժամանցային տեսանիւթեր եւ ձայնագրութիւններ տրամադրելի են ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու համար, տան մէջ ժամանակը աւելի օգտակար ձեւով անցընելու նպատակով։ Հասցէները՝ իրենց բովանդակութեան մասին...

Ո՞ւր Են Մեր Ունեւորները… Արամ Ա.

Ո՞ւր Են Մեր Ունեւորները… Արամ Ա.

Տագնապի այս օրերուն, խոր գոհունակութեամբ ու յուզումով կը դիտեմ, թէ ի՛նչ անսահման նուիրումով մեր առաջնորդարանները, համայնքները, ծուխերը, կազմակերպութիւնները, միութիւնները, ամէ՛ն տեղ, լծուած են մեր ազգի կարիքաւոր ընտանիքներու օժանդակութեան անյետաձգելի ու հրամայական աշխատանքին։ Սէր ու գնահատանք անոնց նկատմամբ պարզապէս քիչ է։ Սովորական ծառայութիւն չէ անոնց կատարածը, այլ գերազանցօրէն Աստուածահաճոյ գործ է։ Արդարեւ, մեր նուիրեալները դռներ կը թակեն օժանդակութիւն խնդրելու, որպէսզի կարենան...

Թիֆլիսեան Յուշեր

Միասնաբար Ծառայելու Խրախուսիչ Երեւոյթը

Ն. ԱՒԱԳԵԱՆ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան գործունէութեան մէկ առանցքը կը կազմէ խոհանոցի աշխատանքը` տարեցներու  պնակ մը ճաշ մատակարարելը, որ սկսած էր տարիներ առաջ եւ մինչեւ օրս կը շարունակուի: Խոհանոցի ծրագիրը յաջողած է շնորհիւ բարերարներ Վաչէ Տէկիրմէնճեանին եւ Պերճ Կիւլպէնկեանին կատարած ներդրումներուն, ինչպէս նաեւ այլ ազգայիններու զօրակցութեան: Կարիքաւոր տարեցներու համար սովորութիւն դարձած էր շաբաթական երկօրեայ դրութեամբ այցելել «Վարդուհի Տէկիրմէնճեան» խոհանոցի կողքին գտնուող...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Սլաք. Ընդդէմ Նորօրեայ Ոճրագործներու…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Պսակաձեւ ժահրին հետեւանքները դարմանելու, բայց մասնաւորաբար նոր ալիքներ կանխարգիլելու համար գիտական աշխարհը վստահաբար անդուլ աշխատանք կը տանի եւ պիտի տանի երկար: Սա չի նշանակեր, որ օրէնսգէտներ եւ իրաւական հարցերու մասնագէտներ հիմա պէտք է անգործ նստին, այլ պէտք է իրենք զիրենք կոչեն այլապէս փրկարար առաքելութեան: Յստակ է, վէճ չի վերցներ, որ այս համաճարակը հակակշիռի տակ բերուելէն ետք աշխարհը պիտի...

Տեսակէտ  «Քորոնա» Ժահրը` 21-րդ Դարու Նորագոյն Պատուհասը

Տեսակէտ «Քորոնա» Ժահրը` 21-րդ Դարու Նորագոյն Պատուհասը

ԱՐՇԱԿ ՊԱՒՈՒԿԵԱՆ «Պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ Առաջին անգամ` իբրեւ ողբերգութիւն, Իսկ երկրորդ անգամ` իբրեւ զաւեշտ»: ՔԱՐԼ ՄԱՐՔՍ   Թերեւս ոմանք հարց տան, թէ Մարքսի այս տողերը ի՞նչ առնչութիւն ունին «Քորոնա» ժահրին հետ: Յստակացնեմ միտքս եւ խօսիմ օրինակներով: Պատմութեան վաղ օրերէն ի վեր աշխարհն ու մարդկութիւնը ապրած են շարք մը փուլեր, որոնք կը նկատուին սարսափելի, հետեւաբար` ահ ու դողի մատնած են...

Ապրիլ 24, Պարզ Խօսքեր. Պարզ Մարդիկ. Յասմիկին Կրպակը Բաց Էր, Կը Վաճառէր Ջերմուկ, Կոլա Եւ Հաց

Մեկուսացում. Մտածելու Ոսկի Առիթ, Զի Չկայ Աղմուկ Եւ Չկայ Ցոյց

Յ. ՊԱԼԵԱՆ «Ճշմարտութիւնը լոյսին պէս է, կոյր: Սուտը, ընդհակառակն, գեղեցիկ աղջամուղջ մըն է, որ կ՛արժեւորէ ամէն բան»: Ալպէր Քամիւ Այս տարի, Հայաստան եւ Սփիւռք(ներ), ԱՊՐԻԼ 24ը, ինչպէս Զատիկը, պիտի ապրինք տունը, թերթ, ձայնասփիւռ եւ հեռատեսիլ պիտի փոխարինեն ցոյցերը: Յայտարարութիւններ միշտ պիտի ըլլան: Հաւանօրէն համաշխարհային իրարանցումին մէջ ցեղասպանութիւնը ճանչցող նոր մը պիտի չըլլայ: Լրատուամիջոց, գրող եւ խօսող, մեր ժողովուրդը պիտի հրաւիրե՞ն, ոչ...

Վիշտերու Տէրը

Վիշտերու Տէրը

ԽՈՐԷՆ ՔՀՆՅ. ՊԷՐԹԻԶԼԵԱՆ Տէր սիրական, ձայն փրկական Լոյս մարդկութեան, սէր յաւիտեան Աւետաբեր կանչ հովուական Հզօր Իշխան խաղաղութեան Ընտրեցիր Դուն խաչի ճամբան Որ կնքես Ուխտ Տէրունական Համբերեցիր ծայր աստիճան Կեանքիդ մասին վեհ, սրբազան Մարգարէներ տուին նշան Թէ պիտի գայ Յիսուս Արքան Որ ըլլայ Զոհ վասն մարդկան Եւ բանայ դուռն ողորմութեան: Խաչի ուղին, վճիռ մահուան Տխուր պատկեր, սեւ հանգրուան Մութ դաւերը Յուդայական...

Ակնարկ.  Որպէսզի Զերծ Մնանք Փանջունիականութեան Մրցանակէ

Նշմար. Յիշելով Ջիւանին…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Պսակաձեւ ժահրին դէմ պայքարող ամերիկեան խմբակին պետը՝ Տաքթըր Ֆաուչի, հաստատեց իրականութիւն մը, որ ամերիկացիք ու աշխարհը շաբաթներէ ի վեր գիտէին. «Եթէ վարակին դէմ աւելի կանուխ շարժէինք, այսքան զոհ չէինք տար...»: Ֆաուչիի սլաքը միայն նախագահ Թրամփի եւ իր անատակ ու համբակ գործակիցներուն չէ ուղղուած, այլ աշխարհի բոլոր երկիրներու այն վարիչներուն, որոնք շաբաթներ ու ամիսներ շարունակ անտարբեր կանգնեցան եւ այլ...

Ռոպոթացում

ՆՈՐԱՅՐ ԱԴԱԼԵԱՆ Բանասիրական գիտութիւնների դոկտոր Աշխարհն այսօր եթէ շուռ էլ չի եկել, ապա շուռ գալու վրայ է: Շրջուած աշխարհի կերպարը գործում է մարդկութեան դէմ: Վերջին ժամանակներս հեռուստաէկրանին տեսնում ենք երիտասարդ մի մարդու, այսօրական սանրուածքով, թւում է հէնց նոր է դուրս եկել «Տոմա» գեղեցկութեան սրահից, մանրամասնօրէն շպարուած, գլուխն անվերջ շարժում է աջ ու ձախ, սառն աչքերով նայում քեզ եւ կարծես ասում...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Ինչպէ՞ս Բացատրել Երկուութեան Ախտանշանը…

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Նորութիւն չէ, որ վաղուց արդէն գոյութիւն ունի մեր ժողովուրդը իր արդար պահանջատիրութենէն խզելու մեծապետական քաղաքականութիւն և որ այդ քաղաքականութիւնը խրախուսողը ընդհանրապէս եղած է ԱՄՆ-ի դաշնակցային գործադիր իշխանութիւնը գէթ Լոզանի համաձայնագրէն ի վեր։ Իսկ Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմի աւարտէն սկսած, ԱՄՆ եղած է այդ քաղաքականութեան առաջատար ուժը։ Փաստօրէն, Նախագահ Ուիլսընի արդարակորով առաքելութեան ձախողութենէն ետք, Արևմուտքը որդեգրեց Քեմալական Թուրքիոյ սրտին վրայ...

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

«Փոքր» Ժահրին «Մեծ» Բացայայտումները (Խորհրդածութիւն)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ «Թուիթըր»-ի հիմնադիր Ժաք Տորսի 1 միլիառ տոլար   կը նուիրէ պսակաձեւ ժահրի դէմ պայքարի ֆոնտին: Ի սկզբանէ յայտնենք, որ հետագայ տողերը ծանուցողական բնոյթ չունին, ո՛չ ալ դրամատէր մարդոց գովքը հիւսելու կը միտին, ընդհակառակը, համոզուած ենք, որ ազատական դրամատիրութիւնը իր հրէշային մտածողութեամբ չարիքի աղբիւր է համայն մարդկութեան. մերօրեայ փաստերը կ'ապացուցեն ըսուածին միտք բանին: Արդ, վերը մէջբերուած տողին մէջ մեզ...

«Սուիթ Էնտ Սաուըր»

ՀԱՅԿԱԶՈՒՆ    Ո՛չ: Կնոջական էջի խոհագիրի եւ ճաշերու բաժինը չէ՛: Ձեզի նոր թացանի մը (սօս) բաղադրութիւնը պիտի չըսեմ: «Քաղցր ու թթու»-ն այն համերն են, զորս մարդուս քիմքը կ՛առնէ այս օրերուն` մեր իրականութիւնը դիտելով: Անկասկած, լիբանանահայութիւնը, ինչպէս ամբողջ Լիբանանն ու աշխարհը, դժուար օրեր կ՛ապրի, դժուարութիւններն ու դառնութիւնները թուելու հարկ չկայ: Բայց կեանքի իրականութիւն է: Յոռեգոյն պայմաններուն մէջ իսկ կը մնան բաներ, դէպքեր...

Թուրք Գործիչը Կը Խոստովանի, Որ Իրենց Համար Ծանր Հարուած Էր Թեքսաս Նահանգի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը

Հայամէտ Եւ Քրտամէտ Թուրք Բարերարը Բանտարկուած Է Թուրքիոյ Մէջ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր www.TheCaliforniaCourier.com Հանրծանօթ է, որ Թուրքիոյ կառավարութիւնը կը զրկէ իր երկրին մէջ ապրող փոքրամասնութիւնները իրենց իրաւունքներէն, անոնք ըլլան հայեր, ասորիներ, յոյներ, հրեաներ կամ քիւրտեր: Այսուամենայնիւ, հասարակութեան ճնշող մեծամասնութիւնը կազմող թուրքերը Թուրքիոյ իշխանութիւններու կիրարկած բռնութիւններուն ամէնէն մեծ զոհերն են: Տասնեակ հազարաւոր անմեղ թուրքեր բանտարկուած են շինծու պատրուակներով։ Նման անմարդկային վերաբերմունքի յայտնի օրինակ է թուրք...

Page 398 of 807 1 … 397 398 399 … 807

Արխիւներ