Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Համախմբուի՞լ

Սեպտեմբեր 12, 2022
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ

Համախմբուիլ:

Շատ յորջորջուող բառերէն մէկը` մեր լեզուի, մանաւանդ` այս օրերուն: Յաճախ` այս տողերը գրողին իսկ կողմէ:

Առաջին հերթին, սակայն, գիտնանք, թէ որո՛նց է ուղղուած համախմբուելու կոչը:

Իսկ համախմբուիլ` ինչո՞ւ:

Համախմբուիլ` ինչի՞ շուրջ:

Համախմբուիլ` ինչպէ՞ս:

Հետաքրքրական, շա՛տ հետաքրքրական զուգադիպութեամբ մը, այս յօդուածս գրել սկսելէս առաջ, Դիմատետրի պատգամներու տուփիկիս մէջ յայտնաբերեցի զրուցակիցի մը ինծի ղրկած երգիծական մէկ մէջբերումը Լեռ Կամսարէն. անշուշտ Լեռ Կամսարէն ոչ երգիծական բան մը պիտի չակնկալէի: Սակայն եկուր տես, որ զրուցակիցս, կարծես կանխատեսելով թէ ինչի՛ մասին պիտի գրեմ, կատարեր էր առաքումն այդ: Ահա ի՛նչ ըսեր է մեծ երգիծաբանը.

«Վարդանանց պատերազմին Վասակ Սիւնին պարսկական փղեր հանեց Հայաստանի դէմ, 1921 թուականին հայ պոլշեւիկը ռուսական բանակ կանչեց երկիր` հայութիւնը բնաջնջելու: Օտար պետութիւնները երբ պատերազմում են իրար հետ, վերջ ի վերջոյ հաշտութեան պայմանագիր են կնքում: Բայց հայ ցեղի այս բաժան մասերը մի րոպէ զինադադար անգամ չեն կնքում:

«Պատերազմող պետութիւնները քսանմէկ տարեկան երիտասարդներ են բանակ կանչում, իսկ սա հայկական պետութիւնները զoրակոչում են ի ծնէ:

«Այն ատելութեամբ, որով ատում են Հայաստանի այս կուսակցութիւնները իրար, եթէ թշնամու դէմ դուրս գային, նրանց դէմ ոչ թուրք, ոչ պարսիկ, ոչ պոլշեւիկ կը դիմանային…» (1960, «Հալոցք»):

Կամսար հին օրերու վկայութիւն մըն է, որ կ՛ընէր, վկայութիւն մը, սակայն, որ շատ շատերու կրնայ թուիլ, թէ այսօրուան համար է գրուած:

Այսօր, սակայն, համախմբուելու կոչը պէտք չէ պարզապէս ուղղուած ըլլայ Հայաստանի կուսակցութիւններուն, թէեւ եթէ Հայաստանի մէջ գործող հայկակա՛ն կուսակցութիւնները, հա՛յ կուսակցութիւնները անսան այդ կոչին, Հայաստանի ու Արցախի հանրապետութիւններու ազատագրութեան աւազախրած սայլը թերեւս աւելի արագ տեղէն կրնայ շարժիլ:

Եթէ համախմբման կոչ մը պիտի ըլլայ այսօր, մերօրեայ Արամ Մանուկեանի մը կողմէ, այդ կոչը ուղղուած պիտի ըլլայ համայն հայութեան, ինչպէս 1918-ին` Սարդարապատի հերոսամարտի նախօրեակին, երբ համախմբուելու կոչ կ՛ուղղուէր իւրաքանչիւր Հայ մարդու, այո՛, գլխագրուած Հայ մարդուն: Ինչպէս ՀՅԴ մանիֆեստը կ՛ընէր 1890-ին:

Համայն հայութեան` հայրենիք եւ սփիւռք, ոչ թէ անոր մասնիկներուն միայն, բայց ներառելով մասնիկներն այդ բոլոր` եկեղեցիները, կուսակցութիւնները, միութիւնները, համայնքներն ու այլազան խումբերը, հայութեան ընկերային-տնտեսական բոլոր խաւերը, մտածող ու ստեղծագործող բոլոր տարրերն ու մասամբ նորին:

Յստակ է, որ տագնապի մէջ է մեր ազգը. գոյութենակա՛ն տագնապի: Այդ տագնապէն դուրս գալու միջոցը հաւաքական ուժի հասկացողութիւնն է, ինչպէս մե՛նք ըմբռներ ենք, ինչպէս ի վերջոյ իր կեանքի գնով նուիրագործեց նաեւ պոլշեւիկ Չարենցը իր օրին:

Հաւաքական ուժ` ի մի բերելով մեր ամբողջ կարողականութիւնը` նիւթական ըլլայ թէ մտաւոր, տնտեսական ըլլայ թէ քաղաքական:

Հաւաքական ուժ` դիմադրելու համար մեզ պառակտող, կոտորակող ու ստրկացման առաջնորդող բոլոր փորձերուն:

Հաւաքական ուժ` պաշտպանելու համար մեր ինքնութիւնը, մեր լեզուն ու մեր մշակոյթը, մեր ազգային ժառանգութիւնը, մեր սահմաններն ու մեր արժանապատուութիւնը:

Հաւաքական ուժ` ազգերու ընտանիքին մէջ այս արեւուն տակ մեր արժանի տեղը ապահովելու, քաղաքակրթութեան մեր առաւելագոյն ներդրումը կարենալ ունենալու համար:

Եթէ տակաւին չենք յաջողած ըլլալ այդ ուժը, կը նշանակէ, որ չենք թօթափած նեղ մտածելակերպը, չենք հրաժարած հատուածական շահերու հետապնդումէն, անձնական նպատակներու գերադասումէն ընդհանրական նպատակներու, չենք գործած անհատաբար բարօր կեանքի մը ձգտելու փոխարէն` հաւաքաբար բարօրութեան հասնելու համար: Չենք կազմակերպուած համազգայի՛ն առումով: Այլ խօսքով, պարզապէս չենք կազմակերպուած այդ ուժը դառնալու համար:

Իսկ հաւաքական ուժ չի ստեղծուիր միայն խօսելով, «լոկ ցանկանալով», ինչպէս Շիրազ կը պատգամէր, «պէտք է պայքարել»:

Պայքարիլ` կը նշանակէ թեւերը սոթտել ու գործի անցնիլ: Ներդրո՛ւմ ունենալ: Մաս կազմել հաւաքականութեան, անդամագրուիլ անոր գործող մասնիկներուն` թեմական, կուսակցական, միութենական կազմակերպութիւններուն, ընդառաջել անոնց կոչերուն` նիւթապէս ու բարոյապէս, չխուսափիլ կամաւոր աշխատանքէ, չզլանալ կարողութիւններդ դնել հասարակութեան տրամադրութեան տակ: Հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի:

Եւ հայ ապրիլը «Հայաստան ամէն բանէ վեր» նշանաբանը չըլլայ պարզապէս յումպէտս կրկնուող կարգախօս, այլ` կենսաձե՛ւ: Կենսատու ապրելակե՛րպ:

Այս ամէնը վերստին ըսելու անհրաժեշտութիւնը զգալով գրուեցաւ այս յօդուածը:

 

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը Այցելեց ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսին

Յաջորդը

Մինակ Չես

RelatedPosts

Կեանքէն Հեռացաւ Վաստակաւոր Բժիշկ, Մամուլի Ժրաջան Աշխատակից Եւ Ազգային Գործիչ Տոքթ. Կարպիս Հարպոյեանը
Անդրադարձ

Միացեալ Նահանգներու Առաջին Հայ Բժշկուհին` Էլիզա Մելքոն

Մայիս 12, 2025
Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի
Անդրադարձ

Քանատայէն Երկու Ապտակ Թրամփի

Մայիս 12, 2025
«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար
Անդրադարձ

«Արաբական Գարուն»-ը` Իբրեւ Նոր Մարտահրաւէր Եւ Նոր Հնարաւորութիւն Չինաստանի Մերձաւորարեւելեան Քաղաքականութեան Համար

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?