Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայութեան Տագնապը. Ի Հարկ Է՛

Մայիս 20, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՒԷՆ ԽԱՆՃԵԱՆ
ԱՀԱԸի Գործադիր Տնօրէն

«Կատարեալ սէրը կը վանէ վախը»:

(Ա. Յովհաննու 4. 18)

Լիբանանահայութիւնը ճգնաժամային օրեր կ՛ապրի:

Այս անգամ սուրացող փամփուշտները չեն տագնապին աղբիւրը:

Չքաւորութիւնը, անգործութիւնը, աշխատանքէ հեռացումը կամ կէս աշխատավարձերը, որոնք զգետնած են հասարակութեան գոյատեւման կարողականութիւնը, նաեւ ասոնց վրայ գումարելով «Քորոնա» ժահրը, ստակի կախարդական խաւարումը, քաղաքական ճգնաժամը եւ եթերացած պատեհութիւնները, որոնք համատարած դարձած են:

Մեր ժողովուրդը գործունեայ է, աշխատասէր եւ քարը հացի վերածող:

Բայց, երբ աղէտը կը հարուածէ բոլոր ճակատներէն` անդամալուծելով ամբողջ տարածաշրջան մը յարատեւ բռնութեան վախի քողով, գումարած սեփական շահի օգտագործման անկարողութեամբ եւ բարդուած աննախադէպ ու անակնկալ ժահրով մը` հետեւանքը կ՛ըլլայ աներեւակայելիօրէն աղէտալի եւ անողորմ հաւաքական պատիժ:

Այս է Միջին Արեւելքի մեր ժողովուրդին իրավիճակը այս օրերուն, յատկապէս` Լիբանանի մէջ:

Երեւակայեցէք, երբ արգելափակումը մասամբ վերցուած է` արտօնելով կրթական հաստատութիւններու վերաբացումը, նոյն ատեն ծնողներու անճրկած շփոթը` իրենց զաւակներուն կրթաթոշակները հայթայթելու անկարողութեան պատճառով:

Երեւակայեցէք ուսուցիչներ, որոնք իրենց աշխատավարձերուն կէսը կը ստանան, մինչ անհրաժեշտ ապրուստի գիները եռապատկուած են:

Այս նկարագրութիւնները մութ դարերուն չեն պատկանիր եւ ոչ ալ տխրահռչակ Օսմանեան  կայսրութեան օրերուն, այլ յառաջադէմ 21-րդ դարուն, որուն գալուստը միասնաբար ջերմութեամբ ողջունեցինք:

Լիբանանահայ գաղութի ներկայ իրավիճակը խիստ ծանր է, իսկ անոր անմիջական կարիքները` աներեւակայելիօրէն հսկայ:

Մեր ճիտին պա՛րտքն են ազգային գիտակցութեան դրսեւորո՛ւմը եւ մարդկային պարտաւորութեան հարկադրանքը, նաեւ հաւաքական օգնութեան ձեռք երկարելը` վանելու ամէն վախ եւ կենդանութեան յոյս ներշնչելու գաղութի զաւակներուն:

Աստուած կը յորդորէ մեզ` կատարեալ սէր ցուցաբերել` վանելու համար ամէն վախ: Վախի վերացումը եւ վհատութեան տապալումը կենդանութեան նախապայմանն ու գրաւականն են:

Միացէք մեր ջանքերուն` աջակցելու վիրաւոր լիբանանահայութեան, ձեր նախասիրած ճամբով կամ Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան (ԱՀԱԸ) խողովակով` AMAA 31 W. Century Rd., Paramus, NJ 07652,  ապահովելու համար Միջին Արեւելքի մեր գաղութներուն առողջութիւնը, սերունդներու կրթութեան ապահովումը կամ լոկ հայ մարդու կեանքի ամենատարրական կարիքներու գոյացումը:

Համատարած հայութեան առատաձեռն նուէրները անպայման պիտի օժանդակեն լիբանանահայուն գոյատեւման դժխեմ պայքարի յաղթանակին:

Լիբանանահայութեան փրկութեան ձեռք երկարելը անհրաժեշտութի՞ւն է:

Ի հարկէ՛:

Նախորդը

Արժանթինէն Լիբանանին. «Welcome To My (IMF) World…»

Յաջորդը

«ԱԶԴԱԿ»-ի 42 Լսարանականներ Մասնակցեցան «Նոր Աշխարհակարգի Ձեւաւորման Միտումներ» Թեմայով Առցանց Զեկուցում-Քննարկումին

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?