Անդրադարձ

Լիբանանը` Պատերազմի Ընտրութեան Եւ Բանակցութեան Տրամաբանութեան Միջեւ

Լիբանանը` Պատերազմի Ընտրութեան Եւ Բանակցութեան Տրամաբանութեան Միջեւ

ԱՐԱՄ ՉԱՓԱՐԵԱՆ Լիբանանը կը գտնուի զգայուն փուլի մը դէմ յանդիման: Իսրայէլի հետ բանակցութիւններ կրնան սկսիլ, մինչ երկիրը կ՛անցնի ճակատագրական եւ դժուար ժամանակէ մը: Եւ բնական է, որ հանրային կարծիքը բաժնուի համամիտներու եւ հակառակորդներու միջեւ` նկատի առնելով երկրին մէջ քաղաքական, պատմական եւ զգացական այլազան կողմերու գոյութիւնը: Սակայն հիմնական հարցումը կը մնայ այն, թէ` արդեօք այդ բանակցութիւնները կրնա՞ն յաջողիլ: Պատասխան` ներկայի տուեալներուն...

Պէտք Է Արգիլուի Փաշինեանի Կուսակցութեան Մասնակցութիւնը Յունիսի Ընտրութիւններուն` Սահմանադրութեան Խախտման Հիմքով

Պէտք Է Արգիլուի Փաշինեանի Կուսակցութեան Մասնակցութիւնը Յունիսի Ընտրութիւններուն` Սահմանադրութեան Խախտման Հիմքով

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ 2021 թուականի յունիսին կայացած խորհրդարանական ընտրութիւններէն ետք, վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Քաղաքացիական պայմանագիր (ՔՊ) կուսակցութիւնը տուաւ բազմաթիւ խոստումներ, որոնք պէտք էր իրականացուէին հինգ տարուան ընթացքին, որոնց կարգին` Արցախի եւ անոր ժողովուրդի իրաւունքներու պաշտպանութիւնը եւ այլն: Սակայն այդ խոստումները մնացին անկատար կամ ալ հակասեցին կառավարութեան հետագայ գործողութիւններուն: ՔՊ ղեկավարները, հակառակ անոր որ չունին անհրաժեշտ որակաւորում, բայց եւ այնպէս, իրենք զիրենք...

Մութ Կարմիրի Երանգներ

Մութ Կարմիրի Երանգներ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Կարելի չէր դիմանալ մրգաստանի ծառերուն թութերու բորբ հմայքին, որոնց հիւթը կ՛արիւնէր նոր շապիկս ամառնային, մինչդեռ անդին քաղաքամէջի կեդրոնին, նոյնիսկ կարգ մը մօտ թաղերուն, պատերազմը լուռ կը լափէր անորոշութեան, վախի, խուճապի եւ կորսուող երազներու միջեւ բանտուած տարիները մեր լաւագոյն: Թէ նախապէս, մանկութեան, մեզ հալածող շուներու հաջոցները անձկութիւն եւ կամ սարսափ կ՛առթէին, հիմա արդէն հեռարձակուած ռումբերու ահազանգող սուլոցը մահասարսուռ դողեր...

Կարօտի Ցաւը Շատ Մեծ Է.  (Քնար Չոլագեանի Յիշատակին Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Կարօտի Ցաւը Շատ Մեծ Է. (Քնար Չոլագեանի Յիշատակին Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Նանի՛, արդէն քառասուն օ՞ր... Քառասուն օր է, որ ֆիզիքապէս մեզի հետ չես, առյաւէտ բաժնուած ես մեզմէ: Անակնկալ էր, նանի՜, շա՜տ գէշ անակնկալ: Բժշկական քննութիւններ ընելու համար գացիր հիւանդանոց եւ յաջորդ օրն իսկ մեր սրտերը արիւն լացին: Կորուստդ ծանր է, կարօտի ցաւը` շատ մեծ: Անթիւ յիշատակներ ունինք միասին, նանի՛: Մեր օրը կը սկսէր քու ղրկած «Բարի լոյս»-երովդ, բարի մաղթանքներովդ եւ աղօթքներովդ:...

Անմահացաւ

Վերժին Աբրահամեանի Մահուան Տարելիցը

20 մարտին ամբողջացաւ «Փթիթ» մանկապատանեկան հանդէսի հեղինակ եւ խմբագրապետ Վերժին Չերչեան-Աբրահամեանի մահուան տարելիցը: Ան, երկարատեւ եւ անողոք հիւանդութեան դէմ պայքարէ մը ետք, իր մահկանացուն կնքած էր` խոր սուգի մատնելով իր ամուսինը, թերթիս աշխատակից ու բարեկամ, գրականագէտ` Կարօ Աբրահամեանը, բարեկամներն ու մշակութային շրջանակները: Վերժին Աբրահամեան նուիրեալ մշակութային գործիչ մըն էր, որ սերտ կապ պահած էր հայ կրթական ու գրական կեանքին հետ:...

Սրտագին Արձագանգի Հետքերով.   Օհանը Մեկնեցաւ, Բայց Իր Աւանդն Ու Վաստակը Կը Մնան (Քառասունքին Առիթով)

Սրտագին Արձագանգի Հետքերով. Օհանը Մեկնեցաւ, Բայց Իր Աւանդն Ու Վաստակը Կը Մնան (Քառասունքին Առիթով)

ՊԱՐՈՅՐ Յ. ԱՂՊԱՇԵԱՆ 1964-65 տարեշրջան, Երեւան-Հայաստան: Մեծ թիւով սփիւռքահայ ուսանողներ, տարբեր գաղութներէն, ժամանած են Երեւան, իւրաքանչիւրը` իր նախընտրած կամ նախասիրած մասնագիտութեամբ համալսարանական բարձրագոյն ուսում ստանալու: Երեւանի պետական համալսարանը իմ մեկնակէտս էր բանասիրական-հայագիտական ճիւղէն վկայուելու` իբրեւ հայոց լեզուի, հայ գրականութեան ու Հայոց պատմութեան եւ յարակից այլ նիւթերու մասնագէտ: Առաջին անգամ հոն հանդիպեցայ ու ծանօթացայ Օհան Պոտրումեանին, որ Հալէպ-Պէյրութէն ինքն ալ եկած...

Մէկ Ազգ, Մէկ Հայրենիք, Մէկ Նպատակ. Սա Է Մեր Ուժականութեան Աղբիւրը

Մէկ Ազգ, Մէկ Հայրենիք, Մէկ Նպատակ. Սա Է Մեր Ուժականութեան Աղբիւրը

ԱՐՄԷՆ ՌՈՒՍՏԱՄԵԱՆ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան ապահովմանն ուղղուած պետական քաղաքականութիւն` որպէս այդպիսին, ըստ էութեան, գոյութիւն չունի, իսկ ինչ արւում է, աւելի շատ վնասաբեր է, քան` օգտակար: Ընդհանրապէս այս վարչախմբի 8-ամեայ գործունէութիւնը կարճ կարելի է բնորոշել որպէս գիտակցուած վնասարարութիւն` ուղղուած համազգային ձեռքբերումների մսխմանը եւ ազգային ինքնութեան վրայ խարսխուած պատմականօրէն մեզ միաւորած արժեհամակարգի նսեմացմանը: Ստեղծուած իրավիճակը արմատապէս փոխելու անհրաժեշտութիւնից է բխում այս խորհրդաժողովի անցկացումը:...

«Պատերա՞զմ, Թէ՞ Խաղաղութիւն» / «Բնական Կա՞զ, Թէ՞ Եւրոպա Ազատ Մուտք».

«Պատերա՞զմ, Թէ՞ Խաղաղութիւն» / «Բնական Կա՞զ, Թէ՞ Եւրոպա Ազատ Մուտք».

ԽԱՉԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Սեպտեմբեր 2013-ին Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին իր մօտ կանչեց իր հայ պաշտօնակիցը` Սերժ Սարգսեանը, եւ հրապարակային կերպով ազդարարեց, որ Հայաստանը չէր կրնար մաս կազմել ե՛ւ նորաստեղծ Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵԱՏՄ) ե՛ւ գործընկերութեան պայմանագիր կնքել Եւրոպական միութեան (ԵՄ) հետ: Նկատի առած Հայաստանի տնտեսութեան կախուածութիւնը Ռուսիայէն, Սերժ Սարգսեանին այլընտրանք չէր մնար` բացի չեղարկելու Պրիւքսելի հետ այդքան խնամքով բանակցուած...

Ուսանողութիւնը Եւ Մենք

Մնայուն Թշնամի, Մնայուն Բարեկամ

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ  Այսօրուան աշխարհի չափանիշները դժբախտաբար փոխուած են: Մնայուն թշնամիներ եւ մնայուն բարեկամներ չկան: Շահերու վրայ հիմնուած մեծապետական քաղաքականութիւնները օրէ օր աւելի ցայտուն կը դառնան: Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը առաջին դիրքի վրայ են: Արաբական երկիրներն ու Իսրայէլը` երկրորդ: Լիբանանին հաշիւ ընող չկայ, ո՛չ այս, ո՛չ ալ միւս կողմի հաշիւներուն մէջ է: Այսօրուան աշխարհի չափանիշները կապ ունին ո՛չ բարոյականին հետ, ո՛չ...

Տիրամօր Օրօրոցայինը…

Տիրամօր Օրօրոցայինը…

ԵՐՈՒԱՆԴ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՐԵԱՆ Բարսեղ Կանաչեանի անունը լսել եմ դեռեւս իմ վաղ պատանեկան տարիներին, գիտէի, որ անուանի երաժիշտ է, երգահան, սքանչելի երգերի հեղինակ: Իմ ուսանողութեան ժամանակը համընկաւ 1960-ական թուականների կէսերին, երբ մեր ժողովուրդն իր գիտակցական մեծ վերելքի շրջանն էր ապրում: 1966-ին լոյս էր տեսել Պարոյր Սեւակի «Անլռելի զանգակատուն»-ը` նոր, շքեղ ու պատկերազարդ հրատարակութեամբ: 1969-ին լրանում է Կոմիտասի ծննդեան հարիւր տարին: Ամբողջ...

Անդրադարձ.   Անհեթեթութիւն Անհեթեթութեանց

Անդրադարձ. Անհեթեթութիւն Անհեթեթութեանց

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ Օդանաւը վայրէջք կատարեց Լառնաքայի օդակայանը: Վերջապէս հասանք... Տարօրինակ է, չէ՞, քսանհինգ վայրկեան տեւած թռիչք մը այսպէ՛ս սահմանելը: Այո՛, եթէ բնական պայմաններու մէջ ճամբորդես: Կը վերյիշես 2002-ի Լառնաքա-Պէյրութ փոթորկալից թռիչքդ, երբ զուարթախօս ճամբորդակիցդ` Ճորճ Սալիպա մետրոպոլիտը, ըսաւ. «Եղբա՛յր, աս ի՛նչ վտանգաւոր թռիչք դարձաւ: Հիմա եթէ օդանաւը իյնայ, մարդիկ մեր վրայ պիտի խնդան: Եթէ օդանաւդ պիտի խորտակուի, գոնէ Սիտնի-Պէյրութ...

Ինքս Ինծի Հետ

Ինքս Ինծի Հետ

ՇԱՂԻԿ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Դարձեալ ու նորէն կալանաւոր եմ: Մտատանջութեան հաւատարիմ կալանաւորը: Ինքս ինծի հետ սեւաթոյր ամպերու տակ կը քալեմ դէպի անորոշութեան սիրտը, որ ներկայիս շղթայած է ամբողջ Միջին Արեւելքը: Ինքս ինծի հետ կը պտտիմ այս փէյճէն միւսը` անգամ մը եւս կարդալու եւ ապացուցելու ես ինծի, որ «մեծ պետութիւնները» այնքան ալ մեծ ու յարգելի երկիրներ չեն, միայն խումբ մը մարդակերպ ճիւաղներ, Նենգ...

Սթափելու Ժամանակը

Ընտրական Գործընթացը Սկսած Է Հայաստանի Մէջ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Կիրակի, 7 յունիս 2026-ին կը կայանան Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւնները: Այս ընտրութիւնները կը կատարուին համամասնական ընտրակարգով. քաղաքացիները կը քուէարկեն ցուցակներու, որոնք ներկայացուած են կուսակցութեան մը կամ երկու կամ աւելի կուսակցութիւններու դաշինքի մը կողմէ: Խորհրդարանին մէջ տեղ ունենալու համար առաջադրուած առանձին կուսակցութիւն մը պէտք է ապահովէ քուէարկողներու ձայներուն գէթ չորս առ հարիւրը, կուսակցութիւններու դաշինքը` ութ առ հարիւրը: Այս համեմատութիւնները...

Պատերազմեան Օրագիր Լիբանանէն

Պատերազմեան Օրագիր Լիբանանէն

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Պատերազմի ընթացքին մարմիններն ու հոգիները կամայ թէ ակամայ կը փոխակերպուին, իսկ ժամանակի ազդեցութիւնը անոնց վրայ բնականէն աւելի արագ կերպով կը ներթափանցէ: Անորոշութիւնը, վախն ու կորուստը ներսէն կը փոխակերպեն անհատը, եւ բոլոր արժէքներուն վրայ կու գայ իշխելու ողջ մնալու բնազդը: Այս վերջինը աւելի սուր դրսեւորում կ՛ունենայ անհատի առօրեային վրայ բազմաշերտ եւ զանազան համայնքներէ բաղկացած երկիրներու մէջ, ինչպիսին է Լիբանանը:...

Երբ Աշխարհում Մահ Ու Աւեր Է…

Երբ Աշխարհում Մահ Ու Աւեր Է…

ԴՈԿՏ. ՄԱՐԻ ՌՈԶ ԱԲՈՒՍԷՖԵԱՆ Աշխարհն արդէն երկար տարիներ երբեմն մասնակի ցոյցերով, բայց հիմնականում անտարբեր լռութեամբ հետեւում է Ամերիկայի աջակցութեամբ Իսրայէլի կողմից կատարուող ցեղասպանութիւններին, սանձազերծուած պատերազմներին` Կազայում, Լիբանանում, Եմէնում, Իրանում, Սուրիայում, ողջ Միջին Արեւելքում: Ամենակարող իսրայէլեան բռունցքը կաթուածահար է արել աշխարհի զգայարանները, եւ ահաբեկումը այնքան հզօր է ու անմիջական, որ կարծես  իւրաքանչիւր երկիր իրեն չէզոք պահելով` փորձում է նոյն կործանման  չարժանանալ:...

Լիբանան` Պատմութեան Դասերու Եւ Անոնց Մերժումին Միջեւ

Լիբանան` Պատմութեան Դասերու Եւ Անոնց Մերժումին Միջեւ

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Ապրիլը, որ գարնան վերածնունդը պիտի խորհրդանշէր, Լիբանանի մէջ դարձած է յիշողութեան ծանր բեռ: 1975-ին սկիզբ առած քաղաքացիական պատերազմը ոչ միայն խլեց շուրջ հարիւր հազար կեանք, այլեւ խորտակեց երկիր մը` իր քաղաքներով, իր տուներով, իր երազներով: Քանդում, աւերում, գաղթականութիւն. այս բառերը դուրս ելած են պատմութեան էջերէն եւ կը շարունակեն արձագանգել լիբանանցիի հոգիին մէջ: Պատերազմը ներքին բախում մը չէր պարզապէս:...

Հաւատք, Որ Չի Խախտիր Յոյսի Եւ Հաւատքի Ուժը

Հաւատք, Որ Չի Խախտիր Յոյսի Եւ Հաւատքի Ուժը

ՍԻԼՎԻԱ ՍԷՐԱՅՏԱՐԵԱՆ Սուրբ Զատկուան առիթով Անթիլիասի մայրավանքին մէջ հաւաքուած էին հարիւրաւոր հաւատացեալներ` աղօթքի, յոյսի եւ Քրիստոսի յարութիւնը տօնելու համար: Եկեղեցին ամբողջութեամբ լեցուն էր, մարդիկ լուռ ու խոնարհ կը հետեւէին աղօթքներուն, իսկ վեհափառ հայրապետին քարոզը կը հասնէր իւրաքանչիւրի սրտին: Դուրսը կիրակի առտուան մեղմ հով մը կը փչէր: Անթիլիասի մայրավանքին շրջակայքը խաղաղ կը թուէր, իսկ եկեղեցւոյ մէջ վառած մոմերուն լոյսը, շարականներուն ձայնը...

Մեռած Հոգիներ

Մեռած Հոգիներ

ՍԻՒԶԱՆ ԽԱՐՏԱԼԵԱՆ Չեմ գիտեր, վստահ չեմ, բայց հաւանաբար կան բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ մեռած հոգիներու մասին,  մեռած հոգիներ մոխրացած սրտերով, մեռած հոգիներ, որոնք երբեք տուն պիտի չվերադառնան, չեն յոգնած թափառելէ, մեռած շնչաւորներ, որոնց հոգիները այնքան մեռած են, որ այլեւս չեն խօսիր, չեն խօսիր ոտքերու տակ հողին հետ: Արդեօք որքա՞ն է այս մեռած հոգիներուն թիւը: Ազգային ինքնութեան մասին  խօսակցութիւնները այսօր  մեր ժամանակներու հասարակութեան...

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  50 Տարուան Անվերջանալի Պատերազմը

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. 50 Տարուան Անվերջանալի Պատերազմը

ՎԱՐԴԱՆ Բ. ՎԱՐԴԱՆԵԱՆ           Արդէն 50 տարին անցած է լիբանանեան պատերազմի սկսելէն եւ մինչեւ օրս, նորանոր պատերազմներու վերնագիրներու տակ, տակաւին վերջ չէ գտած, եւ մնայուն ու հաստատուն խաղաղութեան չէ հասած մեր սիրելի Լիբանանը: Լիբանանցիին խորքը մաքուր է, եւ երբ վայրկեան մը քաղաքական կամ կրօնական պատկանելիութիւնը մէկ կողմ դնենք, իսկապէս անհաւատալի եղբայրութեան եւ մարդասիրութեան հոգին, առանց նախապայմանի, կը տիրապետէ: Դժբախտաբար, սակայն, տարբեր...

Մարդկութեան Խիղճը Կը Խեղդուի Անմեղներու Արեան Ծովուն Մէջ

Մարդկութեան Խիղճը Կը Խեղդուի Անմեղներու Արեան Ծովուն Մէջ

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ 80 զոհ, 200 վիրաւոր... …………………… 120 զոհ, 510 վիրաւոր... …………………… 180 զոհ, 920 վիրաւոր... …………………… 300 զոհ, 1200 վիրաւոր, շուրջ 50 անհետ կորսուած… Սոսկ թիւեր չեն ասոնք, թուաբանութեան գիրքի մը մէջ կամ հաշուապահական տոմարի էջերուն վրայ արձանագրուած չոր թուանշաններ չեն։ Իւրաքանչիւր թիւ անուն մըն է, ընտանիքի անդամ մը, սիւն մը, զաւակ մը, լոյս մը, ապաւէն մը, իւրաքանչիւր թիւ...

Page 31 of 808 1 … 30 31 32 … 808

Արխիւներ