Անդրադարձ

Հայ-Իրանական Յարաբերութիւնները, Իրանի Դէմ Պատերազմը Եւ Հայաստանի Գոյութենական Վտանգը

Հայ-Իրանական Յարաբերութիւնները, Իրանի Դէմ Պատերազմը Եւ Հայաստանի Գոյութենական Վտանգը

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ Հայ-իրանական յարաբերութիւնները ունին հազարամեակներու փորձ: 4-րդ դարուն յոյն պատմիչ Քսենոփոնը գրած է, թէ պարսկական պետութեան հիմնադիր Կիւրոս Մեծը Հայաստանի թագաժառանգ Տիգրան Մեծի մտերիմ ընկերը եղած է: Իսկ հայ-իրանական յարաբերութիւններու գործնական սերտացումը տեղի ունեցած է պարթեւական ծագում ունեցող Արշակունիներու արքայատոհմի Հայաստան հաստատումով: 16-րդ դարէն սկսեալ հայ վաճառականները մեծ դեր խաղացած են Իրանի առեւտուրի զարգացման մէջ: Նոյն դարու կիսուն` Շահ...

Տէ՛ր, Չներես

Տէ՛ր, Չներես

ՍԻԼՎԱ ԻՍԿԻԿԵԱՆ-ՄԱՀՍԵՐԵՃԵԱՆ Նժարին մէկ կողմը Զատիկն է, իսկ միւս կողմը պատերազմին ծանր կշռաքարն է: Որքան ալ փորձեմ ` տօնը խորհրդանշող պատգամին վրայ կեդրոնանալ, Քրիստոսի յարութեան յաղթանակով ոգեւորուիլ ու խանդավառութեամբ ներշնչուիլ, կը մնամ թերի ու կ՛ապրիմ պատերազմին ստեղծած ծանրութիւնը, որ կը գերակշռէ տօնին պարգեւած դրական տրամադրութիւնը: Այո՛, պատերազմը լայնատարած է, բայց զիս ամէնէն աւելի մտահոգողը ծննդավայրիս` Լիբանանին մէջ տեղի ունեցած աննկարագրելի...

Ընտրութիւնները` Մեր Ետին

Մտավախութիւնը

ՍՕՍԻ ՓՈԼԱՏԵԱՆ Համաարաբական երկիրներու կիներու խորհուրդի անդամ Վերջերս ոչ պաշտօնական լրագրական աղբիւրներէ եւ անորոշ կեդրոններէ շշուկներ տարածուեցան այն մասին, որ հարուածներ կրնան տրուիլ նաեւ շրջանին մէջ ամերիկեան տարբեր հաստատութիւններու, որոնց կարգին նաեւ` կրթական կառոյցներու: Այդ կը նշանակէ, որ վտանգուած են նաեւ Լիբանանի մէջ գործող զոյգ ամերիկեան համալսարանները` 160 տարեկան Պէյրութի ամերիկեան համալսարանը (AUB) եւ անոր կէս տարիքը ունեցող Լիբանանի ամերիկեան...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Պետութիւնը Դուրս Բերել Անվտանգութեան Ու Զարգացման Հանգրուան

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Պետութիւնը Դուրս Բերել Անվտանգութեան Ու Զարգացման Հանգրուան

2026 թ. մարտի 16-ին Երեւանում պաշտօնական միջոցառմամբ ազդարարուեց նոր նախընտրական դաշինքի ձեւաւորման մասին` ի դէմս Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն եւ Առաջ կուսակցութիւնների: Միաժամանակ դաշինքն առաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններում վարչապետի թեկնածու ներկայացրեց Ռոբերտ Քոչարեանին: Առաջ կուսակցութիւնը քաղաքական դաշտում իր կարեւոր քննութիւնը յանձնեց 2025 թուականին Վաղարշապատում տեղի ունեցած աւագանու ընտրութիւններում: Երիտասարդ եւ ազգային դիմագիծ ունեցող այս կուսակցութիւնը տուեալ ընտրութիւնների ժամանակ Վաղարշապատ քաղաքում յաղթեց ՔՊ-ից...

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Երրորդ Թիւը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2026-ի Երրորդ Թիւը

ՀՅԴ պաշտօնաթերթի մարտի թիւը կը սկսի անդրադարձով վերջերս Երեւանի մէջ տեղի ունեցած «Հայաստան» նորացուած ձեւաչափով նախընտրական դաշինքի ձեւաւորման առիթով տեղի ունեցած ձեռնարկին: Հայաստան այս օրերուն դանդաղօրէն կը մտնէ յառաջիկայ ընտրութիւններու նախընտրական հեւքի մէջ, եւ անոր բնորոշ դրսեւորումներէն մէկը քաղաքական ուժերու եւ դաշինքներու ներկայացուցած նախընտրական յայտերն են: Ասով հանդերձ, պատահական չէ, որ հանրութեան մէջ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուց ՀՅ Դաշնակցութիւն եւ Առաջ...

Քննադատական Մտածողութիւն Եւ Դպրոցական Մշակոյթ. Ուսումնասիրութիւն Մը` Պէյրութի Դպրոցներուն Մէջ

Քննադատական Մտածողութիւն Եւ Դպրոցական Մշակոյթ. Ուսումնասիրութիւն Մը` Պէյրութի Դպրոցներուն Մէջ

ԼԵՆԱ ՊՕՂՈՍԵԱՆ Դպրոցական մշակոյթը կը ձեւաւորէ մտածող սերունդը: Կրթութիւնը յաճախ կը քննարկուի կարծէք միայն դասագիրքերու, գնահատականներու եւ քննութիւններու հիման վրայ: Բայց դպրոցական գրասեղաններէ անցած ոեւէ մարդ գիտէ, թէ աւելի խոր բան մը միշտ ներկայ է: Դպրոցի անտեսանելի մթնոլորտը` իր արժէքներով, փոխյարաբերութիւններով, ակնկալութիւններով եւ առօրեայ սովորութիւններով, լուռ կերպով կը ձեւաւորէ, թէ աշակերտները ինչպէ՛ս կը մտածեն, կը սորվին եւ կը զարգանան: Կրթական...

Հաւատքի Վկայութիւն Մը.   Աստուած Այսօր Ալ Հրաշք Կը Գործէ

Հաւատքի Վկայութիւն Մը. Աստուած Այսօր Ալ Հրաշք Կը Գործէ

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ.ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ Պասրայի Ս. Կարապետի աջը Քանի մը օր առաջ, համակարգիչիս հին թղթածրարները կարգաւորած պահուս, գտայ 1993-ին, Նիւ Ճըրզիի մէջ, Մեսրոպ արք. Աշճեանի «Կեանքի եւ հաւատքի էջեր» հատորէն կատարած ընդգծումներուս գրութ-իւնը, ուր ուշադրութիւնս գրաւեց «Ս. Կարապետի աջը Պասրայի մէջ» յուշագրութիւնը (էջ 419-425), որ նաեւ փորձառութիւններէս մին լուսարձակի տակ պիտի բերէ հոս: Հոգելոյս աւագ միաբանակից եղբօրս յուշագրութենէն հատուածներ կը քաղեմ. «......

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը.  Որքա՜ն Կարօտ Ունինք Քեզի Հայոց Բանակ (28 Յունուար)

Խրուտ. Վերյուշ Չարենցի «Պատգամ»-ին

ՇԱՂԻԿ Մ. Հետեւեալ գրութիւնը կը նուիրուի 44-օրեայ պատերազմին ողջակիզուած 5000 հայ երիտասարդներու յիշատակին: Ոտքդ կը խրի Վազքդ կանգ կ՛առնէ Հորիզոն չկայ Այսպէս դէպի ու՞ր Յիմարացում հաւաքական Ժողվէ՛ ուժերդ Ո՜հ, որքան ցանցառ Ղեկդ փշրուած Ո՞վ կու լայ հեռուն Վաղանցուկ ցոլքեր, որոգայթ անտառ Ուր հրեշատիպ Րաքունները գորշ Դէմքդ կը լզեն, կը խնդան Քթիդ Ով յիմա՛ր ու խեղճ Մեսրոպի ժառանգ` Իմաստուն նախկին: Արքաներ...

Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին

Փաշինեան Քրեմլինի Մէջ Կը Կատակէ Փութինին Հետ` «Հայաստանի Մէջ Չափազանց Շատ Է Ժողովրդավարութիւնը»

 ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի միջեւ Մոսկուայի` Քրեմլինի մէջ, 1 ապրիլին տեղի ունեցաւ անսովոր զրոյց մը: 23 վայրկեան տեւած հանդիպումը տեսագրուեցաւ եւ հրապարակուեցաւ, ներառեալ` երկու կողմերուն յայտարարութիւնները: Տարօրինակ է, որ հանդիպման ընթացքին Փաշինեան կուրծքին կը կրէր, իր կողմէ այսպէս կոչուած, «Իրական Հայաստան»-ի քարտէսը: Ոեւէ խելամիտ ղեկավար նման հանդիպման ընթացքին իր երկրին քարտէսը չէր կրեր:...

Սթափելու Ժամանակը

Որոշուած Է Իրանը Քանդել. Յետո՞յ

ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Իրանին շնորհուած տասնօրեայ պայմանաժամի աւարտին միօրեայ երկարաձգում մը յայտարարուեցաւ: Անցնող տասնմէկ օրերու ընթացքին, ռմբակոծումներու տարափին ուղեկցութեամբ տեղի ունեցան անուղղակի բանակցութիւններ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի միջեւ, զինադադար մը հաստատելու համար: Նախորդ բանակցութիւններէն թելադրուած, Իրան չէր գոհանար առաջարկուած քառասունհինգ օր տեւողութեամբ զինադադարով, այլ կ՛ուզէր վերջնական զինադուլ, այսինքն` աւարտ պատերազմին: Չինադադարի կամ զինադուլի համար երկու կողմերուն պայմանները գաղտնի պահուեցան, մեկնաբաններուն թոյլ...

Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին

Ս. Զատկուան Ճշմարտութիւնը` Վիրաւոր Աշխարհի Մը Մէջ

ԴՈԿՏ. ԱԲԷԼ ՔՀՆՅ. ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ «Ե՛ս եմ` մի՛ երկնչիք» - «Ես եմ` մի՛ վախնաք» (Յովհ. Զ, 20): Սուրբ Զատիկ է` Քրիստոսի հրաշափառ յարութեան տօնը: Հայոց քրիստոնէութեան դարձի վաղագոյն շրջաններէն նաեւ այսօր, զայն բերկրանքով զեղուն աւետիսին սա խօսքերով կ՛ողջունէ հայ մարդը աշխարհի չորս ծագերուն. Քրիստոս յարեա՜ւ ի մեռելոց, Օրհնեալ է յարութիւնն Քրիստոսի: Ս. Զատիկը կեանքի, ճշմարտութեան եւ յոյսի տօնն է. իրադարձութիւն մը,...

24 Ապրիլ 2023 = 108 Տարի

Ուրախ Եւ Տխուր Յիշատակներ

ՓԱՕԼՕ ԳԱԶԱԶԵԱՆ Մարդկային կեանքին մէջ կան ուրախ եւ տխուր օրեր, որոնց արժէքն ու իմաստը ընդհանրապէս վայրկեանին չենք զգար: Օրերը կ՛անցնին, տարիները` նոյնպէս, ապա կը յիշենք զանազան դէպքեր եւ կ՛անդրադառնանք մեր կեանքի ընդհանուր ընթացքին: Կը յիշեմ, երբ դպրոցական տարիներուս Վենետիկ մեկնեցայ եւ Մխիթարեան վարժարանը` Մուրատ Ռափայէլեան յաճախեցի, հոն աշխարհի չորս կողմերէն հայ պատանիներ եկած էին` գիշերօթիկ, իրենց ուսումը շարունակելու եւ ապա...

Հայրենի Կեանք

Փաշինեան Նոր Պատճառ Մը Եւս Կու Տայ` Յառաջիկայ Ընտրութիւններուն Իրեն Չաջակցելու

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ Ութ տարուան անյաջող ղեկավարումէ ետք Նիկոլ Փաշինեան տակաւին կը շարունակէ վնաս հասցնել Հայաստանի շահերուն, յատկապէս` Արցախը Ազրպէյճանին յանձնելէ ետք: Կը ներկայացնեմ Փաշինեանի ապօրինի գործողութիւններու վերջին օրինակը: Հայերը զարմանքով գիտցան, որ վարչապետը հրահանգած էր աշխատանքէ արձակել Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն, դոկտ. Էդիտա Գզոյեանը` միայն այն պատճառով, որ ան Ցեղասպանութեան եւ զանգուածային բռնութեան մասին գիրքեր նուիրած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ...

Փարիզի Մէջ Սփիւռքի Զօրաշարժի Խորհրդաժողով`  Նուիրուած Ազգային Ներկայ Մարտահրաւէրներուն

Փարիզի Մէջ Սփիւռքի Զօրաշարժի Խորհրդաժողով` Նուիրուած Ազգային Ներկայ Մարտահրաւէրներուն

11-12 ապրիլ 2026-ին Փարիզի մէջ տեղի պիտի ունենայ սփիւռքի զօրաշարժին նուիրուած խորհրդաժողով մը, որ կը միտի դիմագրաւել վերջին տարիներուն հայկական աշխարհը ցնցած աննախընթաց տագնապները: 2018-էն ասդին Հայաստանի Հանրապետութեան իշխանութիւններուն կողմէ հայկական շահերէ հրաժարումը` Ցեղասպանութեան եւ Արցախի թղթածրարներէն ետ կանգնիլը (որուն հետեւանքը եղաւ Արցախի բռնի հայաթափումը), հայկական ինքնութեան դէմ ուղղուած սպառնալիքները եւ ազգային հաստատութիւններու դէմ կատարուող յարձակումները աննախընթաց օրհասական իրադրութիւն ստեղծած...

Մարդկային Միտքի Վերանորոգման Տարի

Արամ Ա. Կաթողիկոսին Պատգամը Սուրբ Զատկուան Առիթով. «Մի՛ Վախնաք, Միայն Հաւատացէ՛ք…»

Այսպէ՛ս ըսաւ Քրիստոս մահուան դիմաց գտնուող հիւանդին, փոթորիկի մէջ մնացած աշակերտներուն, կեանքի տագնապներով ընկճուած ու անորոշութիւններով տիրապետուած իր հետեւորդներուն (Ղկ 12.32): Նոյն կոչը ուղղեց Յիսուս վտանգալից կացութիւններուն դիմաց, ինչպէս նաեւ իր յարութեան նախօրեակին` մի՛ խռովիք, մի՛ վախնաք, միայն հաւատացէ՛ք (Յհ 14.27): Քրիստոնէութիւնը վախէն փախչող, վախին դիմաց ընկճուող, վախին տեղի տուող կրօն չէ, այլ` վախին դիմաց ամուր կեցող, վախը քաջութեամբ դիմակալող,...

Ամենահաստատունն Ու Տեւողը Աստուծոյ Հաւատքով Կառուցուածն Է

Ամենահաստատունն Ու Տեւողը Աստուծոյ Հաւատքով Կառուցուածն Է

«Աստուած իր զօրութեամբ կը պահէ ձեզ‚ որպէսզի ձեր հաւատքով հասնիք իր պատրաստած փրկութեան‚ որ ժամանակի վախճանին պիտի յայտնուի: Ուրախացէ՛ք այդ փրկութեամբ‚ նոյնիսկ եթէ հարկադրաբար քիչ մը տրտմած էք հիմա‚ ձեր կրած պէս-պէս փորձութիւններուն համար»: Ա. Պետրոսի 1:5-6 Զատկական տօնի բարեբաստիկ առիթով, Պետրոս առաքեալի Ընդհանրական Ա. Նամակէն վերցուած այս մտածումներով կ՛ողջունեմ լիբանանահայ մեր ժողովուրդի զաւակները, որոնք, հակառակ մեզ շրջապատող տեսակաւոր դժուարութիւններուն...

«Բանանք Սիրոյ Ու Գթութեան Մեր Աչքերը  Եւ Մեր Կողքին Պիտի Տեսնենք Քրիստոսը»

«Մահն Ընկղմեցաւ Յաղթութեան Մէջ. Ո՜վ Մահ, Ո՞ւր Է Քու Յաղթանակդ. Ո՜վ Մահ, Ո՞ւր Է Քու Խայթոցդ…»

Սիրելի՛ եղբայրներ եւ քոյրեր ի Քրիստոս, Ահա Աւագ շաբաթն անցաւ Աստուծոյ Միածին Որդիին` մեր Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի չարչարանքներուն, որոնց պատմական դէպքերուն լրումը տեղի ունեցաւ, երբ Ան բարձրացաւ խաչափայտին` նախատինքի խաչափայտին վրայ, որ Անոր արիւնով փոխուեցաւ փառքի եւ փրկութեան խաչափայտին: Մինչ բազմութիւնը, որ Խաչակրողին ընկերացաւ մինչեւ Գողգոթա, վերադարձաւ իր կեանքին, գործերուն եւ ամէնօրեայ հոգերուն, կարծես բան մը պատահած չէր, անտարբեր դառնալով...

Յարութեան Ընձեռած Յեղաշրջումը

Յարութեան Յաղթանակը

Մարդկային պատմութիւնը ամբողջապէս պայքար է մեղքի եւ շնորհքի միջեւ, իսկ Քրիստոսի յարութեան իրականութիւնը Աստուծոյ վճռական ներգրաւումն է, վերջին խօսքն է այդ բոլորին մէջ: Մեղքի սահմանումներէն մին կը կարդանք Ա. Յովհաննու 2.16-17-ի մէջ` բացատրուած եռակողմ պատկերով. «Եթէ մէկը աշխարհը կը սիրէ, անոր ներսիդին Հօրը սէրը չկայ. քանզի ամէն բան, որ աշխարհի մէջ է` մարմնի ցանկութիւնն ու աչքերու ցանկութիւնը, եւ այս կեանքին...

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 1).  Կիլիկեան Դպրեվանքը`  Սփիւռքեան Հոգեմտաւոր Ջրտուք

Սուրբ Յարութեան Տօնին` Զատիկի Մեռելոցին Առիթով. Քրիստոս Ի՛ր Մահով Մահուան Յաղթեց

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ Եկեղեցական օրացոյցին համաձայն, Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնին յաջորդող երկուշաբթին մեռելոց կը կոչուի: Հայ եկեղեցիի հինգ տաղաւար տօներուն (Քրիստոսի Ս. Ծնունդ եւ Աստուածայայտնութիւն, Քրիստոսի Ս. Յարութիւն, Քրիստոսի պայծառակերպութիւն (Վարդավառ), Ս. Աստուածածինի Վերափոխում եւ Խաչվերաց) յաջորդող օրը մեռելոց է: Մեռելոցի օրերուն գերեզմանատուն կ՛երթանք, մեր ննջեցեալներուն կ՛այցելենք եւ անոնց շիրիմներուն վրայ կ՛աղօթենք: Սուրբ Զատիկի եկեղեցական արարողութիւններու ընթացքին, երբ ժամամուտը կ՛երգուի,...

«Հոգեւոր Կեանքի Վերանորոգումի Տարի».  «Լեցուն Կեանք»

Թոլսթոյէն Մինչեւ Խաչ` Յարութեան Պարգեւած Խաղաղութիւնը

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ «Պատերազմները կը դադարեցնէ մինչեւ երկրի ծայրը. աղեղը կը կոտրտէ ու նիզակը կը ջարդէ, կառքերը կրակով կ’այրէ»: Սաղմոս 46:9 «Եւ անով ամէնքը կը հաշտեցնէ իրեն հետ` խաղաղութիւն ընելով խաչին վրայ թափած իր արիւնովը, թէ՛ երկրի վրայ եւ թէ՛ երկնքի մէջ եղողները»: Կողոսացիս 1:20 Լեւ Թոլսթոյի նշանաւոր վէպը` «Պատերազմ եւ խաղաղութիւն», կը պատմէ Նափոլէոն Պոնափարթի մղած պատերազմներուն եւ Ռուսիա...

Page 32 of 808 1 … 31 32 33 … 808

Արխիւներ