Անդրադարձ

Արամ Խաչատուրեանի Սենեակը` «Երեւան» Պանդոկին Մէջ

Արամ Խաչատուրեանի Սենեակը` «Երեւան» Պանդոկին Մէջ

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ Երեւանի Աբովեան փողոցին վրայ գտնուող «Կրանտ հոթել Երեւան» պանդոկին մէջ օրերս բացուեցաւ աշխարհահռչակ հայ երաժշտահան Արամ Խաչատուրեանի անունը կրող սենեակը: Բարձր դասի առաջնակարգ սենեակ մըն է, որ ամբողջութեամբ կը կրէ համաշխարհային դասական երաժշտութեան անուանի հսկային շունչն ու ոգին: Այսպիսով, Արամ Խաչատուրեանի սենեակը եկաւ համալրելու հինգ աստղանի պանդոկին մէջ գործող միւս հայ մեծերուն անուններով կոչուած սենեակներուն կարգը: «Կրանտ հոթել...

Ակնարկ.  ՀՀՇ-ի Վերափոխումը ՔՊ-ի

Ակնարկ. ՀՀՇ-ի Վերափոխումը ՔՊ-ի

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Մուրատ Փափազեանի մուտքը Հայաստանի Հանրապետութիւն արգիլելը կը վերաթարմացնէ քաղաքական յուշեր: Խօսքը բնականաբար 1992-ին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրայր Մարուխեանի արտաքսման որոշումին կը վերաբերի` Հայաստանի Հանրապետութեան օրուան նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի կողմէ: Տարբերութիւնը այն է, որ Հրայր Մարուխեան կը գտնուէր Երեւան եւ կ՛ենթարկուէր արտաքսման` նկատուելով ոչ ցանկալի անձնաւորութիւն: Կը հետեւէր անշուշտ Հայաստան վերադարձի արգելքի որոշումը: Հիմնական կարեւոր տարբերութիւն կար...

Իր Պապերուն Անցեալովը Հպարտ Ուրֆացին` Գէորգ Նալպանտեանը

Իր Պապերուն Անցեալովը Հպարտ Ուրֆացին` Գէորգ Նալպանտեանը

ՅԱԿՈԲ ՈՒՌՀԱՅԵՑԻ Քառասուն օրեր առաջ այս նիւթական աշխարհէն առյաւէտ հեռացաւ գաղութի հայրենակցական կեանքին համ ու հոտ տուող անձնաւորութիւններէն մէկը` Գէորգ Նալպանտեան: Ան նախ եւ առաջ ծանօթ էր իբրեւ բեմի մարդ` զանազան թատերախումբերու ընդմէջէն ներկայացուած թատերախաղերու մէջ դերեր ստանձնելով: Եղած էր նաեւ խորապէս հաւատացեալ մարդ, այդ հաւատքը իրեն ժառանգ ձգուած էր իր ուրֆացի ծնողներէն, որոնցմէ սորված էր բարեգործութիւնը եւ աղքատին օգնութեան...

Վեհոգի Եւ Ծառայասէր Հայորդին (Գէորգ Նալպանտեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Վեհոգի Եւ Ծառայասէր Հայորդին (Գէորգ Նալպանտեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ «Երազ, թէ իրօք. այդ միթէ մի՞ն չէ, Երազն էլ երբ որ կարող է կանչել, Կարող է յուզել, խընդացնել, տանջել... Կեանքը երազ է, երազն էլ մի կեանք, Երկուսն էլ անցուոր, երկուսն էլ պատրանք...» ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ Մարդը բնածին կարողութեամբ իր տպաւորուած տիպարով պատանեկան երազանք մը կը հիւսէ եւ մանկութենէն կը ցանկայ դառնալ փայլուն արուեստագէտ (քանդակագործ, ջութակահար, դերասան...), հմուտ արհեստաւոր բժիշկ,...

Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը

Մեր Հակադարձութիւնը Պիտի Ըլլայ Հզօր, Անխնայ, Անյապաղ, Տեղաշարժային

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Ներկայիս տարածաշրջանի ուժերու դասաւորման մէջ հայկական կողմը կը գտնուի իր ամէնէն անզէն, անօգնական եւ սնանկ դրութեան մէջ: Մեր աչքերուն առջեւ բացուող հանրագումարը (bottom line) ողբալի է եւ վիրաւորական: Մենք պարզապէս դադրած ենք գործօն դերակատար ըլլալէ մեր իսկ ազգային պաշտպանական քաղաքականութեան դիրքերէն: Պատկերը հետեւեալն է: (Ա.) Արեւմուտքը, որուն վրայ իր գրաւը դրած է Փաշինեանի պարտութեան վարչակարգը, վստահելի նեցուկ չի...

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Ամէն Ճամբայ Հռոմ Կը Տանի, Սակայն Ո՛չ… Արցախ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Ամէն Ճամբայ Հռոմ Կը Տանի, Սակայն Ո՛չ… Արցախ

Հաւանաբար աշխարհի մէջ ամէնէն յաճախ օգտագործուած խօսքերէն մէկն է «Ամէն ճամբայ Հռոմ կը տանի»-ն, որուն ծննդոցը պատահած է 1175 թուականին` հեղինակութեամբ ֆրանսացի գրագէտ Ալեն տը Լիլի: Քիչ մը աւելի փնտռողը կը հասնի այն եզրակացութեան, որ առաջին անգամ լատիներէնով ըսուած է: Այս խօսքին միտք բանին այն է, որ բազմաթիւ ձեւերով կարելի է յանգիլ միեւնոյն արդիւնքին: Տը Լիլի այս հռչակաւոր խօսքը ի...

Դաշնակցական Պատիժը

Դաշնակցական Պատիժը

ԽԱԺԱԿ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը հայ իրականութեան մէջ ծանօթ է իբրեւ խստապահանջ եւ կարգապահ կառոյց: Իսկ այդ կարգապահութեան սահմանները ճշդուած են ՀՅԴ Կազմակերպական կանոններով, աւելի ճշգրիտ` Կազմակերպական կանոններու Կարգապահական բաժնին մէջ, ուր կանոնազանց ընթացքներուն համար նախատեսուած են կարգապահական տնօրինումներ, այլ խօսքով` դաշնակցական պատիժներ: Պատիժ բառը կրնայ ոմանց համար դաժան հնչել, եթէ չեն գիտեր դաշնակցական պատիժի էութիւնն ու իմաստը: Ի տարբերութիւն...

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 1).  Կիլիկեան Դպրեվանքը`  Սփիւռքեան Հոգեմտաւոր Ջրտուք

Մանրապատումներ

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ (119) Միջին Արեւելքէն նոր Վանքուվըր հաստատուած Յակոբ կը փափաքի երկար ատենէ ի վեր հոն գտնուող հայ վաճառականի մը փորձառութենէն օգտուիլ: Վերջինս բարեկամաբար կը յանձնարարէ իրեն գոնէ տարի մը քանատացիի մը մօտ աշխատիլ, յաճախորդներուն հետ բարեկամութիւն մշակել եւ ապա անձնական գործի ձեռնարկել: Յակոբ կը պատասխանէ. «Ես մէկ տարի կորսնցնելիք ժամանակ չունիմ: Ես Քանատայի մէջ շուտ կ՛ուզեմ հարստանալ»: Ան...

Ապրիլեան Զոհերէն` Պոլսահայ Մամուլը

Անպիտան Ծերութիւն

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ Ամէն երեկոյ, պարտաճանաչ աշակերտի մը նման, պարոն Հայկ մասնաւոր ժամ կը յատկացնէր իր անձին ու իր սենեակէն ներս առանձնանալով` սեղանին դիմաց գտնուող աթոռին վրայ կը հանգչէր, ապա քանի մը վայրկեան ետք կը սկսէր տետրակի մը մէջ արձանագրել օրուան իր մտածումներն ու տպաւորիչ յուշերը: Այդ տետրակը իր օրատետրն էր: Ու համաձայն գեղեցիկ սովորութեան, ժամադրութիւնը յարգող սիրահարի մը նման, մօտ...

Ակնարկ.  Շնորհաւորանքներուն Քաղաքական Ժամանակը

Ակնարկ. Շնորհաւորանքներուն Քաղաքական Ժամանակը

Հայաստանի վարչապետին եւ Թուրքիոյ նախագահին միջեւ կայացած հեռաձայնային փոխշնորհաւորանքները լայն հնչեղութիւն ապահոված են եւ կը ձգեն այն տպաւորութիւնը, որ գործընթացը արագ է` արդիւնքներու յանգելու ուղղութեամբ: Հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը բեմադրուած է: Դժուար է պատկերացնելը, որ Ատհայի տօնի շնորհաւորանքին դիմաց Թուրքիոյ նախագահը արագօրէն պիտի մտաբերէր հայոց Վարդավառը եւ փոխադարձէր շնորհաւորանքը: Բեմադրութիւնը, ուրեմն, կը միտէր երկխօսութեան գործընթացի ընդգծումը կատարելու եւ շեշտելու խաբուսիկ հեռանկարայնութիւնը, մանաւանդ,...

Հալէպահայ Դոկտ.Արա Սայեղ Փրոֆ. Տիտղոսին Կ’արժանանայ

Ապագայատեսիլ Սփիւռքը` Գործնական Ծրագիրներով

ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ Սոյն տարուան յունիսի երկրորդ կիսուն Երեւանի մէջ լոյս տեսաւ գաղափարական, մասնագիտական թէ յարանուանական իրենց պատկանելիութիւններէն  անկախ, հոյլ մը աշխարհով մէկ ցիրուցան, բայց անխտիր բոլորը նոյն ցաւոտ մտահոգութեամբ, հարուստ ազգային թէ համայնքային կենսափորձով, մասնագիտական հմտութեամբ, բեղուն փորձառութեամբ սփիւռքահայ, գիտական կառոյցներու եւ այլազան բնագաւառներու մէջ ազդեցիկ դերակատարութիւն ունեցող քսան  մտաւորականներու կողմէ առաջարկուած լրջամիտ ծրագիրներու հատընտիր մը` «ԳՈՐԾՆԱԿԱՆ ԾՐԱԳԻՐ ընկալուածէն...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Նշմար. «Ժողովուրդին Մանտաթ»-ը Չփրկեց Ճոնսընը

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն հինգշաբթի օր ի վերջոյ տապալեցաւ: Կուսակցութեան մէջ ծագած ըմբոստութենէն մօտաւորապէս ամիս մը ետք, ան ստիպուեցաւ հրաժարական յայտարարել, որովհետեւ առաջին ալիքէն զինք փրկած լաստը անկարող եղաւ դիմանալու երկրորդին ու խորտակուեցաւ անդարմանելիօրէն: Անոնք, որոնք մոռցած են Ճոնսընի դէմ բարձրացած դժգոհութեան ալիքին պատճառները, արագ յիշեցում մը կատարենք. վարչապետը իր իսկ կառավարութեան կողմէ հաստատուած օրէնքը խախտած էր համաճարակի...

Գիտութիւնը` Դաշնակ Նուագելուն Մասին

Գիտութիւնը` Դաշնակ Նուագելուն Մասին

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Դաշնակի ուսուցիչ ըլլալով, յաճախ մտածած եմ ու հետաքրքրուած` դաշնակահարութեան եւ ուղեղի աշխատանքի կապով: Յաճախ խօսուած եւ գրուած է երաժշտութեան դրական, մինչեւ իսկ բժշկելու յատկութիւններուն մասին: Նոյնքան եւ թերեւս աւելի հետաքրքրական է երաժշտական գործիք մը նուագելու ընթացքին ուղեղի աշխատանքն ու այդ երկուքին մարդու հոգեկանին եւ մինչեւ իսկ ֆիզիքականին վրայ ունեցած ազդեցութիւնը: Այս բոլորը աւելի շեշտակի կերպով կ՛արտացոլան դաշնակահարի մը...

Առաքինի Հայուհին Եւ Նուիրեալ ԼՕԽ-ականը  (Տիրամայր Քնար Գուճանեանի Քաղցր Յիշատակին)

Առաքինի Հայուհին Եւ Նուիրեալ ԼՕԽ-ականը (Տիրամայր Քնար Գուճանեանի Քաղցր Յիշատակին)

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ «Մի տուն հաստատ կը լինի, եթէ հոն մայրենի կրթութիւն կայ: Ուրեմն կին արմատն էլ պէտք է գիտնայ, հասկնայ աստուածային պատուէրներ, որոնք բովանդակուած են հին ու նոր կտակարաններու մէջ» ԽՐԻՄԵԱՆ ՀԱՅՐԻԿ Քրիստոնէական վարդապետութեան առանցքը կը կազմէ առաքինութիւնը, որ աստուածատուր շնորհք է: Անոր ճամբով մարդ անհատը մտքով, խօսքով ու գործով կ՛ապրի Աստուծոյ պատուիրաններուն համաձայն աստուածահաճոյ կեանք մը: Աստուածաշունչին մէջ առաքինութիւնը...

Անշահախնդիր Ու Վեհանձն ՀՄԸՄ-ականը (Ներսէս Ճուպանեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Անշահախնդիր Ու Վեհանձն ՀՄԸՄ-ականը (Ներսէս Ճուպանեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

ՐԱՖՖԻ ԿԷՕՎՕՂԼԱՆԵԱՆ Քառասուն օրեր առաջ մեզմէ անակնկալօրէն ֆիզիքապէս բաժնուեցաւ մեր բոլորին յարգանքը վայելող երէց ՀՄԸՄ-ական եղբայր Ներսէս Ճուպանեան: Բոլորս ալ տրամաբանականօրէն համոզուած ենք մահուան գաղափարին հետ ու քաջ գիտենք, որ ուշ կամ կանուխ այդ իրականութեան դէմ յանդիման պիտի կանգնինք, որովհետեւ անկէ անկարելի է խուսափիլ: Սակայն ոեւէ մէկը չէր կրնար պատկերացնել, որ մայիս 28-ի առիթով, 29 մայիսին, Պուրճ Համուտի մարզադաշտի պատուոյ...

Մեր Զաւակները Եւ Մենք.  Ինքնավստահ Երեխաներ Մեծցնելու Համար

Աւելի Քան 35 Տարիներու Վաստակ Ունեցող ՀՄԸՄ-ական Ներսէս Ճուպանեանի Յիշատակին

Քառասուն օրեր առաջ անակնկալ ու անսպասելի կերպով մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Ճիւնիի մասնաճիւղի վաստակաւոր եղբայրներէն, բոլորին սիրելի եղբայր Ներսէս Ճուպանեանը: Հանգուցեալը աւելի քան 35 տարուան վաստակ ունեցաւ թէ՛ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ընտանիքին մէջ` իբրեւ ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբի նախկին մարզիչ, եւ թէ ֆութպոլի յանձնախումբի անդամ, իսկ մասնաճիւղին մէջ ալ` իբրեւ վարչական, ապա ատենապետ, տարիներ շարունակ: Ան միշտ եղաւ կամաւոր ծառայող, որ բարձր...

Մեր Երախտաւորներուն Յիշատակը Յարգելու Հրամայականը

Մեր Երախտաւորներուն Յիշատակը Յարգելու Հրամայականը

ՍՕՍԻ ՏԷՐ ԽԱՉԱՏՈՒՐԵԱՆ-ՊԱԼԵԱՆ Աւելի քան քառասուն օրեր առաջ մեզմէ առյաւէտ բաժնուեցաւ մեր ազգային կեանքին մէջ հանրածանօթ, բազմատաղանդ եւ անխոնջ նուիրեալ մը` Մարօ Մարգարեան-Մինասեանը, իր ետին ձգելով բեղուն եւ օրինակելի կեանք մը, բայց նաեւ խոր ցաւի մատնելով իր զաւակը` Հրայրը եւ ընտանիքը, Ցոլակ Թիւթէլեանի զաւակները, որոնք զինք ընդունած էին իբրեւ հարազատ քոյր, Մինասեանները, Այնճարի ժողովուրդը, ուր իր ընտանեկան բոյնը կազմած էր`...

Կեդրոնականցին Հասկցեր Է, Թէ Ինչո՛ւ Թաղի  Կրպակավաճառը Մոլոտովի «Նիէթ»-ին Կը Հետեւի

Կեդրոնականցին Հասկցեր Է, Թէ Ինչո՛ւ Թաղի Կրպակավաճառը Մոլոտովի «Նիէթ»-ին Կը Հետեւի

ՄԱԿԱՐ ի ծովափ Ատլանտեանի Մարդիկ փառասիրութիւններ միշտ ունեցած են: Հայը` ուրիշներէ աւելի, բայց մեր երեւելիութեան դաշտը նեղ է: Օր մը կապկումով դիրք փնտռող մը ըսած էր, որ դասարան պէտք է փոխէ, բարձրանայ: Արմենակ պատմեց իր թաղի կրպակավաճառ Կարիի մասին, (անցեալին Գառնիկ), անոր չբաւարարուած փառասիրութիւններու դառնութեան մասին: - Գառնիկ իր փերեզակի դրամարկղին դէմ նստած, իր առանձնութեան մէջ, երբ օճառ, ձէթ եւ...

Այնթապ` Սիրտը Կիլիկիոյ

Այնթապ` Սիրտը Կիլիկիոյ

ՏՈՔԹ. ՆՈՐԱՅՐ ՄԱՆՃԵԱՆ 1915-ին երեսուն հազար այնթապահայեր պարտադրաբար կը տեղահանուին իրենց հայրենի բնակարաններէն եւ թրքական պետութեան հրահանգով կ՛ուղղուին դէպի Սուրիա: 1918-1920 թուականներուն կը վերականգնի Այնթապի հայութեան կեանքը, քանի որ Այնթապ ֆրանսական բանակը մուտք կը գործէ: Կը վերաբացուին հայկական քոլեճները: Այս տարիներուն, այնթապցիները կը զինուին` դիմակայելու համար թրքական հաւանական նոր յարձակումը: Երբ ֆրանսացիք կը տեսնեն հայոց կազմակերպուածութիւնն ու խիզախութիւնը, Այնթապի հայոց...

Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 1).  Կիլիկեան Դպրեվանքը`  Սփիւռքեան Հոգեմտաւոր Ջրտուք

Մանրապատումներ

ՆԱՐԵԿ ԱՐՔ. ԱԼԵԷՄԷԶԵԱՆ (110) Տիկին Արշալոյս Պոլսէն Մոնրէալ հաստատուած ութսունամեայ Նուրիձա մայրիկին տունը սուրճ խմելու կ՛երթայ: Երկու դրացուհիներ հազիւ կը սկսին խօսակցիլ եւ սուրճը վայելել, երբ դուռը կը զարնուի, եւ հեռաձայնը նորոգող պաշտօնեան կը մտնէ: Նուրիձա մայրիկ Արշալոյսին կ՛ըսէ. «Ոտքդ ուղուրլու եկաւ, քա: Երկու օր է այս մարդը կը սպասէի կոր: Գիտե՞ս, մէկու մը տունը չեմ կրնար կոր երթալ. այսօր...

Page 250 of 807 1 … 249 250 251 … 807

Արխիւներ