Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կարպիս Ճանչուեցաւ՝ My Way-ով, Ապրեցաւ եւ Նուիրագործեց Alls Way-ով (Կարպիս Գույումճեանի Անմեռ Յիշատակին)

Մայիս 26, 2020
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Նա, ով հավատարիմ ընկեր ունի, կարող է հաշուել, որ ինքը երկու հոգի է»:

                                                                                                                        GRAF

Երբեմն Հարց կու տաս դուն քեզ, թէ ինչպէս կրնաս ընկերանալ, մտերմանալ եւ սրտակից դառնալ  անձնաւորութեան մը հետ, որուն հետ երեւելի ու  շօշափելի հասարակ յայտարար մը չունիս: Այդ համաչափութեան պրիսմակէն պէտք է դիտել ու հասկնալ՝ Հալէպահայ շատ մը ընկերներ, որոնք վայելեցին Կարպիս Գույումճեանի եղբայրութիւնը ու թիպուկ ընկերականութիւնը: Հակառակ անոր, որ տարիքի մերձեցում չունէին, ո՛չ ալ արհեստի, ո՛չ ալ ազգականական, ո՛չ ալ նոյն անցեալը կիսած կամ  նոյն քաղաքը հասակ առած նոյնացած պատմութիւն: Այսու ամենայնիւ, նախախնամութեանը ամրօրէն զօդեց այդ հոյլ մը ընկերները եւ դարձան բռնձքուած անքակտելի ընկերներ, բարեկամներ, եղաբայրներ: Միակ հարթակը որ իրենց կը նոյնացնէր՝ գաղափարական նոյն հաւատամքի դաւանանքն  էր, ամրագրուած Դաշնակցական բիւրեղ, անշահախնդիր եւ անձնուրաց ստորոգելիներով:

Օրըստօրէ սերտաճման չափը պարփակեց համայն ընտանիքներ, երբ Լուսինը՝ կողակիցը, դարձաւ բոլորին քոյրը, իսկ Թալինը, Ռազմիկը եւ Շողերը համալրուեցան բոլորի զաւակներու կարգին ու դարձան մէկ ընտանեկան ամբողջութիւն: Աւելի ուշ, պատեհ առիթներով՝ այդ հոյլ մը ընկերները կիսեցին համով եւ հոտով զաւակներու ուրախ օրերը:

Արդ, ծանօթութեան սաղմը գոյացաւ երբ ընկ. Կարպիսը 80-ական թուակններուն կ՛ընկերակցէր Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամներուն,  զանազան առիթներով Հալէպի շրջանը իրենց տուած կուսակցական այցելութիւններուն ընդմէջէն: Ապագային, սերտաճած յարաբերութիւնները անձնական եւ ընտանեկան այցելութիւններու փոխադարձ հաւաքներով, Կարպիս My Way -ին անունը զուգորդեց Հալէպի հետ, ու զինք շաղկապեց Հալէպահայ աւադական մթնոլորտին, ուր դարձաւ Հալէպը՝ Կարպիսին երկրորդ հասցէն:

Իրօք, պէտք է հաստատել, որ հակառակ իր տածած յատու սիրոյ վերաբերմուքին Հալէպահյութեան հանդէպ, ընկ. Կարպիսին համար Պուրճ Համուտի հայաբոյր օրրանը  եւ Սարդարապատ ակումբի ամրոցը, դարձուց էր իր անմրցելի վէմը, իր անփոխարինելի օճախը եւ իր զրոյցներու եւ դրուագներու առանցքը: Աւելի ուշ, երբ առաւելաբար իր ժամանակը կ՛անցնէր Այնճար աւանի եդեմական գիրկը, հոն վայելեց Այնճարցի ընկերներու գողտրիկ բարեկամութիւնը եւ գիւղացիի անմեղունակ ու ջինջ հոգատարութիւնը: Կարպիսը, Այնճարի մէջ չդասուեցաւ «Եապանճօ» եւ միաձուլուելով Այնճարի տոհմիկ մթնոլորտին մէջ, դարձաւ մյակտուր մէկ ամբողջութիւն: Այս մէկուն աչքառու փաստը տրուեցաւ յետ մահու՝ վերջին հրաժեշտին ընդմէջէն, ուր հակառակ գոյ համաճարակի անբարենպաստ պայմաններուն, համագիւղացիական արժանավայել դասաւորումներով, ու «Շիրքաթ»ի պարտն ու պատշաճի տնօրինումով՝ իր յոգնաբեկ անշնչացած մարմինը արժանավայել հրաժեշտով, պատուով՝ յաւիտենականութեան յուղարկուեցաւ:

Իր նկարագրային ամենէ ուշագրաւ կէտը կը կայանար անոր մէջ, որ երբե՛ք գաղափարներու համերաշխութեան հաշւոյն, չէր փորձեր հաճոյանալ զրուցակիցին հետ: Աւելին, յոռի երեւոյթները  եւ դատապարտելի չարաշահումները, իր իւրայատուկ համարձակութեամբ ու ոճով կը խարազանէր, նոյնիսկ չխնայելով իր զրուցակիցը կամ ամենէ մօտ ընկերը եւ հարազատը :

Հալէպահայ իր անմիջական ընկերները, հպարտութեամբ ու ակնածանքով կը յիշատակեն՝ իր բերկրալի նկարագիրը, ընկեր մեծարելու ու յարգելու հոգեպարար գիծը, իր սրտի խորքէն խայտացող ճոմարտութիւնը ու այդ ամէնը համադրող՝ անզուսպ լաւայի նման ժայթքող չափազանց հիւրասէր ըլլալու իրողութիւնը: Կարպիսին սեղանի պատառը ու բաժակ մը գաւաթը՝ օրհնեալ էր ու հալալ, միշտ համեմուած Լուսինին քաղցրահամբոյր ժպիտով ու փափկիկ համբերատարութեամբ քաղցրացած անդրադարձներով:

Իր ընկերներէն շատեր, հասկնալի պատճառներով՝ դժբախտաբար չկարողացան մասնակցիլ վերջին հրաժեշտի արարին՝ խղճի ու հոգւոյ պարտքը վճարելու անմոռաց ընկեր My Way ին: Բայց ամէն ոք՝ անտարակոյս, խնամքով պիտի պահէ ընկերոջ յիշատակը իր յուշատետրին մէջ ու փորձէ սխրագործել իր դաւանած ու կիսատ թողած ճանապարհով:

Վստահ,ընկեր Կարպիսը եդեմական կեանքին մէջ՝ վերոնշեալ հանգամանքին համար, իրեն վայել լայնասրտութեամբ ու հասկացողութեամբ պիտի ըսէ.

-«Անդարձ է իմ ճանապարհս: Դո՛ւք մանրուք հաշուարկներով մի տարակուսիք: Ես առանձին չէի հրաժեշտի պահուն: Պարուրուած էի բոլորիդ պայծառ դիմագիծերով՝ ներկայ կամ բացակայ: Կը բաւէ, որ մեր կիսած դառն ու անուշ յիշատակները բծախնդրօրէն կենդանի պահէ՛ք ձեր ներաշխարհին մէջ: Բայց մի՛ մոռնաք, որ անպայման պարտք է՛ք ինծի , եւ պարտաւոր է՛ք ի կատար ածելու անաւարտ մնացած  պարտամուրհակը, անսակարկ ծառայելով Հայաստանի եւ հայութեան՝ Հ.Յ.Դ. ի դրօշին ներքէւ:»

Յիշատակդ անթառամ սիրելի ALLS WAY Կարպիս:

Ցաւակցաբար՝

Հալէպահայ ընկերներ

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (23 Մայիս 2020)

Յաջորդը

Անդրադարձ Հայաստանի Ձիերը, Ձիաւոր Հերոսները, Հեծելազօրը եւ Յաղթանակները ԺԵ.

RelatedPosts

Լիբանանի  Մէջ   Օտարներու Պատերազմին 50-րդ  Տարելիցը
Անդրադարձ

Աշխարհաքաղաքական Վտանգաւոր Զարգացումներու Առջեւ Կը Գտնուի Հայաստան

Յունիս 24, 2025
Նամականի
Անդրադարձ

Ռուսիոյ մասին Դ. Մաս – Իսրայէլի Յարձակումը Իրանի Դէմ, Հաւաքական Արեւմուտքին Պատերազմն է Ռուսիոյ, Եւրասիոյ եւ ՊՐԻՔՍ-ին Դէմ

Յունիս 24, 2025
Ինչպէ՛ս Կը Դաստիարակէին…
Անդրադարձ

Ինչպէ՛ս Կը Դաստիարակէին…

Յունիս 24, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?