Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապրիլ 24-ի Մտորումներ. Մեր Հայրերուն Կտակին Գիտակից Հայավայել Կեանք Մը Ապրիլ

Ապրիլ 23, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

Հենրի Մորկընթաու

«Տեղահանութեան իսկական նպատակը թալանն ու ոչնչացումն էր: Իրականութեան մէջ անիկա բնաջնջման նոր եղանակ մըն էր: Երբ թրքական իշխանութիւնները հրաման կու տային, փաստօրէն, անոնք ամբողջ ԱԶԳ-ի մը մահավճիռը կ’արձակէին»:

ՀԵՆՐԻ ՄՈՐԿԸՆԹԱՈՒ –Թուրքիոյ մէջ
Միացեալ Նահանգներու դեսպան, 1918:

«Այս աշխարհի վրայ արդարութիւն կա՞յ», «Մինչեւ ե՞րբ հայ ժողովուրդը մահուան դառն բաժակը պիտի ըմպէ», «Ինչո՞ւ մեծ մօրս աչքերը միշտ կ’արցունքոտին», հարցադրումներ, որոնք յաճախ պատանի տարիքիս իմ միտքս խճողած են: Կ’ուզէի դպրոցին ցուցատախտակին վրայ զետեղուած Ապրիլ 24-ի պատկերներուն խորքը թափանցել, լացող ծերունիներու հետ զրուցել եւ գիտնալ իրենց հոգիները չարչրկող ցեղասպանութեան թողած ահաւոր հետեւանքներուն մասին: Ափսոս, մօրենական մեծ մայրս չէր ուզեր խօսիլ իր ապրած արհաւիրքներուն մասին: Այնթապէն տեղահան եղած ատեն իրենց կրած ծանր տառապանքներուն մասին: Սակայն  անոր աչքերը խօսուն վկայարան էին: Բազմիցս փորձած եմ իրմէ տեղեկութիւններ ունենալ, լսել մեր նահապետական ընտանիքին մասին: Ան միայն կ’արտասուէր, երբ կը յիշէր իր ծնողքն ու մեծ մօր նահատակութիւնը Այնթապի մէջ եւ աղիողորմ կ’ըսէր, որ Աստուած թող չներէ թուրքին:

Հայ ժողովուրդի պատմութեան գիրքի դառն էջերուն մաս կը կազմէ նաեւ հօրս տեղահանութեան պատմութիւնը: Հօրս ընտանիքը ենթարկուած է տեղահանութեան, եւ լոկ գիշերուան մը մէջ Քըրքխան գիւղի բնակիչները թուրքերու մահուան ու ջարդի սպառնալիքին տակ փախած են իրենց ծննդավայրէն, հօրենական տունէն: Այդ ժամանակ շատ դժուար եւ թշուառ պայմաններու մէջ հասած են Հալէպ, ուր սուրիական կառավարութիւնը գրկաբաց ընդունած է հայերը, ապա անոնք փոխադրուած են Լիբանան: Հօրս յիշողութեան մէջ ամենեւին չէին ջնջուած իր ծննդավայրի բնակարանը, դրացիները, կենցաղը, դպրոցը: Ան սակայն հայու տոկուն հաւատքով կրցաւ կուրծք ցցել կեանքի ահաւոր դժուարութիւններուն դէմ, ոչ մէկ ատեն ընկրկեցաւ, հայապահպանման ջահակիրը եղաւ, հայ ընտանիք կազմեց եւ հայախօսութիւնն ու հայօրէն ապրիլը առաջնահերթ նկատեց: Հետաքրքրական էր, որ ան ամրօրէն կառչած էր Հայաստանին, հակառակ անոր որ ծնած էր Քըրքխան (Ալեքսանտրեթի սանճաք): Հայ մշակոյթը, աշուղական երգերն ու Հայաստանի կայանէն սփռուող յայտագիրները հոգեկան անդորր ու բերկրանք կը պատճառէին իրեն: Այս երեւոյթը անուղղակի պատգամ մըն է բոլոր անոնց, որոնք կը նախընտրեն իրենց տուներուն հեռատեսիլներէն թրքական ժապաւէններ դիտել եւ թրքական մշակոյթը քաջալերել:

Ահաւասիկ ցեղասպանութեան սերունդի վերապրողի մը կենդանի պատմութիւնը, որ Կիլիկիոյ մէջ ենթարկուեցաւ թրքական  կառավարութեան մշակած բիրտ ծրագիրին` տեղահանութեան, ջարդին: Յիրաւի Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Հենրի Մորկընթաուի կենդանի վկայութիւնը ճշմարտացի եւ փաստագրական վաւերագիր է Հայոց ցեղասպանութեան եւ ամբողջ ազգի մը բնաջնջման վերաբերեալ: Վէրքը չսպիացաւ, սակայն հայուն աննկուն եւ անկորնչելի հաւատքը յաղթահարեց ամէն արգելք` ի խնդիր հայ ժողովուրդի գոյատեւման:

1895-ին Համիտեան ջարդերով թուրքերու կողմէ մեկնարկը կատարուեցաւ ազգակործան մեծ ծրագիրին: Դժբախտաբար հայ ժողովուրդը ահաւոր օրեր տեսաւ. ցաւ, ցասում, անդառնալի կորուստ, ջարդ, անմեղ զոհեր: Աշխարհի վրայ գետ մը կայ, բայց այդ գետը ոչ մէկ քարտէսի վրայ կը գտնուի: Անիկա 1915 թուականի անմեղ զոհերու արեան գետն է, որ հոսելով մարդկային խիղճի ու արդարութեան հովիտներով,  վերջապէս պիտի հասնի հատուցման ծով:

 

Նախորդը

Արցախի Նորընտիր Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան Հանդիպում Ունեցաւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի Անդամներուն Հետ

Յաջորդը

Ակնարկ. Բովանդակային Բանակցութիւններ` Միայն Ստեփանակերտով

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Փորձութիւն
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Փորձութիւն

Հոկտեմբեր 31, 2025
Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը
Անդրադարձ

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 10-րդ Թիւը

Հոկտեմբեր 31, 2025
Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել
Անդրադարձ

Փաշինեանը Պէտք Է Արտաքսել Եկեղեցիէն Եւ Ձերբակալել

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?