Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Մայիս 28. Առաջին հանրապետութեան 102 Ամեակ

Մայիս 26, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԲԻՒՐԱԿ

Անկախացար ահռելի պայմաններու մէջ, դիմագրաւեցիր ցեղասպանութեան արհաւիրքը, յաղթահարեցիր սովն ու աւերը,արիւնաքամ վիճակէդ վերականգնեցար, ստեղծելով Սարդարապատ, Բաշ Ապարան ու Ղարաքիլիսա։Գերմարդկային ուժերով դէմ դրիր թշնամիին մեծաթիւ զօրքերուն։

Պայքարեցար բազմաթիւ ճակատներու վրայ,դնելով հիմը հայոց պետականութեան,կերտելով ազատ ու անկախ Հայաստան։

Հորիզոնը կրկին պայծառացաւ, խանդավառութիւնն ու ցնծութիւնը ամենուրէք տարածուեցան։

Յոյս ներշնչեցիր համայն հայութեան, վերջ մը դնելով վեց դարու ստրկութեան ու նուաստացման,շնորհիւ անձնուրաց մարդոց՝ ըլլան անոնք ֆետայի, մշակ,բանուոր, ուսուցիչ կամ մտաւորական ։

Սակայն երկինքը նորէն պիտի մթագներ,ներքին թէ արտաքին միջամտութիւններ,վերջ մը պիտի դնէին դեռատի կեանքիդ, այս անգամ ալ յանուն ժողովուրդներու եղբայրութեան։Դարձար խորհրդային և «սոցիալիստական»։

Գոյատեւեցիր հակառակ դժուարութիւններուն, քեզի պարտադրուած ծանր պայմաններուն ու կարծիքդ չկարենալով արտայայտել ինքնակամ,որուշումներդ կայացուցիր դառնալով դիւանակալութեան կամակատար։

Գուրգուրանքդ անհասանելի դարձաւ զաւակներուդ մեծ մասին։

Սերունդներ ամբողջ երազեցին տարիներ շարունակ տեսնել քեզ կրկին ազատ ու անկախ Հայաստան։

Բայց այն օրը նորէն պիտի գար, ու հայը դարձեալ անկախ պիտի դառնար։

Անողոք ճակատագիրը այս անգամ ալ քեզ փորձութեան ենթարկեց։Երկրաշարժ,պատերազմ ու շրջափակում չկարողացան կոտրել կամքդ աննկուն։
Անկախութեան ծառաւը անյագելի էր ու անխուսափելի։

Փութացին օգնութեան զաւակներդ քեզ։

Հայաստան,Արցախ,սփիւռք,ձեռք ձեռքի տուած երրորդութիւն մը կազմելով, մէկ բազուկի մը նման քեզ պաշտպանեցին։
Դուն կրկին ծաղկեցար ու պայծառացար։

Եռագոյն դրօշիդ վերատիրացար։

Միջազգային ընտանիքին վերամիացար։Յարգանքի ու գովասանքի արժանացար։Հակառակ երիտասարդ տարիքիդ նուաճումներ ալ ունեցար և ողջ աշխարհը քեզի ծանօթացաւ։

Գեղատեսիլ վայրերդ անհամար են։Պատմամշակութային յուշարձաններդ ալ բազմաթիւ են։Օտար զբօսաշրջիկները այնքան հրապուրուեցան ու կրկին այցելելու խոստումներ կուտան։

Թէև ամէն ինչ հեզասահ չընթացաւ։Արտագաղթ,անգործութիւն ու զանազան վերիվայրումներ քեզ տկարացուցին։Բայց ապագադ լուսաւոր է սիրելի Հայաստան ու հողիդ կանչը շատ աւելի ուժեղ։

Դուն ես ու կը մնաս հայրենիքը աշխարհացրիւ հայութեան։

Շատեր վերադարձան, ուրիշներ ալ կը ծրագրերեն։

Լաւատեսութիւն կը ներշնչես համայն հայութեան։

Դուն միակ օրրանն ես հայապահպահման։

Իւրաքանչիւր հայ իր լուման բերելով,նախանձախնդիր պիտի ըլլայ աւելի լաւին ձգտելով։

Թերութիւններդ ամբողջացնելով,բաց թողումներդ սրբագրելով ու արդիական հայրենիքի մը վերածելով։

Ծաղկիր, զարգացիր, հզօրացիր ու ճառագայթէ առյաւէտ իմ Մայր Հայաստան։

24 մայիս 2020

Նախորդը

Անդրադարձ Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը եւ Յաղթանակները ԺԵ.

Յաջորդը

«Բառաստան»՝ Բնաբանական Առցանց Բազմամուտք Բառարան

RelatedPosts

Ինչպէ՛ս Կը Դաստիարակէին…
Անդրադարձ

Ինչպէ՛ս Կը Դաստիարակէին…

Յունիս 24, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Օրհնութի՞ւն, Թէ՞ Անէծք – Դիմատետրը Գայթակղութեան Քա՞ր Մը. Հայ Որոշ Եկեղեցականներու Վիճայարոյց Ներկայութիւնը Հանրային Հարթակներուն Մէջ

Յունիս 24, 2025
Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը
Անդրադարձ

Պատմական Թարգմանութիւնս

Յունիս 24, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?