Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինակ Չես

Սեպտեմբեր 12, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌԱՔԵԼ ԱԲՂ. ԳԱՏԵՀՃԵԱՆ

Մարդը` իբրեւ ընկերային էակ, թշնամի է մինակութեան: Ան կը նախընտրէ անօթի, ծարաւ, հիւանդ, անգործ ըլլալ, քան` մինակ մնալ: Այս զգացումը մարդուն մէջ գոյութիւն ունի իր կեանքին բոլոր փուլերուն` մանկութենէն մինչեւ խո՜ր ծերութիւն եւ նոյնիսկ` մահ: Օրինակի համար, երբ մանուկը արթննայ, ան կու լայ, որպէսզի տնեցիներէն մէկը իր քովը գալով` զինք ազատէ մինակութենէն: Երբ պատանի դառնայ, ան մինակ չմնալու համար ամէն տեսակի տարօրինակութիւններու կը դիմէ, որպէսզի շահի շրջապատին համակրանքը եւ ունենայ «գաղափարակից» ընկերներ: Երիտասարդութեան ան կը սկսի փնտռել իր կեանքի ընկերը` վախնալով մինակ մնալէն: Հասունութեան տարիքին ան մինակ կը զգայ, երբ իր զաւակներով շրջապատուած չըլլայ: Խոր ծերութեան ընթացքին ան իր մինակութիւնը «վերացնելու» համար սրճարան կը յաճախէ, դրացիին այցի կ՛երթայ, գնումի ժամերը կը բազմապատկէ… Մահամերձ վիճակի մէջ անգամ ան չ՛ուզեր մինակ մեռնիլ. ցայսօր ականջիս մէջ կը հնչէ հանգուցեալ մեծ մօրս  հետեւեալ խօսքը. «Տղա՛ս, կ՛ուզեմ հիւանդ մեռնիլ, բայց ոչ` մինակ»:

Հոս հարցադրում մը կը ծագի. ինչո՞ւ մարդը կը խուսափի մինակութենէն: Պատասխանը շատ պարզ է. որովհետեւ մինակութենէն կը ծնին` վախ, կասկած, ինքնավստահութեան պակաս, ինքզինք արժեւորելու դժուարութիւն եւ տեսակ- տեսակ ժխտական երեւոյթներ, որոնց հետ մարդը դժուար թէ հաշտուի:

Մարմնաւոր մինակութեան առընթեր կայ նաեւ հոգեւոր մինակութիւնը, որ աւելի վատ է եւ չարազդեցիկ: Մարդ թերեւս կարողանայ իր մարմնաւոր մինակութիւնը փարատել ընկերութեան «մէջ մտնելով», սակայն հոգեւոր մինակութեան պատնէշը անկարելի է բեկանել: Հոգեւոր մինակութիւնը Աստուծոյ ներկայութենէն հեռու ապրուած կեանքն է, զոր եկեղեցւոյ սուրբ հայրերը կ՛որակեն իբրեւ դժոխային կեանք: Հոգեւոր մինակութիւնը ապրող անձը Աստուծմէ հեռանալով` կը կորսնցնէ իր հոգեկան հանգստութիւնն ու խաղաղութիւնը եւ կը դառնայ ճկուն ու դիւրագործ գործիք մը` Չարին ափերուն մէջ:

Ֆիզիքական եւ հոգեւոր մինակութեան կողքին,  կայ այլ տեսակի մինակութիւն մը, զոր հաւատացեալը կ՛ապրի: Այս զգացումը հաւատացեալը կ՛ունենայ, երբ հանդիպի նեղութիւններու, դժուարութիւններու եւ տագնապներու: Ան ա՛յնքան կ՛ազդուի կեանքի զանազան դժուարութիւններէն, որ ինքզինք մինակ եւ Աստուծոյ կողմէ մոռցուած կը զգայ: Սակայն արդեօ՞ք ճիշդ է այս զգացումը, թէ՞ կացութեան ծնունդն է միայն:

Մեր հարցադրումին պատասխանելու համար պէտք է դիմենք բազում հարցումներու պատասխանագիրքին` Աստուածաշունչին: Երբ Ս. Գիրքը լաւապէս սերտենք, հոն պիտի տեսնենք, որ Աստուած պատմութեան ընթացքին մարդուն հետ եղաւ: Մարդկութեան առաջին օրերուն Ան ուղղակի մարդոց հետ եղաւ (Ծննդոց 2. 1-25): Մարդուն մեղանչումէն ետք Ան իրեն հետ եղաւ նահապետներու, պատգամաբերներու, մարգարէներու եւ թագաւորներու ճամբով (Եբրայեցիներուն 1. 1): Իսկ «վերջին օրերուն մեզի խօսեցաւ (մեզի հետ եղաւ) Իր Որդիին միջոցով» (Եբրայեցիներուն 1. 2):

Աստուածորդւոյն ճամբով մենք ՈՒՂՂԱԿԻ զգացինք, որ Աստուած մեզի հետ է: Աստուծոյ Օծեալը` Քրիստոս Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին հարուստները, ունեւորները եւ առողջները մէկ կողմ ձգելով` գնաց նեղութեան մէջ եղողին, յուսահատին, մոռցուածին, լքուածին, կարօտեալին, հիւանդին, մինակին, ընկերութեան կողմէ ատելիին եւ իրմով հետաքրքրուող չունեցողին քով, որպէսզի ցոյց տար, որ նեղութեանց եւ կեանքի դժուարութեանց մատնուած անձերը մինակ, մոռցուած ու լքուած չեն, այլ անոնք իրենց կողքին ունին նոյնինքն աշխարհի եւ իրենց Արարիչը: Անոնցմէ կարելի է յիշել շնացող կինը (Յովհաննէս 7. 53-8. 1), կոյր Բարտիմէոսը (Մարկոս 10. 46-52), բորոտը (Մատթէոս 8.1-4), քօսացած ձեռքով մարդը (Մատթէոս 12. 9-14), համր մարդը (Ղուկաս 11. 14-15), Բեթհեզդայի անդամալոյծը (Յովհաննէս 5. 1-18) եւ այլք:

Եթէ յիշեալ անձերէն միայն Բեթհեզդայի անդամալոյծին դրուագը առնենք, արդէն բաւարար է փաստելու, որ Աստուած մեզի հետ է: Բեթհեզդայի անդամալոյծը 38 տարի անդամալոյծ վիճակի մէջ էր: Ան թէ՛ ֆիզիքապէս եւ թէ՛ հոգեպէս մինակ էր: Չունէր նոյնիսկ մէ՛կ հոգի, որ կարենար իրեն օգտակար դառնալ: Ան ատելի էր հրեաներուն կողմէ, որովհետեւ հրէական հանրութիւնը ի ծնէ հիւանդները ծանր մեղաւորներ կը նկատէր: Զատկուան շրջանին, երբ հրեաները տաճար կը փութային, ծիսական մաքրութեամբ կը զբաղէին եւ բարեկամներ կ՛ընդունէին, Աստուածատուրը` Քրիստոս, նախ Իր ծառային` անդամալոյծին քով գնաց եւ բժշկեց զայն, որպէսզի ցոյց տար, թէ Ինք տէ՛րն է անտէրին, ապաստա՛նն է, անապաստանին, ապաւէ՛նն է անապաւէնին:

Եթէ սերտենք Քրիստոսի միւս բժշկութիւնները, պիտի տեսնենք, որ Քրիստոս հիւանդին մասին անոր բարեկամներէն (Մատթէոս 9. 18-26, Ղուկաս 5. 17-26 եւ այլն), կամ նոյնինքն իրմէ կը տեղեկանար (Մատթէոս 8. 1-4, 9. 27-31, Մարկոս 10. 46-52, Ղուկաս 17. 11-19 եւ այլն): Սակայն Բեթհեզդայի անդամալոյծին պարագային, Քրիստոս, առանց դիմում ստանալու, անոր քով գնաց եւ բժշկեց: Աստուածորդւոյն այս արարքը անսակարկօրէն կը փաստէ, թէ Աստուած չի սպասեր, որ նեղութեանց մէջ եղողը Իրեն դիմէ, որպէսզի անոր հետ ըլլայ, որովհետեւ Ան արդէն իսկ իրեն հետ է: Անդամալոյծը կը կարծէր, որ ինք մինակ եւ լքուած էր, սակայն Քրիստոս եկաւ փաստելու, որ իր կեանքին մէջ օր մը մինակ չէ եղած: Սիրելի՛ ընթերցող, այս մէկը նաեւ քեզի եւ ինծի կը վերաբերի: Այսօր դուն եւ ես կ՛ապրինք տնտեսական, քաղաքական, ընկերային եւ այլ տագնապներու մէջ, որոնք մեզի կը պարտադրեն մտածել, որ մենք լքուած ենք Աստուծոյ կողմէ եւ մէկը չունինք: Սակայն Քրիստոս Իր այս արարքով կու գայ մեզի ըսելու, որ մենք մինակ չենք, որովհետեւ Աստուած մեզի հետ է. «Զի Աստուած ընդ մեզ է» (Շարական): Պօղոս առաքեալ եբրայեցիներուն ուղղած իր նամակին մէջ կ՛ըսէ. «Չկայ արարած մը, որ Աստուծոյ տեսողութենէն վրիպի» (Եբրայեցիս 4. 13), իսկ սաղմոսերգուն կ՛ըսէ. «Տէրը … երբե՛ք չի լքեր Իրեն հաւատարիմ մարդիկը» (Սաղմոս 37. 28) եւ «Տէրը չի մոռնար Իր ժողովուրդը, բնաւ չի լքեր անոնք, որոնք Իրեն կը պատկանին» (Սաղմոս 94. 14): Այո՛, Աստուած չէ լքած, չի լքեր ու երբե՛ք պիտի չլքէ մեզ, որովհետեւ Ան գորովագութ, սիրող եւ հոգատար Հայր է:

Սիրելի՛ հաւատացեալ ընթերցող, դուն կեանքիդ մէջ երբեք մինակ չես եղած, որովհետեւ Աստուած քեզի հետ եղած է եւ է: Կեանքիդ տագնապալի օրերուն փնտռէ՛ զԱստուած քու մէջդ եւ հաւատա՛, որ զԱյն պիտի գտնես կողքիդ կանգնած` կազմ ու պատրաստ քեզի համար վահան ըլլալու: Դժուարութիւններու ընթացքին, երբ մինակութեան զգացումը ունենաս, այդ մէկը ապացոյց է, որ սատանան կը փորձէ իրականութիւնը քողարկել: Ուրեմն, մի՛ խաբուիր Չարին խաբեպատիր գործերէն, այլ հաւատք ընծայէ Երկնառաքին` Քրիստոսի հետեւեալ խօսքին. «Միշտ ձեզի հետ պիտի ըլլամ, մինչեւ աշխարհիս վախճանը» (Մատթէոս 28. 20), միշտ ի մտի ունենալով, որ դուն ՄԻՆԱԿ ՉԵՍ:

Անթիլիաս, Լիբանան
Կիրակի, 4 սեպտեմբեր 2022

 

Նախորդը

Համախմբուի՞լ

Յաջորդը

Զօրավար Անդրանիկը, Նիկողոս Սարաֆեանը… Եւ Ես

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?